ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
Գարուն է: Երեւանի անզուգական կլիման կը զգլխէ մեզ: Օրը պայծառ կը սկսի, անձրեւն ու կարկուտը կ՚այցելեն յանկարծ, մինչ արեւը հոն, վերէն զիրենք դիտելով մերթ ամպերուն մէջէն ստուերոտ յայտնութիւն մը կը պարզէ, մերթ կը կորչի, կարծես անհանդարտ զաւակներուն չարաճճիութիւնները խաղաղեցնող մայր մ՚ըլլայ. այսպէս կը վիճին չարուկները մինչեւ մութը պատէ ու ամէն ոք յոգնած մտնէ քնանալու:
Այս չարաճճիութիւնները սակայն երկրային մեր դրախտավայրին կոյս գեղեցկութիւնը կը զարդարեն, նոր փայլք կու տան անոր: Ջուրի առատութենէն ծառը կը ծաղկի, քարը կը ծաղկի, տեսնուած ու չտեսնուած ծաղիկներով կը զարդարուի ամէնուրեք, վարդենիները լի են պայթելու պատրաստ կոկոններով:
Կլիմայի մաքրութիւնը ըմբոշխնելու անհամբեր՝ զբօսաշրջիկները սկսած են ժամանել, հայրենադարձ սուրիահայերը եւ երեւանցիք երկար եւ ցուրտ ձմրան հետքերը կը փարատեն դալար այգիներուն ու գեղատեսիլ փողոցներուն մէջ, մէկ խօսքով, Երեւանի մէջ ամէն քայլափոխի կարելի է հանդիպիլ ոչ միայն լեզուական տարբերութենէն ծագած անհասկացողութիւններու, որոնք կարծես նուազած են եւ յաճախ կը դրսեւորուին՝ «Ի՛նչ քաղցր լեզու է» արեւմտահայերէնի որակումով, այլ նաեւ տարբեր հարցերու, որոնց ականատեսը ըլլալով երբեմն չես գիտեր ժպտի՞ս, թէ՝ տխրիս:
ՇՈՒԿԱՅԻՆ ՄԷՋ
Բոլոր զբօսաշրջիկները անխտիր կ՚այցելեն ու գնումներ կ՚ընեն հռչակաւոր չիրերու շուկայէն, որ կը գտնուի Տիգրան Մեծ պողոտային վրայ: Ժողովրդական անուանումով «Կումի շուկայ»ն ահա կ՚այցելէ սփիւռքահայ միջին տարիքի զոյգ մը զբօսաշրջիկ, ուր չիրի տեսակներ, թարմ ընկոյզ, նուշ, պնտուկ, տեսակաւոր, շլացուցիչ գեղեցկութեամբ ու գոյներու ներդաշնակութեամբ շարուած պտուղներ, պասթըխներ ու սճուխներ կը վաճառուին: Անոնք կը մօտենան տաղաւարի մը, որուն վաճառողը կը սկսի գովել իր ապրանքը ու յաճախորդները գրաւելու համար երկու պզտիկ բաժակներով «Արարատ»ի քոնիակ կը հիւրասիրէ. անոնք բաւական գնում ընելէ ետք կը ճաշակեն երկրորդ բաժակ քոնիակը, ու վաճառողը կը հարցնէ.
-Դուք իրար շատ էք նման, միթէ քուր ու ախպե՞ր էք:
Սփիւռքահայ տղամարդը, թէ՝
-Այո, մենք ցերեկները քոյր ու եղբայր ենք, բայց գիշերները...
-Այ քեզ պա՜ն, քոնիակին ազդեցութիւնն ակնյայտ է երեւում, մի շիշ էլ քոնիակ աւելե՞մ ապրանքին,- նպատակին հասած վաճառողը քմծիծաղով կը պատասխանէ:
ՁԿՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄՕՏ
Սուրիահայ, հայրենիք հաստատուած ծերունի մը, տնամերձ այգիին ամէնօրեայ այցելութիւններուն միջոցին քանի մը ծերունիներու հետ բարեկամացած, յետմիջօրէի ժամերը անոնց հետ զրուցելով կ՚անցընէ: Ան յաճախ հանդիպած է մուրացկաններու, հաւաքարար տարեց կիներու, շշմելով դիտած է ծառերուն կոճղերը ճերմակ ներկող կիները, բայց այս վերջին շրջանին իրեն տարեկիցներէն միշտ գանգատ է, որ կը լսէ: Գանգատ՝ ներկայ քաղաքի իրադարձութիւններուն, արտագաղթի առատ հոսքին մասին, որուն կասեցման համար քայլեր չեն առնուիր, եւ այլն, եւ այլն: Գանգատներէն ու բողոքներէն ձանձրացած, տուն դարձի ճամբուն կը հանդիպի մօտակայ ձկնավաճառին, ուր ձուկ մը բռնելով պոչէն կը հոտոտայ.
-Ախպե՛րս, ձուկը գլուխը հոտոտելով կը զննեն,- կ՚ըսէ ձկնավաճառը հեգնանքով:
-Գիտեմ, եղբայր, բայց նաեւ գիտեմ, որ հոս արդէն ձուկին գլուխը հոտեր է, կը նայիմ, որ արդեօք այդ հոտը պոչին հասե՞ր է,- կը պատասխանէ սփիւռքահայը:
ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ
Սփիւռքահայ երիտասարդուհի մը ուրախութեամբ հանրակառք կը բարձրանայ, եւրոպական երկիրներէն եկած, ամիսէ մը ի վեր հոս է ան, սորված ալ է իր բնակած տան մօտէն հանրակառքով փոխադրուելու միջոցները ու մեծ գոհունակութեամբ կ՚երթեւեկէ իրեն ծանօթ տեղերը: Հանրակառքին մէջ չարուկ մանչուկ մը մօրը հանգիստ չի տար, կողքը նստած ըլլալուն համար, աս սփիւռքահայը քաղցրեղէն մը հանելով պայուսակէն, իր գիրկը կը նստեցնէ մանչուկը ու կը սկսի զրուցել անոր հետ.
-Անունդ ի՞նչ է:
-Այայատ,- թոթովելով ու շոգոլային պատառը ծամծմելով կը պատասխանէ մանչուկը:
-Օ՜, այս ինչ աղուոր անուն է,- կը պատասխանէ աղջիկը ու ճիշդ այդ պահուն հանրակառքին պատուհանէն կ՚երեւի Մասիսին ձիւնածածկ գագաթը, ի՛նչ ալ յստակ,- ահա, տե՛ս, իսկական Արարատը հոն է, որուն անունով կոչուած ես,- ցուցամատը լերան ուղղելով ու լեռը ցոյց տալով կը շարունակէ աղջիկը: Մանչուկը անմիջապէս կ՚ելլէ ու կը տեղաւորուի մօրը գիրկը, աչքին ծայրովն ալ սփիւռքահայը դիտելով:
-Դեռ չգիտի,- կը պարզաբանէ մանչուկին մայրը սփիւռքահայուն նայելով:
-Լաւ ասաց մեր քուրը, ասենք տղեկին, որ նա էս սարի անունն է կրում,- կ՚աւելցնէ քիչ մը անդին նստող մանչուկին հայրը:
-Լաւ կը լինի տուն գնաք ու յետոյ ասէք, պա ի՞նչ ենք անելու, եթէ հիմի երեխան սարն էլ ուզի,- կը շարունակէ մանչուկին անհանդարտ վիճակէն դժգոհ ծերունի մը:
***
Սովորական պատկերներ են տրուածները, որոնց ընդմէջէն սակայն ակնյայտ է փոխյարաբերութիւն մը, փոխըմբռնում մը, մարդկային հասկացողութեան եզր մը թերեւս, որոնումներ են սփիւքահայուն եւ հայաստանցիին միջեւ կապերու, հաղորդակցութեանց որոնումներ, ուր լեզուէն շատ աւելի բարդ հարցեր գոյութիւն ունին, զորս հարթելը երբեք անկարելի չէ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 12/23/2024