ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԱՌԹԻՒ

Ամէն առիթով, միշտ ալ տարբեր հիացմունքով կը վերյիշեմ Թումանեանի հայ գիրքին նուիրուած, յստակ խորք ու մեծ իմաստ ունեցող խօսքերը։ Որովհետեւ, յատկապէս այս օրերուն, կը զգամ, որ գիրքը ու մանաւանդ հայ գիրքը, վտանգաւոր տագնապ մը կ՚ապրի։ Կրնանք նոյնիսկ ըսել, որ յաճախ մնացած է անտեսուած ըլլալու չափ անարձագանգ։

Պատճառը մի հարցնէ՛ք, դուք ինձմէ աւելի լաւ գիտէք։ Արդէն քաջածանօթ էք։

Յստակ է, թէ «բան» մը կը կաշկանդէ հայ գիրքի տարածման ընթացքը, անոր նոյնիսկ յաճախակի ընթերցումը, տարածումն ու բարգաւաճումը։ Ահա, ուղղակի ահազանգ։

Իրողութիւն է, որ մարդիկ դժուար կը կարդան։ Յաճախ հասկնալի է ու յարգելի են պատճառները։ Այսպէս՝ տեղ մը կեանքի անօրինակ եւ տեսակաւոր հեւքեր, ուրիշ տեղ մը անապահով իրավիճակ։ Տակաւին՝ ժամանակ եւ կամ նիւթական, առաւել՝ մթնոլորտ։ Ու այս բոլորը պատճառ դարձած են, որ մեզմէ շատեր հեռանան գիրքէն, ընթեցման հաճոյքէն, անոր հին ու նոր կանչերէն։

Գիտենք, որ բոլորիս առօրեայ կեանքի բազմազան մտահոգութիւններն ու անոնցմով բեռնաւորուած հարցերը, կը կրծեն մեր ժամանակը։ Անհերքելի իրականութիւն: Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ։

Բայց եւ այնպէս, միւս կողմէ ալ գիտենք, որ հայ գիրքը միայն գիտելիքներ հրամցնող միջոց մը չէ, ոչ ալ պարզ ծանօթացման դաշտ մը։ Այդպէս չէ եւ չէ ալ եղած։ Տակաւին՝ միայն մեր ընդհանուր զարգացման նպաստող ազդակ մըն ալ չէ։

Շատերուս համար, մեր տուներէն ներս հայ գիրքի ներկայութիւնը պաշտամունքի աստիճան դառնալով, մեզի նոր ու տարբեր շունչ տուած է եւ մենք անկէ ներշնչուած՝ վերապրած ենք։ Հայ գիրքը նոյնիսկ մեր դիմաց յաճախ ալ բացած է գրական նոր դուռ մը, մտքերու գեղեցիկ ու գունաւոր լուսամուտ մը, որոնց շնորհիւ գրողի ճաշակն ու ոճը ընկալած ենք հաճոյքով։ Ու այս ձեւով հայ ընթերցասէրը, միշտ եւ ամէն պատեհ առիթով հայ գիրքի ընթերցումը փնտռած է, որպէսզի մնայ, գոյատեւէ եւ «պարիսպը» շարունակէ։ Որպէսզի՝ հայու մեր դիմագիծն ու արեան բաբախումը ապահով պահուի։ Վերջապէս, որպէսզի մեր կենսական ինքնութիւնը ընթերցումներով յագենայ, ծագումով հայերու շարքին չմնալու կամ չդասուելու համար։ Այս բոլորը այն համոզումով՝ որպէսզի մեր յարատեւ եւ գիտակից ընթերցումով, ազգային գանձերու պահպանման նպաստող հայ գրականութիւնը շարունակէ իր երթը։

Սակայն ինչո՞ւ յանկարծ, շատ արծարծուած նման մտածումներու այս տարափը։

Անկեղծօրէն ըսելով յայտնեմ, թէ «Լոս Անճելըս Թայմզ» լայնատարած այս օրաթերթը, ամէն տարուայ նման, ապրիլ ամսուան մէջ, այս հսկայ քաղաքի մեծ համալսարաններէն մէկուն տարածքին, գիրքերու երկօրեայ ցուցահանդէս-փառատօն մը կը կազմակերպէ եւ որուն այցելուներու թիւը կը հասնի շուրջ քառորդ միլիոնի։ Նախանձելի եւ սակայն նոյնքան ալ օրինակելի։

Անկեղծօրէն, ի տես այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան, իբրեւ հայ գիրքը սիրող, փնտռող, գուրգուրացող եւ տարածող անհատ, կը մտածեմ, որ մեր ուժերուն ներած չափով եւ տարողութեամբ մեր այս հսկայ գաղութէն ներս, գոնէ մենք ալ, տարին կամ երկու տարին անգամ մը եթէ կազմակերպենք նման ցուցահանդէս մը, կարծեմ լաւ, դրական եւ օրինակելի աշխատանք մը տարած կ՚ըլլանք։

Լաւատեղեակ ենք, որ Պէյրութի մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ամէն հոկտեմբերին կը կազմակերպէ Հայ գիրքի օրը։ Հպարտալի եւ նոյնքան ալ նախանձելի ձեռնարկ։

