ԳԱՐՈՒՆ, ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԵՒ «ՀՕՐՔՈՒՐԸ ՊՈՅԻԴ ՄԵՌՆԻ»
Վառ գարուն է դարձեալ եւ մարդիկ թափած են փողոցները։ Ինչպէս աշխարհի այլ քաղաքները, Երեւանն ալ կը գեղեցկանայ գարնան՝ իր ամէն ինչով: Մարդոց լաւատեսութիւնը, նոր շունչը, սպասումներն ու ապրումները նոր ու նորոգուած ձեւ ու չափ կը ստանան եւ կը բացուի քաղաքը նորանոր տեսքերով:
Երեւանի մէջ տարածուած է մայթերուն վրայ ծաղիկներ ծախելը: Պատահական մէկ ծաղկավաճառուհիին երբ հարցուցի ծաղիկներուն մասին «հօրքուր» ըսելով իրեն, ան պատասխանեց. «Հօրքուրը պոյիդ մեռնի»: Աչքերս լեցուեցան մարմնային ու հոգեկան ապրումներու ալեկոծումով մը: Բոլորս անհատներ ենք մեր յոյզերով, մեր խոր ու թեթեւ կամ մեր իսկ խորացուած-թեթեւցուած ընկալումներով, մեր մեծ ու փոքրիկ կամ մեծցուած ու փոքրացուած եսերով, մենքերով, ինքնութեամբ, տեղերով ու աշխարհով...
Հարցուցի. «Ուրտեղէ՞ն ես», ըսաւ՝ «Արտաշատէն»։ Եւ լիախառնուեցաւ մէջս անձնականն ու ազգայինը՝ իւրայատկութիւններ կերտելու մարդկային մեծ տենդով: Ես ունեցած եմ երկու հօրաքոյր, որոնք արդէն չկան: Զանոնք յիշելուն հետ բացուեցաւ մէջս հայ կնոջ, հայոց պատմութեան ու Հայաստանի, արմատներու, առաքելութեան, հին ու նոր տառապանքներու, ներքին ու արտաքին կեղեքումներու երկար շարանը, ցեղասպանութեանց, մեր ապագայի յոյսին, մեր արդարամտական հոսքին եւ միլիոն տեսակի կշռադատումներու, ցաւերու անցեալի ու ներկայի հիւսող ընթացքը:
Պատկանելիութեան տուած կենարարութիւնը, հաւանաբար, ամենամեծ ապրումներու, շարժիչ ու դիւթող յանձնառութիւններու կը տանի, որոնք ինչքան ալ յարաբերականութիւններ ունին, բայց իրենց ազնիւ դրսեւորմամբ առաքինութիւններ կու տան: Մարդը այդպէս է թէ՛ անհատականօրէն, թէ՛ հաւաքական ոգիով. միշտ ու յարափոփոխաբար կը փնտռէ ինքզինք, իր արմատները, իր ինքնութիւնն ու պատգամը եւ յատկապէս իր մարդկայնութիւնը: Հաւանաբար, ազնուագոյնը համամարդկայինով յագեցած մեծ ազգայինն է, որ յաճախ երեւակայական է, բայց յուզող ու պայթուցիչ կամ ազգայինով շեշտուած համամարդկայինը, որ յաճախ կը նահատակեցնէ անձեր ու ժողովուրդներ ի շահ երկնային կոչուածին կամ ի շահ ոչ մէկուն: Այո, մարդկութիւնը մէկ է իր տառապանքներուն մէջ, բայց միայն տիեզերքէն եկած վտանգն է, որ կրնայ մարդկութիւնը միացնել…
Հիմա այս գարնան եւ ծաղիկներուն, այս հօրաքրոջս, Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Քրիստոսէ առաջ առաջին դարու՝ Արտաշատին, հայրենիքի, լեզուի, համամարդկայնութեան հետ բանալով մեր պայծառութեան ու տառապանքներու երկար շարանը, կ՚անցնիմ այս մայթէն եւ կը բաժնուիմ ծաղկավաճառուհիէն: Մայթերու ու փողոցներու մեծ ու պատռող խոկումները, ամէնօրեայ պատգամներն ու անծայրածիր դասերը հետզհետէ, առօրեայի նուաճումներն ու սահանքները մէկ-մէկ կարծես գիտակցուեցան մէջս եւ այս ծաղիկներով եւ հօրքուրի մը «պոյիդ մեռնեմ» անսահման հոգիի կանչովն ալ ծիլ առին: Այս ծիլերը կ՚ապրեցնեն ո՛չ միայն տեսքերն ու ժեսթերը, այլ մանաւանդ՝ խինդ կու տան ապագային կատարելիք ցանկալի ու կենարար գործին:
Բարեւներ քեզի սիրելի հօրքուր ու քու ցաւերուդ, մենք պիտի կերտենք շատ բան դեռ, ծաղիկներովդ բոլորին գարուն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան