ԱԿՆԱՐԿ - 17 - ԿԱՊԱՆՑԻ ՅԱԿՈԲԵԱՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆՆԵՐԸ
Մեզմէ շատերուն համար նոյեմբեր 2020-էն այս կողմ կեանքը տարբեր «գոյն»ի անգոյնութիւն մը ստացաւ: Մեզմէ շատերուն համար ժամացոյցի սլաքները կարծէք տակաւին այնտեղ կանգնած են, եւ հակառակ կեանքի դժնդակ պայմաններուն ու խստութիւններուն՝ սլաքները կը շարունակեն յամառիլ մնալ այնտեղ:
Ճիշդ է, որ կեանքը կը շարունակուի, ճիշդ է, որ որոշներու համար կարծէք բան պատահած չէ, ճիշդ է, որ ոմանք մեր երկրէն կամ մեր ազգէն չըլլան, հակառակ Հայաստանի մէջ ապրելնուն ու հայ անունը կրելնուն, սակայն պահ մը նայեցէք ձեր շրջապատին, պահ մը ուշադրութեամբ դուք ձեզ քննեցէք, արդեօք նո՞յնն է ամէն բան, արդեօք անորոշութեան ու անապահովութեան որդը ծածկաբար չի՛ կրծե՞ր մեզմէ շատերուն հոգիները, միտքերը եւ նոյնիսկ մարմինները…
Հիմա ընթերցողը պիտի ըսէ տակաւին չհասկցանք այս բոլորը ի՞նչ առընչութիւն ունին գրութեան վերանգիրին հետ:
Ըսեմ:
Օրեր առաջ մասնակցեցայ Տիկնոջս ազգականներէն մէկուն՝ երիտասարդ Մխիթար Առաքելեանի նշանտուքին: Մխիթարը կապանցի երիտասարդ մըն է, զաւակը Արթիւր Առաքեալնին ու եղբայրը՝ Քնար Առաքելեանին: Մխիթարն ու Քնարը վաղ տարիքէն կեանքի դաժան մէկ ակնթարթին մէջ կորսնցուցած են իրենց մայրը… Իրենց հայրը՝ Արթիւրը, իր քոյրերուն՝ Անահիտին, Ալվարդին ու Լաուրային հետ հասակ տուած են, խնամած ու մեծցուցած են այս երկու հրաշալի անձնաւորութիւնները՝ Մխիթարն ու Քնարը: Եւ այսօր, Մխիթարը արդէն իր կեանքի ամենէն կարեւոր քայլերէն մէկը կ՚առնէր, սկիզբ դնելով, առաջին հիմքը նետելով իր ապագայ ընտանեկան յարկին:
Արթիւրի քոյրը՝ Անահիտը, տիկինն է Աշոտ Յակոբեան ազնուական հայուն: Կապան առաջին այցելութեանս՝ 2014-ին, տպաւորութիւններս գրի առած էի նկարագրելով Կապան քաղաքը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալով Յակոբեաններու ու Առաքելեաններու ընտանիքին: Այդ երկու ընտանիքներու մասին անդրադարձս այստեղ կը տեղադրեմ, որոշակի յաւելումներ կատարելով (կատարած յաւելումները շեղագիրով ու մուգ գոյնով կը դնենք):
Այսպէս, 22 յուլիս 2014-ին այս երկու ընտանիքներուն մասին գրած էի. «Ի վերջոյ, գրութեանս աւարտին կ՚ուզեմ յատուկ կերպով այստեղ յիշել մարդոց անուններ, որոնք այսօրուան նիւթականացած աշխարհին՝ նիւթականացած մարդկութեան մէջ տակաւին կը շարունակեն ապրիլ որպէս ՄԱՐԴ։ Այդ խումբ մը ազնուականներու գլխաւորը Մխիթար հայրիկն է. արդէն մահացած։ Վերեւ արդէն յիշած էի Աշոտ Յակոբեանին անունը, ազնուական մարդ մը, երեք զաւակներու հայր, ով ո՛չ միայն զաւակներ մեծցուցած է, այլեւ աշխատասիրութեան ու ազնուասրտութեան լաւագոյն օրինակ հանդիսացած է իր զաւակներուն։ Իր համեստափայլ տիկնոջ՝ Անահիտի հետ միասին (համեստ, պարզ, խոնարհ, ժպտադէմ եւ կեանքով լեցուն հնչիւն ձայնով Անօ հօրքուրը), յաջողած են կազմել այնպիսի օճախ մը, որը օրինակելի ընտանիքի մը պատկերը կը կազմէ։ Երեք զաւակները՝ Էտկարը, Եանէքն ու Նարեկը ամուսնացած։ Երեք եղբայրները միասին, լծուած են աշխատանքի, որը այնքան բծախնդրութեամբ կը կատարեն ամենայն լրջութեամբ ու նուիրուածութեամբ՝ հետեւելով իրենց հօր օրինակին ու տուած խորհուրդներուն։ Էտկարն ու Եանէքը արդէն փոքր հրաշքներու հայր դարձած՝ հիմա արդէն պատանի հասակին հասած, Նարեկն ալ տակաւին նոր ընտանեկան օճախ կազմած, ներկայիս արդէն երկու զաւակի տէր։ Իրենց համեստափայլ կիները՝ Անին, Միլէնան ու Մելինէն, իրենց ամուսիներուն կողքին, հետեւելով իրենց ծնողներու դրական օրինակին, օրինակելի ընտանիքներ ունենալու յոյսը կու տան զիրենք ճանչցողներուն։
Անդին, Արթիւրը, որ արհեստով երկաթագործ է, մարդկային ձեռքերը միախառնելով աստուածային ներշնչումին, այնպիսի գլուխ գործոցներու հեղինակ է դարձած, որ կու գայ վկայելու, թէ մարդ եթէ ուզէ նոյնիսկ երկաթէն արուետսի կտորներ կու տայ։ Արթիւրը նաեւ ծնող է երկու զաւակներու Մխիթարին ու Քնարին, վերը յիշուած Մխիթարը։
Տակաւին շարքը երկար է, որոնց անունները յիշատակելով միայն պիտի բաւարարուիմ։ Տիկին Լաուրան ու ամուսինը։ Իրենց զաւակները՝ Հերմինէն ու Մհերը: Հերմինէն, իր երկու զաւակներով: Մեծ զաւակը՝ Դաւիթը, արդէն երիտասարդ, Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս Արեւելագիտութեան ճիւղին կը հետեւի։ Մհերը պարզ ու խոհուն, իր սիրասուն տիկնոջ հետ միասին տաքուկ ընտանիք մը կազմած են։ Տիկին Ալվարդը՝ Ալվարդ հօրքուրը, ժպտադէմ ու խոր նայւածքով հայուհիի իսկական կերպար մը։ Արթիւրը՝ Ալվարդ հօրքուրի տղան ժպտադէմ եւ վառվառուն աչքերով, նոյնքան ժպտադէմ ու վառվառուն աչքերով իր տիկնոջ՝ Սաթինէին հետ միասին յաջողած են կազմել եւս տաքուկ ընտանեկան յարկ մը»:
Հիմա ընթերցողը պիտի հարցնէ, ինչո՞ւ համար այս բոլորը:
Այս բոլորը գրի կ՚առնեմ, վերյիշելով առաջին այցելութիւնս Կապան ու առաջին հանդիպումս այս մեծատառով մարդոց հետ: Հակառակ տարիներու թաւալքին, հակառակ կեանքի պայմաններու փոփոխութեան, հակառակ այն իրողութեան, որ այսօր Սիւնիքը վտանգուած է, այս մարդիկը սակայն, կը շարունակեն ապրիլ, պայքարիլ, ստեղծել ու արարել, կը շարունակեն տակաւին ընտանեկան յարկեր կազմել, վկայ՝ Մխիթարի նշանտուքը, որուն ընտրեալը երեւանաբնակ գեղանի հայուհի մը՝ Յասմիկը, որ գիտակցելով ու հասկնալով գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ դժուարութիւնները, չէր ընկրկած ու իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր Մխիթարին հետ շարունակելու իր ճանապարհորդութիւնը:
Կեանքը կը շարունակուի, այո՛: Հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ անվտանգային ու ապահովական խախուտ վիճակին՝ կեանքը կը շարունակուի, վկա՛ Մխիթարի խրոխտ քայլը այս պայմաններուն մէջ ընտանիք կազմելու, վկա՛ Յակոբեան եղբայրներուն ժրաջան գործունէութիւնը, վկա՛ երկու Արթիւրներուն, Մհերին, եւ վերը յիշուած տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի՝ իրենց ընտանիքներուն թեւ ու թիկունք կանգնելու պատրաստակամութիւնն ու յանդգնութիւնը:
Կեանքը ա՛յսպէս կը շարունակուի, ապրելով, արարելով, հակառակ անորոշութեան՝ զգօնութեամբ վարուելով ու կառչած մնալով հայրենի օճախին, եւ ո՛չ թէ փախչելով, անիծելով, բողոքելով, ու ըսելով թէ՝ էս երկիր չի, չէ՛, սա երկի՛ր է, եւ ապրելու երկիր:
Աւարտելով, յարգանքս Յակոբեաններու եւ Առաքեալներու ընտանիքներուն ընդմէջէն ողջ կապանցիներուն, որոնք մէկ առ մէկ կրնան այս անուններուն ետին իրենք զիրենք տեսնել:
Յուսանք, մաղթենք եւ աղօթենք, որ այս ամպն ալ կ՚անցնի, եւ ՀԱՅը կը շարունակէ ապրիլ ու արարել իր բնօրրանին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
22 մայիս 2023, Վաղարշապատ