ՀԱԼԷՊԻ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Հալէպի մէջ տեղի ունեցող արագ զարգացումները նոր օրակարգերու դուռ պիտի բանան: Հիմա հիմնական նիւթը Հալէպէն հեռանալ ուզողներուն օգնութիւն ցուցաբերելը չէ, այլ հալէպահայերու «տուն» վերադարձը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան օրեր առաջ ներկայ եղաւ Երեւանի մէջ հերթական անգամ տեղի ունեցող սուրիահայերու կազմակերպած ցուցահանդէսի մը բացումին:
Հոն էր նաեւ, որ Յակոբեան լրագրողներուն հետ խօսելով Հալէպ վերադառնալու նիւթին անդրադարձաւ: Ան ըսաւ, որ սուրիահայ ամբողջ համայնքը անհամբերութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասէ Հալէպի ազատագրման լուրին:
Նախարարը կարծիք յայտնեց նաեւ, որ մեծ թիւով սուրիահայեր կրնան Սուրիա վերադառնալ՝ տէր կանգնելու համար իր ունեցուածքին, իսկ ոմանք ալ հայրենիքի մէջ պիտի մնան եւ կամուրջ պիտի հանդիսանան Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ: «Մենք կը շարունակենք օգնել սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ: Անոնք շատ կարիքներ ունին եւ պարզ է, որ անոնք ամբողջութեամբ չեն կրնար բաւարարուիլ», ըսաւ նախարարը՝ նշելով, որ սուրիահայերը Սուրիոյ մէջ կայացած մարդիկ էին, կ՚ապրէին բաւական լաւ պայմաններու մէջ: «Անոնք այստեղ ամէն ինչի կը սկսին զերոյէն: Մէկուն չի գոհացներ իր աշխատանքը, մէկը չի կրնար յարմարիլ միջավայրին: Այսօր Հիւսիսային պողոտային վրայ ապրող սուրիահայը անգամ դժգոհ է: Կրնաք պատկերացնե՞լ, եթէ ան այսօր Հիւսիսային պողոտային վրայ կը բնակի, երէկ Սուրիոյ մէջ ինչ պայմաններ ունէր», եզրակացուցած էր ան:
Նախարարուհին ճիշդ էր: Այո՛, Երեւան ապրող հալէպահայերու կարեւոր մէկ տոկոսը դժգոհ է Հայաստանի մէջ իր վարած կեանքէն:
Այդ դժգոհութիւնը չ՚առընչուիր Հայաստանը սիրելու կամ չսիրելու խնդրին հետ, որովհետեւ այստեղ հարցը տարբեր նրբութիւններ եւ երանգներ ունի:
Նախ այն, որ պատերազմի բովէն դուրս ելած եւ փախուստի ճանապարհով Հայաստան հասած մեր հայրենակիցները, իրենց ազատ կամքով չէր, որ ընտրեցին Երեւան հաստատուիլ:
Պատերազմն էր, որ տակնուվրայ ըրաւ ամէն բան ու ցայսօր ալ Հալէպէն դուրս գտնուող մեծ թիւով սուրիահայերու աչքերը ուղղուած են դէպի իրենց ծննդավայրը:
Տարբեր պատճառներու կողքին բնականաբար կայ կարեւոր կէտ մը, որ կը վերաբերի մեր հայրենակիցներու Հալէպի կամ առհասարակ Սուրիոյ մէջ ունեցած կալուածներուն, շէնքերուն, տուներուն, գործատեղիներուն եւ պատսպարաններուն: Տակաւին չեմ խօսիր ազգային այն կառոյցներուն մասին, որոնք հալէպցիներուն համար «սրբութիւն սրբոց» են:
Օրինակ մը տալու համար խօսինք Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցիին մասին, որ անցնող գրեթէ հինգ տարիներուն յայտնուած էր ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան տակ:
Օրեր առաջ այդ եկեղեցիի շրջանը անցաւ Սուրիոյ պետական բանակի տիրապետութեան տակ։ Տասնեակ հայորդիներ յաջողեցան բաւական վտանգաւոր ճամբաներ հատելով հասնիլ այդ եկեղեցիի շրջանը:
Ս. Գէորգը այսօր անցեալի Ս. Գէորգը չէ, ան նաեւ ականատես եղած է Սուրիոյ արհաւիրքի ամենէն ծանր օրագրութեան եւ պատուհասներուն:
Այդպէսով է նաեւ, որ Ս. Գէորգ, Սըր-բոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիները եւ նոյնիսկ «Շէյխ Մագսուտ» շրջանի Հալէպի ազգային գերեզմանատունը դարձան իսկական սրբատեղիներ ժողովուրդի մը համար, որուն աչքերուն առջեւ օտար ուժեր եւ կասկածելի ծրագիրներով շարժող միաւորներ փորձեցին բզիկ-բզիկ ընել իրենց քաղաքն ու արմատախիլ ընել զիրենք Սուրիոյ «փոքրամասնութիւններու դրախտ» Հալէպէն: Վերադառնալով Հալէպ դարձի նիւթին՝ պէտք է նշել, որ այս առումով քիչ չեն այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց խաղաղութեան առաջին նշոյլի երեւման պարագային շատ մը հալէպահայեր Սուրիա պիտի վերադառնան:
Կարծիքներ Հալէպի դերին եւ ... վերադարձի մասին
Այս մասին հետաքրքրական վկայութիւն մը տուած է հալէպահայ ազգային գործիչ Արթօ Առաքելեան: Ան, որ խօսած է «Արեւելք» կայքէջին, ըսած է հետեւեալը. «Հայաստան գտնուող հալէպահայերը ոգեւորուած են: Անոնցմէ շատերը արդէն քանի մը օրուան ընթացքին կը վերադառնան Հալէպ, իւրաքանչիւրը մեկնած իր համոզումէն»: Առաքելեան դիտել տուած է, թէ իրավիճակը բարելաւման ընթացքի մէջ է, մանաւանդ սուրիական բանակի կողմէ կարգ մը շրջաններու ազատագրումէն ետք, որուն հետեւանքով դադրած է հրթիռներու տարափը հայկական թաղամասերուն վրայ:
Ան յայտնած է նաեւ, որ «Պոսթան Փաշա»ի մէջ կալուածներ ունեցողներուն յայտարարուած է սեփականութեան փաստաթուղթեր ներկայացնել։ Հակառակ անոր որ, ապահովական առումով, տակաւին Վարդանանց դպրոցէն անդին մօտենալը արգիլուած է, մին-չեւ շրջանը ամբողջովին մաքրուի ռումբերէն, որովհետեւ թէ՛ բանակը եւ թէ ժողովուրդը կրնան վտանգի հանդիպիլ:
Երեւան հաստատուած Առաքելեան լաւատեսութեամբ նշեց, որ մինչեւ Նոր տարի կարելի է բաւական դրական նորութիւններ ակնկալել: «Եթէ օդակայանը բացուի, շատեր կը վերադառնան: Թիւերու մասին խօսիլը տակաւին շատ կանուխ է: Անոնք, որոնք տուն ունին, կրնան վերադառնալ Հալէպ, ուր Հայաստանի ծանր ձմեռէն խուսափած կ՚ըլլան ձեւով մը: Հալէպ ամէն ինչ ալ կայ՝ վառելանիւթ, ջուր, իսկ հոսանքին հարցն ալ ելեկտրածին շարժիչներով արդէն լուծուած է: Հալէպ ներկայիս հանդարտ է, սակայն չորս-հինգ տարի եւս պէտք է, որպէսզի ամբողջութեամբ մաքրուի: Անդրադառնալով Հալէպի արեւելեան շրջաններէն դուրս եկող գաղթականներու հարցին, ան նշած է. «Պէտք է յստակ գիտնալ, թէ արեւելեան շրջաններէն դուրս եկող մարդիկ որո՞նք են, որքանո՞վ կառավարութեան հետ են: Եկող կիներուն ամուսինները կըր-նա՞ն իրենց միանալ կամ զինեալներուն կողքին պատերազմողներ են»։ Նման մտահոգութիւն յայտնեց ան, աւելցնելով, որ բացարձակապէս մերժելի է այդ գաղթականներուն, հայերուն լքուած տուներուն մէջ ապաստան տալու գաղափարը: «Այդպիսի բան չկայ: Մեր շրջաններուն ո՛չ մէկը կրնայ մօտենալ, ո՛չ ալ մէկուն դուռը կոտրել եւ տիրանալ տունին», ըսաւ ան ու շեշտեց, թէ հայկական շրջանները աւելի ապահով պիտի ըլլան:
Առաքելեանի կարծիքով, երբ խաղաղութիւնը մշտական ըլլայ, ո՛չ միայն Երեւանէն, այլեւ եւրոպական երկիրներէն ներս, իբր գաղթականներ «չընդունուած» հալէպահայեր, որովհետեւ հայկական անձնագիր ունին, կրնան իրենց տուները վերադառնալ:
Առաքելեան իր խօսքը ուղղելով Երեւան ապրող հալէպահայերուն՝ յորդորած է համբերող ըլլալ, Հայաստանը ձգելով օտար երկիրներ չերթալ, որովհետեւ Հայաստանը ամենամօտն է Սուրիոյ եւ եթէ դուրս ելլեն, դժուար պիտի ըլլայ վերադարձը: «Հայաստանի մէջ գոնէ լեզուի խնդիր չունին: Տարեց մարդիկ իրենց մնացած կեանքը լեզու սորվելով պիտի չանցընեն: Հայաստան մնալէ ետք, Հալէպ վերադառնալու որոշումը իրենց կը մնայ», ըսած է ան ու եզրափակած. «Գանատա եւ Եւրոպա դրախտ չեն, շատեր դժգոհ են ու զղջացած, բայց կ՚ամչնան ու կը մնան այնտեղ: Շատեր կը մտածեն քանի մը տարի հոն մնալ, քաղաքացիութիւն ստանալ, որպէսզի ետքը թոշակի տէր դառնան»:
Առաքելեանի դիտարկումները տեղին են ու կարեւոր: Ան ճիշդ կը համարէ, որ հալէպահայերը Երեւան հաստատուին։ Անոնք, որոնք կալուածներ եւ անշարժ գոյք ունին Հալէպի մէջ, անոնց համար շատ հեշտ պիտի ըլլայ արագօրէն Հալէպ երթալն ու տեղւոյն վրայ կարգադրութիւններ կատարելը: Ան կը քննադատէ Միջին Արեւելքէն հեռանալու երեւոյթը։ Այդ մէկը երկակի կորուստ համարելով հայութեան համար:
Ճիշդ է, որ գաղութի պատասխանատու մարմինները դէպի Գանատա կամ եւրոպական երկիրներ գաղթելու երեւոյթը չեն քննադատեր, հաշուի առնելով զանազան ենթակայական եւ առարկայական պատճառներ, սակայն յստակ է, որ անոնք կը գիտակցին, թէ Գանատայի կամ Շուէտի ափերը հասնող իրենց հայրենակիցները «Ղովտի կնոջ» պէս չեն ուզեր իրենց ետին նայիլ:
Հոն է նաեւ, որ ձուլման վտանգը իր ամենակուլ թեւերը կը բանայ եւ հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը՝ սուրիահայերը դանդաղօրէն անձնատուր կ՚ըլլան հոսանքին ու սերունդ մը կամ երկու սերունդ ետք կ՚օտարանան: Հիմա շատեր կրնան առարկել:
Արդեօք եւրոպական ափերու կամ ամերիկաներու մէջ ապրողները հայեր չե՞ն: Այո հայ են: Անունով-մականունով, արիւնով ու արմատներով հայեր են, բայց եւ այնպէս Միջին Արեւելքի ու Հայաստանի ընդհանուր պատկերին մէջ եղող հայութենէն տարբեր մասնիկներ են: Շատ յաճախ անզօր, շատ յաճախ կրաւորական ու շատ յաճախ գործօն դառնալու ազդակէն հեռու մասնիկներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
•շար. 1