ԵՐԿԱՐ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԵՏՔ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Վարչապետ Հասսան Տիապ, որ մեծ համբերութեամբ կարողացաւ ի վերջոյ գլուխ հանել իրեն վստահուած պարտականութիւնը, լրագրողներու հետ ունեցած առաջին շփումին ընթացքին յայտարարեց, որ իր կազմած կառավարութիւնը ունի շատ սահմանուած եւ կարեւոր պարտաւորութիւն մը, որն է երկիրը դուրս բերել համընդհանուր փլուզման իրավիճակէն։
Ճիշդ է, որ նոր կառավարութեան կազմութեան զուգահեռ ու յատկապէս ընդդիմադիր կարգ մը շրջանակներու կողմէ լսելի դարձան բողոքի ձայներ, որոնք կը դժգոհէին նոր կառավարութեան կազմութեան առընթեր՝ յայտարարելով, որ այս մէկը «Հիզպուլլահ»ի կառավարութիւնն է։
Հակառակ անոր, որ կազմուած կառավարութիւնը ունէր բոլոր հիմքերը երկրին մէջ դրական մթնոլորտ մը ստեղծելու, գտնուեցան հարիւրաւոր ցուցարարներ, որոնք խուժեցին Պէյրութի գլխաւոր եւ կեդրոնական թաղամասերը եւ փորձեցին յառաջանալ դէպի խորհրդարանի շէնք։ Ցուցարարները կ՚աղաղակէին ըսելով, որ եղածը անընդունելի է եւ կը յայտարարէին, թէ իրենց պայքարը պիտի շարունակուի եւ իրենք նոյնպէս վստահ են, որ այս նորակազմ կառավարութիւնն ալ պիտի տապալի։
Երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը իսկապէս քաոսային դարձան Պէյրութի համար։ Տասնեակ խանութներ կոտրուեցան, ճանապարհներ փակուեցան եւ ցուցարարներ ուղղակի բախումի մէջ մտան ապահովական մարմիններուն հետ։
Ի տարբերութիւն այդ իրավիճակին, հինգշաբթի երեկոն բաւական հանգիստ էր Պէյրութի մէջ ու հասկնալի էր, թէ ցոյցերը նախաձեռնող կողմերը հասկցած են, որ իրենց քայլերուն շարունակութիւնը եւ մանաւանդ խուլիկանական արարքներով հանդէս գալը պիտի չմարսուի ոչ միայն իրաւապահներուն, այլ նաեւ եւ նոյնպէս իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։
Ու այս ձեւով կրնանք ըսել, որ Լիբանան կը մտնէր բոլորովին նոր փուլ մը, որուն հիմնական վերնագիրը՝ սպասումն էր։
Ժողովուրդը, ցուցարարները, քաղաքացիական հասարակութիւնը, ընդդիմադիր շրջանակները պարտաւոր էին սպասելու, թէ Լիբանանի նոր վարչապետը ի՛նչ քայլեր պիտի առնէ եւ ի՛նչ մօտեցումներով ու ծրագրերով հանդէս պիտի գայ։
Այս բոլորին զուգահեռ, հարկ է շեշտադրել եւ նշանաւորել, թէ վարչապետ Տիապ, որ իր առաջին խօսքին մէջ ալ դրական նշաններ ուղարկեց դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ, լաւապէս կ՚ըմբռնէ, թէ ներկայ կարեւոր եւ անկիւնադարձային փուլին երկրին համար ամենէն կարեւոր քայլը պիտի ըլլայ Լիբանանի սիւննի բարեկամ-երկիրներուն ձեռք մեկնելը։
Ի դէպ, քիչ չեն անոնք, որոնք կը խօսին այն մասին, թէ Տիապ այդքան ալ հեռու գործիչ մը չէ ամերիկեան շրջանակներէն, ինչ որ դրական տրամադրութիւն կրնայ բերել երկրի անդամալուծուած վիճակին ու բանալ երկխօսութեան եւ բանակցութեան փակուած դռները։
Յստակ է նաեւ, որ սէուտցիք, որոնք Լիբանանի հարցերուն առընթեր ունին որոշիչ եւ կարեւոր դերակատարութիւն, այսօր պատրաստ չեն արագօրէն «այո՛» մը ըսել ճարահատեալ լիբանանցիներուն։
Այդ առումով աւելի քան վստահ պէտք է ըլլալ, որ արաբները կարիքն ունին կարեւոր վստահեցումներու։ Վստահեցումներ այն առումով, որ «Հիզպուլլահ»ի ղեկավարը նախկինին նման «վրան բաց» յայտարարութիւններ պիտի չկատարէ ու մեղադրանքի կրակ պիտի չթափէ սէուտցիներուն վրայ, այն առումով, որ արաբները պիտի ուզեն վստահ ըլլալ, թէ Լիբանանի նոր վարչապետը պիտի փորձէ ամէն գնով երկիրը հեռու պահել շրջանային մեծ խաղերէն ու պայքարներէն։ Իբր այդ ալ առաջիկայ շաբաթները աւելի քան կարեւոր են ու յստակ պիտի դառնայ, թէ արեւմուտքը ի՛նչ նշաններ պիտի ղրկէ վարչապետ Տիապին ուղղութեամբ։
Այս բոլորի լոյսին տակ հարկ է դիտարկել, որ վարչապետ Տիապի կազմած կառավարութիւնը կը տարբերի նախկին կառավարութիւններէն, որովհետեւ անոր անդամ քսան նախարարներն ալ կը համարուին մասնագէտ ու քաղաքական դիմանկար չունեցող եւ հասարակութեան մէջ բաւական յաջողակ անձանաւորութիւններ։
ԿԱՐԾԻՔ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ
Մեր հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ քաղաքական վերլուծաբան եւ «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակից Եղիա Թաշճեան։
-Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի մէջ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք։
-Կառավարութեան կազմութենէն ետք որոշ հանդարտութիւն մը կը տիրէ եւ ժողովուրդը կը սպասէ, որ այս կառավարութիւնը ինչ քայլերու պիտի դիմէ: Սակայն կեդրոնական Պէյրութի շուկան դարձած է գրեթէ ամայի, հսկայ գործարաններ եւ ճաշարաններ փակած են իրենց դռները եւ այս մէկը անշուշտ ժխտական ազդեցութիւններ պիտի ունենայ երկրի տնտեսութեան վրայ: Մէկ կողմէ՝ ցոյցերը տակաւին կը շարունակուին, ցուցարարները կը փորձեն ճնշումներ բանեցնել նոր վարչապետին վրայ, իսկ միւս կողմէ՝ կարգ մը ներքին եւ արտաքին մութ ուժեր կը մղեն ցուցարարները բռնութեան կիրառման: Հետեւաբար, իմ կարծիքով, կարեւոր է, որ նոր կառավարութիւնը գալիք օրերուն հանդէս գայ եւ իրագործէ այնպիսի յուսադրող ծրագիր մը, որ կարողանայ զսպել եւ նուազեցնել փողոցի դժգոհութիւնը:
-Փողոցի մէջ ընթացող ցոյցերը եթէ շարունակուին եւ մեծ թափ ստանան, կրնա՞ն վտանգ հանդիսանալ նորակազմ կառավարութեան։
-Այդ մտահոգութիւնը կայ, սակայն ամենայն հաւանականութեամբ ցոյցերը առայժմ պիտի սահմանափակուին, որովհետեւ, յստակ է, որ շատեր կ՚ուզեն առիթ տալ այս կառավարութեան. հակառակ ատոր, կան նաեւ խումբեր, որոնք նոր կառավարութիւնը կ՚ընկալեն որպէս դիմակ նախկին քաղաքական իշխանութեան:
Ըսեմ, որ յառաջիկայ շաբաթը աւելի վճռորոշ պիտի ըլլայ, այն առումով, որ կառավարութիւնը պիտի ունենայ երկու նիստ, որուն ընթացքին պիտի ճշդէ իր տնտեսական ուղղութիւնը:
Ինչպէս նախապէս ալ ըսած եմ, այս ցոյցերու ճակատագիրը յստակ չէ, որովհետեւ բողոքարարները որոշ ղեկավարութիւն մը չունին եւ յայտնի չէ անոնց ստանալիք գունաւորումը, գաղափարական գիծը, հետեւաբար կարելի չէ կռահել, թէ այդ ցոյցերը պիտի դադրի՞ն, թէ ոչ։
-Այսօր լիբանանցի ժողովուրդին էական պահանջները ի՞նչ են նոր կառավարութենէն։
-Ժողովուրդին պահանջը կը մնայ նոյնը՝ ունենալ ընկերային եւ տնտեսական արդար համակարգ, որուն համար կը պահանջուի՝ դրամատիրական համակարգի բարենորոգում, progressive taxation, անարդար հարկերու վերացում եւ ընկերային բարեկարգումներ: Շատեր նաեւ կ՚առաջարկեն, որ երկրի տնտեսութեան հիմքը ըլլան գիւղատնտեսութիւնն ու ճարտարարուեստը, ոչ թէ ծառայութեան սպասարկման կամ դրամատիրութեան, դրամատուներու ոլորտները, ինչպէս որ էր 1991-էն մինչեւ օրս: Իմ կարծիքով ալ, տնտեսական այս ձախող համակարգը պէտք է փոխուի եւ առաջնահերթութիւն տրուի արդիւնաբերութեան եւ արտածման:
Նշեմ նաեւ, որ վերջին օրերուն այլ նոր պահանջներ եւս արձանագրուեցան. ինչպէս՝ ընտրական նոր օրինագիծ մշակելը եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելը։
-Այս կառավարութիւնը բաւարար ներուժ ունի՞ Լիբանանի վրայ տարածուող համընդհանուր փլուզման ուրուականը հեռացնելու, կամ ցրուելու համար։
-Այս իրավիճակէն մեկնելով՝ ներկայ կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերը բնականաբար ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, լուծելու համար կառավարութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Երկու տարի ետք մեզի կը սպասեն խորհրդարանական ընտրութիւններ, հետեւաբար իշխող ուժերը պիտի փորձեն առաւելագոյն նուաճումներ արձանագրել: Նոյնը պիտի ընէ ընդդիմութիւնը, որ այդ ընթացքին ջանք պիտի չխնայէ հարուածելու համար կառավարութեան ծրագրերը: Միւս կողմէ, գետնի վրայ կը ձեւաւորուի արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն մը, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ ոճով կամ ձեւաչափով պիտի մասնակցի յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
Այս նորակազմ կառավարութիւնը ունի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ. նախ պէտք է լուծէ դրամատուներու տագնապը, ապա լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման հարցը եւ տնտեսական տագնապը: Այս հարցերը լուծելու համար չի բացառուիր, որ կառավարութիւնը դիմէ ոչ-ժողովրդական քայլերու, ինչպէս եղած է Յունաստանի, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի պարագային, ուր տարիներ պահանջուեցան, որպէսզի տնտեսութիւնը վերելք արձանագրէ:
-Հայկական շրջանակներուն մօտ ինչպիսի՞ն են ընդհանուր արձագանգները։ Լիբանանահայութիւնը դրական հայեացքով ընդունե՞ց այս կառավարութեան կազմութեան լուրը։
-Հայկական շրջանակներուն մօտ մթնոլորտը դրական էր, մասնաւորապէս, երիտասարդ, մասնագէտ նախարարուհիի նշանակման համար, մանաւանդ որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ հայուհի մը նախարարի պաշտօն կը զբաղեցնէ: Սակայն այդ չի նշանակեր, որ կառավարութեան շուրջ մտահոգութիւններ չկան, որովհետեւ մենք կը գիտակցինք, թէ եթէ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը ձախողի, այդ մէկը բոլորիս ձախողութիւնը պիտի ըլլայ, իսկ եթէ յաջողի, ապա ամբողջ Լիբանանի յաջողութիւնը պիտի ըլլայ:
Կը կարծեմ, դեռ կանուխ է գնահատականներ տալու համար։ Այս կառավարութեան աշխատելաոճին մասին ճիշդ պիտի ըլլայ խօսիլ յառաջիկայ ամիսներուն, հակառակ որ Լիբանանի համար ժամանակը շատ սուղ է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան