«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՄԵՆՔ ՄԵԶ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՏԵՍՆԵԼ

Մարդ կրնայ ինքզինք աւելի լաւ տեսնել, եթէ զայն ուրիշներուն վրայով նայի: Աստուած իւրաքանչիւր մարդու պարգեւեց այն ինչի կարիքն ունի օգնութեան համար, գործածէ այդ պարգեւը կամ ոչ: Եթէ գործածէ զայն, կատարելութեան կը հասնի:

-Ո՜վ Ռոնտա. իսկ եթէ մտածում մը ըսաւ ինծի, թէ այդ թերութիւնը չունիմ, ի՞նչ ըսեմ:

-Ըսէ՛. «Ուրիշ աւելի մեծ թերութիւններ ունիմ, եւ ասիկա շա՜տ փոքր բան է, համեմատելու համար զայն թերութիւններուս հետ»: Եթէ մարդ ինքզինք այս ուղղութեամբ կը քննէ, ապա կը տեսնէ, որ աւելի մեծ սխալեր ունի քան ուրիշին սխալները, եւ այդ ատեն է, որ ուրիշին առաքինութիւնները կը տեսնէ: Այդ ատեն կը հարցնէ.

-Արդեօք ես ալ ունի՞մ այդ առաքինութիւնը:

-Ո՛չ:

-Օ՜ֆ: Ինչքա՜ն հեռու եմ այնտեղէն, ուր որ պէտք է գտնուիմ:

Ով որ այսպէս կը վարուի, կը փոխուի եւ կատարեալ կը դառնայ: Սուրբերէն կ՚օգտուի, պայքարողներէն կ՚օգտուի, ինչպէս նաեւ աշխարհիկներէն կ՚օգտուի: Մենք՝ մարդիկս, բազմաթիւ գործեր ունինք, որ պէտք է կատարենք: Արդար Աստուածը բոլոր բաները իմաստութամբ նախախնամած է մեր բարիքին համար:

ՈՎ ՈՐ ԻՆՔԶԻՆՔ ՃԻ՛ՇԴ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ, ԱՊԱ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ՁԵՌՔ ԿԸ ԲԵՐԷ

-Ո՜վ Ռոնտա. մեղքի մը մէջ իյնալէս ետք հպարտութեան մասին կը մտածեմ:

-Նպատակը այն է, որ մարդ հպարտութեան մասին մտածէ նախքան իյնալը: Երբ ոեւէ մէկը կը գովէ քեզ լաւ գործ մը ընելուդ համար, փորձէ որ այդ գովասանքը չկպչի քեզի եւ ներքին գոհունակութիւն չզգաս:

-Այդ ինչո՞վ կ՚օգնէ ինծի:

-Դուն քեզ ճանչնալուն: Եթէ մարդ ինքզինք կը ճանչնայ, ամէն բաները կ՚աւարտին: Գովասանքները օտար մարմիններ կ՚ըլլան, որոնք մարդու միտքին մէջ տեղ չեն գտներ: Գնչուն, որ ինքզինք լաւապէս կը ճանչնայ, իր միտքով իսկ չ՚անցնիր, որ ինք թագաւոր է: Իսկ եթէ կը կարծես, թէ դուն թագուհի ես, ապա դուն տկարամիտ ես:

-Եթէ պատրաստ եմ գովասանք չընդունելուն, այդ մէկը չ՚օգնե՞ր ինծի:

-Սովորաբար, այդպէս պէտք է ըլլայ: Հարցը կախում ունի լաւ տրամադրուածութենէն: Կարեւորը, որ մարդ ինքզինք ճանչնայ: Եթէ իր հին մարդը չճանչնայ, ապա պիտի չխոնարհի, եւ այդ ատեն աշխարհիկ մթնոլորտին մէջ կը շրջի, առանց մօտենալու հոգեւոր մթնոլորտին:

-Ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ ըլլալ, որ ինքզինքս սխալ կերպով ճանչնամ:

-Սխալ վիճակին մասին չխօսեցա՞նք: Ով որ ինքզինք ճիշդ կերպով կը ճանչնայ, խոնարհութիւն ձեռք կը բերէ, իսկ երբ կը խոնարհի, ապա իր վրայ կը հանգչի աստուածային շնորհքը:

Ով որ կը փորձէ ինքզինք ճանչնալ, կը նմանի այն մարդուն, որ հողին մէջ խորունկ կը փորէ գանձ գտնելու համար: Ինչքան խորանայ ինքզինք ճանչնալուն մէջ աւելի նուաստ վիճակի մէջ կը գտնէ զինք ու կը խոնարհի, սակայն Աստուծոյ ձեռքը միշտ կը բարձրացնէ զինք: Իսկ երբ ինքզինք լաւապէս կը ճանչնայ, իր խոնարհութիւնը կայուն վիճակի կը հասնի, որով հպարտութեան վտանգին չ՚ենթարկուիր, քանի որ Աստուծոյ շնորհքը կը պահէ զինք: Իսկ ան որ այս գործը չէ ըրած, մնայուն կերպով ինքզինք կը բարձրացնէ, որով գլուխը կը բարձրանայ իր հպարտութեան գահին վրայ, սակայն շուտով կ՚իյնայ եւ կը կործանի:

ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. շատ ատեն ուրիշներուն թերութիւնները կը տեսնեմ ու կը դատապարտեմ զանոնք:

-Հիւանդութիւն գիտե՞ս:

-Ո՛չ:

-Այդ պատճառով ալ ուրիշներուն հիւանդութիւնը գիտես: Եթէ հիւանդութիւնդ գիտնայիր, այդ պարագային ուրիշներուն հիւանդութիւնը չէիր գիտնար: Ես քեզ չեմ արգիլեր անոնց ցաւերուն մասնակից դառնալու, սակայն կը պահանջեմ, որ չզբաղուիս անոնց թերութիւններով: Մարդ եթէ ինքն իրմով չզբաղի, ապա սատանան անոր համար ուրիշ գործեր կը պատրաստէ՝ որով կը զբաղի ուրիշներով: Ան որ ինքն իր վրայ չէ աշխատած, ուրիշներուն հանդէպ սխալ դատաստաններ կը կատարէ, մեկնելով սխալ եզրակացութիւնները, որոնք դուրս կու գան իր ներսիդիէն:

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ ընեմ որպէսզի յառաջանամ:

-Պէտք է կամք ունենաս, որ լաւ սկիզբն է: Ատկէ ետք պէտք է համոզուիս, որ հիւանդ ես եւ ահաւոր կերպով կարիքն ունիս մանրէներու դէմ դեղի: Ով որ կը ծածկէ իր հիւանդութիւնը, բժշկական օգնութիւնն ալ չ՚օգներ անոր: Օրինակ, մէկը կը գիտակցի, թէ հիւծախտէ կը տառապի՝ ախորժակի անկումէն, ապա պատճառաբանէ, թէ այդ տեսակի ուտելիքները չի՛ սիրեր: Ապա, յոգնութեամբ կը տառապի, իր քայլերը կը մօտենան իրարու ու չի՛ կրնար լաւ կերպով քալել, որով այդ մէկը կը պատճառաբանէ փափաք չունենալու խենթի նման վազելու: Ապա կը սկսի հազալու, որով կը պատճառաբանէ, թէ չափազանց գերզգայնութիւն ունի ու կը մոռնայ թոքերուն պարագան, մինչեւ որ սկսի արիւն դուրս տալ, որով կը պատճառաբանէ ըսելով, թէ իր կոկոկրդը վնասած է:

-Հետեւաբար, ո՜վ Ռոնտա. այդ պատճառաբանութիւններուն կը դիմէ յուսալով ծածկել իր հիւծախտով տառապած ըլլալու հանգամանքը:

-Այո՛. կը ջանայ թաքցնել հիւանդութիւնը, որով արագ կերպով կը տարածուի, գետին կ՚իյնայ, իր հիւանդութիւնը կը յայտնաբերուի եւ կրնայ ըլլալ, որ նման վիճակի հասնելով բուժումը անօգուտ կ՚ըլլայ: Իսկ եթէ խոստովանեցաւ, թէ ջերմութիւնը հիւծախտի պատճառով է եւ սկսաւ յարմար բուժում ընդունելու, ապա լաւ ու առողջ կը դառնար:

Ըսել կ՚ուզեմ, թէ հոգեւոր կեանքին մէջ, ով որ իր քմահաճոյքները կ՚արդարացնէ, ապա սատանայական ազդեցութիւն կ՚ունենայ, որ չի՛ կրնար ծածկել: Գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ սատանայական ազդեցութիւն ստանալ: Մարդը կը բարկանայ ու գազանի կը վերածուի, կը պայքարի, անամօթութեամբ կը խօսի, խստութեամբ կը վարուի եւ ո՛չ ոքէ օգնութիւն կը ստանայ:

Այդ պատճառով, մարդ պէտք է գիտնայ իր հիւանդութիւնը եւ սկսի բուժում եւ յարմար դեղ ստանալ ու շնորհակալութիւն յայտնէ բժիշկին -հոգեւոր հօր կամ վանահօր-, եւ չդիմադրէ: Վիրահատութեան ցաւերը տանջող են, սակայն մարդը կ՚ընդունի զանոնք, որովհետեւ անոնք կ՚առողջացնեն զինք:

-Ո՜Վ Ռոնտա. երբ գիտեմ որ խիստ նկատողութիւն մը պիտի օգնէ ինծի, ինչո՞ւ համար զայն ուրախութեամբ չեմ ընդունիր:

-Կրնայ ըլլալ, որ նկատողութիւնը ուրախութեամբ չես ընդունիր, սակայն կը հասկնա՞ս, որ այդ զգացումը (չընդունելուն) ճիշդ չէ:

-Այո՛. կը հասկնամ:

-Եթէ կը հասկնաս, հարց չէ: Հիւանդը լեղի դեղ կը ստանայ ու կ՚ընդունի զայն, որովհետեւ օգտակար է: Իսկ եթէ մերժեց դեղը՝ լեղի ըլլալուն պատճառով, ապա պիտի չառողջանայ: Պէտք է ընդունի դեղը հակառակ անոր լեղի ըլլալուն, որպէսզի յետոյ Յիսուսի զօրութիւնը ստանայ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 23

4 փետրուար 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021