Ա­ՒԵ­ՏԻՍ ՈՒ ՀԻԱՍ­ԹԱ­ՓՈՒ­ԹԻՒՆ

Օ­րը կը սկսի ա­ւե­տի­սով մը: Հե­ռա­ձայ­նը կը զնգայ, Տի­կին Սա­թիկ կը փու­թայ վերց­նե­լու ըն­կա­լու­չը: Կը սպա­սէր ան կար­ծես լու­րի մը: Սիր­տը կը բա­բա­խէր ա­նոր, գի­շե­րը չէր ալ կրցած քնա­նալ, աչ­քե­րը թար­թել. ին­չե՜ր կ՚անց­նին միտ­քէն Տի­կին Սա­թի­կին մին­չեւ ըն­կա­լու­չին քով հաս­նի­լը: Է՛, հա­պա, մեծ մայր պի­տի ըլ­լայ: Իր անդ­րա­նի­կը՝ Ա­րե­ւը ա­մուս­նա­ցու­ցած էր տա­րի մը ա­ռաջ ու շու­տով ալ յղա­ցած, այս օ­րը ո­րո­շած էր բժիշ­կը ա­նոր զաւ­կին ծնուն­դին հա­մար: Տի­կին Սա­թիկ գի­շե­րը լուս­ցուց ա­ղօ­թե­լով ու բա­րին յու­սա­լով:

Ժա­մա­ցոյ­ցին նա­յե­լով Սա­թիկ կը վերց­նէ ըն­կա­լու­չը, ու.

-Ա­յո՛, ա­յո՛, ա­զա­տե­ցա՞ւ: Է, փառք Աս­տու­ծոյ, բա­րի զա­ւակ ըլ­լայ ու շու­տով ոտ­քի ել­լէ Ա­րեւս. աչքդ լոյս, տղաս, հա՛յր ե­ղար: Աս­տու­ծոյ շնորհ­քով մեծ­նայ մեր ձա­գու­կը,- բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով ու շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րով կը խօ­սի զո­քան­չը փե­սա­յին հետ,- հա՛, հա՛ չեմ ու­շա­նար, հի­մա կու գամ, ան­համ­բեր եմ ար­դէն ձեզ տես­նե­լու. բան մը կ­­՚ու­զէ՞ք հետս բե­րեմ:

Ու ժպի­տը դէմ­քին, ա­րագ-ա­րագ շար­ժում­նե­րով կը պատ­րաս­տուի Սա­թիկ: Թո­ռը տես­նե­լու, գրկե­լու մար­մա­ջը այն­քան կ­­՚ա­ճի իր մէջ, որ չի գի­տեր ի՞նչ ը­նէ, ի՞նչ­պէս պատ­րաս­տուի: Եր­ջա­նիկ է ան, այն աս­տի­ճան, որ չի զգար անք­նու­թիւ­նը, յոգ­նու­թիւնն ու գի­շե­րուան մտա­տան­ջու­թիւ­նը մոռ­ցած է ար­դէն: Ան գի­շե­րուը­նէ պատ­րաս­տած պա­յու­սա­կը կը զննէ ու կը գո­ցէ, հե­ռա­ձայ­նով միւս աղջ­կան՝ Սու­սա­նին ալ կը հա­ղոր­դէ ա­ւե­տի­սը ու կը թե­լադ­րէ, որ հի­ւան­դա­նոց գա­ցած ա­տեն ի­րեն հետ տա­նի նաեւ այս պա­յու­սա­կը:

Դպրո­ցէն նոր ար­ձա­կուած Սու­սա­նին սիր­տը կը թփռտայ, հո­գին կը թռչկո­տի, մօ­րա­քոյր է ար­դէն: Հրճուան­քէն ինք­զինք կը գտնէ հի­ւան­դա­նո­ցի դրան մօտ, ու մօ­տա­կայ ծաղ­կա­վա­ճա­ռէն գե­ղե­ցիկ ու գու­նա­զարդ փունջ մը ա­ռած ներս կը մտնէ:

Կը բարձ­րա­նայ քրո­ջը հանգս­տա­ցած սե­նեա­կը ու ներ­կա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­լէ ետք եր­կու քոյր որ­քա՜ն ու­րախ կը գրկեն զի­րար. Սու­սա­նին ու­րա­խու­թիւ­նը կ­­՚ար­տա­ցո­լար իր ամ­բողջ էու­թե­նէն:

Տաս­նեօթ տա­րե­կան տա­քա­րիւն աղջ­նակ մըն էր ան, սա­կայն այ­սօ­րուան հրճուան­քը իր բե­րած փուն­ջին նման գե­ղեց­կա­ցու­ցած էր զինք: Ա­հա մայրն ալ կու գայ ու նեղ­լիկ աշ­խար­հէն դուրս ե­կած նո­րա­ծի­նը կը շրջա­պա­տուի մտե­րիմ­նե­րով ու հա­րա­զատ­նե­րով:

Պահ մը անց Սու­սան իր մօր թե­լադ­րան­քով դուրս կ՚ել­լէ, որ­պէս­զի տու­նէն մօր պատ­րաս­տած պա­յու­սա­կը բե­րէ: Ա­հա քե­ռայ­րը կը յա­ռա­ջա­նայ ու կ­­՚ա­ռա­ջար­կէ միա­սին եր­թալ, քա­նի Ա­րեւն ալ իր տու­նէն կարգ մը բա­ներ կը պա­տուի­րէ ա­մուս­նոյն: Եր­կու­քով կը մեկ­նին: Ինք­նա­շար­ժին մէջ շատ հա­ճե­լի ու զուարթ զրոյց մը կ՚ըն­թա­նայ ա­նոնց մի­ջեւ: Սու­սա­նին քե­ռայ­րը պահ մը կը զննէ պա­տա­նիին տես­քը, կեան­քով լի ար­տա­քի­նը ու հրճուա­լից նա­յուածք­նե­րը: Մօ­տէն կը տես­նէ այն ա­մէ­նը, ինչ նկա­տած է առ այ­սօր: Կը փա­փա­քի զգալ զինք, ա­ւե­լի մօ­տե­նալ, բայց ո՛չ, ո՛չ, ան­կա­րե­լի է այս­պի­սի ցան­կու­թիւն մ­­՚ու­նե­նալ, կը մտա­ծէ ինք­նի­րեն: Սա­կայն ներ­քուստ կ՚ա­լե­կո­ծի ու ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը տեն­չայ Սու­սա­նին՝ ա­նոր բեր­նէն ար­տա­սա­նուած իւ­րա­քան­չիւր հնչիւ­նէն ու զուարթ քահ-քա­հէն ետք: Ան միշտ ալ նկա­տած է Սու­սա­նին գե­ղեց­կու­թիւ­նը, միշտ ալ ու­նե­ցած է այս ցան­կու­թիւ­նը, ա­հա ա­ռի­թը ինքնս­տին­քեան ներ­կա­յա­ցաւ ու թե­րեւս ալ կա­րե­լի ըլ­լայ Սու­սա­նը ձեռք ձգել:

Կը հաս­նին նախ Սու­սա­նենց տու­նը, Սու­սան կը բարձ­րա­նայ ու պա­յու­սա­կը ա­ռած կ՚իջ­նէ, կը շա­րու­նա­կեն ու­ղին դէ­պի Ա­րե­ւենց բնա­կա­րա­նը: Քե­ռայ­րը կ­­՚ա­ռա­ջար­կէ միա­սին վեր բարձ­րա­նալ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ Ա­րե­ւին ու­զած­նե­րը Սու­սան ա­ւե­լի լաւ կրնայ գիտ­նալ:

Աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ քե­ռայ­րը դի­ւա­յին նա­յուածք­նե­րով կը դի­տէ Սու­սա­նը, որ իր դէ­մէն կը բարձ­րա­նայ, ո­րուն հետ նաեւ իր մէջ աս­տի­ճան-աս­տի­ճան կը բարձ­րա­նայ ցան­կու­թիւն մը: Կը բա­նայ տան դու­ռը: Կը մտնեն ներս: Ա­րե­ւին ապսպ­րած­նե­րը ննջա­սե­նեակն են: Սու­սան կը մտնէ ննջա­սե­նեակ, կը սկսի գզրոց­նե­րէն մէ­կիկ-մէ­կիկ ապ­րան­քը հա­նել ու տե­ղա­ւո­րել մահ­ճա­կա­լին վրայ: Ներս կը մտնէ քե­ռայ­րը: Կը մօ­տե­նայ ու օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րո­ղի մը դե­րին մէջ ա­ւե­լի մօ­տէն կը դի­տէ աղջ­կան շար­ժու­ձե­ւե­րը: Սու­սա­նին եր­կար մա­զե­րուն բոյ­րը կը զգլխեն զինք: Շատ մօտ է ան իր փա­փա­քին, այդ­պի­սի դիրք մը ա­ռած կը կանգ­նի, որ երբ Սու­սան շրջի՝ դէմ­քը իր դէմ­քին հան­դի­պի: Կուր­ցած է ան, ո՛չ կը մտա­ծէ նոր ծնած մա­նու­կին մա­սին, ո՛չ իր կա­տա­րե­լիք ա­րար­քին հե­տե­ւան­քը կը սաս­տէ զինք, ո՛չ ալ Սու­սա­նին վի­րա­ւո­րուի­լը հոգ կ՚ը­նէ...:

