ՀԻՆ, ԹԷ ՆՈՐ ՀԱՅԵՐ…

Կեդրոնական Եւրոպայի հայկական ներկայութիւնը ունի իւրայատկութիւններ: Հայկական սփիւռքը այս երկիրներու մէջ կազմաւորուած է միջին դարերէն սկսեալ: Այս իմաստով հայկական իրականութիւնը այս շրջաններուն մէջ եղած է «հին», իսկ «նո՞ր»ը՝ եղեռնէ ետք ճողոպրած հայորդիներ, որոնք հասած են այս շրջանները: Իսկ վերջին տասնամեակներուն ասոնց վրայ կու գան աւելնալու Հայաստանէն ժամանած հայերը: Հայկական սփիւռքի ու գաղութներու կազմութիւնը կեդրոնական Եւրոպայի այս երկիրներու մէջ որակուած է որպէս հին եւ նոր հայեր:

Յունուար 2019, Պուտափեշտէ, Հունգարիա: Դարձեալ գեղեցիկ քաղաք մը՝ աշխարհի շատ մը նոյնանման մայրաքաղաքներու մէջ, որոնք կու գան ստեղծելու սքանչացումի հոգեպարար տրամադրութիւն: Պուտափեշտէի պարագային, կայ Դանուբ գետը, որուն երկու կողմերը սփռուած են Պուտա եւ Փեշտէ քաղաքները:

Ալեքս Աւանէսեան ծնած է Հունգարիա: Ան, այսպէս ըսած, գաղութի «ներկայացուցիչ» դէմքն է: «Ծնողքս եղեռնէն ետք հասած են այս երկիրը», ըսաւ Ալեքս: «Հայրս չէր գիտեր, թէ ուր ծնած է. մեծ խումբ մը որբերու հետ հասած է հոս: Իսկ մայրս Կեսարիայէն է: Հունգարիա հասած հայերը առաւելաբար եղած են Կեսարիայէն», ըսաւ ան:

Հին հայերը կորսնցուցած են իրենց ինքնութիւնը եւ լեզուն: «Կը գիտակցին, որ իրենց ընտանիքին մէջ տեղ մը հայկական ինքնութիւն կայ», ըսաւ Ալեքս:

Ալեքս լաւ հայերէն կը խօսի: Ան 1969 թուականին մեկնած է Երեւան՝ իր ուսումը շարունակելու համար եւ մասնագիտացած է բեմադրութեան արուեստին մէջ: Վերադարձած է Պուտափեշտէ՝ ստանձնած է հունգարական հեռատեսիլի եւ ռատիօժամի պատասխանատու տնօրէնի հեղինակաւոր պաշտօնը: «Համայնավար վարչակարգի օրերուն միշտ ալ կը հետապնդուէի», ըսաւ Ալեքս: Իսկ հետապնդո՞ւմը… Ան ստանձնած էր քաղաքական լուրերու եւ անոր բաժնի սփռումի տեղակալի «զգայուն» պատասխանատուութիւնը:

Ալեքսին տունը եղած է հանդիպումներու վայր: Շատ մը հայ մտաւորականներ եւ գրողներ ու,  տակաւին, արուեստագէտներ, որոնք այցելութեամբ գտնուած են Հունգարիա, «անցած» են իր բնակարանէն: Ալեքսի բնակարանը «հայրենի տուն» է: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել, որ ան ամուսնացած է Երեւանէն Կարինէ Կարապետեանին հետ, որուն հայրը՝ Արծուիկը, եղած է «Սովետական Հայաստան» թերթի խմբագիրը:

Հունգարիան ալ անցած է համայնավար կարգավիճակէն դէպի Եւրոպական Միութիւն: Եւ այս իմաստով, 1994-1995 տարիներուն ստեղծուեցան եւ վաւերացուեցան տասներեք համայնքային փոքրամասնութիւններ՝ պետական ճանաչումով, ներառեալ հայկականը: Եւ Ալեքս Աւանէսեան եղած է «մղիչ ուժը» այս փոքրամասնութիւնները հիմնելու մէջ:

Ալեքսին կեանքը «դադար» չէ տեսած մինչեւ այսօր: «1998 թուականին հիմը դրինք հայկական ռատիօժամին», ըսաւ ան ու շարունակեց. «Մեզ շնորհեցին շաբաթական կէս ժամ հաղորդում-յայտագիր, եւ մենք գոհ ենք այս վիճակէն»:

Սօսի Սուսանեան կու գայ Հալէպէն: Երեւանի Բանասիրական համալսարանէն վկայուելէն ետք վերադարձած է Հալէպ եւ նուիրուած՝ ուսուցչական ասպարէզին: 2003 թուականին եկած է Պուտափեշտէ՝ կազմելու համար հայ ընտանիք մը՝ ամուսնանալով հալէպահայ Յարութիւն Տէտէեանին հետ: Սօսին ինք ստանձնած է ռատիօժամի պատասխանատուութիւնը եւ Ալեքսի ղեկավարութեան հետ հայ ձայնը կը սփռէ…

Իսկ Յարութի՞ւնը… Տասնինն տարեկանին ձգած է Հալէպը եւ մեկնած  Երեւան՝ մասնագիտանալով որպէս ատամնաբոյժ: Ետքը անցած է Ֆրանսա՝ ուսումը կատարելագործելու համար, որմէ ետք՝ Հունգարիա: Սփիւռքահայ կեանքի մէկ լաւ ու ապրող օրինա՞կը… Մէկ ոստանէն մի՞ւսը… Բայց այս բոլորին մէջէն եւ մինչեւ այսօր Յարութիւնը կը փնտռէ Հալէպի մէջ սորված իր հայու արժէքի կեանքը եւ անոր ջերմութիւնը: «Հոս չկայ այն ջերմութիւնը», ըսաւ ան: Եւ երեւի այդ քանի մը ժամերը, որ միասին եղանք, կարծէք գտաւ այն ջերմութիւնը, զոր կը փնտռէր տարիներէ ի վեր եւ չուզեց, որ այդ ժամերը ընդհատուին…

Ու դարձեալ Ալեքսը: Այս անգամ՝ իր մարտահրաւէրներով, որոնց մէջէն կ՚երեւին նաեւ իր ապրած յուսախաբութիւնները…

«Գաղութին թիւը հազիւ երեք հազար հոգի կը հաշուէ», ըսաւ ան: «Դժուար կ՚ըլլայ հայերը քաջալերել, որպէսզի մասնակցին ազգային կեանքին», շարունակեց ան: Այս անգամ՝ իմ մտորումներս: Բայց արդեօք կա՞յ  գաղութ մը, ուր դիւրին կարելի ըլլայ քաջալերել հայուն խանդավառ եւ մեծ մասնակցութիւնը ազգային կեանքին մէջ…

Պուտափեշտէի մէջ կայ Հայ կաթողիկէ եկեղեցի, որուն անդամները, այսպէս ըսած, հին հայերէ կը բաղկանան: Այս իմաստով ալ երեւի կորսնցուցա՞ծ է հայկական դրոշմը… «Մեզի պէտք է հայկական եկեղեցի, որպէսզի գաղութը աւելի լաւ կազմակերպուի եւ համախմբուի», ըսաւ Ալեքս:

Բայց Ալեքսին «յուսախաբութիւնը» մղիչ ուժ դարձած է, որպէսզի ան անձնական մտայղացումներով եւ ջանքերով փորձէ հայը, անոր մշակոյթը եւ եղեռնը ծանօթացնել տեղական շրջանակներուն: Եւ մեկնելով իր պատասխանատուութիւններէն, պաշտօններէն ու պետական կապերէն՝ հիմը կրցած է դնել Հայկական մշակութային հիմնադրամին, որ մէկ կողմէ կը հրատարակէ «Արմէնիա» ամսագիրը՝ հայերէն, բայց նաեւ հայ մշակոյթին, պատմութեան եւ գրականութեան նուիրուած շատ մը հրատարակութիւններ՝ հունգարերէն լեզուով, ծանօթացնելու համար «հայ»ը տեղական միջավայրին։

Ու տակաւին: Կայ Պուտափեշտէի մէջ Հայ մշակոյթի կեդրոնը: Քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ, մուտքին՝ եռագոյն ցցուն դրօշակով, կարծես կը մտնես պզտիկ Հայաստան…

Զապէլ Էրմոնէ-Մարթայեան ծնած է Թրանսիլվանիա՝ Ռումանիա, որ այժմ մաս կը կազմէ Հունգարիոյ տարածքին: Հայրը հայ է, իսկ մայրը՝ ռումանացի: «Մեծ ծնողքս քաջալերեցին զիս, որպէսզի հայերէն խօսիմ», ըսաւ երիտասարդ Զապէլը, որ ստանձնած է կեդրոնի վարիչի պաշտօնը: Բայց մեծ ծնողքին քաջալերանքը բաւարար չէ եղած: Ան հետեւած է Վենետիկի Մխիթարեաններու հայագիտական դասընթացքներուն եւ սորված է հայերէն գրել-կարդալ: Զապէլը արուեստագէտ հայուհի մըն է, որ կը մշակէ ապակիի վրայ գծագրութիւն եւ մանրանկարչութիւն: «Օտարներուն եւ հունգարացիներուն կը փորձենք հայ մշակոյթը բացատրել եւ ներկայացնել», ըսաւ Զապէլ:

Զապէլը ապրող վկայութիւն մըն է այն ճշմարտութեան, որ՝ «Ուր կամք կայ, հոն կայ ելք»: Եւ եթէ ուզես, կրնաս սորվիլ քու մայրենիդ եւ ծանօթացնել քու ինքնութիւնդ շրջապատիդ:

Եւ դարձեալ Սօսին՝«Երազային Հալէպի» աղջիկը, որուն մէջ զօրաւոր կերպով դարբնուած է մայրենին եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը: Սօսիին համար հայը արժէք է, որ կարելի չէ սակարկել… Բայց կը գիտակցի նաեւ, որ այս ափերուն մէջ հայ զաւակ մեծցնելը բաւական դժուար առաքելութիւն է: Սօսին եւ Յարութիւնը ունին տասնհինգ տարեկան պատանի զաւակ մը՝ Նարեկը: Հունգարիա ծնած Նարեկը ունի շատ մը հարցումներ: «Բոլոր ընկերներս հունգարերէն կը խօսին, ես ինչո՞ւ հայերէն պիտի խօսիմ», ու տակաւին՝«Ես հա՞յ եմ, թէ՞ հունգարացի»:

Սօսին պահ մը փորձեց իր արցունքները «խեղդել» մեր խօսակցութեան ընթացքին: Բայց շարունակեց՝ ըսելով. «Ես արաբերէն սորվեցայ, հիմա տղաս հունգարերէն կը սորվի: Բայց ե՞րբ հայերէն պիտի սորվինք…»:

Նայելով Սօսիին եւ իր աչքերուն՝կրցայ տեսնել հայու արմատները, որուն հիմքերը շատ խորունկ էին: Սօսին չէ յուսահատած Նարեկին հայերէն սորվեցնելէ… Եւ ան երթը կը շարունակէ…

Ալեքսը եւ Կարինէն ունին երկու երիտասարդ դուստրեր, որոնք լաւ հայերէն կը խօսին: Անոնք այսօր ամուսնացած եւ կազմած են իրենց ընտանիքները: Կարինէն ինքնավստահ եւ հաստատ է. «Ես իմ զաւակներուս հայերէն սորվեցուցի: Հիմա իրենց կարգն է սորվեցնելու հայերէնը իրենց երեխաներուն»:

Հի՞ն, թէ՞ նոր հայեր… Հունգարիա՞, թէ՞ այլ… Հայը իր սփիւռքահայ գոյապայքարին մէջ ունի կարեւոր առաքելութիւն եւ երեւի պարտականութիւն…

Հայերէն սորվեցնել:

Ես, դուն եւ բոլորս:

Հին, թէ նոր հայեր: Հայերէն սորվիլ եւ սորվեցնել: Հայութեամբ մեծնալ ու  մեծցնել:

 ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019