ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ. «ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՎԱԽԻՆ, ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆՈՒԱՍՏԱՑՄԱՆ ԴԷՄ ՊԷՏՔ Է ՀԱԿԱԴՐՈՒԻԼ ՅՍՏԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՈՂՆԱՇԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ»

«Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Միքայէլ Նահապետեանի կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի քաղաքական կացութեան շուրջ։ Ստորեւ՝ իր դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները։

*

-Մեր նկատածով՝ կարծէք Հայաստանի քաղաքացիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եկած է այն եզրակացութեան, թէ գործող իշխանութիւնները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Միւս կողմէ, հաւանաբար յառաջիկայ կարճաժամկէտ շրջանին ականատեսը պիտի չըլլանք քաղաքական մեծ փոփոխութիւններու։ Համաձայն է՞ք ինծի, այլապէս ինչ կը մտածէ՞ք այսօր Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին։

-Կարեւոր է նկատել, թէ ի՞նչ հարց դրուած էր 2021-ի 20 յունիսի ընտրութիւններուն: Իսկ հարցը հետեւեալն էր. «Աւելի լաւ է Փաշինեա՞ն, թէ՞ Քոչարեան» եւ քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը չսիրելով, չվստահելով եւ չուզելով հանդերձ պատասխանեցին «Փաշինեան»: Ես կ՚ուզեմ յստակ ըլլալ, որ այսօր Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը ունի միայն մէկ յենարան եւ այդ Քոչարեանն է: Ըստ այդմ փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան, երբ Հայաստանի ընդդիմադիր հատուածը վերոնշեալ հարցադրումէն կը ջնջէ Քոչարեան ազգանունը եւ փոխարէնը կը դնէ օրակարգ: Այն ատեն հարցը կը վերաձեւակերպուի հետեւեալ կերպով. «Փաշինեա՞ն, թէ «այսինչ տեսակի» Հայաստան»: Այս լճացումը ճեղքելու մէկ տարբերակ կայ միայն. Փաշինեանի սերմանած վախին, անորոշութեան, անյստակութեան եւ նուաստացման հակադրել յստակութիւն, որոշակիութիւն, ամուր ողնաշար եւ իրականանալի երազանք:

-Ատեն մը ձեր կուսակցութիւնը քանիցս հանդիպումներ ունեցաւ գործող իշխանութեանց գլխաւոր դէմքին՝ Նիկոլ Փաշինեանին հետ, այսօր ի՞նչ հունի մէջ է այդ յարաբերութիւնը։

-Մեր եւ Փաշինեանի յարաբերութիւնները զերոյական մակարդակի վրայ են, որովհետեւ այդպիսի յարաբերութիւնները ո՛չ մեզի եւ ո՛չ մեր հայրենիքին որեւէ բանով օգտակար են: Դեռ 2019 թուականի օգոստոս ամսուն ներկուսակցական ժողովի ընթացքին ես կարծիք յայտնած եմ, որ որեւէ առաջարկ հնչեցնելը, քննարկելը, բարեփոխումներու ծրագիրներ ներկայացնելը կամ քննարկելը, մտահոգութիւններ փոխանցելը եւ այլ «կառուցողական» գործելակերպերը բացարձակ անիմաստ են, որովհետեւ անոնք արդիւնքներ չեն տար, բայց փոխարէնը մեծ քանակի վնասներ կը հասցնեն: Երկու տարուայ ընթացքին նոյնիսկ ամենակառուցողական կուսակցականները յանգեցան այս մտքին եւ ըստ այդմ հանդիպելու, քննարկելու իմաստ չկայ: Բայց այդ չի բացառեր, որ Հայաստանի անվտանգութեան առնչուող հարցերով մենք պատրաստ եղած ենք եւ պատրաստ ենք հանդիպիլ բոլոր քաղաքական դերակատարներուն, բոլոր «սիրելի» եւ «ոչ-սիրելի» գործիչներուն հետ, Աստուած տայ, որ նման անհրաժեշտութիւն չըլլայ:

-Հայաստանի համար գերագոյն խնդիր դարձած է սահմաններու անվտանգութիւնը, այս առումով ի՞նչ կը խորհիք: Այս նիւթին կապակցութեամբ մտահոգութիւններ կա՞ն ձեր մօտ։

-Սահմաններու անվտանգութեան մասով մենք ունինք ծայրայեղ լուրջ խնդիրներ: Պատերազմի աւարտէն անցած է աւելի քան մէկ տարի, բայց առ այս պահը որեւէ յստակութիւն չկայ, թէ ինչ ուղղութեամբ պիտի շարժին բանակի վերականգնողական աշխատանքները, որեւէ զինուորական կրթական ծրագիր չէ ստեղծուած, սահմանամերձ համայնքներու բնակչութեան ինքնապաշտպանութեան ուժեր չեն կազմակերպուած, պարզ չէ, թէ մօտաւորապէս 1000 քիլօմեթր երկարութեամբ սահմանագիծը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ուժերով պիտի պահպանուի: Եւ որպէսզի պարզ ըլլայ, որ այս մարդիկ ոչ միայն հրապարակաւ այլ նաեւ գաղտնի աշխատանքներ չեն ըներ, ես կ՚ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել հետեւեալին վրայ. պատերազմի աւարտէն անցած է աւելի քան մէկ տարի, բայց նոյնիսկ չէ փոխուած զինեալ ուժերու մետիայի տեսահոլովակներու սկիզբը հնչող արծիւի ճչոցը, որ պարտուած քարոզչութեան ու կեղծիքի խորհրդանիշ է մարդոց համար: Այս խնդրի լուծումը ես կը տեսնեմ հետեւեալ կերպով. հանրային պարսաւանքի, նուաստացման ու ծաղրի միջոցով պէտք է պարտադրել, որ այս մարդիկ իրականութիւն դարձնեն անվտանգութեան բարեփոումները:

-Կար ժամանակ, որ Արցախը Հայաստանի «դարպաս» համարողները սուր քննադատութեան կ՚ենթարկուէին, այսօր փոխուա՞ծ է այդ մօտեցումը եւ ինչո՞ւ։

-Այս հարցին պատասխանելու համար չունիմ բաւարար ընկերաբանական տուեալներ: Առաջին հայեացքով կրնամ նկատել, որ մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ առկայ է բեւեռացում, այս խնդրին մէջ եւս առկայ է՝ այսինքն անոնք որոնք կողմ էին զիջումներուն, իրենց յօրինած աշխարհին մէջ թունդ կերպով կը ջախջախեն անոր դէմ եղողները ու համոզուած են, որ «ոչ-միթիզականութիւնը» վերջնականապէս մերժուած է, իսկ անոնք որոնք դէմ էին զիջումներուն՝ իրենց յօրինած աշխարհին մէջ թունդ կերպով կը ջախջախեն միւս ճամբարի մարդիկը։ Բայց քանի որ որեւէ մէկը իր թեզի կենսունակութիւնը եւ ազգանպաստ ըլլալը չի կրնար ապացուցել, հետեւաբար ազգային համոզում մը չի ձեւաւորուիր:

-Յառաջիկային ի՞նչ պէտք է ըլլայ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին թիւ մէկ օրակարգը։

-Ես կը կարծեմ, որ այսօր խնդիր մը կայ՝ պահել ինքնիշխանութիւնը այս փոթորկոտ ժամանակաշրջանին: Անոր համար անհրաժեշտ է գործնական եզրակացութիւններու գալ հետեւեալ երեք հարցերու շուրջ.

1. Ի՞նչ կ՚ուզենք մենք։

2. Ի՞նչ կ՚ուզեն աշխարհի միւս դերակատարները։

3. Ինչպէ՞ս ու ի՞նչ միջոցներով այդ երկու օրակարգերը համադրենք:

-Բոլորս կը նկատենք, որ այսօր մեծ հետաքրքրութեան առանցք դարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիրը։ Այդ մասին ի՞նչ է ձեր դիտարկումը։

-Այդ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ի հարկէ, ցանկալի է: Չեմ կարծեր, թէ ոեւէ բանական մարդ թշնամանքը եւ լարուածութիւնը կը գերադասէ քաղաքակիրթ հարեւանութեան: Բայց ցանկութիւններու եւ հնարաւորութիւններու համապատասխանութեան խնդիր կայ: Մենք ականատես ենք մեծ աշխարհաքաղաքական գործընթացի, որու ծիրէն ներս սառած հակամարտութիւնները կ՚արթննան, գոյութիւն չունեցող հակամարտութիւններ կը ծագին այնտեղ, ուր տասը տարի առաջ ոեւէ հոգեպէս առողջ մարդ չէր ալ կարծեր, թէ հակամարտութիւն կը ծագի: Եւ ակնյայտ է, որ այս բոլոր թէժացումները համաշխարհային յարաշարժին մէկ մասն են: Ըստ այդմ հարց կը ծագի՝ արդեօք հնարաւո՞ր է խաղաղութեան երթալ այնպիսի ժամանակներու, երբ բոլորը կ՚երթան հակամարտութիւններու՝ նոյնիսկ իրենց կամքէն անկախ: Այս հարցին պատասխանելու համար պէտք է հայ հասարակագիտական-դիւանագիտական միտքը կարողանայ պատասխանել հարցի մը՝ այժմ դիտուող խռովութիւնը ի վերջոյ ի՞նչ շրջանային «ճարտարապետութեան» կը յանգեցնէ. այդ նոր «ճարտարապետութեան» մէջ ի՞նչ դեր եւ կեցուածք կ՚ունենան Թուրքիան, Ռուսաստանը, Իրանը, Չինաստանը, Մեծն Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգները: Սակայն մենք ականատես ենք իրավիճակի մը, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը ո՛չ միայն նման հաշուարկներ չի կատարեր, այլ նաեւ պարզ հոտառութիւն իսկ չունի հասկնալու, որ այս փոթորիկի շրջափուլին, երբ խաղաղութեան շաբաթ մը իսկ մեծ ձեռքբերում կը համարուի, անդին զաւեշտի դիմելով, կը յայտարարէ, որ կը մտնենք խաղաղութեան դարաշրջան բանալ: Իսկ հաշուարկի մէջ այսպիսի կոպիտ սխալներու համար ժողովուրդները կը հատուցեն իրենց կեանքով եւ պետականութեամբ, մեր դառն պատմութիւնը «բացատրական ձեռնարկ» է ճիշդ այդ մասին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022