ԻՆ­ՉՈ՞Ւ Ե­ԿԱՔ, ԻՆ­ՉՈ՞Ւ Կ՚ԵՐ­ԹԱՔ

Սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մէն, յատ­կա­պէս, Հա­լէ­պի ար­հա­ւիր­քէն փախ­չող եւ Հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նող­նե­րուն տե­ղա­ցի­նե­րը յա­ճախ հարց տուած են. «Ին­չո՞ւ ե­կաք», շա­րու­նա­կե­լով կրկնուող յան­կեր­գը. «Մենք թող­նում գնում ենք, դուք ին­չո՞ւ էք գա­լիս, էս եր­կի­րը եր­կիր չէ…»: Իսկ հի­մա, երբ Հա­լէպ ա­զա­տագր­ուած է, հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր քա­ղա­քը շր­­ջա­պա­տած ու ա­մէն օր հրթի-­ռա­կո­ծած ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րէն, վտան­գը վե­րա­ցած նկա­տե­լով, կարգ մը հա­յեր ո­րո­շած են վե­րա­դառ­նալ ի­րենց տու­նե­րը. հի­մա ալ նոյն հա­յաս­տան­ցի­նե­րը «Ին­չո՞ւ կ՚եր­թաք»ի մը պո­չը բռ­­նած են ու կար­ծես, թէ վե­րա­դար­ձող­նե­րը հայ­րե­նալ­քու­թեամբ կը մե­ղադ­րեն:

«Ին­չո՞ւ ե­կաք»ը դուք չէի՞ք ը­սո­ղը, այն ա­տեն Հա­յաս­տա­նը ապ­րե­լու տեղ չէր, իսկ հի­մա երբ կ՚ու­զեն վե­րա­դառ­նալ ի­րենց ա­ւեր­ուած եւ թա­լան­ուած տու­նե­րուն ու գոր­ծա­տե­ղի­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու, յան­կարծ Հա­յաս­տա­նը քաղց­րա­ցա՞ւ, որ գա­ցող­նե­րը կը քն­­նա­դա­տէք ը­սե­լով` չեն մնար ու հաս­տատուիր, հա­յաս­տան­ցի չեն դառ­նար…

Նաս­րէտ­տին հո­ճա­յին պատ­մու­թիւ­նը յի­շե­ցի, է­շուն վրայ նս­­տի, կը խօ­սին, է­շէն իջ­նէ, դարձ­եալ կը խօ­սին:

Դեռ կայ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին. հա­յաս­տան­ցին կր­­նայ ըլ­լալ որ շատ ծա­նօթ չէ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու ի­րա­վի­ճա­կին եւ մա­կե­րե­սայ­նօ­րէն դա­տե­լով վե­րա­դառ­նալ փա­փա­քող­նե­րը կ՚այ­պա­նէ, հա­պա ի՞նչ ը­սել կարգ մը Հա­լէպ մնա­ցող­նե­րուն, ո­րոնք ա­մէն ին­չէ տեղ­եակ ը­լլա­լով հան­դերձ, վե­րա­դար­ձող­նե­րուն հան­դէպ եր­բեմն լռել­եայն, եր­բեմն բա­ցա­յայտ, ար­հա­մար­հա­կան վե­րա­բեր­մունք մը ու­նին, քիչ մըն ալ վրէժխնդ­րա­կան՝ «Ե­կա՞ք մը»… «Հա­պա՞, մենք ին­չեր քա­շե­ցինք ու հոս մնա­ցինք, դուք փա­խաք ու հի­մա կու գաք, երբ ա­պա­հո­վու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տուած է ար­դէն»… «Է, ա­յո, ի՞նչ կայ ա­տոր մէջ, մարդ­կա­յին ա­մե­նաբ­նա­կան անդ­րա­դարձն է վտան­գէն հե­ռու մնա­լը, ա­սոր մէջ ի՞նչ այ­պա­նե­լի բան կայ: Ի՞նչ պէտք է ը­նենք, մնա­ցող­նե­րուդ պռա­ւօ ը­սենք, որ չկր­­ցաք, կամ չու­զե­ցիք ել­լել…»:

Այս­պի­սի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ա­կան­ջիս կը հաս­նին, բայց չեմ ու­զեր կողմ­նա­կալ ըլ­լալ, մէ­կուն ի­րա­ւունք տալ եւ միւ­սը քն­­նա­դա­տել:

Ու­րիշ­ներ կա­րօ­տով եւ գր­­կա­բաց կ՚ըն­դու­նին վե­րա­դար­ձո­ղը, այս ալ ար­ձա­նագ­րենք:

Ըստ պաշ­տօ­նա­կան տու­եալ­նե­րու, 2016-ին 516 սուր­ի­ա­հայ հա­սած է Հա­յաս­տան, այս­տեղ գտնուող­նե­րուն թի­ւը բարձ­րաց­նե­լով… մին­չեւ հի­մա ստոյգ թիւ մը չկայ, միշտ կը յիշ­ուի 13.000-15.000, սա­կայն այդ թի­ւը կ՚ուռ­ճա­նայ պաշ­տօ­նա­կան տե­ղե­կագ­րու­թիւն­նե­րուն եւ ՄԱԿ-ի Գաղ­թա­կա­նաց գրա­սեն­եա­կին ուղղ­ուած նա­մակ­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի ըստ թուա­քա­նա­կի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը դրա­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­նայ:

Յա­մե­նայնդէպս, վե­րա­դար­ձո­ղին կամ Հա­յաս­տան մնա­ցո­ղին, Նոր տար­ուան ա­ռի­թով մաղ­թենք, որ իւ­րա­քան­չիւ­րը, իր ո­րո­շու­մին հա­մար ա­պա­գա­յին չզըղ-ջայ: Թող տա­րին ըլ­լայ բա­րի ու բա­րե­բեր, թող ա­մոք­ուին ցա­ւա­կիր­նե­րը ու նոր ցաւ չտես­նէ ո՛չ Սուր­ի­ան, ոչ ալ Հա­լէ­պը:

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

«Ապագայ», Գանատա

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017