ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. ներկայիս կարծէք ֆիզիքականին՝ մարմինին պահանջները գերիշխող դարձած են: Աստուածաշունչը այս մասին որեւէ բան կ՚ըսէ՞:

Պատասխան. անշուշտ կ՚ըսէ: Սուրբ Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին 8-րդ գլուխին առաջին բաժինին մէջ կը խօսի հոգիով ապրուած կեանքի մասին, ուր հետեւեալ արտայայտութիւնները կ՚ունենայ.

- «Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջներով կը ղեկավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ՚ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է: Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին՝ Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (Հռ 8.5-8):

Եւ այս բաժինը կ՚աւարտէ այսպէս.

- «Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, պէտք չէ ապրինք մեր մարմինին համար եւ մարմնաւորապէս։ Որովհետեւ եթէ մարմնաւորապէս ապրիք՝ պիտի մեռնիք. իսկ եթէ Հոգիին օգնութեամբ ձեր մեղքերը սպաննէք՝ պիտի ապրիք։ Աստուծոյ որդիները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ Հոգիով կ՚առաջնորդուին։ Արդ, դուք Հոգին ստացաք՝ ո՛չ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ Հոգին ստացաք՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար: Այդ Հոգիով է որ զԱստուած «Աբբա», այսինքն՝ Հայր կը կոչենք, եւ նոյն Հոգին Ինք վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին, թէ Աստուծոյ որդիներ ենք: Իսկ եթէ որդի ենք, կը նշանակէ, թէ նաեւ ժառանգորդներ ենք։ Այո՛, ժառանգորդներն ենք Աստուծոյ եւ ժառանգակից՝ Քրիստոսի. եւ Իր չարչարանքներուն մասնակից կ՚ըլլանք՝ որպէսզի Իր փառքին եւս մասնակից ըլլանք» (Հռ 8.12-17):

Հարցում. Նիւթականացած այս ժամանակաշրջանին մէջ որ կ՚ապրինք, դժուարացած է ընկեր գտնելը, ունենալը, աւելին՝ դժուարացած է հասկնալ, թէ ո՞վ է մեր ընկերը: Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, թէ ո՞վ է մեր ընկերը:

Պատասխան. առաջին հերթին մեր ընկերը կրնանք գիտնալ, կամ ճանչնալ իր ունեցած վերաբերմունքէն, սիրոյ զգացումէն եւ իր հետ մեր ունեցած կեանքի փորձառութենէն: Երբ ընկեր կ՚ըսենք, պայման չէ, որ ան ամէն օր, ամէն վայրկեան մեր մօտ ըլլայ, կամ միշտ կապի մէջ ըլլայ, կրնայ օրերով, երբեմն շաբաթներով եւ նոյնիսկ ամիսներով կապ չպահէ մեզի հետ, բայց ամէնօրեայ դրութեամբ մենք ներկայութիւն ենք անոր կեանքին մէջ, աւելին, ան միշտ պատրաստակամ է միշտ օգտակար դառնալու մեզի:

Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք Բարի Սամարացիի առակին մասին (Ղուկասի Աւետարան 10.25-37), ուր Օրէնքի ուսուցիչ մը ուզելով փորձել Յիսուսը, կը հարցնէ Անոր, թէ ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի յաւիտենական կեանքը ժառանգէ, Յիսուս անոր Օրէնքի թելադրութիւններուն մասին կը հարցնէ, զոր ուսուցիչը կ՚ամփոփէ աստուածասիրութեան եւ մարդասիրութեան մէջ: Յիսուս գնահատելով անոր տուած պատասխանը, կը թելադրէ անոր, որպէսզի գործադրէ այդ թելադրութիւնները՝ որով եւ պիտի ապրի: Օրէնքի ուսուցիչը սակայն կը շարունակէ՝ փորձելով ինքզինք արդարացնել, ըսելով.

- «Բայց ո՞վ է իմ ընկերս» (Ղկ 10.29):

Տէր Յիսուս ի պատասխան այս հարցումին, հետեւեալ առակը կը պատմէ.

«Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚իջնէր։ Ճամբան աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք կողոպտելով՝ մերկացուցին զինք, վիրաւորեցին եւ կիսամահ վիճակի մէջ ձգեցին ու գացին։ Պատահեցաւ որ քահանայ մը նոյն ճամբայէն կ՚անցնէր։ Տեսաւ վիրաւորը, բայց ճամբան շեղելով՝ անցաւ գնաց։ Ղեւտացի մըն ալ նոյն տեղէն անցնելու ատեն՝ տեսաւ վիրաւորը եւ ինքն ալ շրջանցեց գնաց։ Բայց Սամարացի մը, որ հոնկէ կ՚անցնէր, տեսաւ վիրաւորը եւ գթաց անոր։ Մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով. ապա դրաւ իր գրաստին վրայ եւ տարաւ պանդոկ մը ու զայն խնամեց։ Յաջորդ օր, երբ պանդոկէն պիտի մեկնէր, պանդոկապետին երկու արծաթ դահեկան տուաւ եւ ըսաւ.

«Խնամէ՛ զայն, եւ ինչ ծախս որ ընես իրեն համար՝ յաջորդ գալուս կը վճարեմ»։

Յետոյ Յիսուս հարցուց.

-Արդ, քու կարծիքովդ՝ այս երեքէն ո՞ր մէկը եղաւ աւազակներուն ձեռքը ինկողին ընկերը։

Օրէնքի ուսուցիչը ըսաւ.

-Ան՝ որ հոգ տարաւ անոր։

Յիսուս ըսաւ.

-Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնը ըրէ» (Ղկ 10.30-37)։

Որպէս եզրակացութիւն այս առակին, կրնանք հետեւեալ հաստատումը կատարել, թէ ընկերը ան չէ՛ որ միայն խօսքով ընկեր է, այլ՝ ան, որ իր վերաբերմունքով, իր արարքով ցոյց կու տայ որ ինք իսկական ընկեր է, նոյնիսկ եթէ իր կատարած արարաքը մեզի համար անիմանալի մնայ:

Հարցում. Ի՞նչ ասացուածքներ կան ընկերներու, եւ ընդհանրապէս ընկերութեան մասին:

Պատասխան. Բազմաթիւ ասացուածքներ կան: Ահաւասիկ փունջ մը այդ ասացուածքներէն:

- Ընկերութիւնը այնպիսի դրամագլուխ մըն է, որու տոկոսները երբեք չեն կորսը-ւիր (Համան):

- Ընկերութիւնը կեանքի ամենէն գեղեցիկ մարգարիտն է (Հենրիք Մարքս):

- Էշին դիմացկոտութիւնը խորտուբորտ ճանապարհներէն յայտնի կը դառնայ, իսկ ընկերոջ հաւատարմութիւնը՝ առօրեայ հոգերուն մէջ (Մենանտրոս):

- Կեղծ ընկերը ամենէն դաժան թշնամիէն անգամ աւելի վատ է (Փուպիլիոս Սիրոս):

- Եթէ բախտը առանձնապէս մարդու նկատմամբ բարեհաճ է եւ մեծագոյն երջանկութիւն կ՚ուզէ շնորհել անոր, ապա անոր հաւատարիմ ընկերներ կու տայ (Թելման):

- Եթէ նոր ընկերներ կը գտնես, հիները մի՛ մոռնար (Տէզիտէրիուս Էրազմ Ռոթերտամցի):

- Կեանքը ոչինչ է առանց ընկերութեան (Կիկերոն):

- Ընկերութիւնը այս կեանքի մեծագոյն ուրախութիւններէն է. իսկ ընկերութեան ուրախութիւններէն է այն, որ մէկը կայ, որուն կարելի է գաղտնիք վստահիլ (Մանձոնի):

- Ընկերութիւնը, որ գաւաթի մը շուրջ ծնած է, կ՚անցնի ինչպէս գինովութիւնը՝ զօրաւոր քունէ մը ետք (Լոքաու):

- Յաջողէ ընկեր ըլլալ՝ ընկեր կը գտնես (Կրասիծքի):

- «Ընկեր» բառը բոլորի շրթներուն վրայ է, բայց ճշմարիտ ընկերութիւնը հազուադէպ է (Փետրօ):

Հարցում. Հաւաքական Խոստովանութեան ժամանակ կը թուարկուին եօթ մեղքեր, որոնք մահացու կը կոչուին: Հպարտութիւնը այդ մեղքերուն առաջինն է: Ինչո՞ւ համար:

Պատասխան. Եկեղեցւոյ տարբեր հայրեր եւ գրողներ իրենց գրութիւններուն մէջ յաճախ կրկնած ու շեշտած են, թէ հպարտութիւնը բոլոր չաիքներուն մայրն է, եւ անկէ ծնունդ կ՚առնեն ամէն տեսակի մոլութիւններ եւ մեղքեր:

Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը հետեւեալը կը գրէ հպարտութեան մասին. «Հպարտութենէն աւելի մեծ մեղք չկայ, որովհետեւ իր հետ շղթայուած ունի բոլոր մեծամեծ մոլութիւնները։ Որովհետեւ, հպարտը չ՚ուզեր, որ ուրիշ մէկը իրմէ աւելի բարձր ըլլայ, այդ պատճառով նախանձոտ կ՚ըլլայ եւ ուրիշներուն յաջողութիւնները չտանելով՝ բարկութեամբ կը վարուի, չկարողանալով անոնց յաջողութիւններուն արգելք ըլլալ՝ կը յուսալքուի եւ ծուլութեան մէջ կ՚իյնայ։ Իսկ որովհետեւ ծոյլը այլեւս շահելու յոյս չունի, ագահ կը դառնայ։ Ագահութեամբ ձեռք բերուած դրամը, կը գրգռէ անոր ուտելը-խմելը եւ անիկա որկրամոլ կը դառնայ։ Եւ շատ կերակուրներէն ու խմելիքներէն ցանկութեան ախտը կը բորբոքի եւ ան բղջախոհ կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, հպարտութիւնն է բոլոր մոլութիւններուն մայրն ու դայեակը, անկէ կը յառաջանան մեղքերու անհաշուելի ծնունդները, որոնցմէ մէկն իսկ բաւարար է մարդը կորուստի հասցնելու։ Ուստի, պէտք է փախչիլ հպարտութենէն, քան՝ մահաբեր թոյնէն»:

Իսկ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը այսպէս կը գրէ. «Ով որ աշխարհային հարստութեամբ, իշխանութեամբ, շնորհով մը կամ առաքինութեամբ մը փքուելով կը հպարտանայ՝ կարծես ամպերուն վրայ որոտալով, այդպիսիին վրէժխնդիրն ու թշնամին Աստուած է՝ զայն պարտութեան մատնելու եւ անդունդները նետելու համար։ Որովհետեւ, մեր բնութեան համար ամբարտաւանութենէն աւելի չար եւ վնասակար բան չկայ։ Ինչ մեղք եւ մեծագոյն չարիք ալ ներկայացնես, ամբարտաւանի դատաստանին հաւասար դատաստան չունի, քանի որ միւս բոլոր մեղքերը, մօտենալով մարդուն, զայն միայն մեղաւոր կը դարձնեն, իսկ ամբարտաւանութիւնը՝ մարդը ամբողջովին սատանայ կը դարձնէ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2021