ԱԿՆԱՐԿ - 51 - ԼԵԶՈՒԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Լեզուախօսութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին առընչուող նիւթ մըն է, որ վերջին տասնամեակներուն սկսած է սխալ կերպով ընկալուիլ: Բազմաթիւ մարդիկ, հետեւելով տարբեր-տարբեր աղանդաւորական շարժումներու, կը վարակուին այս ախտով եւ կը մոլորին ճշմարտութենէն:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձումէն յիսուն օր ետք, Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուներու կերպարանքով իջաւ Վերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալներուն վրայ, որոնք սկսան տարբեր [որոշ թարգմանութիւններու մէջ ալ ուրիշ բառը գործածուած] լեզուներով խօսիլ՝ ինչպէս Սուրբ Հոգին խօսիլ կու տար (կարդա՛ Գրծ 2.1-4):

Այդ տարբեր կամ ուրիշ լեզուները այլ լեզուներ չէին, եթէ ոչ մարդոց հասկնալի լեզուներ: Այսինքն, առաքեալներուն տրուած լեզուները մարդոց անծանօթ լեզուներ չէին, ինչպէս այսօրուան աղանդաւորական շարժումները կը փորձեն համոզել ու այդպէս կը քարոզեն: Մեր ըսածին ամենէն զօրաւոր փաստը Գործք Առաքելոց գիրքին հետեւեալ համարներն են. «Այն օրը [Պենտէկոստէի՝ Սուրբ Հոգիի գալուստի] Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին: Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին, թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի: Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ՚ըսէին իրարու.

-Այս խօսողները բոլորն ալ Գալիլիացիներ չե՞ն միթէ. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք: Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, Միջագետացիներ, Հրէաստանցիներ, Կապադովկիացիներ, Պոնտացիներ, Ասիացիներ, Փռիգիացիներ եւ Պամփիլիացիներ, Եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն Լիպիացիներ, Հռոմէն եկած Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբացիներ: Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին» (Գրծ 2.5-11):

Գործք Առաքելոցի հեղինակը յստակ եւ պարզ ձեւով կը նկարագրէ կատարուածը: Աւելին, կը ներկայացնէ, թէ ո՛ր երկիրներէն մարդիկ կային այդ օր այդտեղ եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք զարմացած էին, որովհետեւ կը լսէին, թէ ինչպէ՛ս առաքեալները իրենց խօսած լեզուներով կը խօսին:

Հետեւաբար, այն մոլեգնութիւնը, որով այսօր կը տառապին բազմաթիւ աղանդաւորական շարժումներ, ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ սատանայական խաբկանք, մարդիկը մոլորեցնելու եւ ճշմարտութենէն շեղելու: Արդարեւ, Աստուած խառնակութիւն եւ իրարանցում չի՛ սիրեր, այլ՝ կանոնաւորութիւն: Յիշենք Պօղոս առաքեալին ըսածը. «Աստուած անկարգութիւն չի կամենար, այլ՝ խաղաղութիւն» (Ա. Կր 14.33):

Այդ գլուխին մէջ Առաքեալը կը խօսի նաեւ եկեղեցւոյ մէջ կարգ ու կանոնի մասին, որով եւ իր ըսելիքը ձեւով մը կ՚եզրակացնէ Աստուած անկարգութիւն չի կամենար, այլ՝ խաղաղութիւն նախադասութեամբ: Առաքեալը այսպէս կը գրէ.

Ուրեմն, եղբայրնե՛ր. ի՞նչ ընել: Երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ շնորհք ալ ունենայ՝ սաղմոսելու, ուսուցանելու, Աստուծոյ մէկ յայտնութիւնը բերելու, անծանօթ լեզուներով խօսելու թէ այդ լեզուներով խօսուածը բացատրելու, թող այդ բոլորը եկեղեցւոյ օգուտին ծառայեցնէ [մատնանշումը մե՛րն է]: Լեզուներով խօսիլ ուզողնե՞ր կան. թող երկու, շատ-շատ երեք հոգի խօսին եւ այն ալ՝ մէկ առ մէկ, իսկ ուրիշ մը թող անոնց խօսածները բացատրէ: Իսկ եթէ չկայ մէկը, որ բացատրէ, այնպիսիներ թող լուռ մնան եկեղեցիին մէջ, թող իրենց միտքին մէջ Աստուծոյ հետ խօսին (Ա. Կր 14.26-28):

Անծանօթ լեզուներով խօսելու պարագային պէտք է նկատի ունենալ, որ Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին Աստուածաշունչը եբրայերէն կամ արամերէն, յետոյ աւելի ուշ յունարէն գրուած էր եւ այդ լեզուներով կ՚ուսուցուէր ժողովուրդին: Տէր Յիսուս նախքան Իր երկինք համբառնալը՝ Իր աշակերտներուն թելադրեց՝ ըսելով. «Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները Ինծի աշակերտ դարձուցէք…» (Մտ 28.19): Չըսաւ միայն հրեայ ժողովուրդը, այլ՝ բոլոր ժողովուրդները, հետեւաբար առաքեալները պէտք է շրջէին աշխարհով մէկ, որպէսզի Քրիստոսի Աւետարանը քարոզէին բոլոր ժողովուրդներուն: Այդ քարոզութիւնը իրականացնելու համար, սակայն, կարիք ունէին այդ ժողովուրդներուն լեզուները իմանալու, ինչ որ իրենց տրուեցաւ Պենտէկոստէի օրը: Այս մասին երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. Հայրապետը կը գրէ. «Եկեղեցւոյ առաքելական դարաշրջանի սկիզբը, այս պարգեւը [լեզուներով խօսելու] այն պատճառով շնորհեց, որպէսզի քարոզչութիւնը տարածուի, եւ հաւատքը հասնի առաքելական հայրերու լեզուն (արամերէն կամ եբրայերէն) չիմացող ժողովուրդներուն եւ ազգերուն: Անոնք անոնց [այդ ժողովուրդներուն եւ ազգերուն] լեզուներով կը քարոզեն, ինչպէս պատահեցաւ Պենտէկոստէի օրը»:

Վերը մէջբերեցինք Գործք Առաքելոցէն հատուած մը եւ տեսանք, թէ ինչպէս տարբեր երկիրներէ, տարբեր ժողովուրդներէ մարդիկ եկած էին, որոնք բոլորն ալ, բնականաբար, եբրայերէն չէին գիտեր եւ երբ լսեցին, թէ առաքեալները իրենց խօսած լեզուներով կը խօսին, զարմացան եւ նոյնիսկ ոմանք կարծեցին, թէ գինովցած են (տե՛ս Գրծ 2.13): Բայց միթէ գինով մը կրնա՞յ մարդկային հասկնալի լեզուով խօսիլ…:

Գործք Առաքելոցէն վերը մէջբերուած հատուածը կու գայ լոյս սփռելու Պօղոս առաքեալին վերը մէջբերած մեր հատուածին, թէ՝ «լեզուներով խօսիլ ուզողնե՞ր կան. թող երկու, շատ-շատ երեք հոգի խօսին եւ այն ալ՝ մէկ առ մէկ, իսկ ուրիշ մը թող անոնց խօսածները բացատրէ»: Այսինքն, եթէ խօսուած անծանօթ կամ օտար լեզուն թարգմանող մը չկայ, աւելի լաւ է այդ շնորհքը ունեցողը լուռ մնայ եւ ինքն իր միտքին մէջ Աստուծոյ հետ խօսի:

Անդին, առաքեալը կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւր անձ ի՛նչ շնորհք որ ալ ունի, թող այդ բոլորը եկեղեցւոյ օգուտին ծառայեցնէ: Այլ խօսքով՝ եթէ մէկու մը ունեցած շնորհքը եկեղեցւոյ օգուտին չի՛ ծառայեր, աւելի լաւ է, որ այդ մարդը լուռ մնայ:

Հիմա հարցնենք. այսօր երբ մենք քով-քովի կը հաւաքուինք եւ Աստուծոյ խօսքը կը սերտենք եւ կամ Պատարագի կը մասնակցինք, ի՞նչ իմաստ ունի, օրինակի համար, Հայաստանի Օշական գիւղին մէջ պատարագիչ քահանայ հայրը կամ սերտողութիւնը կատարող քահանան, ըսենք՝ չինարէնով քարոզ խօսի կամ սերտողութիւնը չինարէնով վարէ: Այդ քարոզը կամ սերտողութիւնը եկեղեցւոյ օգուտին, անհատ հաւատացեալի շինութեան կը ծառայէ՞: Բնականաբար՝ ո՛չ: Հետեւաբար, կարիք չկայ օտար լեզուով քարոզ խօսելու կամ սերտողութիւն կատարելու, երբ քեզ լսողները բոլորն ալ հայ են եւ հայերէն կը հասկնան:

Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ խօսքը մարդկային՝ հասկնալի լեզուներու մասին է եւ ո՛չ թէ այն լեզուներու մասին, որոնք այսօրուան աղանդաւորական շարժումները կը համոզեն, թէ կը խօսին: Հարցում մը այդ շարժումներուն հետեւողներուն. երբեք այդ անծանօթ լեզուով խօսուածը բացատրող մը եղա՞ծ է ձեզի: Երկրորդ հարցում. անբնական, արտառոց եւ այլանդակ բացագանչութիւնները ե՞րբ սկսած են լեզու կոչուիլ կամ լեզուներու շարքին դասուիլ: Միայն չըսէք, թէ այդ Պօղոս առաքեալին ըսած հրեշտակներու լեզուներն են… Աստուածաշունչէն գէթ մէ՛կ օրինակ ցոյց տուէք, ուր հրեշտակները այդպիսի այլանդակութեամբ կը խօսէին մարդոց հետ, գէթ մէ՛կ օրինակ…

Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ Աստուած եւ Իր ուղարկած հրեշտակները մարդոց հետ՝ մարդոց հասկնալի լեզուով խօսած են, կը խօսին ու պիտի խօսին, որովհետեւ Աստուած անկարգութիւն չի կամենար, այլ՝ խաղաղութիւն: Հետեւաբար, պատճառաբանել, թէ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ՝ հրեշտակներու լեզուներ, սա պարզապէս անգրագիտութեան նշան է:

Աստուած մարդուն հետ իրեն հասկնալի լեզուով կը խօսի եւ ո՛չ թէ անհասկնալի:

Ոմանք կրնան հարցնել, հապա ի՞նչ կարիք կար բացատրողներու, թարգմանողներու եւ ընդհանրապէս անծանօթ լեզուներով խօսելու:

Պատասխանը հետեւեալն է. վերը ըսի, թէ Տէր Յիսուս պատուիրեց Իր աշակերտներուն բոլոր ժողովուրդները Իրեն աշակերտ դարձնելու: Արդարեւ, Հին կտակարանէն գիտենք, որ Հին Ուխտի ժամանակաշրջանին, Աստուած հրեայ ժողովուրդը ընտրած էր՝ որպէս Իր սեփական ժողովուրդը: Քրիստոսով, սակայն, այդ ընտրեալ ըլլալու առանձնաշնորհումը տրուեցաւ բոլոր ժողովուրդներուն՝ այն պայմանով, որ ընդունին զԱստուած:

Աւելին, Քրիստոս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ապրելով Հրէաստանի մէջ, բնականաբար եբրայերէնով կամ արամերէնով կը խօսէր, Իր աշակերտներն ալ նոյնպէս: Աշակերտները Հրէաստանի սահմաններէն դուրս չէին եկած իրենց կեանքի ընթացքին եւ Սուրբ Հոգին ընդունելէ ետք էր միայն, որ աշխարհով մէկ պիտի սփռուէին՝ քարոզելու Կենաց Աւետարանը, Բարի Լուրը: Իսկ այդ քարոզութեան համար կարիք ունէին իրենց գացած երկիրներու ժողովուրդներուն խօսած լեզուները իմանալու, որպէսզի կարենային անոնց փոխանցել Բարի Լուրը: Իսկ Առաքեալներուն գացած երկիրներուն ժողովուրդները Աստուածաշնչական բառապաշարով անհաւատներ էին: Առաքեալները անոնց հետ խօսելու համար անպայման կարիք ունէին լեզուներով խօսելու շնորհքին: Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Անծանօթ լեզուներով խօսիլը նշան մըն է ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, այլ՝ անհաւատներուն. մինչդեռ մարգարէական պատգամախօսութիւնը անհաւատներուն համար չէ, այլ՝ հաւատացեալներուն» (Ա. Կր 14.22):

Հետեւաբար, եթէ ոեւէ մէկը անծանօթ լեզուով մը պիտի խօսի, պէտք է խօսի դիմացինին օգուտին ու շինութեան համար, այլապէս իր խօսածը իմաստ չ՚ունենար: Իսկ այսօր ինչ բանի, որ ականատես կը դառնանք զանազան աղանդաւորական հոսանքներէ ներս, ապա ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ այլանդակութիւն, ճշմարտութենէն հեռացում եւ աղաւաղում աստուածաշնչական ճշմարտութիւններու:

Այսօր, երբ լեզուներու իմացութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն եւ մարդիկ յաճախ նոր լեզուներ կը սորվին, անծանօթ լեզուներով խօսուածներուն թարգմանութեան հարցը ձեւով մը լուծուած է: Օրինակը բերեմ նոյնինքն այդ աղանդաւորական հոսանքներու փորձառութենէն. անոնց քարոզիչները երբ որեւէ մէկ երկիր երթան՝ յատկապէս ափրիկեան կամ Հայաստան, Վրաստան, Ռուսաստան եւ այլն, ընդհանրապէս կը խօսին անգլերէնով եւ իրենց կողքին կանգնած կ՚ըլլան մարդիկ, որոնք իրենց խօսածը կը թարգմանեն տուեալ երկրի լեզուին, որպէսզի լսողները հասկնան անոնց խօսածը: Հիմա ի՞նչ, այդ քարոզիչը անծանօթ լեզուո՞վ կը խօսի: Իր ծնած ու մեծցած միջավայրը նկատի ունենալով՝ ո՛չ, անծանօթ լեզուով չի՛ խօսիր, մինչ երբ տուեալ երկրի բնակիչները նկատի ունենանք՝ այո՛, անծանօթ լեզուով կը խօսի, որովհետեւ ներկաներէն շատերը չե՛ն հասկնար անոր խօսած լեզուն՝ թէկուզ եւ անգլերէնը այսօր շա՜տ տարածուած է:

Արդարեւ, նոյն վիճակը կը տիրէր քրիստոնէութեան առաջին շրջանին եւ լեզուներով խօսելու շնորհքը ճիշդ այս ձեւը ունէր: Չենք գիտեր ինչո՞ւ համար, սակայն, ներկայ աղանդաւորական հոսանքները կը յամառին համոզել իրենց հետեւորդները, թէ ո՛չ, անծանօթ լեզուներով խօսիլը յատուկ շնորհք մըն է եւ իրենց ըսածը փաստելու համար կը սկսին ուղղակի այլանդակ բացագանչութիւններ կատարել՝ այդպիսով խաբելով թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ՛ զիրենք լսողները:

Երանելի Սուրբ Օգոստինոսին դիմելով աւարտենք մեր այսօրուան ակնարկը: Երանելին հետեւեալ հարցումը կը հարցնէ ու կը պատասխանէ.

• Ներկայիս ինչո՞ւ լեզուներով խօսելու շնորհքը չի՛ տրուիր:

Եղբայրներ, Սուրբ Հոգին ներկայիս տրուած չէ՞: Եթէ ոեւէ մէկը այդպէս կը մտածէ, հետեւաբար արժանի չէ Սուրբ Հոգին ստանալու: Սուրբ Հոգին մինչեւ հիմա ալ տրուած է: Եթէ այդպէս է, ինչո՞ւ ուրեմն այսօր չկայ մէկը, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու լեզուներով խօսի: Ինչո՞ւ չի՛ կրկնուիր այդ շնորհքը, ինչպէս երեւցաւ առաքեալներուն մօտ, երբ Սուրբ Հոգին հանգչեցաւ անոնց վրայ: Որովհետեւ այդ հրաշքով հետապնդուած նպատակը՝ ներկայիս իրականացած է:

- Ինչպէ՞ս թէ իրականացած է:

Կը յիշէք, երբ տօնախմբեցինք Համբարձման տօնը, փոխանցեցինք ձեզի, թէ Տէր Յիսուս Իր Եկեղեցին հիմնեց եւ երկինք բարձրացաւ: Այդ ատեն Իր աշակերտները հարցուցին իրեն. «Աշխարհի վախճանը ե՞րբ պիտի ըլլայ»: Ան պատասխանեց. «Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը Իր իշխանութեամբ որոշած է», սակայն եւ այնպէս, խոստացաւ անոնց այն, ինչ որ այսօր կատարուեցաւ. «Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ Իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գրծ 1.6-8):

Այն ատեն Եկեղեցին մէկ տան մէջ էր եւ սակաւաթիւ էր. Սուրբ Հոգին ստացաւ տարբեր լեզուներ, որոնք աշխարհը կը ներկայացնէին: Նայեցէ՛ք հիմա, թէ ինչպէ՛ս ամբողջ աշխարհով մէկ տարածուեցաւ: Փոքր Եկեղեցին էր, որ աշխարհի բոլոր լեզուներով կը խօսէր, այն [տարբեր լեզուներով խօսելու շնորհքը]՝ փառաւորուած եկեղեցւոյ կորիզն էր, որ արեւելքէն արեւմուտք տարածուած էր՝ խօսելով բոլոր ժողովուրդներու լեզուներով: Այն ինչ որ խոստում էր, ներկայիս՝ իրականացած է եւ մենք լսեցինք ու տեսանք…

«Լսէ՛ աղջիկս եւ տե՛ս» (տե՛ս Սղ 45.11). ասիկա թագուհիին (այսինքն՝ Եկեղեցւոյ) ըսուեցաւ՝ լսէ՛ աղջիկս եւ տե՛ս: Լսէ՛ խոստումը եւ տե՛ս իրականացումը: Տէրդ չխաբեց քեզ, փեսադ չմոլորեցուց քեզ, Ան որ Իր արիւնը քեզի համար տուաւ՝ քեզ յուսախաբ չ՚ըներ, Ան որ տգեղութիւնը գեղեցկութեան վերածեց, չի՛ խաբեր քեզ, Ան որ քեզ պոռնիկէ մը կոյսի վերածեց՝ չի՛ մոլորեցներ քեզ: Խոստումը դուն քու մէջդ ստացար, երբ տակաւին թիւով քիչ էիր, իսկ հիմա արդէն տարածուած ես [եւ այդ խոստումը] շատերու մէջ իրականացած է (Սուրբ Օգոստինոս Երանելի, Հատուած «Սուրբ Հոգիէն, Եկեղեցւոյ Հոգին» քարոզէն):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024