ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ

Սփիւռքահայ հայրենադարձ կին մը մարշուտնի (փոքր հանրակառք) մը կը բարձրանայ: Վարորդին գլխաւերեւի մասը փակցուած ֆիտայիներուն պատկերները աչք կը քթթեն: Անոնք՝ Զօրավար Անդրանիկը, Սերոբ Աղբիւրը, Գէորգ Չավուշը կողք-կողքի շարուած են: Կը զմայլի կինը, ու հիացումը կը կրկնապատկուի անոր մանաւանդ երբ կը տեսնէ այս անմահ հոյլին ճիշդ կեդրոնը զետեղուած պատկերը, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանինն է:

Ու որքա՜ն բախտաւոր կը սեպէ ինքզինք հայրենիքի մէջ այս օրերուն ներկայ գտնուելուն համար:

ՍԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Զանազան երկիրներէն՝ Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, հայրենիք ժամանած խումբ մը սփիւռքահայ հարազատներ համախմբուած իրենց ծրագիրները կը կազմեն ու ամբողջ կեցութեան ընթացքին պահ մը իսկ չեն ուզեր ի զուր անցընել: Անոնց մէջ կան հայրենիք առաջին այցելողներ, մինչ անոնցմէ մի քանի անգամ այցելողները իրենց գիտելիքները ի սպաս կը դնեն հարազատները լուսաբանելու ու անոնք է, որ կը ստանձնեն առաջնորդի դերը:

Այսօր կարգը Սեւանի այցելութեանն է, ինքնաշարժները ապահովուած են ու ճամբորդները՝ խանդավառ: Ժամ մը հինէն ու նորէն խօսելէ-խնդալէ ետք, Երեւանէն կը հասնին Սեւանի վանքային համալիրին մօտ: Ինքնաշարժները հազիւ թէ կայանելու վրայ են, ահա մի քանի մոմավաճառներ կը մօտենան անոնց ու ճիշդ ինքնաշարժներուն դռներուն կը փակին, ու երբ դռները կը բացուին՝

-Հազար դրամի կարող էք ունենալ էս խուրձը,- կ՚ըսէ մէկը:

-Ես իննհարիւրի կը տամ,- կ՚ըսէ ուրիշ մը:

-Իմ մօտից վերցրէք, էլի՛,- կը մասնակցի միջին տարիքով կին մը:

-Վերեւում մոմ չկայ, էստեղից պէտք է վերցնէք,- խորամանկութիւն ըրածի պէս կը մօտենայ երիտասարդ մոմավաճառ մը:

Սփիւռքահայերը, անակնկալի եկած, մէկը կը վճարէ հազար, միւսը՝ մեղքնալով իրեն համար խորթ այս հայու կերպարանքին ի տես, հինգ հազարնոց մը կը տեղաւորէ վաճառողի մը ձեռքին ու խուրձ-խուրձ մոմերը առած կը բարձրանան համալիր, առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, թէ վերը՝ վանքերուն մէջ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մոմ չըլլայ:

ԴՈՒԽՈՎ

Վերնիսաժին հմայքը՝ հայաբոյր իրերը, ձեռագործները, արծաթեղէնները սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն: Տասնեակ մը զբօսաշրջիկներուն խումբը կը յառաջանայ վերնիսաժի կրպակներուն քով մերթ ընդ մերթ կանգնելով: Անոնք հիացած, փայլուն աչքերով կ՚երթեւեկեն ամէն տեղէն յիշատակի կտոր մը վերցնելով: Սակայն ամենէն աւելի անոնք կը կենան «Դուխով»ներուն քով: Սեւ ու ճերմակ գլխարկները, բոլոր չափերով վերնաշապիկները կը գնէ անոնցմէ մէկը, ապա ուխտաւորի մը պէս զանոնք կը բաժնէ իր ընկերներուն ու՝

-Այս գլխարկներն ու վերնաշապիկները բոլորս միասին պիտի հագուինք 28 Մայիսի արարողութիւններուն ընթացքին: Ճիշդ է, որ չկարողացանք այդ օրերուն հոս ըլլալ ու միայն հեռակայ հետեւեցանք անցուդարձերուն, սակայն որոշած էի, որ կրենք ասոնք անկախութեան տօնին ու անուշիկ խըմ-բանկար մըն ալ անոնցմով ունենանք Երեւանէն: Այսպիսով մենք ալ մեր քայլով մասնակցութիւն բերած կ՚ըլլանք յեղափոխութեան: Չէ՞ որ Մայիսը մեր յաղթանակներուն ամիսն է եւ ասիկա մեր վերջին յաղթանակին խորհրդանիշը կը համարուի:

Ահա թէ ինչպէս եռատօն Մայիսը կամաց-կամաց, ներսի ու դուրսի հայերուն մասնակցութեամբ, պիտի վերածուի քառատօնի:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 25, 2018