Սու­սան կը դառ­նայ, նա­յուած­քը կը բա­խի քե­ռայ­րին կրակ ցայ­տող աչ­քե­րուն: Կը զգայ անբ­նա­կան բան մը, սա­կայն չ՚ու­զեր հա­ւա­տալ իր իսկ զգա­ցում­նե­րուն: Քե­ռայ­րը ձեռ­քը կը դնէ Սու­սա­նին ու­սին: Աղջ­կան կաս­կած­նե­րը ար­դէն փա­րա­տած են: Ու ընդվ­զում մը կ­­ը յա­ռա­ջա­նայ ա­նոր ներ­սի­դին, կը վառվ­ռի ներ­քուստ, մեծ եղ­բօ­րը տեղ դրած ու յար­գա­ծը այս ան­պար­կեշտ ա՞նձն է մի­թէ: Ար­դեօք իր ա­զատ շար­ժու­ձե­ւե­րուն պատ­ճա­ռո՞վ գո­յա­ցած է այս ցան­կու­թիւ­նը քե­ռայ­րին մէջ: Ե­րա՞զ մ­­՚է ապ­րա­ծը, բայց ոչ, դէմն է քե­ռայ­րը, ո­րուն «քե­ռայ­ր» ա­նուա­նել իսկ չ՚ու­զեր ալ:

Ակն­թարթ­ներ կան, ո­րոնք մար­դուն հա­սու­նա­ցում մը, ա­ճում մը կը ներշն­չեն: Եր­բեմն ա­նոնք անն­կատ կ­­՚անց­նին ու են­թա­կան ոչ մէկ ձե­ւով կ­­՚ա­ռըն­չուի ա­նոնց հետ: Սա­կայն Սու­սա­նին հա­մար այս ակն­թար­թը, այս հա­րուա­ծը խոր հիաս­թա­փու­թիւն մը կը յա­ռա­ջաց­նէ, կա­տա­ղի դի­մադ­րու­թեան ցան­կու­թիւն մը, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան մար­տահ­րա­ւէր մը, որ ե­րի­տա­սար­դու­թեան սե­մին կանգ­նած այս աղջ­կան քա­ջու­թիւն կը ներշն­չէ, հա­րուած մ՚է ա­յո՛, սա­կայն միայն զօ­րեղ դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեամբ է, որ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ յաղ­թա­հա­րել զայն, կը խոր­հի Սու­սան հա­սուն ե­րի­տա­սար­դու­հիի մը պէս:

Քե­ռայ­րը Սու­սա­նը զօ­րեղ ձեռ­քո­վը կը մղէ դէ­պի մահ­ճա­կա­լը: Սու­սան կ՚իյ­նայ ան­կո­ղի­նին վրայ: Կ՚ընդվ­զի ամ­բողջ մարմ­նով, կը դի­մադ­րէ քե­ռայ­րին հուժ­կու մար­մի­նը, ո­րուն շրթնե­րը կը հպին Սու­սա­նին դէմ­քին: Իւ­րա­քան­չիւր հպում սա­կայն զօ­րու­թիւն մ՚ըլ­լայ կար­ծես, ան կար­ծես այս պա­հուն կը վե­րա­ծուի գայ­լի յօ­շո­տող ե­րախ­նե­րէն փրկուիլ ջա­նա­ցող եղ­նի­կի մը, կը շա­րու­նա­կէ Սու­սան դէմ դնել քե­ռայ­րին շփում­նե­րուն..., ու ա­հա խո­րա­պէս վշտա­ցած, կա­տա­ղի հա­րուա­ծով մը կը կա­սեց­նէ ան դէ­մի­նը, որ ա­նակն­կա­լի ե­կած ու ցա­ւած կը սթա­փի կար­ծես: Սու­սան կը սպրդի ա­նոր ան­բա­րոյ ձեռ­քե­րէն ու մէկ շուն­չով կը հաս­նի փո­ղոց:

Այդ օ­րուը­նէ Սու­սան այդ տու­նը ոտք չի կո­խեր:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016