ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Դ

ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՈՒ ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Յիսուս ըսաւ անոր. “Եթէ նշաններ ու հրաշքներ չտեսնէք, չէք հաւատար”» (Յհ 4.48):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ Աստուած կը կամենայ հաւատացելաներուն միտքը այնպիսի կատարեալ հաւատքի հասցնել, որպէսզի հրաշքներու կարօտ չմնայ, ինչպէս որ ներկայիս Եկեղեցւոյ մարմնական հրաշքներ չեն կատարուիր՝ կատարեալ հաւատքին պատճառով:

Եւ գիտելի է, թէ հաւատքը երեք կերպով է. նախ՝ Աստուծոյ շնորհներէն, երբ ծածկապէս միտքերը կը լուսաւորէ, ինչպէս մարգարէներուն, առաքեալներուն ու Պետրոսին, որ զՔրիստոս դաւանեցաւ: Երկրորդ, լսելու միջոցով, ինչպէս Պօղոսը կ՚ըսէ. «Եթէ չլսեն, չե՛ն հաւատար» (Հմմտ. Հռ 10.17): Երրորդ, հրաշքներով, երբ տեսնեն ու հաւատան:

Արդ, հաւատքի կողմէն միեւնոյնն է, որովհետեւ ճշմարտութենէն կը հիմնաւորուի, թէ՛ հրաշքներով, թէ՛ Քրիստոսին լսելով, որովհետեւ նոյն ճշմարտութենէն յառաջ կու գան հրաշքները, քարոզութիւններն ու շնորհները, եւ հաւատացեալներուն կողմէ կը զանազանուի, որովհետեւ բռնութեամբ կը հաւատայ, ան որ հրաշքներ կը խնդրէ, քան որ խօսքով:

ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՊԱԼԱՏԱԿԱՆԻՆ ՅԱՆԴԻՄԱՆԵՑ

Իսկ այստեղ, որ սաստիկ կերպով պալատականը կը յանդիմանէ, չորս պատճառով է.

Նախ՝ որովհետեւ ամբողջական եւ սերտ հաւատք չունէր Քրիստոսի նկատմամբ, ինչպէս որ մեկնիչդ ցոյց կու տայ չորս կերպով:

Երկրորդ՝ ինչպէս ոմանք կ՚ըսեն, թէ՝ կը հաւատար Քրիստոսին, որ կրնայ առողջացնել իր որդին, սակայն այնպէս գիտէր, որ ոչ թէ առանց մարմնական մօտեցումով, այդ պատճառով կ՚աղաչէր, որպէսզի տուն երթայ:

Երրորդ՝ կը յուսար Քրիստոսէ, որ առողջութիւն տար իր որդիին, այդ պատճառով հեռուէն եկաւ, սակայն չէր հաւատար, թէ կրնայ յարութիւն տալ՝ եթէ մեռած էր, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, երթա՛նք, քան տակաւին զաւակս չէ մեռած» (Յհ 4.49):

Չորրորդ՝ որովհետեւ բազմաթիւ անգամներ տեսած էին հրաշքներ ու լսած էին՝ բայց չէին հաւատացած, այդ պատճառով այտեղ ան ու հրեաները միասնաբար կը յանդիմանէ՝ որպէս չտեսածներ:

Խօսք. «Գնա՛, զաւակդ ողջ է» (Յհ 4.50):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ առողջացած է, որովհետեւ իբրեւ հիւանդ ապրիլը մահամերձի նման է, իբրեւ չապրող, եւ թէ երբ թերի էր հաւատքի մէջ, ինչո՞ւ համար բժշկեց: Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, որովհետեւ Իր կանխատես զօրութեամբ տեսաւ, յետագային կատարուելիքը իր հաւատքին պատճառով: Իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ երկրորդ անգամ աղաչեց ու խոնարհութեամբ, այդ պատճառով լսեց: Այն ցոյց կու տայ, թէ հանապազ խնդրելը խնդրանքը լսելի կը դարձնէ, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Պալատականը հաւատաց Յիսուսի խօսքին ու գնաց» (Յհ 4.50), այիսնքն՝ երբ առողջութեան համար ըսաւ, թէ ողջ է:

Քրիստոս երեք պատճառով չփափաքեցաւ անոր հետ տուն երթալ. նախ՝ ցոյց տալու համար, թէ Քրիստոս մարմինով հեռու ըլլալով, Իր Աստուածութեամբ բոլոր տեղերուն մօտիկ էր: Երկրորդ՝ ցոյց տալու համար Իր խոնարհութիւնը, թէ ոչինչ կը համարէր մարմնաւոր բաներն ու աշխարհի փառքը, ինչ որ ոմանք կը կարծէին, թէ պալատականը իր որդիին առողջութեան համար պիտի տար Անոր: Երրորդ՝ սորվեցնելու համար մեզի, թէ պէտք չէ հրաշքներ կամ աստուածային այլ գործեր կատարել երկիւղի կամ իշխանները սիրելուն պատճառով:

Խօսք. «Մինչ կ՚երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք» (Յհ 4.51):

Մեկնութիւն. Կրկնակի պատճառով. Նախ՝ որպէսզի ցոյց տան իրենց մտերմութիւնն ու ուրախութիւնը իրենց տիրոջ որդիին առողջութեան համար: Երկրորդ՝ աւետիս տալու եւ իրենց տէրը ուրախացնելու, թէ իր որդին առողջ է:

Խօսք. «Կը հարցնէր անոնց թէ ո՞ր ժամուն բժշկուեցաւ» (տե՛ս Յհ 4.52):

