ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԷՆ ԱՌԱՋ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ ՎՐԱՅ (Բ.)

Այս երկու կէտերուն մէջ կարելի է զետեղել նոր ձեւաւորուող Հայաստան-սփիւռք ապագայ յարաբերութիւններու քարտէսը եւ այս խճանկարին վրայ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները տեսնելն ու քննարկելը կամ գիտա-ակադեմական եզրակացութեան յանգիլը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ պետութիւն-կառոյց (կուսակցութիւն, կաթողիկոսութիւն...) կապերու նոր արժեւորումներու, ինչպէս նաեւ այսպէս կոչած՝ այդ կապերուն չենթարկուող սփիւռքահայ անկախ կամ ազատ անհատներու մօտեցումներուն հետ (նոյնինքն համաշխարհայնացումէն անջատուած ու տեղ մը հիւծուած սփիւռքեան պաշտօնական կառոյցի նահանջին հետ, քանի նոր ժամանակները ամէն ինչ դրին նոր հենքի ու գործնականութեան մը վրայ, ուր հին ձեւերը ոչ թէ միայն անճար եւ անարդիւնաւէտ են, այլ տեղ մըն ալ վնասաբեր ու արդի աշխարհին հետ զարգացման դէմ կ՚ըլլան):

Եւ ճիշդ հոս կարեւոր է տեսնել եւ գնահատել՝ հայ համընդհանուր քանակն ու մշակութային սեփականութիւնն ու նոյնինքն մշակութային արժէքը գալիք շրջանին մէջ թէ՛ իբրեւ պետական կառոյց եւ թէ իբրեւ ընկերաբանական միաւոր:

Առաջին խումբը փաստացի կաղացման մէջ է, քանի հայկական պետական կառոյցը կամ պետականութիւնը պարտադրուած է տակաւին ակամայ ուժային եւ հակամարտային մշակութաբանութիւն պարզելու (Հայաստանը ունի նախ եւ առաջ անվտանգային ահռելի սպառնալիքներ, նոյնիսկ սփիւռքի հետ յարաբերուածութեան ընթացքին առաջնակարգ է Հայաստանի անվտանգութեան ապահովումի գործունէութիւնը եւ ոչ թէ սոսկ տնտեսական պարզ կամ բարդ ծրագիրներ), ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ արագ եւ անարգել կշռոյթով զարգացում ապահովելու։ Իսկ երկրորդ խումբը, որ սփիւռքի կորիզը կազմող Միջին Արեւելքի հայ համայնքներն են, կ՚ապրի տարհանում դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկայի ցամաքամասներ, նոր խմորումներու առջեւ կը կանգնեցնէ հայութիւնը: Օրինակ՝ Գանատայի եւ Ամերիկայի աւելի կազմաւորուած եւ կայացած հայկական համայքները կրնան նոր դերակատարութիւն ստանձնել հայ իրականութեան մէջ եւ տարբեր տեսակի հայանպաստ ու հայացի գործունէութիւններ կատարել:

Այս երկու վերոնշեալ կէտերու բովանդակութեամբ կարելի է նկատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր արժէքաբանութեամբ տակաւին չէ ընկալուած իբրեւ վերջնական կեդրոն ու մեկնարկ-վերջակէտ հայութեան՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային եւ թէ ընկերաբանական առումներով. միայն վարչական դասաւորումներու կամ այպէս ըսած՝ յարմարեցումներու առարկայ դարձած է նոյնինքն այդ գաղափարախօսութիւնը: Եւ հոս կան երկար, հին եւ արդի ու տեւաբար նոր պրիսմակով ուսումնասիրուող պատճառներ, որոնցմնէ հիմնականներէն մին է Հայաստանի սովետականի ժառանգորդ ըլլալը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2023