Իսկ նաեւ անպայման պէտք է յիշեմ, որ անցեալ դարու ութսունականներուն, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութիւնն ալ, Կլենտէյլի իր նախկին փոքր կեդրոնատեղիէն ներս կը կազմակերպէր գիրքերու ցուցահանդէս։ Առաւել՝ գաղութիս մշակութային միութիւններէն մէկն ալ, ամէն տարեվերջին հրապարակային գեղեցիկ ձեռնարկով մը հանրութեան կը ներկայացնէր այդ տարուան ընթացքին լոյս ընծայուած, հրատարակուած հայ գիրքերն ու անոնց հեղինակները։ Եւ տակաւին կը կարդանք եւ կը տեղեկանանք, որ նման շնորհանդէս-գինեձօններ ներկայիս կը կազմակերպեն Կլենտէյլի «Սարտարապատ» եւ «Ապրիլ» հայ գրատուն-գրախանութներն ալ։

Բայց գիրքերու ցուցահանդէսը եւ կամ փառատօնը, գինեձօնի հետ չխառնենք։ Նոյնը չեն: Ու հասկնալի է, թէ ցուցահանդէս-փառատօնի պարագային, հայ մշակութասէր ընթերցասէր կամ նոյնիսկ պարզ հետաքրքիր այցելուն, կը ծանօթանայ հայ գրողին:

Այս ձեւով է, որ գրող-հեղինակ մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէ ալ՝ ընթերցող-անհատ կապը կ՚ըլլայ կենդանի եւ օգտակար: Կապն ու ծանօթութիւնը ոչ միայն կը լայնան, այլեւ կը դառնան տարածուն եւ ընդարձակ։ Նոյնիսկ հետաքրքրական երեւոյթ՝ որ միեւնոյն ժամանակ՝ մարդուս միտքը կը լիացնէ։ Ու անկեղծօրէն ամէն տարի կ՚ակնկալեմ, որ մեր մշակութային բոլոր միութիւնները, իրենց կարգին, մեր շրջանէն ներս եւս ծրագրեն եւ կազմակերպեն նման ցուցահանդէս-փառատօններ։ Միամիտ երազ…

Ըսած ենք միշտ, թէ Ամերիկայի մէջ հայերէն գիրքը շուկայ չունի: Իմ կարծիքով, հայերէն գիրքը ոչ միայն շուկայ չունի, այլեւ հոս շուկայ ունենալու ապագայի յոյսը շատ պղտոր է, որովհետեւ շուկան կը զարգանայ, եթէ գոյութիւն ունենայ հայերէն գիրք կարդացողներու զանգուած: Իսկ աւելին, այսօր ամէն տեղ հայեր, աշակերտ կամ ծնողք դժբախտաբար ո՛չ հայերէն կը խօսին, ո՛չ կը կարդան եւ ոչ ալ կը գրեն: Դարձեալ խօսքս բացառիկներու մասին չէ։

Այս ձեւով, հայերէն իմացող սերունդը կը նօսրանայ: Ասոնք նորութիւններ չեն։ Բան մը արդարացնելու ճիգ մըն ալ չէ այս մէկը: Կեանքին եւ նպատակին հանդէպ լաւատեսութիւն ունենալը մեծ բարենիշ մըն է: Բայց ինչ ալ ընենք, չենք կրնար օտարացման առաջքը առնել, անոր համար ալ՝ մշակոյթին կը կառչինք։ Մեր նոր սերունդին՝ հայ գիրքի հանդէպ սէրը փոխանցելու, հայ գիրքը փրկելու եւ այդ ձեւով ալ հայ մշակոյթի դաշտին մէջ վարուցան ընելու պարտականութիւնը նախ հայ ծնողքին եւ ապա հայ վարժարանին եւ ապրող ու շնչող հայ մշակութային միութիւններու պարտականութեան ծիրէն ներս կ՚իյնայ անպայման։ Էական է, ներկայ նոր սերունդներուն գիրք կարդալու սէրը փոխանցել, առանց որուն հայ մշակոյթը կրնայ օր մը խամրիլ եւ հայ ինքնութիւնն ալ անոր հետ եւ կողքին՝ կորսուիլ։ Ու այս մէկը յանձնառութիւն է։

Հայը նախ պէտք է հայօրէն ապրի իր տան մէջ, ապա՝ իր յաճախած դպրոցէն եւ իր պատկանած հայ կեդրոնէն ներս։

Լեզուի հրապոյրն ու գեղեցկութիւնը այլեւս շատ քիչերը գիտեն։ Սերունդներուն ազգակերտ շաղախներ է պէտք։ Եւ ահա հայ գիրքն ու իր առաքելութիւնը։

Բայց... Ո՞վ պիտի փրկէ հայ գիրքը։ Ո՞վ պիտի ապահովէ անոր տարածումը։ Ո՞վ պիտի քաջալերէ եւ գնահատէ զայն, կատարելով ժողովրդական լայն խաւերուն հասցնելու պարտականութիւնը։

Ու ամէն անգամուան նման բացագանչելով կը կըրկ-նեմ, նեցուկ կանգնիլ հայ գիրքին։ Ընթերցել եւ զայն տարածել։ Այս կը նշանակէ, բարգաւաճ պահել հայ միտքը։ Այլապէս՝ կը խամրի մեր գրականութիւնը, կ՚այլասերի ժողովուրդը եւ կը գունաթափուի անոր ինքնութիւնը:

Իսկ աւելին՝ դուք ինձմէ լաւ գիտէ՛ք։ Եւ եթէ տեղեակ չէք..., անէ՛ծք սատանային:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023