ԵՒԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄԱՀԱՑՈՒ ԱՅՍ ՎԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

Եթէ քորոնայի այս տագնապալի օրերը անցնին, անկասկած որ միջազգային զանգուածային լրատուական միջոցներու վերլուծաբաններ պիտանի «հաշուարկներ» պիտի կատարեն, ընդհանուր իրավիճակներուն եզրափակիչ գնահատականներ հնչեցնելու համար։ Այդ վերլուծութիւններէն շատ-շատերը պիտի մոռցուին երթան, սակայն կարմիր թելի մը պէս երեւելի պիտի ըլլայ այն փաստարկը, որ ինչպէս այլ մահաբեր համաճարակներու, այս համաճարակի պարագային ալ ամբողջ մարդկութիւնը, իր ամենատարբեր բաղկացուցիչներով, լծակներով, կազմակերպութիւններով ու մարդասիրական միութիւններով՝ անզօր է համաճարակին «ընթացք»ը կանգնեցնելու կամ այդ համաճարակը չէզոքացնելու։

Այս առումով ալ հակառակ մինչեւ հիմա շրջան ըրած տեսակէտներուն՝ գետին ինկան բոլոր տեսակի վարկածները, որոնք կը խօսէին հզօր երկիրներու առկայութեան, ուժեղ պետութիւններու գոյութեան կամ նոյնիսկ տնտեսական մեծ ներուժ ունեցող տէրութիւններու մասին։

Բոլորը դարձան հաւասար։

Վարակը «ճամբորդեց» ու համարեայ հասաւ ամէն տեղ։

Բազմացաւ, սփռեց մահ ու շատ մը առումներով սփռեց սարսափ ու հարցումներ։

Ու այս բոլորի կողքին եղան կառոյցներ, որոնք պայքարեցան այդ վարակին դէմ ու հանդիսացան այդ պայքարի առաջին գիծի իրական զինուորները։

Աշխարհի մէջ ամենատխուր պատկերները գոյացան Չինաստանի Ուհան, Իրանի Ղոմ եւ Թեհրան, Իտալիոյ Հռոմ եւ Միլանօ քաղաքներուն, նաեւ մեծ ու կեդրոնական ցամաք Ամերիկայի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ։

Այս անուններուն վրայ կրնանք աւելցնել Փարիզը, Լոնտոնը, Սպանիոյ քանի մը քաղաքները եւ պատկերը կը դառնայ ամբողջական։ Այս երկիրները ու այդ երկիրներուն մէջ եղած քաղաքները համարուեցան քորոնայի օճախներ։ Եւ այս մեծ ցաւին մէջ, միակ ուրախալին այն է այսօր, որ վարակը կամաց-կամաց սկսած է նահանջել։

Այս պատկերին դիմաց, ինչպէս վերը նշեցի, եղան հաստատութիւններ ու մարդիկ, անհատ «զինուորներ» ու աշխատակիցներ, որոնք իրենց ակռաներով կռիւ տարին թագավարակին դէմ ու այդ առումով յատկապէս Իտալիոյ պարագային կեդրոնական դեր ունեցան մամլոյ աշխատակիցները։ Անշուշտ կեդրոնական դեր ունեցան բժիշկները, հիւանդապահ-հիւանդապահուհիները, բայց եւ այնպէս, եթէ այսօրուան իմ խօսակիցին բերած վկայութիւնը նժարի վրայ դնենք, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ իտալացի լրագրողները կեդրոնական դեր մը վերցուցին այդ պայքարին մէջ։

Ամէն պարագայի այս վարկածը աւելի յստակ պատկերացնելու եւ առհասարակ Իտալիոյ ընդհանուր վիճակին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալու համար իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ Իտալիոյ Լոմպարտիա մարզի բնակիչ Եւա Պապիկեանին հետ իմ ունեցած հեռավար հարցազրոյցը։

*

-Երբեւէ կը մտածէի՞ք, որ ձեր այդքան սիրած Իտալիան, այսօրուան վիճակին մէջ յայտնուի։ Դեկտեմբերին, երբ վարակը կը մոլեգնէր Չինաստանի մէջ ու դուք, ինչպէս շատ-շատեր միայն հեռուստացոյցով կը հետեւէիք զարգացումներուն, ի՞նչ կը խորհէիք պատահարի մասին, կամ Իտալիոյ լայն հասարակութիւնը որեւէ կերպ «լուրջի կ՚առնէր» երեւոյթը։

-Բնաւ չէի մտածեր, թէ ոչ միայն Իտալիան, այլ առհասարակ ամբողջ աշխարհը կրնայ յայտնուիլ նման գերիրապաշտ վիճակի մը մէջ։ Թերեւս յետոյ երբ այս ամբողջը վերջանայ՝ նոր պիտի գիտակցինք, թէ ինչի մէջէն անցած ենք եւ միայն ժահրի մասին չէ խօսքս։

-Կայ կարծիք, որ Իտալիոյ մէջ առկայ դրութեան եւ համաճարակի մոլեգնման թիւ մէկ պատճառը սովորական քաղաքացիներու անհոգութիւնն էր. ճի՞շդ է այդ վարկածը, ի՞նչ է ձեր կարծիքը։

-Ի հարկէ, անհատի դերը կարեւոր է, որովհետեւ բազմութիւնը անհատներէ կազմուած է եւ յատկապէս ստեղծուած իրավիճակին մէջ ամէն անհատի պատասխանատուութեան զգացողութիւնը իր՝ եւ յատկապէս հանրութեան հանդէպ կարեւոր է, երբեմն՝ ճակատագրական։ Սակայն սկզբնական շրջանին յստակ գործողութիւններ կամ խիստ սահմանափակումներ չկիրառեց Իտալիոյ կառավարութիւնը։ Փակուեցան դպրոցները, համալսարանները, բայց երկիրը իր բնականոն կեանքը կ՚ապրէր, յետոյ սահմանափակեցին ճաշարաններու եւ ժամանցի վայրերու աշխատանքային ժամերը։ Միայն քանի մը շաբաթ ետք, դէպքերու արագ եւ ցաւալի զարգացումը տեսնելով՝ խստացուցին մեկուսացումը։ Այսօր յետադարձ հայեացք նետելով այդ օրերուն կայացուած որոշումներուն՝ պետական մարմինները կը պատճառաբանեն այն հանգամանքը, թէ Իտալիան առաջին եւրոպական երկիրն էր, ուր քորոնաժահրը այս թափով ոտք դրաւ եւ իրենք պատրաստուած չէին։

-Կայ նաեւ կարծիք, թէ Իտալիոյ մէջ առողջապահութեան համակարգի փտած ըլլալը նպաստեց, որ վարակը մեծ թիւով կեանքեր խլէ։ Այդ մասին ի՞նչ կ՚ըսէք։

-Այո՛, երբ կը փորձեն վերլուծել մահացութեան այս բարձր ցուցանիշները Իտալիոյ մէջ, յաճախ կը լսենք կամ կը կարդանք իրարու յղուած նման մեղադրանքներ։ Անոնցմէ են՝ արհեստական շնչառութեան սարքերու անբաւարար քանակը, բժշկական սարքերու, բժշկական անձնակազմի, հագուստի, դիմակներու պակասը։ Երկար տարիներ շարունակ առողջապահական ֆոնտին յատկացուող գումարներու կրճատումը, գիտահետազօտական տարրալուծարաններու փակումը։ Նաեւ յաճախ շեշտը կը դրուի իտալացի «ուղեղներ»ու, այսինքն գիտնականներու, բժիշկներու արտագաղթին այլ երկիրներ, ուր վերջիններս կը գտնեն աւելի լաւ պայմաններ, բարձր վարձատրութեամբ ու այդ պատճառով ալ իրենց կեանքը կը շարունակեն Իտալիայէն դուրս։ Ինչպէս գիտենք, ցաւօք, մահացածներու մեծ մասը տարեցներ են, շատերը ծերանոցներէն, այս հանգամանքը վերլուծելու ժամանակ կը նշուի, որ թերեւս որոշ թերացումներ եղած են. օրինակ՝ կրնային նախապէս արգիլել այցելութիւնները ծերանոցներ, փակել շփումը արտաքին աշխարհին հետ, այդպէսով ապահովելով տարեցներու անվտանգութիւնը։

-Իտալացիներու կարեւոր մէկ տոկոսը կը հաւատայ, որ իրենք դաւաճանուած են Եւրոպայէն, այլ խօսքով՝ ամենավտանգաւոր այս փուլին Եւրոպան լքեց Իտալիան. կա՞յ նման բան։

-Այո՛, կայ, ինչպէս նշեցի, Իտալիան առաջինը դիմաւորուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի հետ եւ այդ ընթացքին բազմիցս խնդրեց եւրոպական այլ երկիրներէ, որոնք, ցաւօք, լուրջ օգնութիւն չտրամադրեցին։ Աւելի՛ն ըսեմ, բազմաթիւ բժշկական ապրանքներ, որոնք կանխաւ պատուիրած էր Իտալիան, մուտք չգործեցին երկիր։ Այդպէսով իտալական շատ գործարաններ փոխելով իրենց արտադրական դիմագիծը, սկսան արտադրել բժշկական անձնակազմին անհրաժեշտ հագուստներ, դիմակներ։ Եւ անոնցմէ ամենայայտնիներէն մէկը՝ Ճորճիօ Արմանին է։ Հիմա ալ քիչ մը լարուածութիւն կայ Եւրոմիութեան հետ դրամական օգնութիւն ստանալու պահով, քանի որ այս վիճակը իտալական տնտեսութեան ահռելի չափերու վնաս հասցուց։

-«Մարդկութիւնը յետքորոնային». բազմաթիւ նման խորագիրներ կը տեսնենք այս օրերուն. ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։

-Քորոնան փրկութիւն պիտի ըլլայ տարբեր առումներով մեծ հոգելքութիւն եւ անհաւատութիւն ապրող Եւրոպային։ Ասիկա հարց է… Տունը մնալով մենք անձամբ կը տեսնենք մեր՝ մարդու ազդեցութիւնը բնութեան եւ շրջապատի վրայ։ Տեսանիւթեր կան, թէ ինչպէս մաքրուած են Վենետիկի ջուրերը, թէ ինչպէս դլիփինները վերադարձած են ծովի այնպիսի հատուածներ, ուր բնաւ չէին երեւցած։ Կենդանիները կը վայելեն աշխարհը, մենք՝ մաքուր օդը՝ պատուհանէն, բնութիւնը կը շնչէ։ Սա արդէն մտածելու առիթ կու տայ բոլորիս, ոչ միայն եւրոպացիներուն։ Բացի այդ, ես ինծի այս օրերուն հարց կու տամ. ինչո՞ւ այդքան կը «վազենք» նոր կօշիկի մը համար, որ համապատասխանեցնենք պայուսակին։ Բայց համոզուած եմ նաեւ, որ այսքան հետեւութիւններէ ետք, եթէ առիթը ներկայանայ՝ դժբախտաբար պիտի վերադառնանք նոյն վիճակին։ Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ մարդկային էութիւնը չի փոխուիր։ Սա իմ անձնական կարծիքն է։

-Հայաստանի դրութեան վստահ եմ կը հետեւիք, ինչպիսի՞ն են ձեր գնահատականները Հայաստանի վիճակին մասին, անշուշտ պայմանաւորուած քորոնայով։

-Հայաստանի մէջ մարդիկ շատ թերահաւատ են, ինծի անընդհատ կը հարցնեն՝ ունի՞ս ծանօթներ, որոնք քորոնայի հետեւանքով մահացան կամ դեռ հիւանդ են։ Իսկ երբ բան մը քեզի համար սուտ է կամ չափազանցուած, կը կորսնցնես զգօնութիւնդ։ Երեւի ատով պայմանաւորուած է, մարդոց դուրսը ըլլալը: Ըսեմ, որ Իտալիոյ մէջ այդպիսի «խնդիր» չկայ, մարդիկ կը հասկնան, թէ կայ վարակուելու մեծ հաւանականութիւն։ Հեռուստացոյցով անընդհատ կը տեսնեն պատկերներ հիւանդանոցներէն, կը լսեն բժիշկներու հարցազրոյցները, որոնք քորոնաժահրով հիւանդները կը բուժեն։ Ամէն գովազդէ առաջ փոքր հոլովակ կայ, թէ ինչպէ՛ս պաշտպանուիլ եւ ինչպէ՛ս պահպանել մաքրութեան կանոնները։ Երեւի Հայաստանի մէջ կը պակսի այն պահը, երբ մասնագէտ բժիշկները խօսին եւ բացատրեն, թէ ի՞նչ է այս ժահրը, որո՞նք են վտանգները։ Այս առումով Իտալիոյ զանգուածային լրատուամիջոցները շատ դրական աշխատանք կատարեցին եւ պայքարեցան մահաբեր վարակին դէմ։ Ի վերջոյ պէտք է ժողովուրդին հաւաստի եւ վստահելի տեղեկատուութիւն տրամադրուի, որպէսզի անոնք ալ պահպանեն մեկուսացումը եւ, ինչքան հնարաւոր է, շուտ վերադառնան բնականոն առօրեային։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2020