ՏԻԿԻՆԸ… ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻԻՍ՝ ՇԱՔԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ ԱՐԵՒՈՏ ՍՏՈՒԵՐԻՆ…
Չեմ գիտեր, ինչպէս առանց անդրադարձի, ինչ ոգիով անցնիլ դասարանիս առջեւէն։ Հոն՝ վերը երկրորդ յարկին վրայ եւ պատուհաններով դէպի Ֆանարի մայրուղին նայող այդ դասարանը եղաւ մեր բոլոր իղձերուն բնակարանը։ Հոն շաղեցինք մեր երազները եւ սպասեցինք, որ ամէն գարնան արձակենք մեր երազները։
Այդ տարին առաջին տարիս էր Խանամիրեան քոլէճին մէջ։ Զարմանալի տարի էր, որովհետեւ Լիբանանի Ազգային իշխանութեանց որոշումով քաղաքի երկու վարժարաններ՝ Սուրէն Խանամիրեան քոլէճը եւ Լէյլաւանի Գարակէօզեան նախակրթարանը միախառնուեցան իրարու։
Տարբեր ենթաշերտէրէ աշակերտներ էին Խանամիրեանի եւ Գարակէօզեանի աշակերտները, ինծի համար ալ ինչ մեղքս պահեմ, ծանր տարի մը եղաւ այդ տարին։
Նոր ընկերներ, նոր միջավայր, նոր ուսուցիչներ։
Առաջին օրերուն այդ տարբերութիւնը կաթիլ-կաթիլ մտաւ մեր հոգիներուն մէջ։ Խանամիրեանցիները քիչ մը սնոպ էին ու տեսակ մը թեք հայեացք կար անոնց կողմէ՝ Պուրճ Համուտէն եկածներուն հանդէպ։
Առաջին դասապահեր, առաջին ուսուցիչներ եւ առաջին ընկերներ։
Դասարանը գեղատեսիլ բացուած էր, փողոցին վրայ, իսկ դպրոցը իր լայն խաղավայրերով մեզի համար նոր հորիզոն կը բանար։
Նոր տետրակներ, նոր գիրքեր, նոր գրչատուփ։ Ծնողներս ամէն ինչ ըրած էին, որպէսզի ես սիրեմ այդ դպրոցը։
Պատերազմը դադար առած էր շրջանի մը համար ու հաւատքի, գաղափարի, ինքնութեան ծաղիկները մէկ մէկ կը բուսնէին Խանամիրեանի մեծ բակին մէջ։
Հիմա տարիներ անց, երբ աչքերս կը գոցեմ, այդ դպրոցի մեծ երազին հասնելու համար, առաջին պատկերը, որ կու գայ աչքերուս՝ Տիկինին պատկերն է։
Այո՛, տիկինը, տիկինը, որ դարձաւ պահապան հրեշտակ։ Կը յիշեմ, այսօրուան պէս կը յիշեմ, որ Խանամիրեանի առաջին տարիս եղաւ խաչելութեան ճանապարհ մը։
Օր չէր անցներ, որ ուսուցչարանի լուսաւոր եւ լայն սեղանին վրայ հայերէնի, գիտութեան, մատենագրութեան եւ նոյնիսկ արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներս իրենց դժգոհութիւնը չյայտնէին եւ նախօրօք պատրաստուած եւ կարծարտիպ դարձած գաղափարներով ինծի համար կարէին-պատրաստէին վատ աշակերտի, անհոգ, քիչ մը խելառ աշակերտի մե՜ծ համբաւը։
Ու այդ համբաւը ամէն օր կ՚աճէր։ Ես երազկոտ աչքերով կը նայէի Հուրիի եւ Անիի աչքերուն, եւ միւս կողմէ կարմիրով ողողուած վկայականս կը դրուէր գրասեղանիս։
Նիշերու ջարդ, ամենավատ գնահատականներ եւ դպրոցի ղեկավարութեան կողմէ որպէս կնիք՝ ծոյլ եւ անբան սանի մը անունը կը դառնար պիտակ, Պուրճ Համուտէն Էլիսար եւ Էլիսարէն Ֆանար ամէն օր «ճամբորդող» Սագօ Ղազարեանին համար։
Տարին այդպէս կ՚անցնէր։ Ապա փլատակուած հայեացքով հրաշքով մը վերաքննութեան կը մասնակցէի, կը ստանայի զիս յաջորդ դասարան փոխադրող բաւարար գնահատակնները, սակայն յստակ էր արդէն, որ գիտական նիւթերը արդէն ինծի համար դժոխքի դռները պիտի բանային։
Այդ տարիներուն ամէնօրեայ դրութեամբ լուրեր կը տարածուէին։ Եւրոպայի ամենէն լուսաւոր եւ աշխոյժ հրապարակներուն վրայ տեղի կ՚ունենային ցնցիչ դէպքեր եւ ընթացք կ՚առնէր հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատութեան համար սկսող պայքարը։
Այս բոլորը այնքան աղօտ են հիմա, որ նոյնիսկ վստահ չեմ կրնար ըսել, թէ ո՛ր դէպքը ո՛ր մէկէն առաջ եղաւ։
Ո՞վ էր Հրայր Գըլընճեանը կամ ո՞վ էր Համբիկ Սասունեանը, եւ ի՞նչ հանագամանքներու բերումով էր, որ Լոս Անճելըսի հինգը կը բանտարկուէին։
Աղօտ պատառիկներ յիշողութեան եւ անցեալի, որոնք ի մի բերելը այս պահուն անկարելի կը թուի, սակայն ապագային, երբ գեղարուեստական վիպագրութեան ցատք մը կարելի ըլլայ, ապա վստահաբար այդ դէպքերը մաքուր-կոկիկ ձեւով ի մի պիտի բերեմ։
Վերադառնալով դասապահերուս՝ լաւ կը յիշեմ, որ մինչեւ այդ տարուան սկիզբը «գոշմար» համարուող հայերէնի դասապահը կը դառնար փրկութեան վերջին լաստ։
Հայերէնը կը սիրէի ու կը սպասէի, որ Տիկինը՝ Տիկին Շաքէ Եագուպեանը դասարան մտնէ ու ես լսեմ անոր բառերը։
Կարծես լուռ ու անհասկնալի տեղէ մը աճած պայմանաւորուաթիւն մը կար իմ եւ Տիկին Շաքէին միջեւ։
Անոր սէրը, աշակերտներուն հետ խօսելու համաչափ շեշտերը եւ բացատրութիւնները թոյլ կու տային, որ դասարանը լարուած լսէր զինք...
Լսէր ամէն բառ, ամէն հնչիւն, ամէն ձայն։ Լարուած բառերը կը հանդարտէին ու կամաց-կամաց կը մտնէին մեր հոգիներուն մէջ։
Տիկին Շաքէն հայերէն չէր մատուցեր, այլ մարդ կը կերտէր։
Մեր ոսկեղենիկը չսիրողները կը դառնային հայերէնի առաջին զին-ւորներ ու ամիս մը անց աւետիսը կու գար «Ազդակ»էն։
Իմ գրածս եւ քաղաքական բանտարկեալ Համբիկ Սասունեանին հասցէագրած նամակս կը հրապարակուէր Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ։
Պայթումներ կ՚ըլլային Լիզպոն եւ Պելկրատ ու անդին Տիկին Շաքէին բառերը մէկիկ-մէկիկ կը պայթէին մեր սրտերուն մէջ։
Աւելի ուշ ես ունեցայ մէկ տասնեակ ուսուցիչներ, բայց չունեցայ Տիկին Շաքէին նման ուսուցիչ։ Չեմ ալ կրնար ըսել, որ ան ուսուցիչ էր, ան ուսուցութիւն չէր ըներ, ինչպէս որ այսօր շատերը կ՚ընեն ապրելու համար։
Ան կ՚ապրէր այդ վիճակը։
Իրեն համար գերագոյն իղձ էր, որ հայերէն չսիրող տղան ու աղջիկը դառնային հայերէնի սիրահար ու այդ յաղթանակը տանելով՝ բարի-վսեմ հպարտանքով մուտք կը գործէր ուսուցչարան, վանելու համար բոլոր ժխտական տրամադրութիւնները ու ուսուցիչներուս ռունգերէն ելած ծուխերը, որոնք աւելի ուշ պախարակումի տեղ կը դառնային օրհնանք։
Ո՞վ՝ Սագո՞ն, Սագօ Ղազարեա՞նը, այդ տղա՞ն, ի՞նչպէս, ե՞րբ ...
Ու պատասխանողը կ՚ըլլար Տիկին Շաքէն. այո ՛, Սագոն, այդ տղան, իմ աշակերտս, իմ խելացի տղաս...
*
Տարիները կը սահէին-կ՚երթային: Խանամիրեանէն թերաւարտ կը հեռանայի ու «հայագիտական երազներ»ու ծխամորճի եւ ինքաձիգի երազներու մէջ եւս կը զարնուէր «Հայագիտական հիմնարկ»ի մեծ սեւ դրան։
Այսքանը Խնամիրեանի տարիներուս մասին, որուն ամէն մէկ րոպէն ու պահը առանց Տիկին Շաքէին չէր կրնար լիանար ու հիմա երբ նստած եմ այս տողերը թուղթին յանձնելու, հոգիս կ՚եռայ... կ՚եռայ անոր համար, որ չկրցայ նորէն տեսնել սիրելի Տիկինս։
*
Երազի պէս եղաւ ամէն ինչ… ու օրեր առաջ, երբ կը մտածէի Երեւանէն զանգ մը տալ եւ խօսիլ Տիկին Շաքէին հետ, առի բօթը։
Թերեւս ծնողներուս կորուստէն ետք այս ծանր մահը դեռ երկար պիտի մնայ ու հանգչի հոգիիս վրայ։
Տիկին Շաքէն չկայ։
Իմ երկրորդ մայրս չկայ։ Իմ ու մեր՝ բոլոր ընկերներուս երկրորդ մայրը չկայ։
Քիչ մը աւելի որբացանք։
Հազարումէկ մեղք կար, որուն մասին պիտի խոստովանէի Տիկինին. սանկ՝ գլուխս դնէի իր ուսին եւ պատմէի, թէ ի՛նչ-ինչ սխալներով աճեցայ, ի՛նչ տատասկներ ոտքիս դպան եւ ինչքան թիրախ դարձաւ հպարտութիւնս։
Չլքեցի ես ուխտս ու անպայման արեւոտ օր մը պիտի դառնամ իր արեւոտ յիշատակը յարգելու։
Ան մեզմէ մաս մըն էր, մենք ամենէն շատ իրեն կը պատկանէինք։
Սովորական ուսուցիչ չէր Տիկին Շաքէն. գաղափարի մարտիկ ու զինուորներ դարբնող ասպետ էր։ Կին-ասպետ մը, որուն նմանները ես միայն Ռուբէնի յիշատակարանին մէջ տեսած եմ, այդ գիրքերու դեղին էջերուն մէջ, որուն ընթացքով հասակ առաւ մեր մեծ երազը, որ այսօր ալ կը շարունակուի Հայաստանի մէջ։
Մեր հետ է Տիկին Շաքէն, մեր զաւակներուն աչքերուն մէջ եւ անոնց վաղուան երազներուն մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան