Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԲԱՐԻ ՕՐ…
Բարի օր ձեզ,
Բարի երկինք
Եւ բարի երթ…
Նոր տարի չէ՛
Ո՛չ ալ տօն է։
Հին արեւն է
Բայց նո՛ր օր է՝
Մա՛րդուն օր է…
Եւ ձեզ հազա՛ր
Հազարաաւոր
Բարութեան խինդ,
Սէր կը մաղթեմ…
Ըլլաք պայծառ
Երանութեան վառ գոյներով
ու երգերով դուք պարուրուիք…
Եթէ արցունք պիտի հոսի ձեր աչքերէն
Թող ըլլայ ան արձագանգը
երջանկութեան վառ պահերու…
Եղէք այնպէս՝ ծովուն նման,
Որ կ՚երկարի դեռ չգծուած հորիզոններ…
Բարի օր ձեզ
Եւ ձեր մէջի մարդուն վսեմ…
Իմ հարազատ,
Իմ անծանօթ բարեկամներ…
Բարի օր ալ դուք մաղթեցէք
Անծանօթին եւ ծանօթին…
Նոր տարի չէ - ըսի արդէն -
Բայց ՆՈ՛Ր ՕՐ է՝
Մարդո՛ւն տօնն է…
Այսօրուընէ թող «բարութեան օր»
հռչակուի մարդուն համար…
Բարի, բարի
ԲԱՐԻ ՕՐ ՁԵԶ։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023