ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԵ.
«Ճշմարտութեան Հոգին, որ Հօրմէն կ՚ելլէ» (տե՛ս Յհ 15.26):
Այստեղ բազմաթիւ կերպերով ցոյց պիտի տանք, որովհետեւ Սուրբ Հոգին միայն Հօրմէ կը բխի եւ ոչ Որդիէն. նախ՝ որովհետեւ պատշաճ չէ Աստուծոյ Բանին ստել, որ կ՚ըսէ՝ «Հօրմէն կ՚ելլէ», եւ այնտեղ Որդի չի յիշեր, քանի որ եթէ ըլլար կը յիշէր, ատոր համար կ՚ըսէ. «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց Իմ խօսքերս պիտի չանցնին» (Մտ 24.35):
Երկրորդ. որովհետեւ երեք Սուրբ ժողովներու կանոններուն մէջ բաւականաչափ կերպով տրուած է Սուրբ Հոգիի դաւանութեան հաւատքին մասին միայն Հօրմէն հաւատալ եւ ոչ՝ Որդիէն, տակաւին կապանք դրուած է [անոնց վրայ] որոնք ասկէ տարբեր ձեւով կը դաւանին:
Երրորդ. նմանապէս, քանի որ Սուրբ Հոգիին բխումը ելումն է: Արդ, ելումը շարժում է մէկէն միւսը. արդարեւ, եթէ Սուրբ Հոգին Որդիէն ելլէ, պէտք է դէպի Հօր ելլէ, կամ դէպի միւս անձը յաւիտենապէս, որ Որդիէն դէպի Հայր չ՚ելլեր, որովհետեւ Հայրը Որդիէն ոչինչ ունի եւ ոչ ալ միւս անձէն, քանի որ միւս անձը գոյ չէ:
Չորրորդ. որովհետեւ Սուրբ Հոգին կ՚ելլէ իբրեւ արտաշնչեալ եւ բխեալ, իսկ արտաշնչումէ Բանէն չ՚ելլեր, հետեւաբար Հոգին Սուրբն ալ Որդիէն չ՚ելլեր:
Հինգերորդ. որովհետեւ ըստ բոլորին Սուրբ Հոգին իբր շաղկապ եւ միաւորիչ կ՚ելլէ: Արդարեւ, շաղկապ եւ միաւորիչ իբրեւ մէջէն եւ ոչ թէ իբրեւ եզր. արդ, եթէ Հօրմէն եւ Որդիէն կ՚ելլէ, իբրեւ եզր կամ երրորդ կ՚ըլլայ եւ ոչ իբրեւ միջին, հետեւաբար Հօրմէն եւ Որդիէն չ՚ելլեր, այլ՝ Հօրմէն դէպի Որդի:
Վեցերորդ. քանի որ Սուրբ Հոգին եթէ Հօրմէն եւ Որդիէն կ՚ելլէ, կամ կատարեալ կ՚ելլէ, կամ անկատար: Արդարեւ, եթէ անկատար կ՚ելլէ երկուքէն, ապա ուրեմն երկուքն ալ անկատար են բխողութեան մէջ, իսկ Աստուծոյ մէջ անկատար բան չկայ, հետեւաբար միայն Հօրմէն կ՚ելլէ:
Եօթներորդ. որովհետեւ Աստուածաբանը կ՚ըսէ, թէ Որդին եւ Սուրբ Հոգին իբր երկու շառաւիղ են Հօրմէն, հետեւաբար երկու շառաւիղ՝ մէկը միւսէն չ՚ելլեր, այլ՝ երկուքն ալ պատճառէն:
Ութերորդ. քանի որ Դամասկացին յայտնապէս կ՚ըսէ. «Սուրբ Հոգին Հօրմէն է կ՚ըսենք եւ զայն Հօր Հոգի կ՚անուանենք»: Արդարեւ, Հոգին Սուրբը Որդիէն է չենք ըսեր, սակայն զայն Որդիի Հոգին կ՚անուանենք, որովհետեւ Որդիին բնութենակից եւ հաւասարակից է:
Իններորդ. որովհետեւ Հոգին կ՚ելլէ ինչպէս ջերմութիւնը հուրէն, արդ, կը տեսնենք, թէ ջերմութիւնը լոյսէն չ՚ելլեր, այլ՝ հուրէն, հետեւաբար Սուրբ Հոգին միայն Հօրմէն կ՚ելլէ եւ ոչ՝ Որդիէն:
Տասներորդ. քանի որ իւրաքանչիւր բան որ կ՚ելլէ, ըստ այնմ, որ երկուք են, բաղադրեալ են եւ կամ երկու սկիզբներէ, արդարեւ, Սուրբ Հոգին պարզ է եւ ոչ՝ բաղադրուած, հետեւաբար երկուքէ չ՚ելլեր, այլ՝ մէկէ միայն, այսինքն՝ Հօրմէն, եւ որովհետեւ երկուքին՝ Որդիին եւ Հոգիին սկիզբը մէկ է՝ Հայրը, այդ պատճառով Որդին չի կրնար երբեմն Հայր ըլլալ եւ երբեմն Որդի: Ասկէ յայտնի է, թէ Սուրբ Հոգին միայն Հօրմէն կ՚ելլէ եւ ոչ՝ Որդիէն, եւ մի՛ հաւատար երկաբնակներուն անտեղի բարբաջանքներուն, քանի որ աստուածային Գիրքերէն վկայութիւններ չկան, ինչպէս ասիկա, թէ՝ «Ճշմարտութեան Հոգին, որ Հօրմէն կ՚ելլէ» (տե՛ս Յհ 15.26):
ԳԼՈՒԽ ԺԶ.
«Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի դնեն ձեզ» (Յհ 16.2):
Հրեաները մտածեցին եւ ուխտեցին, թէ ով որ զԻնք Քրիստոս կը խոստովանի, ժողովարանէն դուրս դրուի. իսկ դուրս դրուիլը այս էր, որ ինչքն ու ունեցուածքը կ՚առնէին եւ ժողովարանէն դուրս կը դնէին: Միայն այսքանը չէ, այլ՝ այս եւս կ՚ընէին, քանի որ ո՛չ կը բարեւէին, ո՛չ անոր տունը կ՚երթային եւ ո՛չ ալ կը խօսէին անոր հետ: Տէրը ասիկա նախ կը պատուիրէ առաքեալներուն, այլեւ այս ալ զգացնել կու տայ, թէ ո՛չ թէ միայն այսպէս պիտի ընեն ձեզի, այլ՝ ժամանակ պիտի գայ, որ անոնք որոնք սպաննեն ձեզ, այնպիսի բարեպաշտութիւն պիտի երեւի այդ իրենց համար, որպէս թէ՝ Աստուծոյ պատարագ կը մատուցեն, սակայն դուք մի՛ վախնաք, այլ՝ հաստատուն մնացէք Իմ սիրոյ մէջ:
«Ասոնք սկիզբէն չըսի ձեզի, որովհետեւ ձեզի հետ էի» (Յհ 16.4):
Նախ անոր համար չըսի, որովհետեւ տակաւին անկատար էիք: Երկրորդ. քանի որ ինչքան ատեն որ ձեզի հետ էի, ամէն նեղութիւն եւ տառապանք Ինծի կը հասնէր, իսկ դուք անվիշտ կը մնայիք: Երրորդ. որովհետեւ թէեւ ձեզի ալ նեղութիւն կը հասնէր, սակայն Ես ձեզի հետ էի ու կը մխիթարէի: Սակայն ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ, թէ՝ սկիզբէն չըսի, որովհետեւ այս պատուէրէն առաջ ասիկա ըսած էր՝ թէ ձեզ նեղութիւններու պիտի մատնեն եւ դատաւորներու դիմաց պիտի տանին: Այս է, որովհետեւ ասիկա, որ հիմա կը պատուիրէ, ալ աւելիով կը ճնշէ ու կը մորմոքէ զանոնք, քանի որ կ՚ըսէ. «Անոնք որոնք կը սպաննեն ձեզ, կը կարծեն թէ Աստուծոյ կը ծառայեն» (հմմտ. Յհ 16.2):
«Բայց հիմա կ՚երթամ զիս ղրկողին մօտ, եւ ձեզմէ ոչ մէկը կը հարցնէ Ինծի, թէ՝ ո՛ւր կ՚երթաս» (Յհ 16.5):
Բայց Թովմասը կ՚ըսէր. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ուր կ՚երթաս» (Յհ 14.5), Պետրոսն ալ աւելի առաջ չէ՞ր հարցներ, թէ՝ «Տէ՛ր, ո՞ւր կ՚երթաս» (Յհ 13.36), իսկ Թովմասը կ՚ըսէր. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ուր կ՚երթաս, արդ, ինչպէ՞ս կրնանք ճամբան գիտնալ» (Յհ 14.5), իսկ Փիլիպպոսը կ՚ըսէր. «Ցոյց տուր մեզի Հայրը» (Յհ 14.8). իսկ այժմ Տէրը կ՚ըսէ, թէ՝ «ձեզմէ ոչ մէկը կը հարցնէ Ինծի՝ թէ՝ ո՛ւր կ՚երթաս» (Յհ 16.5): Այս է, որովհետեւ երբ այսպիսի խստագոյն եւ դաժան խօսքեր խօսեցաւ Տէրը անոնց հետ, այնպէս յիմարացան ու ապշեցան տրտմութենէն, որով չկրցան միտքով իսկ անցընել հարցնելու, թէ՝ ո՞ւր կ՚երթաս, [այդ պատճառով] այս կ՚ըսէր. «Ձեզմէ ոչ մէկը կը հարցնէ Ինծի»:
«Եւ ան գալով պիտի յանդիմանէ աշխարհը» (հմմտ. Յհ 16.8):
Ի՞նչ է յանդիմանելը. նախ այս է, որպէսզի երբ ոեւէ մէկը կամենայ, որ մարդ մը սուտ հանէ, խիստ խօսքերով կը բարբառի անոր հետ, որպէսզի այդպիսով յանդիմանէ զայն մարդոց դիմաց եւ սուտ հանէ: Երկրորդ. յանդիմանել կ՚ըսուի, որ գաղտնի խօսքերը բառով եւ միտքով կը վերլուծէ եւ կը յանդիմանէ: Իսկ այն, թէ աշխարհը՝ աշխարհասէրները [նկատի ունի], մանաւանդ հրեաները, որոնք չէին հաւատար, թէ Ան Աստուած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 138
Վաղարշապատ