ԱՄՆ «ՅԱՆԿԱՐԾ» ՈՐՈՇԵՑ ՀԵՌԱՆԱԼ… ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ. ՊԱՏՃԱՌ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔ
ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ ԱՄՆ-Ի ՎԱՐԿԱԾՆԵՐԸ
Ցարդ յայտնի չէ, որ ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռանալը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այդ երկրի ընդհանուր իրավիճակին վրայ… Սակայն մէկ բան յայտնի է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այդ մասին կատարած թուիթըրեան գրառումէն վայրկեաններ վերջ, լրատուական գործակալութիւններ ոչ միայն մեծ աղմուկ կը հանէին տեղի ունենալիք զարգացումներուն մասին, այլեւ լսելի կը դառնային այնպիսի տեսակէտներ, որոնց խորքը կարմիր բառերով գրուած էր՝ «Ամերիկան պարտուեցաւ Սուրիոյ մէջ»։
Անշուշտ այս զարգացումները կը կատարուէին Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բաւականին կարեւոր սպասումներու օրերուն, մա՛նաւանդ, որ այդ տագնապին մէջ որեւէ «մեծ» կամ «փոքր» դեր ունեցող բոլոր կողմերը արդէն իսկ սկսած էին խօսիլ, թէ Սուրիոյ տագնապը մտած է քաղաքական կարգաւորումներու նոր փուլ մը։
Ի դէպ ամերիկեան ուժերու հեռացման մասին առաջին հրապարակումը կը կատարէր «Պլումպերկ» կայանը, որ յղում կը կատարէր Սպիտակ տան մօտիկ կանգնած աղբիւրներու։ Այդ լուրին հրապարակումին զուգահեռ, Տանըլտ Թրամփ, որ յայտնի է Թուիթըր ցանցի վերաբերեալ իր «յատուկ» վերաբերումով, իւրայատուկ շեշտադրումներով «կը համեմէր» Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու հեռացման մասին տեղեկութիւնները։ Թրամփ չէր խօսեր միայն իր զօրքերու հեռացման անհրաժեշտութեան մասին, այլեւ կը նշէր, որ իրենց քայլը կը նշանաւորուի ամերիկացի զինուորներու տունդարձով, նաեւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման (ԻՇԻՊ) «ամբողջական» պարտութեամբ։ Ամբողջական բառը չակերտի մէջ կ՚առնեմ, որովհետեւ տակաւին շատ վաղ է խօսիլ ԻՇԻՊ-ի ամբողջական կազմաքանդման, հետեւաբար նաեւ լուծարման մասին։
Ի դէպ Թրամփի կողմէ լսելի դարձած մօտեցումները եւ յատկապէս ամերիկացի զինուորներու մասին Միացեալ Նահանգներու թիւ մէկ պատասխանատուին կողմէ ցոյց տրուած չակերտեալ հոգատարութիւնը՝ կապ ունէր յառաջիկայ ամիսներուն ընթացք առնելիք երկրի նախագահական ընտրութիւններու մրցավազքին հետ։ Ու աւելի քան յստակ էր, թէ Թրամփ եւ իր վարչակազմի հեղինակաւոր անձնաւորութիւնները պիտի փորձէին ամէն գնով ամերիկացի զինուորներու այս «տունդարձ»ը քաղաքական միաւորի վերածել եւ զայն լաւագոյնս օգտագործել յառաջիկայ օրերուն համար։
Ինչ կը վերաբերի ԻՇԻՊ-ի նիւթին, ապա յստակ է, թէ վերջին ամիսներուն «ընդյատակ» գացած ահաբեկչական այս խմբաւորումը, ներկայիս կ՚ապրի «վերակազմակերպման» փուլ մը եւ չի բացառուիր, որ այդ մարմինը յառաջիկայ ամիսներուն եւս «ոտքի ելլէ»։ Այստեղ շատ կարեւոր է նշել, որ երբ ԻՇԻՊ ծանր հարուածներ կը ստանար Տէր Զօրի, բայց մանաւանդ Ռաքքայի եւ Մուսուլի մէջ, բազմաթիւ լրատուական ծառայութիւններ այդ մասին խօսելով «հաստատեցին», որ ԻՇԻՊ-ի պարագլուխները վճռած են ընդյատակ անցնիլ եւ քաշուիլ, դէպի անապատային եւ «աչքէ հեռու» համարուած շրջաններ։ Խօսքը անշուշտ Սուրիա-Իրաք անապատային հատուածներու մասին է. բան մը, որ զիրենք կը դարձնէ «աներեւելի» եւ ընթացք կրնայ տալ, որ ծանր հարուածներ ստացած այդ խմբաւորումը դարձեալ վերադասաւորէ իր ուժերը։ Այս բոլոր հաշուարկները նկատի առնելէ ետք, աւելի պարզ ու յստակ կը դառնայ, որ Թրամփի ԻՇԻՊ-ի «մահուան» վերաբերեալ հնչեցուցած խօսքերը այդքան ալ ճշգրիտ դիտարկումներ չեն եւ անշուշտ բաւարար պատճառներ չեն, որ ԱՄՆ «մէկ գիշերուան» մէջ որոշէ ու ապա քայլերու ձեռնարկէ Սուրիայէն իր զօրքերը տարհանելու։
ԱՌԱՋԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Ամերիկեան կողմէն հնչած յայտարարութիւններէն անմիջապէս ընթացք կ՚առնէր անոնց մեկնաբանութեան փուլը։ Ուշագրաւ էր մանաւանդ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ Մարիա Զախարովայի կողմէ հնչած յայտարարութիւնը, ուր ռուս պաշտօնատարը «ճիշդ քայլ» կ՚որակէր ամերիկեան որոշումը։ Ան կը նշէր, որ բոլոր կողմերուն համար աւելի քան բացայայտ ճշմարտութիւն է, թէ Ռուսաստան մեծագոյն եւ կարեւորագոյն ճիգեր իրականացուց, որպէսզի Սուրիան նախ եւ առաջ դուրս բերուի պատերազմական իրավիճակէն եւ ապա երկիրը մուտք գործէ քաղաքական լուծումներու ընդհանուր փուլը։ Զախարովայի արձագանգին կը յաջորդէր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը։ Փութին, որ հինգշաբթի օր հանդէս կու գար իր ամենամեայ ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսով՝ ի շարս տասնեակ այլ հարցերու, կը խօսէր նաեւ Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն մասին։ Փութին, որ ողջունելի կը համարէր ամերիկեան կողմին յայտարարութիւնը, որոշ կասկածներ կ՚արտայայտէր ըսելով. «Մինչեւ հիմա մենք ամերիկեան ուժերուն կողմէ Սուրիայէն հեռանալու վերաբերեալ գործնական քայլեր չնկատեցինք»։ Ռուսաստանի կողմէ հնչած այս յայտարարութիւնները նաեւ ընգծելիօրէն կը խօսէին Սուրիոյ մէջ ռուսերու կատարած դերին, նաեւ մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք քայլերուն մասին։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԴԵՐԸ
Միւս կողմէ, աւելի քան հետաքրքրական է, որ այս բոլորը տեղի կ՚ունենային այն պահուն, երբ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ազդանշանը կու տար յայտարարութիւններու նոր փուլի մը, ուր թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներ կը խօսէին Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութիւններու մեկնարկին մօտալուտութեան մասին։
Խօսքը յատկապէս Եփրատ գետի արեւելեան հատուածին մէջ տեղի ունենալիք ռազմական գործողութիւններուն մասին է, որոնք բնականաբար նպատակ կը հետապնդէին վերահսկել այդ շրջանները, հետեւաբար նաեւ վերացնել այդ շրջաններուն մէջ առկայ քրտական զին-ւորական ներկայութիւնը։ Անգարայի համար այս մօտեցումը նորութիւն մը չէր. անցնող երեք տարիներու ընթացքին Թուրքիա երկու կարեւոր ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններ իրականացուցած էր, որպէսզի լայնացնէ Թուրքիա-Սուրիա ապահովական գօտին։ Այդ գօտիի ստեղծումը անշուշտ պիտի նշանակէ «վիրաբուժական» գործողութիւն, որու հիմքով ալ Անգարա ի չիք պիտի դարձնէ այդ շրջաններուն մէջ գտնուող քրտական ուժերու ներկայութիւնը։
Այս մէկը անշուշտ բաւականին «ցաւոտ» գործողութիւն պիտի ըլլայ յատկապէս Սուրիոյ քիւրտերուն համար, որոնք վերջին տարիներուն կարեւոր աշխատանք տարած են այդ տեղերուն մէջ ինքիշխանութիւն հաստատելու առումով։ Բան մը, որ պաշտօնական Դամասկոսի համար ալ միշտ եղած է անընդունելի եւ նոյնիսկ մերժելի մօտեցում մը։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐԸ. ԱՌԱՋԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռանալու մասին խօսակցութիւնները ամենէն աւելի կը յուզէին Սուրիոյ քիւրտերը։ Առանց այդ ամերիկեան «նեցուկ»ին, քիւրտերը պիտի մնային միս-մինակ ու անոնց մօտ մեծ մտավախութիւններ կ՚առաջանային, պարզ այն պատճառով, որ անոնց մտքերուն մէջ թարմ էին մանաւանդ Աֆրինի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը։ Յիշեցնեմ, որ ամիսներ առաջ թրքական ուժեր «Ձիթենիի ճիւղ» խորագրեալ գործողութիւնը կատարեցին եւ իրենց տիրապետութեան տակ առին Աֆրինը, որ այդպէսով կը դառնար Սուրիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող այն հինգերրորդ շրջանը, որուն կեդրոնական հրապարակներուն ու կառավարական շէնքերուն վրայ կը պարզուէր թրքական դրօշակը։ Խնդիրը անշուշտ ունի բազմապիսի երեսակներ, սակայն աւելի քան բացայայտ է, որ Սուրիոյ քիւրտերը յայտնուած են բաւականին բարդ դրութեան մը առջեւ։
Այս առումով ուշագրաւ պէտք է համարել քիւրտ հասարակական գործիչ Ռազզան Հաթոյի տեսակէտը։ Գործիչը, որ խօսած է լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանին, խորհուրդ կու տար Սուրիոյ բոլոր քիւրտերուն ժամանակ չկորսնցնել եւ կապ հաստատել Դամասկոսի հետ, վստահեցնելով, որ նախագահ Պեշար Էսատի վարչակարգը օդին մէջ մինակ պիտի չթողու իրեն երկարող քրտական ձեռքը։ Հաթո միեւնոյն ժամանակ ծանր մեղադրանքներ կը հնչեցնէր քիւրտ կարգ մը ղեկավարներու հասցէին ըսելով, որ անոնք իրատես չեն։ Ան նաեւ կը քննադատէր կարգ մը ուժերու ֆրանսացիներուն վերաբերեալ ունեցած յոյսերուն մասին ագըը ըսելով, որ ֆրանսացիներուն վրայ յոյս դնելը պարզապէս միամտութիւն է, որովհետեւ Փարիզ ո՛չ երէկ եւ ոչ ալ այսօր պատրաստ է քիւրտերուն համար իր յարաբերութիւնները վատթարացնել ամերիկացիներուն հետ։ Ան նշած է նաեւ, որ Ամերիկայի Սուրիայէն հեռանալը իր ծանր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի դրօշին տակ գործող բոլոր ուժերուն վրայ։
Այս բոլորէն զատ, կայ նաեւ աւելի ծայրայեկական տեսակէտը քրտական որոշ կողմերու, որոնց համար ամերիկացիներու այս քայլը համազօր է դաւաճանութեան։ Այդ կողմերուն հնչեցուցած տեսակէտը նաեւ որոշ տեղ մը տպաւորութիւն կը ստեղծէ, թէ անոնք պատրաստ են մինչեւ վերջ մարտնչիլ ու պայքարիլ։ Անոնց պայքարը անշուշտ միայն Թուրքիոյ կամ թրքական ուժերուն դէմ պիտի չըլլայ, այլ բոլոր այն ուժերուն, որոնք պիտի փորձեն այդ շրջանները մտնել։ Այս մօտեցումը անշուշտ կը ստեղծէ յարաբերակցութեան եւ «հասկացողութեան» որոշ եզրայանգումներ, որոնք աւելի մեծ հաւանականութեան մը կրնան տանիլ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու ճակատագիրը, կամ այսօր առկայ իրականութեան վերաքննարկումն ու վերադասաւորումը։
Միով բանիւ յստակ է, որ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն դուրս բերուիլը (եթէ կատարուի այդ մէկը) կը բանայ քաղաքական նոր իրականութեան մը առաջին ճամբան, որ կրնայ իր մէջ պարունակել արիւնալի դրուագներ եւ ականներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան