ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ ԵՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ

Բոլոր պարագաներու եւ ժամանակներու մէջ պատերազմները աղէտ են մարդոց համար, մանաւանդ՝ երեխաներուն, պատանիներուն համար, որոնք հոգիով եւ մարմնով այնքա՜ն խոցելի են, իսկ երբ զիրենք պաշտպանող չափահասները պատերազմի պատճառով կը մահանան, կը կորսուին, խուճապի կը մատնուին, կարելի չէ բառերով նկարագրել անոնց տագնապները: Հարցումը միշտ կը մնայ առանց պատասխանի. «Ինչո՞ւ կարելի չէ պատերազմներէն խուսափիլ»:

*

ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ «ՄԱՀԱՑՈՒ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ»

Վերջին տասնամեակին ՄԱԿ-ը փաստագրած է երեխաներու նկատմամբ 170 հազար ծանր խախտում: Միլիոնաւոր մարդիկ կորսնցուցած են իրենց մանկութիւնն ու ապագան՝ հակամարտութիւններու պատճառով:

ԻՒՆԻՍԷՖ կ՚ըսէ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ նոր տասնամեակ կը մտնեն միլիոնաւոր երեխաներ, որոնք կը բախին բռնութեան կործանարար հետեւանքներուն:

ՄԱԿ-ի մանկական գործակալութիւնը 2010 թուականէն ի վեր անչափահասներու նկատմամբ փաստագրած է 170 հազար ծանր խախտումներ, ներառեալ՝ սպանութիւնները, առեւանգումները, սեռական բռնութիւնները եւ զինեալ հրոսակախումբերու զինուորագրումը:

«Աֆղանիստանէն եւ Մալիէն մինչեւ Սուրիա եւ Եմէն հակամարտութիւնները կ՚ազդեն միլիոնաւոր երեխաներու առողջութեան, կրթութեան, ապագային եւ կեանքին վրայ», կ՚ըսէ ԻՒՆԻՍԷՖ:

«Հակամարտութիւնները ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի երկար կը տեւեն՝ աւելի շատ արիւն թափելով եւ աւելի շատ երիտասարդ կեանքեր խլելով», ըսաւ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի գործադիր տնօրէն Հենրիեթա Ֆոր: Ան աւելցուց. «Երեխաներու վրայ յարձակումները կը շարունակուին անդադար, որովհետեւ պատերազմող կողմերը կը տապալեն պատերազմի ամէենէն կարեւոր կանոններէն մէկը՝ երեխաներու պաշտպանութիւնը: Երեխաներու նկատմամբ բռնութեան բազմաթիւ գործողութիւններ չեն հաղորդուիր»:

ԻՒՆԻՍԷՖ նոյնպէս նշած է, որ հակամարտութենէն տառապող երկիրներու թիւը երեք տաս-նամեակներու ընթացքին ամենէն բարձրն է:

«Զինեալ հակամարտութիւնները կործանարար են բոլորին համար, բայց ատոնք յատկապէս դաժան են երեխաներու համար», կ՚ըսուի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Եւրոպական «Արթէ» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդում

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ. ԵՐԿՈՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծնած երկու հայ երեխաներ՝ Սամուէլը եւ Աւոն միայն տասը տարեկան են: Այդուհանդերձ, անոնք արդէն յայտնուած են իրենց փոքր, չճանչցուած հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի պատերազմի տառապանքներուն մէջ:

Հաղորդումը, որ նկարահանուած է 2020 թուականի յունուար-նոյեմբեր ամիսներուն, կը հետեւի այս երկու փոքր տղաներու կեանքին՝ լեռնային գիւղէն՝ Թալիշէն, որ կը փորձէր կեանքի վերադառնալ՝ մոռցուած հակամարտութեան ստուերին մէջ:

2016-ին ռմբակոծուելէ եւ չորս տարի աքսորուելէ ետք, երեխաներն ու անոնց ընտանիքները նոր բնակութիւն հաստատած էին իրենց հայրենի գիւղին մէջ՝ նոր տուներու մէջ: Բայց Թալիշը Ատրպէյճանի հետ սահմանէն միայն քանի մը քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ է:

Սեպտեմբերի վերջաւորութեան պատերազմ սկսաւ, գիւղը ռմբակոծուեցաւ եւ գրաուուեցաւ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ:

Երկու դասընկերներու եւ անոնց ծնողներու կեանքերը կտրուկ կը պատկերացնեն տառապանքը տեղացիներուն, որոնց ճակատագիրը գլխիվայր դարձաւ քանի մը ամսուան ընթացքին: Կիներ եւ երեխաները կը փախչին Երեւան, ուր ապաստան կը գտնեն տասնեակ հազարաւոր աքսորեալներու մօտ: Տղամարդիկ իրենց կարգին կը մեկնին ռազմաճակատ:

Սամուէլն ու Աւոն կը սկսին իրենց երիտասարդ կեանքին այս ժառանգութեան ծանրութեամբ եւ ջախջախուած յոյսերով:

415 ՄԻԼԻՈՆ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ԿԸ ՄԵԾՆԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Երեխաները որեւէ ատենէ աւելի այսօր աւելի մեծ վտանգի կը հանդիպին՝ պատերազմով շրջապատուած, բռնաբարուելով եւ զինեալ հրոսակախումբերու ներգրաւուելով: Այս մասին կը հաղորդէ «Սէյվ տը չիլտրըն» բարեգործական կազմակերպութեան ուսումնասիրութիւնը:

Ափրիկէի մէջ երեխաները ամենէն շատ տուժողներն են:

Աշխարհի մէջ վեց երեխաներէն գրեթէ մէկը (415 միլիոն երեխայ) 2018-ին կ՚ապրէր հակամարտութեան գօտիներու մէջ: Այս թիւը կրկնակի աւելի է, քան՝ 1995 թուականին արձանագրուած ցուցանիշը:

«Զարմանալի է, որ աշխարհը ձեռնածալ կը մնայ, մինչ երեխաները կը թիրախաւորուին, եւ ատիկա անպատիժ կը մնայ», կ՚ըսուի բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Ինկեր Աշինկի յայտարարութեան մէջ: «2005 թուականէն ի վեր արձանագրուած է, որ առնուազն 95 հազար երեխայ սպաննուած է, տասնեակ հազարաւոր երեխաներ առեւանգուած են, եւ միլիոնաւոր երեխաներ զրկուած են ուսման կամ առողջապահական ծառայութիւններէ, իրենց հիւանդանոցներու վրայ իրականացուած յարձակումներէն ետք:

«Դադրեցուցէք պատերազմը երեխաներու դէմ» վերնագիրով ուսումնասիրութիւնը բացայայտած է, որ 2010 թուականէն ի վեր երեխաներու նկատմամբ «ծանր խախտումներու» դէպքերը աճած են 170 առ հարիւրով: 2010 թուականէն ի վեր հակամարտութեան գօտիներուն մէջ բնակող երեխաներուն թիւի 34 առ հարիւր աճ արձանագրուած է: Բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Ինկեր Աշինկ ըսաւ, որ «երեխաներու կեանքի ոչնչացումը» կը շարունակուի, եթէ աշխարհի կառավարութիւնները չյաջողին միջոցներ ձեռնարկել անոնց պաշտպանութեան համար եւ եթէ յանցագործութիւններու հեղինակները պատասխանատուութեան չենթարկուին:

ԱՓՐԻԿԷԻ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ԱՄԵՆԷՆ ՇԱՏ ԱԶԴՈՒԱԾ ԵՆ

Ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ Ափրիկէի մէջ ամենէն շատը տուժած են երեխաները, որոնցմէ 170 միլիոնը կը բնակի պատերազմական գօտիներու մէջ:

Միջին Արեւելքի մէջ երեք երեխաներէն մէկը շրջապատուած է բախումներով։

Զեկոյցը նոյնպէս պարզած է, որ մրցանշային թիւով երեխաներ կ՚ենթարկուին մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումներու՝ սպանութիւն, անդամահատում, զինեալ ուժերու զինուորագրում, առեւանգում, դպրոցներու կամ հիւանդանոցներու վրայ յարձակում, մարդասիրական օգնութեան մերժում, բռնաբարութիւն կամ սեռական բռնութեան այլ ձեւեր: Նիկերիոյ, Մեքսիքայի, Քոնկոյի եւ Աֆղանիստանի հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ ապրող երեխաներուն թիւը ամենէն բարձրն է:

Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ 2019 թուականը Աֆղանիստանի մէջ հակամարտութեան 18-րդ տարին էր, եւ թէ՝ այնտեղ ոչ մէկ երեխայ ծնած է խաղաղութեան մէջ:

Նման հանգամանքներու հանդիպեցան երեխաներու յաջորդական սերունդները Քոնկոյի, Սոմալիի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ:

«Դպրոց երթալու ատեն ես կը վախնամ անձնասպանական ահաբեկչական գործողութիւններէ, յարձակումներէ, առեւանգումներէ եւ կը վախնամ, որ մէկը կրնայ զիս սպաննել», ըսաւ 10-ամեայ աֆղանիստանցի Հեմաթ: «Մարդիկ երեխաներ կը սպաննեն: Մենք պաշտպանուած չենք: Եւ մենք չունինք պատշաճ դպրոցներ: Շատ մարդիկ սպաննուեցան, եւ մարդոց համար անվտանգ տեղ չկայ», աւելցուց ան:

ՍԵՌԱՅԻՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ըստ ուսումնասիրութեան, տղաներն ու աղջիկները տարբեր տեսակի սպառնալիքներու ենթարկուած են:

«Աղջիկները շատ աւելի մեծ վտանգի կ՚ենթարկուին սեռական բռնութեան այլ ձեւերու, ներառեալ՝ կանուխ բռնի ամուսնութիւններու: Շատ աւելի հաւանական է, որ տղաները ենթարկուին սպանութիւններու, անդամահատումներու, առեւանգումներու եւ հրոսակախումբերու զինուորագրութեան», կը նշէ ուսումնասիրութիւնը:

ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԱՆՑԵԱԼԸ

Զեկոյցը կը ներառէր յայտարարութիւնները այն երեխաներուն, որոնք կը պատմէին իրենց փորձառութեան մասին:

Իրաքէն 15-ամեայ եզիտի աղջիկ մը՝ Սամիրան, որ 2 տարեկան երեխայի մայր է, ըսաւ, որ զինք առեւանգած են մօրը եւ քոյրերուն հետ, գերի պահած են եւ առնուազն երեք անգամ վաճառած են մարդոց, որոնք ծեծած եւ բռնաբարած են զինք, ապա պարտադրած են, որ ամուսնանայ:

Փիթըր անունով տղայ մը պատմեց, թէ ինչպէ՛ս զինեալներու խումբ մը զինք անդամագրած է Հարաւային Սուտանի մէջ, նախքան Ուկանտա փախչիլը: «Անոնք մեզի զէնք տուին կրակելու համար: Սորվեցուցին զէնք գործածել: Ես շատ ուրախացայ, երբ Ուկանտա հասայ: Դպրոցներ, հիւանդանոցներ տեսայ: Ես մտածեցի, որ ասիկա այն վայրն է, ուր կարելի է ուսանիլ եւ բուժուիլ, երբ հիւանդանանք», աւելցուց ան:

ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՆԿԱՐՈՂ ՄՆԱԼ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻՆԵՐՈՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ

ՄԱԿ-ի Երեխաներու արտակարգ իրավիճակներու միջազգային հիմնադրամը (ԻՒՆԻՍԷՖ) կը նշէ, որ երեխաները համարժէք պաշտպանուած չեն հակամարտութիւններէն: Հազարաւոր տղաներ եւ աղջիկներ ամէն տարի ուղղակի զոհ կը դառնան պատերազմական բռնութիւններու:

«Շատ աւելին պէտք է կատարուի հակամարտութեան գօտիներուն մէջ գտնուող երեխաները պաշտպանելու համար: Երեխաներուն հանդէպ վայրագութիւնները տարուէ տարի աւելի ցնցող կը դառնան», յայտարարած է ԻՒՆԻՍԷՖ:

Ըստ կազմակերպութեան, ՄԱԿ հաստատած է, որ Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ պատերազմի զոհ դարձած են հազարաւոր երեխաներ, իսկ միլիոնաւոր մարդիկ ենթարկուած են մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման: Հակամարտութեան բազմաթիւ գօտիներու մէջ երեխաները ենթարկուած են յարձակման, սպաննուած, բռնի զինուորագրուած՝ կռուելու կամ օգտագործուելու համար որպէս մարդկային վահան:

«Աշխարհի հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ ապրող երեխաները վերջին 12 ամիսներու ընթացքին կը շարունակեն տառապիլ ծայրայեղ բռնութեան պատճառով, եւ աշխարհը ոչինչ կը յաջողի ընել», ըսաւ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի շտապօգնութեան ծրագիրներու ղեկավար Մանուէլ Ֆոնթէյն:

«Շատ երկար ատենէ ի վեր հակամարտող կողմերը կ՚իրականացնեն վայրագութիւններ, գրեթէ՝ ամբողջական անպատժելիութեամբ, եւ ատոնք միայն կը վատանան: Երեխաները պաշտպանելու եւ անոնց օգնելու համար կարելի է շատ աւելին ընել», ըսաւ ան:

Չատ լիճի աւազանը շրջապատող երկիրներուն մէջ ռազմական նպատակներով յարձակման կամ բռնութեան ենթարկուած են բազմաթիւ դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ: Հիւսիսային Նիկերիոյ եւ Սոմալիի մէջ բռնաբարութիւնները, պարտադրուած ամուսնութիւնները եւ առեւանգումները յաճախ պատերազմի մարտավարութեան մաս կը կազմեն: ԻՒՆԻՍԷՖ նշած է, որ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, ուր պատմական ընտրութեան ընդառաջ հակամարտութիւն ծագած է, աւելի քան 4 միլիոն երեխայ կը գտնուի խիստ թերի սնուցման վտանգին տակ:

«Նոյնիսկ երբ պատերազմները կը շարունակուին, մենք երբեք պետք չէ ընդունինք երեխաներու դէմ յարձակումները: Մենք պէտք է պատերազմող կողմերուն պարտադրենք, որ կատարեն իրենց պարտաւորութիւնը՝ պաշտպանեն երեխաները: Հակառակ պարագային, երեխաները, անոնց ընտանիքները եւ անոնց համայնքները կը շարունակեն կրել կործանարար հետեւանքները այսօր եւ յառաջիկայ տարիներուն», ըսաւ Ֆոնթէյն:

ԻՒՆԻՍԷՖ ստեղծուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ, 1946 թուականին, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն քանդուած երկիրներուն մէջ երեխաներուն շտապ սնունդ եւ առողջապահութիւն ապահովելու համար: ԻՒՆԻՍԷՖ-ի գործունէութիւնը տարածուած է 1950 թուականին, աշխարհի բարգաւաճող երկիրներու մէջ ապրող երեխաներուն վրայ:

2013 ԹՈՒԱԿԱՆԷՆ Ի ՎԵՐ 7500 ԵՐԵԽԱՅ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ

ՄԱԿ-ի զեկոյցը կը տեղեկացնէ, որ Եմէնի հակամարտութեան մէջ յայտնուած երեխաներու տառապանքները «պարզապէս սարսափելի» դարձած են: Հազարաւոր երեխաներ սպաննուած են, զօրակոչուած են որպէս զինուորներ եւ ենթարկուած են կործանարար բռնութեան, վայրագութեան:

Վերջին վեց տարիներուն ընթացքին Եմէնի մէջ սպաննուած կամ վիրաւորուած են աւելի քան 7500 երեխաներ: Աղքատ արաբական երկիրը 2014 թուականին ինկաւ հակամարտութեան մէջ, որ յանգեցուց աշխարհի ամենէն ծանր մարդասիրական ճգնաժամին:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի զեկոյցը փաստեց երեխաներու նկատմամբ հազարաւոր ծանր խախտումներ՝ 2013-ի ապրիլէն մինչեւ 2018-ի դեկտեմբերը:

«Այդ ժամանակ Եմէնի մէջ երեխաներու տառապանքները վատթարացած են՝ դառնալով պարզապէս սարսափելի», ըսաւ Վիրճինիա Կամպա՝ հակամարտութեան մէջ գտնուող երեխաներու հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչը: «Քաղաքացիական բնակչութիւնը, յատկապէս երեխաները պատանդն են այն հակամարտութեան, որուն մէջ անոնք ակամայ կը գտնուին», աւելցուց Կամպա:

Պատերազմը Եմէնի մէջ բռնկեցաւ 2014 թուականին: Հակամարտութեան պատճառով զոհուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ:

ԴԱԺԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ խախտումներու ցանկին մէջ ամենէն վատ վիճակագրութիւնը 7508 երեխաներու մասին է, որոնք սպաննուած կամ անդամահատուած են օդանաւային յարձակումներէ, ռմբակոծումներէ, ցամաքային կռիւներէ, ականներէ կամ անձնասպանական գործողութիւններէ: Մեծագոյն խախտումը երկրորդն էր՝ օգտագործումը աւելի քան 3 հազար մանուկ զինուորներու:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու վրայ յարձակումները կը շարունակեն մնալ սարսափելի բարձր: 345 շինութիւններ ծանրօրէն վնասուած կամ քանդուած են՝ 381 պարագաներէն:

Նոյնպէս կը հաստատուին բռնաբարութեան եւ սեռական բռնութեան 11 դէպքեր, բայց ատոնք զանազան պատճառներով քիչ կը հաղորդուին:

ՄԱԿ-ը զգուշացուց, որ միլիոնաւոր եմէնցիներ սովի եզրին են. աւելի քան 8 միլիոն երեխաներ բաւարար ջուր չունին, իսկ 2 միլիոնը թերի սնանած է:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021