Նոր Տարին Ու Ս. Ծնունդը՝ Ուրախութեան Եւ Դրական Մթնոլորտի Աղբիւր
Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթներով տեղի կ՚ունենան զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնք կը դրսեւորուին արուեստի զանազան ձեւերով: Այս էջով ախորժաբերներու նման պատառիկներ կը հրամցնենք ձեզի՝ տօներուն առընչուած արուեստի ոճով ներկայացումներու ընդմէջէն:
ՏՕՆԵՐԸ՝ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Ըստ «Ռոթըն Թոմէյթոզ» անունով ժապաւէններու կայքին, մինչեւ օրս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ցուցադրուած միջազգային դասական լաւագոյն հինգ ժապաւէններն են.
5- Սթալակ 17 (Stalag 17) - 1953
Այս ժապաւէնը, կայքին գնահատանքի չափանիշներու համաձայն, ստացած է 101.5 կէտ: Նիւթը տեղի կ՚ունենայ 1944 թուականին Կաղանդի գիշերը եւ կը վերաբերի Սթալակ 17-ի ամերիկացի գերիներուն, որոնք կալանաւորուած են գերմանացիներու կողմէ, եւ որոնք ի զուր կը փորձեն փախուստ տալ կալանքէն: Այս ընթացքին խումբին մէջ կը սկսի կասկածամտութիւն մը ծնիլ այն մասին, թէ լրտես մը կայ իրենց մէջ: Նիւթը կը զարգանայ լրտեսը գտնելու ընթացքով:
4- Անկիւնի խանութը (The Shop around the Corner) - 1940
Այս ժապաւէնը ստացած է 103.2 կէտ: Ժապաւէնին մէջ հետաքրքրական շրջադարձ մը տեղի կ՚ունենայ, երբ խաղալիքի խանութի երկու գործաւորներ՝ Ալֆրետ Քրալիք (Ճէյմզ Սթիուըրտ) եւ Քլարա Նովաք (Մարկարէթ Սուլըվըն), որոնք զիրար չեն հանդուրժեր, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր սիրահարը, որուն հետ միայն նամակով կը խօսի, կ՚իմանան, թէ իրականութեան մէջ իրարու հետ կը նամակցին:
3- Արձակուրդի պանդոկ (Holiday Inn) - 1942
Այս ժապաւէնը ստացած է 103.3 կէտ: Սիրոյ պատմութիւն մըն է այս երաժշտական ժապաւէնը: Նիւթը կը վերաբերի երգիչ եռեակի մը, որոնցմէ երկուքը՝ Ճիմ (Պինկ Կրոզպի) եւ Լիլա (Վըրժինիա Տէյլ), կ՚որոշեն հրաժարիլ խումբէն եւ սկսիլ պանդոկի ծրագիրի մը: Լիլային՝ այլ երիտասարդի մը սիրահարութեան խոստովանութենէն ետք, անոնք կը բաժնուին: Տխուր Ճիմը պանդոկը կը վերածէ միայն արձակուրդի առիթներով աշխատող պանդոկի մը, անկէ ետք կը սկսին սիրոյ արակածախնդրական բարդ պատմութիւնները:
2- Հրաշք մը 34-րդ փողոցին վրայ (Miracle on 34th Street) - 1947
Այս ժապաւէնը կայքին չափանիշներով ստացած է 103.7 կէտ: Քրիս Քրինկըլ (Էտմոնտ Կուէն) իսկապէս Կաղանդ պապուկի կը նմանի: Երբ ան կը փոխարինէ «Մէյսի» խանութին տօնակատարութեան համար գործի կանչուած Կաղանդ պապուկը, իրադարձութիւնները կը սկսին այլ ձեւ ստանալ, շնորհիւ Քրինկըլին այն համոզումին, թէ ինք իսկական Կաղանդ պապուկն է: Ժապաւէնին մէջ կ՚արծարծուին նաեւ հոգեբանական եւ ընկերային այլ հարցեր:
1- Հրաշալի կեանք մըն է (It’s a Wonderful Life) - 1946
Այս ժապաւէնը ստացած է 104.5 կէտ: Ժապաւէնը կը խօսի Ս. Ծննդեան գիշերը նիւթական եւ հոգեկան ճնշումներու տակ մնացած Ճորճ Պէյլիին (Ճէյմզ Սթիուըրտ) յուսահատութեան մասին: Ժապաւէնին մէջ Պէյլիին օգնութեան կը հասնի պահապան հրեշտակ մը, որպէսզի համոզէ զինք՝ հրաժարելու անձնասպան ըլլալէ: Այս ընթացքին, հրեշտակը հերոսին ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնար ըլլալ կեանքը առանց Պէյլիին գոյութեան: Այս փորձառութեան ընթացքին Պէյլին կը հասկնայ, թէ կեանքը հրաշալի է:
ՏՕՆԵՐԸ ԵՐԳԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Ըստ «Թէլէկրաֆ» կայքին, մինչեւ օրս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան լաւագոյն հինգ երգերը կը հանդիսանան.
5- Սթիվի Ուոնտըրի (Stevie Wonder)
«Ինչ նշանակութիւն ունի Ս. Ծնունդը ինծի համար» երգը (What Christmas Means to Me):
17 տարեկան հասակին ան ձայնագրած է այս երգը, որ ունի երգիչին մշակութային եւ արուեստի մատնահետքերը:
4- Սէվընըգլոք Նիուզի (7 O’clock News) «Լուռ գիշեր»ը (Silent Night)
Քաղաքականացած Ս. Ծննդեան երգ մըն է: Երգը թէեւ լուռ գիշերի մասին կը խօսի, սակայն ձայնագրութեան մէջ ցած ձայնով կը լսուի ձայն մը, ուր կը կարդացուին ձայնագրութեան օրուան լուրերը, ինչպէս՝ Վիեթնամի պատերազմին դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն մասին, հասարակաց իրաւունքներու համար տեղի ունեցած արշաւներու լուրը եւ այլն:
3- Տը Քրիսթըլզի (The Crystals)
«Կաղանդ պապուկը շրջան կը ժամանէ» (Santa Clause is Coming to Town) երգը:
Հետաքրքրական են այս երգին մէջ եղող ծնողական ցուցմունքները, ինչպէս, երբ բառերը կ՚ըսեն, թէ Կաղանդ պապուկը գիտէ երբ բարի ես (փոքրիկին ուղղուած խօսք) եւ երբ չարութիւն ըրած ես:
2- Էմի Տը Կրէյթ եւ Թիմ Ուիլըրի (Emmy the Great and Tim Wheeler) «Ս. Ծննդեան օր» (Christmas Day):
Այս ձայնագրութիւնը Էմի Տը Կրէյթի եւ իր ընկերոջ՝ Թիմ Ուիլըրի միջեւ համագործակցութեան արդիւնք է:
1- Իրէյժրի (Erasure) «Սիրոյ զանգակներ»ը (Bells of Love)
Երգը կը խօսի սիրոյ անկրօն ըլլալուն մասին եւ կը համարուի Ս. Ծնունդին աշխարհական դիտանկիւնէն նայող երգ մը:
ՏՕՆԵՐԸ ԵՒ ՆՈՒԷՐՆԵՐԸ ԾՐԱՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Անկարելի է, որ Ս. Ծննդեան եւ Կաղանդին տօները նշենք առանց նուէրներ փոխանակելու: Նուէրներուն պարունակութեան չափ ալ բծախնդրութեամբ պէտք է նայիլ անոնց ծրարումին: Կը ներկայացնենք ծրարման հինգ օրինակներ, զորս կարելի է օգտագործել գեղեցկացնելու համար մեր նուէրները: Բայց այս ծրարման ամենէն կարեւոր կէտը այն է, որ բոլոր ծրարումները կը կատարուին կենսոլորտին բարեկամ ձեւով (էքօ ֆրենտլի):
- Փոքր չափի նուէրները ծրարելու համար կարելի է օգտագործել անգործածելի գիրքէ մը էջեր, իսկ մեծ չափի նուէրները կարելի է ծրարել թերթերու թուղթերով: Ծրարը կարելի է ժապաւէնով մըն ալ ամրացնել:
- Երբ միագոյն է մեր նուէրին ծրարը, պիտակի փոխարէն կարելի է թերթերով գրել նուէրին տիրոջ անունը եւ փակցնել ծրարին վրայ:
- Նուէրը կարելի է դնել գործածուած թուղթէ տոպրակի մը մէջ, ապա արտաքնոցի թաշկինակի խաւաքարտով, հին պարբերաթերթի էջերով, ժապաւէնով զարդարել ծրարը:
- Վերոնշեալ ծրարները կարելի է զարդարել նաեւ գծագրուած այլ թուղթերով, դարձեալ անոնց տալով գեղեցիկ տեսքեր:
- Զարդարանքի այլ ձեւ մըն ալ բնութեան տուած բարքերը օգտագործելն է, օրինակ շոճիի պտուղը, ոստը, շիւղերը, չոր ծաղիկներ եւ այլն:
ՏՕՆԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԻՆ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔՆԵՐԸ
Բնականաբար քաղաքներուն զարդարանքներն ալ մաս կը կազմեն Ս. Ծննդեան եւ Կաղանդին տօներուն: Պտոյտ մը ընենք Լիբանանի զանազան քաղաքները եւ տեսնենք անոնց զարդարանքները:
ՏՕՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ
Հայրենիքին մէջ Կաղանդն ու Ս. Ծնունդը տարբեր փորձառութիւն մը կը ձգեն մեր վրայ: Բացի անկէ, որ հայրենիքը արդէն իսկ ունի իր բնական գեղեցկութիւնը, զանազան քաղաքներ ձմրան ցուրտին մէջէն կը շողան իրենց զարդարանքներով: Եկէք պտոյտ մըն ալ կատարենք Երեւանի մէջ:
Երեւանի Հիւսիսային պողոտային մէջ տեղի կ՚ունենայ տօնավաճառ: Սառէ կառոյցներ եւ սահադաշտեր կը գտնուին զանազան այգիներու մէջ: Սահադաշտեր կը գտնուին «Կարապի լիճ», «Ռոդնինա», «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամալիրին մէջ: Ազատութեան հրապարակին մէջ «կը կառուցուի» ամանորի հեքիաթային քաղաք, ուր կը գտնուի Կաղանդ պապուկին տնակը: Զուարճալի տօնական ծրագիրներ կը կա-տարուին քաղաքին զանազան անկիւնները, ինչպէս՝ Դեկտեմբեր 23-ին, Պետրոսեան-Փիրումեան փողոցներու խաչմերուկին, Դաւիթ Անյաղթ պուրակին, Անդրէասեան անուան երաժշտական դպրոցին մէջ: Դեկտեմբեր 25-ին, Երեւանի մէջ կը կատար-ուի Կաղանդ պապուկի մարաթոն վազք: Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան նաեւ համերգներ:
Պատրաստեց՝
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան