ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Պէ՞տք է հոգ տանիլ աղքատներուն:
Պատասխան. Անշուշտ. Առակագիրը կը գրէ. «Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ՚անարգէ, բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ» (Առ 14.31):
Այսօրուան մեր ընկերութիւնը լեցուն է հարուստներով ու աղքատներով, երբեմն նոյնիսկ ծայրայեղութեան հասնող աստիճաններով: Տարօրինակ երեւոյթ չէ այս մէկը եւ պէտք չէ ըլլայ: Տարօրինակ կ՚ըլլայ, երբ մարդ այս երեւոյթներուն՝ հարստութեան եւ աղքատութեան զանազանութեան աչքով նայի, այսինքն՝ հարստութիւնը նկատէ առաւելութիւն, մինչ աղքատութիւնը՝ պակասութիւն: Այս երեւոյթներուն այս կերպ նայելու հանգամանքը աշխարհիկ է եւ ո՛չ հոգեւոր: Մարդ երբ այս երեւոյթներուն հոգեւոր դիտանկիւնէ կը նայի, պարզ ձեւով կ՚ընկալէ զանոնք, որովհետեւ գիտէ, թէ ամէն ինչին Տէրը Աստուած Ի՛նք է:
Այսօր, սակայն, նկատի ունենալով մարդուն ԵՍին թագաւորութեան հզօրացումը, հարստութիւնը վերածուած է ձեւով մը առանձնաշնորհումի, մինչ աղքատութիւնը՝ նուաստացումի ու անարգանքի: Այսօրուան հարուստներուն ճնշող մեծամասնութեան համար ողորմութիւն տալը կամ աղքատներուն ու տնանկներուն օգնելը վերածուած է իրենց համար ցուցադրութեան յարմար առիթի մը: Մէկ ձեռքով օգնութիւն կու տան, միւս ձեռքով կը նկարեն իր տուած օգնութիւնը, միաժամանակ աշխարհով մէկ ցոյց տալով այն մարդոց խեղճ ու կրակութիւնը եւ աննպաստ պայմանները, ուր անոնք կ՚ապրին… իրենց համար, սակայն, այդ մէկը այդքան ալ էական չէ, իրենց համար կարեւորը իրենց ստացած դրուատանքն ու գովասանքն է, իրենց հաւաքած հաւանումներն են, եւ այլն…
Վա՜յ անցաւորիդ, որ այդպէս կը մտածես, ու չե՛ս յիշեր Առակագիրին ըսածը, թէ աղքատը անարգողը ո՛չ միայն զինք կ՚անարգէ, այլեւ՝ կ՚անարգէ զԱստուած՝ անոր Արարիչը… ի՜նչ մեծ ապերախտութիւն եւ համարձակութիւն, անարգել Ան՝ որ քեզի պարգեւած է այդ բոլոր բարիքները, որ դուն կը վայելես, եւ փոխանակ գոհունակ ու շնորհակալ սիրտով օգնես նմանիդ, ունեցածդ ամբարտաւանութեամբ կու տաս ուրիշին, որով դուն քեզի համար դատապարտութիւն կը բերես: Այսպիսիները իրենք զիրենք հետեւեալ երանութենէն ալ կը զրկեն, որ կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոր, որ թշուառին հոգ կը տանի. նեղութեան ժամանակ ՏԷՐԸ զայն պիտի ազատէ: ՏԷՐԸ պիտի պահպանէ զայն, անոր կեանքը պիտի երկարէ, զայն երանելի պիտի դարձնէ այս աշխարհի մէջ, եւ զայն պիտի չձգէ թշնամիներու քմահաճոյքին: ՏԷՐԸ պիտի օգնէ անոր, հիւանդ պառկած ժամանակ, եւ իր հիւանդութենէն զինք պիտի ապաքինէ» (Սղ 41.1-3): Այս երանութիւնը անոնց համար է, որոնք իրենց հարստութիւնը Աստուծոյ փառքին համար եւ Անոր կամքին համաձայն կը գործածեն, եւ ո՛չ թէ իրենց հարստութիւնը կը ծառայեցնեն անարգելու համար իրենց նմանները, անոնց միջոցով անարգելով բոլոր բարիքներու Տուիչին՝ Աստուծոյ:
Զգուշանանք, հետեւաբար, եւ մեր ունեցուածքը ճիշդ կերպով օգտագործենք, մանաւանդ երբ ուրիշերուն կ՚օգնենք զգաստ ըլլանք, որպէսզի յանկարծ մեր մէկ չմտածուած արարքով, չնեղացնենք կամ չվիրաւորենք անոնց արդէն իսկ վիրաւորուած արժանապատուութիւնը:
Յիշենք նաեւ Տէր Յիսուսի տուած երանութիւնն ալ, որ կ՚ըսէ. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7): Ողորմինք մարդավայել կերպով, առանց նեղացնելու մեր դիմացինը, եւ վստահ ըլլանք, որ օրին մէկը մեր տուած չնչին մէկ օգնութիւնը կրկնապատկուած կերպով պիտի վերադառնայ մեզի:
Հ. Ի՞նչն է որ ազգը կը բարձրացնէ կամ հակառակը:
Պ. Սողոմոն իմաստուն կը գրէ. «Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ, բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է» (Առ 14.34):
Արդարութիւնը, այսինքն առաքինի վարք ու բարքով, առաքինի կենցաղով ապրող բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները բարոյական բարձր մակարդակի վրայ կ՚ըլլան, մինչ մեղքի ու սխալի մէջ ապրող ազգերն ու ժողովուրդները կործանումի կ՚ենթարկուին, աւելի ճիշդ իրենք զիրենք կորուստի ու վերացումի կը մատնեն: Յատկապէս մեր օրերուն, ազգեր ու ժողովուրդներ պէտք է զգոյշ ըլլան երբ իրենց համար ղեկավարներ ու առաջնորդներ կ՚ընտրեն, որովհետեւ ժողովուրդի մը արդարութիւնը կամ մեղաւորութիւնը առաջին հերթին կապուած կ՚ըլլայ իր առաջնորդին հետ, որուն ձեռքերուն մէջ է տուեալ ժողովուրդին առաջնորդութեան ղեկը: Այս ուղղութեամբ կ՚արժէ կարդալ Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեանին հետեւեալ մտածումը. «Ժողովուրդն է որ իր դժբախտութիւնը՝ իր ձեռքով կը շինէ, ինչպէս եթէ գիտակից ըլլայ այն իր երջանկութիւնը իր մատներով կրնայ հիւսել»:
Հ. Ինչպէ՞ս պէտք է խօսի մարդ:
Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւն կ՚իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կր գրգռէ» (Առ 15.1):
Այսօրուան մարդը միշտ բարձր ձայնով ու խիստ ոճով կը խօսի, կարծելով թէ բարձր ձայնով կամ խիստ կերպով խօսելով կրնայ ազդել իր դիմացինին վրայ, մինչ առակագիրին ըսածը, ճիշդ հակառակն է, քանի որ ընդհանրապէս մարդ երբ բարձր ձայնով ու խստութեամբ կը խօսի, զինք լսողները կը սրտմտին իրմէ եւ շատ յաճախ կը սկսին բարկանալ ու ընդվզիլ այդ կերպ խօսակցութենէն, մինչ, երբ մարդ խաղաղ ու մեղմ կերպով կը խօսի, ի՛նչքան ծանր ալ ըլլայ տուեալ պահը, ի՛նչքան ալ զինք լսողները նեղացած ու բարկացած են իրմէ, ապա իր մեղմախօսութեամբ ու հանդարտութեամբ, կրնայ դրական արդիւնքներու հասնիլ՝ երկու կողմերուն բաւարարող:
Կարդանք եւ տեսնենք, թէ Սրբազան Յակոբոս առաքեալը ի՛նչ կ՚ըսէ լեզուի մասին. «Ան որ գիտէ իր խօսքը կշռել՝ կատարեալ մարդ է, ինքզինքին իշխելու կարող:
Տե՛ս, թէ ի՛նչպէս ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք՝ որպէսզի մեզի ենթարկուին, եւ անով ձիուն բոլոր շարժումները կը կառավարենք: Կամ դիտէ՛ նաւերը. ո՛րքան ալ մեծ ըլլան եւ ինչպիսի՛ զօրաւոր հովերէ ալ քաշուին, փոքրիկ ղեկ մը զիրենք կ՚ուղղէ դէպի հոն՝ ուր նաւավարը կը փափաքի տանիլ: Նոյնպէս ալ լեզուն. թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ: Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել: Լեզուն ալ կրակ է: Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա: Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ, եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ: Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր: Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՚օրհնենք Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբը ստեղծուած են: Այսինքն՝ նոյն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը: Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրներս: Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բխէ՞: Կարելի՞ բան է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ տայ կամ որթատունկը՝ թուզ: Նմանապէս կարելի չէ որ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բխի» (Յկ 3.2-12):
Առաքեալին այս խօսքերէն յստակ կը դառնայ, որ մարդուն ձեռքն է իր լեզուն զսպելը, եթէ զսպէ, աւելին, եթէ ի վիճակի է զսպելու, ապա առաքեալին հաստատումով՝ ան որ գիտէ իր խօսքը կշռել՝ կատարեալ մարդ է, ինքզինքին իշխելու կարող: Հակառակ պարագային, ո՛չ միայն ինքզինքին իշխելու անկարող կը դառնայ, այլեւ երկպառակութիւն կը տարածէ, վէճերու դուռ կը բանայ, անհաշտութիւններու կը տանի, մէկ խօսքով խառնակիչի ու աւերիչի անուն կը վաստակի եւ բոլորն ալ կը սկսին զգուշանալ իրմէ եւ իրենցմէ հեռու պահել զինք:
Հետեւաբար, մարդ պէտք է գիտնայ ինքզինք սանձել, գիտնայ, թէ ե՛րբ պէտք է խօսի, ի՛նչ պէտք է խօսի եւ ե՛րբ պէտք է խօսի, որպէսզի իր խօսքը ծանրութիւն եւ ազդեցութիւն ունենայ զինք լսողներուն վրայ: Իսկ ամենէն կարեւորը, մարդ պէտք է տիրապետէ լռել գիտնալու գաղտնիքին ալ, որովհետեւ՝ մեր օրերուն մանաւանդ, լռելը, լուռ մնալը շատ աւելի խօսուն է, քան խօսիլը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 39
Վաղարշապատ