Մեկնութիւն. Կ՚ուզէր գիտնալ, թէեւ աւետիսը կը ստանար իր որդիին առողջութեան, թէ իր որդիին առողջութիւնը պատահմա՞մբ էր, թէ՞ Քրիստոսի հրաշքէն, որովհետեւ հաւատքի մէջ տակաւին անկատար էր:

Խօսք. «Երէկ կէսօրէ ետք ժամը մէկ էր, երբ տաքութիւնը գնաց» (Յհ 4.52):

Մեկնութիւն. Եւ գիտցաւ, թէ հրաշքով առողջացած էր, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Այն ատեն հայրը անդրադարձաւ՝ թէ ճիշդ այն ժամուն էր, երբ Յիսուս ըսաւ իրեն. “Գնա՛, զաւակդ ողջ է”» (տե՛ս Յհ 4.53):

Մեկնութիւն. Մարդը ժամը գիտէր ու ծառաներուն խօսքէն եւս գիտցաւ, թէ նոյն ժամուն էր: Դարձեալ գիտելի է, թէ անոր ծառաները ճանապարհին հանդիպեցան անոր ու ատով եւս գիտցաւ, թէ նոյն ժամուն ինք հեռացաւ Քրիստոսի մօտէն, ու անոնք [ծառաները] տունէն դուրս եկած էին: Այս չորս բաներն ալ նոյն՝ կէսօրէ ետք ժամը մէկին պատահեցան, այսինքն՝ Քրիստոսի հրամանը ու որդիին առողջութիւնը, ու պալատականին Քրիստոսէ մօտէն հեռանալն ու ծառաներուն տունէն դուրս գալը:

Խօսք. «Եւ ինք ու իր ամբողջ տունը հաւատացին» (Յհ 4.53):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ ան կատաելապէս հաւատաց:

ՊԱԼԱՏԱԿԱՆԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ

Որովհետեւ այդ պալատականը իրարու յաջորդող հաւատքի երեք աստիճան ունէր. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոսէ քիչ խնդրեց, որ իր տուն երթայ: Երկրորդ՝ բարձրագոյն, երբ Քրիստոսի խօսքին հաւատաց ու գնաց: Երրորդ՝ գերագոյն, երբ իր ծառաներէն լսեց:

Ասկէ գիտելի է, թէ հաւատքը աստիճաններ ունի, եւ ասոնցմէ է նաեւ միւս առաքինութիւնները, որոնց սկիզբը հաւատքն է, այսինքն՝ նախ՝ սկիզբը, երկրորդ՝ աճումը, երրորդ՝ կատարումը, ինչպէս հաւատքի պարագային, այնպէս ալ յոյսին, նոյնպէս եւ սիրոյ ու բոլոր առաքինութիւններուն:

ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իսկ ինչ որ կ՚ըսէ մեկնիչը, թէ տաքութիւնը ձգեց զինք՝ ու ուրիշ կարծիք չունէր ախտի մասին. նախ՝ սովորութիւն է՝ թէ տաքութիւնը այսօր կը ձգէ ու վաղը կը դառնայ, իսկ մանուկը յանկարծակի առողջացաւ: Երկրորդ՝ բժիշկները առողջութիւնը կամաց-կամաց կու տան, իսկ ան կատարելապէս առողջացաւ, որովհետեւ աստուածային զօրութեանն էր հրաշագործութիւնը: Եւ գիտելի է, թէ մարմինի հիւանդութիւնն ու առողջութիւնը կամաց-կամաց կ՚աճին, ինչպէս առաւօտն ու երեկոն, ու բժիշկը երբ ցաւը կը բուժէ որոշ կերակուրներէ զգուշացնելով (փահրէզ) ու շարբաթով, կատարեալ առողջութեան կը տանի, նոյնպէս մեղքը, որպէս խաւար կամաց-կամաց կ՚աճի մարդուն մէջ, ըստ այնմ. «Իսրայէլի կորուստը կամաց-կամաց եղաւ» (Հմմտ. Հռ 11.25), այդպէս ալ արդարութիւնը որպէս լոյս քիչ-քիչ կ՚աճի, այդ պատճառով քահանաները խոստոանութեան ընթացքին մեղքի ախտը կը բուժեն մարդուն մէջ, իսկ ապաշխարութեամբ՝ կամաց-կամաց արդարութիւնը կը շնորհեն:

Խօսք. «Ասիկա երկրորդ հրաշքն էր, որ Յիսուս կատարեց» (Յհ 4.54):

Մեկնութիւն. Ձգէ՛ միւս տեղերուն հրաշքները, որովհետեւ առաջինը՝ ջուրը գինիի փոխեց, իսկ այս երկրորդ նշանն է գալիլիացիներու Կանա քաղաքին մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «...Հրէաստանէն Գալիլեա գալէն ետք» (Յհ 4.54):

Մեկնութիւն. Ասով ցոյց կու տայ, թէ ուրիշ տեղեր ալ սքանչելիքներ գործեց: Եւ այստեղ Քրիստոսի ծածկագիտութեան չորրորդ կատարումն է, որովհետեւ անչափելի է բոլոր տեղերուն մէջ եւ սրտագէտ է:

Առաջին՝ որ սամարացի կնոջ գաղտնիքը յայտնեց՝ հինգ ամուսիններ փոխելը: Երկրորդ՝ որ Ինքզինք յայտնեց անոր, ըսելով. «Ե՛ս եմ Անիկա, Ես՝ որ հետդ կը խօսիմ» (Յհ 4.26): Երրորդ՝ որ նախագէտ եղաւ սամարացիներուն հաւատքի դառնալուն: Չորրորդ՝ այստեղ, որ հեռուէն առողջացուց պալատականին զաւակը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 41

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2020