ՆԱՄԱԿ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Այդ օր, նամակատան միջոցով, անծանօթէ մը անակնկալ, մեծ պահարան մը ստացայ, որ նախ զիս խոր մտմտուքի մէջ նետեց։ Սկիզբը, մտքէս շատ «ծուռ» բաներ անցան։ Բայց, երբ պահարանը բացի, արդէն ամէն ինչ պարզուած էր։ Է՜հ, իրապէս, որ բոլորս ալ ձեւով մը միջուկով հայրենասէր էինք եւ ենք։ Ճիշդ այդպէս։ Միտքս պարզեմ։

Ահա նամակ մը։ Հայերէն լայն եւ անկանոն գիրերու շարանով, մէկ էջնոց գրութիւն մը եւ անոր ընկերացող, հայ գաղութի մը եօթ էջերու մէջ սեղմուած նկարագրականը եւ սեւով ճերմակ՝ լուսանկարներ։ Անկեղծօրէն, առաջին իսկ ընթերցումովս անմիջապէս հաւատք փոխանակեցի։ Անոր համար, քանի մը անգամ կրկին կարդալէս ետք, որոշեցի հանրութեան ալ կարգ մը յապաւումներով՝ «հրամցնել»։

Նամակը կ՚ըսէր-, «… այս գրութիւնս, … ընդօրինակած եմ կարգ մը գիրքերէն եւ քաղաքացիներուս հետ տարիներու զրոյցներէս, որոշեցի քեզի ուղարկել… կը խնդրեմ, եթէ յարմար տեսաք «Ասպարէզ»ին մէկ անկիւնը, ձեր ճաշակով դրէ՛ք, իսկ եթէ ո՛չ, դուք կրնաք, ամէն իրաւունք ունիք, նոյնիսկ վառարան նետել, բոլորն ալ…։

Կանխաւ շնորհակալութիւն յարգելի պր. Պետիկեան -El Monte-ի (Գալիֆորնիա) մէջ կորսուած քիլիսցի մը։ Այսչափ։ Անստորագիր եւ նոյնքան ալ անանուն։

Իսկ երկար «գրութիւնը». ուրիշ «բան» չէր, եթէ ո՛չ Սուրիոյ, Հալէպէն մեկ ժամ եւ քիչ մը աւելի, դէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ազէզ կոչուած գիւղին եւ անոր 1922-1963 տարիներու հոն ապրող հայ համայնքին պատմականը։ Աւելին պարզաբանելով կը մէջբերեմ.

«... Ազէզը կը գտնուի Թուրքիոյ Քիլիս քաղաքի հարաւային կողմը, 17 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղ մըն է,... դիրքը բարձր եւ օդասուն... 1922-ին, երբ Քիլիսը ամբողջութեամբ հայերէ պարպուեցաւ, հայերը եկան եւ հաստատուեցան Ազէզ եւ կամ ալ անցան Հալէպ, Լիբանան եւ այլ..., 1922-ին Ազէզի մէջ գոյացաւ գաղութ մը 400 հայ ընտանիքներէ, մեծ մասով քիլիսցի եւ բոլորն ալ իրարու ազգական կամ խնամի եւ բոլորն ալ տեղացի արաբ եղբայրներէն գուրգուրանք տեսան... հայը արհեստաւոր, աշխատունակ եւ ապրելակերպ գիտցող ժողովուրդ է,... հայը Ազէզը ծաղկեցուց եւ զայն դարձուց գիւղաքաղաք.... 1925-ին դիւրացնելու համար գաղթական հայերու կեցութիւնը, պետութիւնը աժան գինով գիւղի արեւմտեան կողմը ընդարձակ դաշտագետին մը տրամադրեց հայերուն, որպէսզի շինեն իրենց տուները... կեանքի եռանդը շատնալով, նախ հիմնուեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցին եւ ապա անոր կից՝ Սահակեան վարժարանը... Ազէզի հայութիւնը ունեցաւ իր «Աղքատախնամ մարմին»ը, Կիրակնօրեայ դպրոցը, իսկ 1926-ին «Քիլիսի Կրթասիրաց երետասարդաց միութիւնը», որ մեր հայրենակցական միութիւնն էր... 1934-ին կազմուեցաւ ՀԵԸ-ը, որ ՀԲԸՄ-ի ենթակայ երիտասարդական միութիւն մըն էր... ապա շուտով կազմուեցաւ ՀՄԸՄ-ն ալ, որ ունեցաւ մարզական եւ սկաուտական զանազան խումբեր... 1946-ին, 96 ընտանիքներ, բոլորն ալ քիլիսցի, ներգաղթեցին Հայաստան, որմէ ետք գաղութը սկսաւ տկարանալ… 1963-ին արդէն Ազէզը պարպուած էր հայութենէ, իր տեղի տալով քիւրտերու եւ տեղացի արաբներու...»։

Ահաւասիկ պարզ բառերով, հոգեկան տառապանք հագած տողերով, շրջանի մը հայ կեանքին ներկայացումը, անծանօթիս «խմորով» եւ «ճաշակով» գրուած։ Իսկ նկարները.- նոյն այս հայ գաղութի ցցուն պատմութենէն յիշարժան վկայութիւններէն օրինակներ։

Արդ, այս բոլորէն ետք, իմ կարգիս փորձեցի վերակազմել դէմքերն ու դէպքերը, թուականներն ու տարածութիւնը։ Արդէն ինքնին ուշ մնացած ապրումի մը սկիզբն էր կարծես։ Ինչ բարի էին ժամանակները։ Կ՚ըսեմ միշտ եւ կը կրկնեմ։ Ապրիլ հինով, զգալու համար անցեալը, արթնցող բաբախումներով։ Կ՚ուզեմ այս վայրկեանիս ուղիղ տանիլ գիծս ու լուրջ սեղանին մօտեցնել ամէն դէպք եւ միջոցառում։

Կը զգայի, որ նոր պատուհան մըն էր, որ կը բացուէր մտքիս առջեւ։ Մաքուր տպաւորութիւն։

Ու մտովի կ՚ըսեմ.- հրաշալի է մեր ցեղին կորովը։ Կառուցողական հանճարը միշտ իր արեան մէջն է։ Յայտնեմ նաեւ, որ ընթերցումիս հետ կորսուած կեանքեր եւ դէպքեր արագօրէն նոր շունչ կ՚առնէին։ Չէ՞, որ վերջապէս կար ժամանակ, ես ալ նոյն երկրին քաղաքացին եղած էի։ Տակաւին վաղ երիտասարդութեանս օրերուն լսած էի այդ գիւղաքաղաքի մասին եւ նոյնիսկ հանդիպած անոր մեծերուն։

Անոր համար ամբողջ այս ծրարը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ժողովուրդի մը բեկորներուն կեանքի դրսեւորումը։ Բեկորներ, որոնք եղեռնէն ետք որոշած էին մեծնալ եւ յաւիտենական դառնալ։ Վերապրիլ, հոգ չէ թէ տարբեր երկնքի տակ, սակայն շարունակել աւանդը։

Հայու ինքնութեան իրական խարիսխը։

Սակայն կարելի չէ այս իրականութեան մօտենալ, այսպէս պարզ եւ չոր աչքերով։ Ուստի ի՞նչ անուն կրնայի տալ այս նամակին։ Վայրկեանին զանազան մտածումներ անցան մտքէս։ Յուշ եւ պատմութիւն ու պատմական սառած նմոյշներ։ Իրապէս, որ մէջս պարած էր երազը։

Նամակը, ինծի համար իսկապէս պզտիկ գանձարան մըն էր։ Եթէ կ՚ուզէք, նոյնիսկ սեւով ճերմակ նկարներով, պզտիկ թանգարան մը, որոնք մէջս կորսուած ալեւոր աշխարհ մը արթնցուցին։ Աշխարհ մը, որ յուշերս կրկին ապրեցուցին եւ որոնք բոլորն ալ գոյն տուին ժամերուս եւ երեւակայութեանս։

Կեանքի նոր էջ մը բացուած էր դիմացս։ Անցեալի մը պերճախօս վկայութիւնը։ Ամէն բան համբուրելի էր, իբրեւ անցեալի ժառանգութիւն։ Կրկին ու կրկին կը նայիմ նկարներուն։ Կարծես գլխուս մէջ նոր տողեր սկսած էին երգել։ Գունաւոր ներկայութիւն։ Կոր-սըւած կեանքեր եւ աւելին՝ անցեալի մը հիւսքը, որ մտածումներս համրել կը փորձէ։ Հոն իսկապէս, որ լաւ կեանք մը թաղուած էր։ Դէպքերը դուրս եկած էին իրենց լռութենէն։ Յայտնի եւ անանուն ցաւեր։

Ահա պերճախօս վկայութիւն մը հայու անցեալէն։ Հրաշք մը, այս իրականութեան մէջ։

Մտքիս արեւուն տակ փոխուած բան մը կար։ Մեծ մտածում մը։ Մտածումներուս հանգիստ ու խաղաղ լիճին մէջ, հիմա ալիք կար։ Անոր համար՝ կը ցաւիմ տարիներու չորութենէ։

Իսկ այժմ...- ըսէ՛ք, ո՞վ պիտի գրէ այդ գաղութի մասին եւ բոլոր այն գաղութներուն, որոնց կեանքի լոյսը, օր մը մարեցաւ։ Հապա՞ այս եւ նման պերճախօս նկարներու ճակատագիրը...։ Ո՞վ պիտի հաւաքէ։ Ո՞ւր պէտք է կեդրոնացնել։ Ո՞վ պէտք է ստանձնէ այս նկարներուն մէկտեղման աշխատանքը։ Ո՞վ է սփիւռքահայու այս շրջաններու պատմագիրը կամ պատմաբանը։ Թերեւս ունինք կամ կան։ Բայց...։

Միւս կողմէ անկասկած, որ հազարաւոր հայեր, իրենց սփիւռքեան թափառական կեանքի ընթացքին, երկրէ երկիր իրենց հետ շալկած բերած ըլլալու էին նման նկարներ։ Պէտք է թանգարանել, եթէ նման բացատրութիւն կայ կամ կարելի է գործածել։ Բայց, ո՞վ պիտի նախաձեռնէ։ Ահա՛, հարազատ օրինակը։ Անծանօթիս նկարները։

Կը կարծեմ, որ այս բոլորը գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան եւ նոյնիսկ գալիք ուղիները լուսաւորող շողին համար էական են։ Վերջապէս` սփիւռքեան հայոց պատմութեան մաս կը կազմեն։

Եւ որպէսզի երազն ու յիշատակը տեւական եւ ամուր կեանքով հայու ներկայ կեանքին մէջ ապրին, այս նկարները «վառարան» նետուելու արժանի չեն երբե՛ք, պարո՛ն անծանօթս։ Այս մէկը հասկնալու էիր։ Բա՛յց… կրկին բա՛յց…։

Մեր ժողովուրդը վշտահար ժողովուրդ է։ Պատմութեան հարուածները անխնայ եղած են խաղաղասէր եւ ստեղծագործ հայութեան համար: Հետեւողական աշխատանքի ու պայքարի ճամբով սակայն հայութիւնը յարատեւած է ու կանգուն մնացած։ Այլ խօսքով, յամառ ժողովուրդ ենք, որ չ՚ուզեր մեռնիլ։ Այս է մեր ճշմարտութիւնը։ Ազգային գաղտնիքը։

Բայց եւ այնպէս, վերջին՝ միայն շնորհակալութիւն եւ բարերար գնահատում մը ունիմ, իմ ա՛յս անծանօթիս, իր նոր լոյսի բացող էջերուն եւ պատմական նկարներուն համար։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019