ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Բ.

ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԽՆԱՄՔՆԵՐԸ

Մինչեւ ծնունդը նախապատրաստութիւններ: Պորտը կտրելն ու կապելը: Ի՞նչ է «շապիկով ծնիլը»: Նորածինին գլուխը: Նորածինը լոգցնելը: Նորածինին աչքերուն խնամատարութիւնը: Փաթաթելն ու քնացնելը: Առաջին ծիծ տալը: Մեկոնիոն եւ երեխային դուրս ելլելը:

Պորտը կտրելն ու կապելը. պորտը իր մէջ կը պարունակէ արեան անօթներ, որոնց միջոցով արգանդին զաւակը իր մօրմէն իր արիւնը կը ստանայ եւ անով ալ իր սնունդը:

Պորտը, այսինքն՝ արեան անօթները ճիւղաւորուելով կը տարածուի «ընկերի» մէջ, որ զաւակատան բոյնին կպած է, ինչպէս կը տեսնենք այս նկարներուն վրայ (տե՛ս նկ. 3 եւ 4): Մօր մաքուր արիւնը զաւակատան արեան անօթներուն միջոցով կը լեցուի պորտի անօթներուն մէջ, որոնք կ՚երթան ու կը տարածուին սաղմի ամբողջ մարմինին մէջ եւ սնունդ կը մատակարարեն անոր: Անունդ մատակարարելէն ետք, այդ մաքուր-կարմիր արիւնը կը սեւնայ (սեւ արիւն) եւ կը լեցուի ուրիշ տեսակ արեան անօթներու մէջ եւ կը վերադառնայ ու կը լեցուի «ընկերի» մէջ, այնտեղէն զաւակատան մէջի երակները ու կը խառնուի մօր սեւ արիւնին: Իսկ մօր սեւ արիւնը դարձեալ մօր սիրտը կը լեցուի, յետոյ թոքերը, ուր եւ կը մաքրուի, կարմիր արիւն կը դառնայ եւ դարձեալ երեխային կը վերադառնայ: Եւ այսպէս մինչեւ մանուկին ծնունդը:

Հետեւաբար, պորտին մէջէն մեծ քանակութեամբ արիւն կը հոսի, եւ եթէ կտրենք զայն՝ առանց կապելու, մեծ արիւնահոսութիւն կ՚ըլլայ եւ երեխան կրնայ արիւնաքամ ըլլալ: Ուրեմն, պորտը կտրելէն առաջ պէտք է երկու տեղ կապ ընել եւ կապերու մէջէն կտրել, ապա թէ ոչ արիւնահոսութիւն կ՚ըլլայ: Պորտը թելով պէտք չէ կապել, որովհետեւ թելը կը կտրէ կապած տեղը եւ կրնայ արիւնահոսութիւն յառաջացնել: Պէտք է նեղ ժապաւէն մը վերցնել եւ անով պինդ հանգոյց ընել: Պորտը քիչ մը երկար պէտք է կտրել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրորդ անգամ կապ դնել՝ եթէ արիւնահոսութիւն պատահի: Մկրատը կամ դանակը, որով պորտը կը կտրեն, պէտք է լաւ մաքրուած ըլլայ: Պորտը կապած ատեն, վրան «պորտիկը» (փաթթուած կտոր մը) կը դնեն եւ «պորտակապով» կը կապեն: Պորտիկի գործածութիւնը լաւ է, բայց միայն այն ատեն անհրաժեշտ է գործածել, երբ պորտը կ՚իյնայ, արտաղիքման (աղեթափութիւն) առաջքը առնելու համար: Սակայն, քանի որ պորտը տակաւին չէ ինկած, խորհուրդ կու տանք այսպէս վարուիլ. մաքուր լուացած քաթան վերցնել, քանի մը անգամ ծալել, ծակել, պորտը անցընել ծակի մէջէն ու փաթթել, կամ ուղղակի ճեղքել մինչեւ կէսը եւ փորին դնել, այնպէս որ պորտը դուրս մնայ: Յետոյ, այսպէս փաթթած պորտը փորիկին վրայ պառկեցնել, վրան ալ մաքուր կտոր մը դնել եւ ֆլանէլի կամ քաթանի պինդով1 կապել: Այս քաթանի քոմփրեսին (փաթեթ) պէտք է վազելին քսել, իսկ պինդը պէտք է կապերով ամրացնել կամ անգլիական քորոցներով: Փաթեթը պէտք է ամէն օր փոխել մինչեւ պորտին իյնալը, որ առհասարակ տեղի կ՚ունենայ չորրորդ կամ հինգերորդ օրը: Պորտը իյնալէն ետք, մնացած փոքրիկ վէրքին վրայ պէտք է բորակային վազելին քսել (Vaseline boridué), կամ որեւէ մէկ անվնաս փոշի ցանել, օրինակ՝ բրինձի ալիւր, օսլա, տերմաթոլ, բայց ո՛չ իոտոֆորմ, որ կը ծծուի մարմինին մէջ եւ նոյնիսկ կրնայ թունաւորել: Յետոյ պէտք է վերցնել քարթոն կամ շատ բարակ տախտակ մը՝ հինգ կոպէկանոցի մեծութեան (կամ նոյնիսկ հինգ կոպէկանոց մը), փաթթել մաքուր բամպակի մէջ, կամ աւելի լաւ, ախտահանած կամ բորակային ու սալիցիլային բամպակի, եւ նոյնպէս պինդով կապել2: Այսպէս փաթթելը պիտի շարունակուի մինչեւ որ վէրքը ամբողջութեամբ լաւանայ, այսինքն՝ 2-5 շաբաթ: Երբեմն կը պատահի, որ պորտը ինկած ատեն արիւնահոսութիւն կը կատարուի. այդ պարագային պէտք է պինդով սեղմել եւ բժիշկի օգնութեան դիմել, եթէ արիւնը չկանգնի:

Մեր ժողովուրդին մէջ պորտը անմիջապէս չեն կտրեր, վախնալով որ յանկարծ «ընկերը թռի սիրտը» եւ սպաննէ մայրը, այլ՝ կը սպասեն, մինչեւ որ ընկերը իյնայ. իսկ եթէ երկար ժամանակ չի՛ իյնար, այն ատեն տատմայրը զանազան ձեռային գործողութիւններով, փորը սեղմելով եւ տրորելով կ՚աշխատի վիժեցնել զայն: Ասիկա նախապաշարմունք մըն է, որ կրնայ մեծամեծ վնասներ պատճառել թէ՛ մանուկին եւ թէ՛ մօր: Ինչպէս այս նկարներուն վրայ կը տեսնէք, ընկերը զաւակատան մէջ փակուած է, որ բոյն մըն է, ամէն կողմէ փակ, եւ չի՛ կրնար ոչ մէկ տեղ թռիլ, իսկ եթէ մահուան դէպքեր կը պատահին, ատիկա ուղղակի այն պատճառով է, որ ընկերը արգանդին մէջ կը մնայ, կը զարգանայ ու կը թունաւորէ հիւանդը: Այս բանին առաջքը առնելու համար, բժիշկները արուեստական կերպով կը քերեն ու կը հանեն ընկերը եւ այնուհետեւ զանազան խառնուրդներով արգանդը կը լուան: Այս հիման վրայ մենք խորհուրդ կու տանք չսպասել ընկերի դուրս գալուն, այլ՝ պորտը շուտով կտրել3:

Ի՞նչ է «շապիկով» ծնիլը. երբեմն նորածին երեխային երեսին կամ մարմինին վրայ մեծ կամ փոքր մաշկանման կտորներ կպած կ՚ըլլան, որոնք արգանդային պատեաններու կտորներն են: Բոլոր երկիրներու ժողովուրդները այդ բանին մեծ նշանակութիւն կու տան: Այս առումով այդպիսի երեխաները բախտաւոր կ՚ըլլան: Յայտնի է, որ բախտաւորներուն մասին խօսած ատեն, կ՚ըսեն. «Ան շապիկով ծնած է»:

Երեխան մօր արգանդին մէջ հեղուկով լեցուն պարկի մը մէջ փակուած է: Այդ պարկը մի քանի բարակ շերտերէ կազմուած է (տե՛ս նկ. 5): Իւրաքանչիւր կին գիտէ, որ երեխային ծնելու ժամանակ ջուրեր կ՚երթան, ատիկա կը նշանակէ, որ պարկը պատռուած է: Երբեմն այդ պարկի բարակ մէկ շերտէն մեծ կամ փոքր կտոր մը կպած կը մնայ երեխային, եւ պարկին ճիշդ այդ կտորն է, որ շապիկը կը կազմէ: Ինչպէս կը տեսնէք «շապիկով ծնիլը» ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի (տե՛ս նկ. 5):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարշապատ


1 Պինդը երկար եւ նեղ, օր. 2 վերշոկ լայնութեամբ քաթան է կամ միտկալէ ժապաւէն:

2 Մաքուր բամպակ պատրաստելու համար կը վերցնեն մաքուր գզած եւ լաւ լուացած սպիտակ բամպակ, լաւ մը կ՚եռացնեն ջուրին մէջ եւ կը չորցնեն մաքուր տեղ մը եւ փաթթուած կը պահեն, կամ ապակիէ ամանի մը մէջ: Անշուշտ, աւելի լաւ դեղատուններէն գնել:

3 Ժողովուրդին մօտ ընկերը «կը թաղեն», իսկ պորտը կը տանին ու եկեղեցւոյ պատերուն ծակերը կը խրեն, որ երեխան ժամասէր ըլլայ: Առհասարակ, ժողովուրդին աչքին մեծ նշանակութիւն ունի պորտին վիճակը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2023