ԼՈՂԱԼ ԵՒ ՄԱԳԼՑԻԼ ԴՊՐՈՑ ՀԱՍՆԵԼՈՒ

Մեր ապրած երկիրներուն մէջ դպրոց յաճախելու հիմնական դժուարութիւնը ընդհանրապէս կը նկատուի դրամական միջոցներու անբաւարարութիւնը: Բացի կրթաթոշակէն եւ գիրքերէն՝ շատեր նոյնպէս ունին երթեւեկի տաղտուկը, որմէ խուսափելու համար ոմանք կը քալեն… բայց լսա՞ծ էիք, որ կան լողալով եւ մագլցելով դպրոց յաճախողներ: «Պի.Պի.Սի.» եւ «Սի.Էն.Էն.» անդրադարձած են այս երեւոյթին:

ՆԱՒԱԿՆԵՐ՝ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ, ՈՐՈՆՔ ԼՈՂԱԼՈՎ ԴՊՐՈՑ Կ՚ԵՐԹԱՆ

Երեւակայեցէք, որ դպրոց ամէն օր կ՚երթաք լողալով, ձեր դասագիրքերը կերպընկալէ տոպրակի մը մէջ՝ կապուած ձեր գլխուն վրայ: Ամբողջ ընթացքին դուք կը դժուարանաք ձեր երեսը ջուրէն դուրս պահել եւ կը պայքարիք ջուրի հոսանքին դէմ:

Փիլիպեաններու մէջ կարգ մը երեխաներու համար ասիկա առօրեայ սովորական ընթացք մըն է: Բայց բարեգործական կազմակերպութիւն մը կը փորձէ դիւրացնել անոնց ուսանելու պայմանները՝ անոնց հայթայթելով նաւակներ:

«Յոյսի դեղին նաւակը» հիմնադրամը սկսաւ որպէս փոքր գաղափար մը՝ ընկերային տեղեկատուական ցանցին մէջ, սակայն տարիներու ընթացքին վերածուեցաւ ամբողջ երկրին մէջ տարածուած բարեգործութեան՝ օգնելով կարիքաւոր դպրոցականներու:

Առաջին հաւաքականութիւնը, ուր բարեգործութիւնը ներառուեցաւ ձկնորսութեամբ եւ ձկնաբուծութեամբ զբաղողներն էին, որոնք կը բնակին փայտաշէն տուներու մէջ, Զամպոանկա քաղաքի ծովեզերքը, աղքատ վայր մը՝ հարաւային Մինտանաօ նահանգին մէջ:

Երեխաները պէտք է մինչեւ 1 քիլօմեթր յառաջանան ջուրին մէջէն, որպէսզի դպրոց հասնին: Եթէ ալիքը բարձր է, յառաջանալը լողալու կը վերածուի:

«Ատիկա վտանգաւոր է եւ անապահով, նոյնիսկ եթէ անոնք լաւ լողացողներ են: Եւ երեխաներէն շատեր լաւ լողացողներ չեն», ըսաւ բարեգործութեան հիմնադիր Ճէյ Ճափոնետա:

Թէեւ ձկնորսութեան համար գործածուող նաւակներէն բացի՝ յաճախ այլ միջոցներ չկան:

Երեխաները իրենց գիրքերը, տետրակները եւ տարազները պէտք է ծրարեն կերպընկալէ տոպրակներու մէջ՝ ատոնք չոր պահելու համար, երբ կը սկսին իրենց երկար եւ տաժանելի ուղեւորութեան դէպի դպրոց:

«Ես չէի գիտեր այս կացութեան մասին. երբ ծանօթացայ, ցնցուեցայ եւ Ֆէյսպուքի վրայ գրեցի», ըսաւ Ճէյ Ճափոնետա, որ ծնած է մօտակայ շրջանի մը մէջ:

Ապա հարցերը սկսան ձիւնագունդի վերածուիլ, երբ անոր բազմաթիւ ընկերները արձագանգեցին, եւ ոմանք դրամ խոստացան օգնելու համար:

Այսօր հիմնադրամը գործուն է ամբողջ Փիլիպեաններու մէջ՝ գլխաւորաբար գումարներ յատկացնելով դպրոցական նաւակներու, որոնք բոլորն ալ փայլուն դեղին ներկուած են համապատասխանելու համար դպրոցական հանրակառքերուն:

Փոքր նաւակ մը կ՚արժէ շուրջ 200 տոլար եւ կրնայ փոխադրել 6-8 երեխաներ, որոնք իրենք պիտի թիավարեն: Աւելի մեծ նաւակները, որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ շարժակ ունին, կը յանձնուին աւելի երէց աշակերտի, ուսուցիչի կամ ծնողի մը:

ՆԱՒԱԿՆԵՐ, ՀԱՆՐԱԿԱՑԱՐԱՆՆԵՐ, ՇԱՐԺԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐ

Բարեգործութիւնը տարիներու ընթացքին աճած եւ սկսած է նախաձեռնել այլ ծրագիրներ ալ՝ օգնելու համար աղքատ կամ առանձնացած հաւաքականութիւններու՝ անոնց ուսանելու կարելիութիւններ ընձեռելով:

«Խնդիրները, որոնք այսպիսի հաւաքականութիւններ կը դիմագրաւեն, շատ տարբեր են մէկը միւսէն», կը բացատրէ Ճափոնետա:

Կարգ մը նախագծերով անոնք կառուցած են հանրակացարաններ՝ այն երեխաներուն համար, որոնք այլապէս ժամեր պիտի քալեն դպրոց հասնելու համար:

Վերջին նախագծերէն մէկը մեծ նաւակ մըն է, որ կրթական նիւթերով օժտուած է, այնպէս մը, որ ատիկա ուսուցիչ մը կրնայ տանիլ առանձնացած շրջաններ եւ որպէս դպրոց ծառայեցնել:

Բարեգործութիւնը 2010 թուականէն մինչեւ այսօր, ընդհանուր առմամբ, աշխատած է գրեթէ 200 հաւաքականութիւններու հետ, կը բացատրէ հիմնադիրը: «Սովորաբար մենք կ՚աշխատինք հաւաքականութեան ղեկավարներուն կամ տեղական դպրոցներուն հետ», ըսաւ Ճ. Ճափոնետա։ «Անգամ մը, որ մենք յատկացնենք նաւակ մը, իրենք կը շարունակեն նախագիծը եւ կը գործեն իրենց միջոցներով», աւելցուց ան։ Աշխատանքին համար նուիրատուութիւնները գլխաւորաբար կու գան Փիլիպեաններէն, կը բացատրէ ան:

Բացառութիւն մըն էր 2013 թուականը, երբ մահացու փոթորիկին պատճառով համաշխարհային լրատու միջոցներու վերնագիրները հետեւեցան, եւ ատոնց հետ արտերկրէն որոշ նուիրատուութիւններ եկան: Բայց սովորաբար դրամը կու գայ տեղացիներէն, որոնք կ՚ուզեն օգտակար ըլլալ

Նկատի ունենալով, որ նախագիծը սկսած է Դիմատետրով, յաճախ կը դրուատուի որպէս ընկերային ցանցի դրական ազդեցութիւն այսպիսի պատմութիւններու:

Եւ մինչ Ճափոնետա համաձայն է, որ սկիզբը իր արձանագրութիւնները կարեւոր էին, ան կը զգուշացնէ, որ այնտեղ կայ ընկերային ցանցէն դուրս կարեւոր տարր մը:

Ինք եւ համահիմնադիր Անտոն Լիմ պէտք է հեռաձայնէին նուիրատուներու, նստէին անոնց հետ, երթային եւ համակարգէին հարցերը հաւաքականութիւններու ղեկավարներուն հետ, տակաւին՝ բազմաթիւ աշխատանքներ, որոնք բոլորն ալ կատարուած են կամաւորներու կողմէ:

«Ես բնաւ չէի երեւակայած, որ նաւակ մը կրնայ այնքան կարեւոր ըլլալ, որ՝ այնքան մեծ տարբերութիւն կրնայ ընել», կ՚ըսէ Ճափոնետա՝ ամփոփելով անցեալ տարուան իր փորձառութիւնը:

«Փիլիպեանները արշիպեղագոս են՝ շուրջ 7000 կղզիներով, այնպէս որ, ամէն կողմ նաւակներ կան, ըստ ոմանց, մինչեւ՝ 2 միլիոն: Այսպէս, դուք կրնաք սխալիլ՝ ատոնք ընդունուած իրողութիւն նկատելով»:

ՉԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԿԸ ՄԱԳԼՑԻՆ ԴՊՐՈՑ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Չինաստանի Սիշուան նահանգի Աթուլըր գիւղը շատ մեծ ուշադրութեան արժանացաւ, երբ պետական «Փեքին» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց լուսանկարներու շարք մը, ուր կ՚երեւին որթատունկի նմանող աստիճաններու վրայ աշակերտներ, որոնք աւելի քան 800 մեթր բարձրութեամբ ժայռ մը կը մագլցին դպրոց հասնելու համար:

Տասնհինգ երեխաներ, 6-15 տարեկան, ծանր պայուսակներ շալկած, կը յաճախեն լերան մը ստորոտը գտնուող դպրոցը: Անոնք այդ ուղեւորութիւնը կը կատարեն՝ մագլցելով անկայուն «երկնային աստիճաններ», ինչպէս տեղացիները զանոնք կ՚անուանեն:

«Երեխաները վախցած չեն թուիր», կ՚ըսէ «Փեքին Նիւզ»ի լուսանկարիչ Չեն Ճի:

Երեխաները մօտաւորապէս երկու ժամ կը յատկացնեն ժայռը մագլցելու կամ իջնելու համար: Ասիկա այնքան դժուար եւ վտանգաւոր է, որ անոնք ամիսը միայն երկու անգամ տուն կու գան: Կարգ մը երեխաներ որեւէ բան կ՚ընեն դպրոցէն փախչելու համար, ուրիշներ իրենց կեանքերը վտանգի կ՚ենթարկեն հոն երթալու համար։

Աթուլըր գիւղը ունի 400 բնակիչ: Լուսանկարիչ Չեն Ճի գիւղին մասին առաջին անգամ լսեց ընկերներէն, եւ երբ գիտցաւ, որ անոնց տուն վերադառնալու օրն է, միացաւ մագլցողներուն՝ զանոնք լուսանկարելու համար ժայռը բարձրացած պահուն:

«Բաւական վտանգաւոր էր վեր մագլցիլը: Կրնամ երեւակայել, թէ որքա՛ն դժուար պիտի ըլլար ժայռէն իջնելը», ըսաւ Չեն:

Ոմանց ծնողները կամաւոր կ՚ընկերանան այս ուղեւորութեան՝ հսկելու համար:

Չեն ըսաւ, որ ինք ապշած է երբ նշմարած է հակադրութիւնը Փեքինի մէջ ապրող աւելի հարուստ երեխաներու հետ:

«Մտածեցէ՛ք պահ մը: Քաղաքի ծնողները կը մտահոգուին, երբ իրենց խաթարուած երեխաները երջանիկ չեն, բայց այստեղի երեխաներուն դիմագրաւածը ահարկու անդունդ է. անոնք որեւէ ատեն կրնան իյնալ», կ՚ըսէ ան:

Ըստ Չեն Ճիի, երեխաները վախցած չեն թուիր: Միայն մէկ աշակերտ ըսած է, որ ինք անգամ մը վախցած է, երբ տեսած է ընկերոջ մը սահիլը սանդուխին վրայ:

Վտանգաւոր ուղեւորութեան պատճառով շարք մը երեխաներ չեն կրնար ուսում ստանալ դպրոցական տարիքի հասնելէ ետք:

Շրջանի պաշտօնատար մը ըսաւ, որ ուղեւորութիւնը կրնայ ծայրայեղօրէն վտանգաւոր ըլլալ, եւ թէ՝ ութ անձեր անդունդ ինկած են: Գիւղը այնքան հեռու եւ առանձնացած է, որ միայն 72 ընտանիքներ կը բնակին հոն: Մեծ մասը իր ապրուստը կը հոգայ չիլլի (պղպեղի տեսակ մը) աճեցնելով:

Երեխաները երբ դպրոց հասնին, երկու շաբաթ կը մնան հոն, ապա իրենց ծնողներուն այցելելու համար վտանգաւոր ուղեւորութեան կը սկսին ժայռէն իջնելով:

Ամէն անգամ, երբ անոնք վար կու գան կամ կը բարձրանան, ծնողներ հերթաբար կ՛օգնեն անոնց:

Ծնողներ, որոնք վարժ են ասոր, մէկ ժամէն կը մագլցին եւ մէկ ժամէն կ՚իջնեն:

Սակայն երեխաներուն համար երկու ժամ կը տեւէ բարձրանալը եւ երկու ժամ՝ իջնելը:

Երեսնամեայ Չեն Կուժի, որ աշակերտներէն մէկուն հայրն է, առաւօտեան ժամը վեցին կ՚արթննայ, որպէսզի երթայ եւ օգնէ իր 4 աղջիկներուն եւ տղուն, նոյնպէս՝ այլ երեխաներու, որպէսզի ժայռէն իջնեն: Անոր տղան 6 տարեկան է եւ հինգ զաւակներէն՝ ամենէն փոքրը:

Հայրը պարան կը կապէ տղուն մէջքին՝ ապահովութեան համար:

Երբեմն ուղեւորութիւնը աւելի դժուար կ՚ըլլայ, երբ կ՚անձրեւէ եւ կը ձիւնէ: Այս պատճառով գիւղացիներէն ոմանք իրենց երեխաները դպրոց չեն ղրկեր:

Գիւղը հիմնադրուած է 200 տարի առաջ: Հակառակ մեկուսացած ըլլալուն՝ հողը բարեբեր է, եւ գիւղացիները ինքնաբաւ են:

Դէպի ապագան նայելով՝ բնակիչները կ՚ուզեն, որ կառավարութիւնը կառուցէ ճամբայ մը՝ գիւղ մտնելու եւ ելլելու համար, թէեւ նկատի առնելով սղութիւնը եւ հոն ապրողներուն սակաւաթիւ ըլլալը՝ կը թուի, որ պաշտօնատարներուն համար ատիկա անկարելի է:

Շրջանի բարձրաստիճան պատասխանատու մը կ՚ըսէ. «Գլխաւոր խնդիրը այն է, որ մենք դիւրաւ կրնանք գիւղի բնակիչները մօտակայ քաղաքը փոխադրել, բայց առանց իրենց ագարակներուն եւ հողին՝ անոնք աշխատանք չեն ունենար: Անոնք ունին բարեբեր հող, որ լաւ բերք կու տայ: Դէպի գիւղ ճամբայ կառուցելը պիտի արժէ շուրջ 10 միլիոն տոլար, եւ ասիկա սակաւաթիւ բնակիչներու համար արդիւնաւէտ չէ»:

Կառավարութիւնը գիւղացիներուն համար շուրջ 150 հազար տոլար ներդրում ըրած է ոչխարաբուծութեան համար: Կ՚ենթադրուի, որ ապագային գիւղը կրնայ մաս կազմել զբօսաշրջային ասպարէզին:

Բայց մինչ այդ դպրոցական երեխաներուն մեղքը ի՞նչ է:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019