ԱՐԿԱԾԻ ՄՇՈՒՇԷՆ ԱՆԴԻՆ
Իրօք ի՞նչ զարգացումներու սպասել Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ողբերգական մահէն ետք։ Փուլ մը, որ լեփլեցուն է վերիվայրումներով, պիտի շարունակէ այդ երկրէն ու անոր իշխանութիւններէն յաւելեալ մեծ ճիգեր՝ պահպանելու համար թէ՛ ներքին կայունութիւնը եւ թէ արտաքին ճակատին վրայ աւելի յստակութիւն։
Չմոռնանք, որ ամենէն առաջ Իրանն ունի տնտեսական ահռելի վիճակ մը, որուն մասին թէեւ միշտ չի բարձրաձայնուիր, բայց եւ այնպէս, յստակ է, որ այդ բարդութիւնները թողած են իրենց ազդեցութիւնները երկրի բազմաշերտ հասարակութեան վրայ։ Տնտեսական ծանր կացութիւնը կրնայ ամէն պահ պայթիւնավտանգ վիճակ մը ստեղծել երկրին մէջ։
Ուրեմն, նոր ընտրուելիք նախագահի ուսերուն վրայ դրուելիք առաջին խնդիրը պիտի ըլլայ երկրի տնտեսական վիճակի բարելաւումը։ Անշուշտ, սա կապուած չէ միայն ներքին տինամիքներուն հետ, այլեւ կը պայմանաւորուի արտաքին ազդակներով։
Երկրորդ ու կարեւոր խնդիր մըն է, թէ Իրանի նոր ձեւաւորուելիք իշխանութիւնները՝ յատկապէս նոր նախագահի թեկնածուները ինչպիսի՞ տեսակէտներ ու մօտեցումներ պիտի արտայայտեն Միջին Արեւելքի թղթածրարներուն վերաբերեալ։ Արդարեւ, այդ բոլորը շատ էական դեր պիտի ունենայ, որովհետեւ Իրանի ընտրազանգուածը պիտի կողմնորոշուի թեկնածուներու տեսակէտներուն վրայ յենուելով։
Երրորդ եւ ամենահիմնական թղթածրարը, որ պիտի գտնուի Իրանի նոր նախագահի սեղանին վրայ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ խիստ կարեւոր բանակցութիւններու հարցն է։ Այս կէտէն շատ բան կախեալ է, թէ Իրան ի՞նչ հունով պիտի շարունակէ ընթանալ։
Ի հարկէ, այս թղթածրարներէն իւրաքանչիւրն ունի առանձնայատկութիւններ, սակայն, աւելի քան պարզ է, որ այս փուլին Իրանի նոր նախագահը շատ ժամանակ պիտի չունենայ իր դիրքորոշումները յստակեցնելու համար։
Մինչ Իրան ներքնապէս եւ բաւական գաղտնախորհուրդ պայմաններու տակ արիւնաքամ կը դառնայ, անդին իրերայաջորդ նախագահները (մանաւանդ Շէյխ Հասան Ռուհանիի տապալումէն ետք) ընթացք տուին աւելի մարտաշունչ գործունէութեան մը, որ տարածաշրջանն ամբողջութեամբ դարձուց վառօդի տակառի մը։ Ու այս կէտէն սկսեալ կը բացուի մեծ հարցադրումներու եզրափուլ մը, որ կրնայ ուրուագծել լուծումներու կամ բախումներու նոր ընդհանուր փուլ մը։
Շատ հաւանական է՝ Իրան ընտրէ միջին լուծումներու, միջին մօտեցումներու հետամուտ նախագահ մը, որ պիտի կարողանայ պատասխան տալ այն հարցադրումներուն, որոնք վերջին շրջանին լսելի կը դառնան ամենատարբեր հարթակներու վրայ։ Սպասենք…
ԱՐԱԳԸՆԹԱՑ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ողբերգական էջ մը եւս աւելցաւ Իրանի արդի տարեգրութեանց վրայ։ Արկածահար եղաւ երկրի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ իր հետ էին արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ այլ դէմքեր։ Իրանի մէջ համազգային հնգօրեայ սուգ հռչակուեցաւ։
Ռայիսի անցեալ շաբաթավերջին՝ մայիսի 19-ին, աշխատանքային կարճ այց մը տուած էր Իրան-Ատրպէյճան սահմանը, ուր ներկայ եղած էր Ատրպէյճանի հետ միացեալ ճիգերով ջրամբարի մը կառուցման հիմնարկէքի արարողութեան։ Ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որու հետ կարճ հանդիպումէ մը ետք նախագահը ուղղուած էր դէպի Թաւրիզ։
Իրանի նախագահին ուղղաթիռը ստիպողաբար «կոշտ վայրէջք» կատարած էր Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ։ Այս պատճառով ուղղաթիռի անձնակազմն ու բոլոր ուղեւորները զոհուեցան՝ ներառեալ Ռայիսին եւ Ապտուլլահիանը։ Երկար ժամերու որոնումներէ ետք, 20 մայիսի առաւօտուն յայտնաբերուեցաւ այն ուղղաթիռը, որ կը փոխադրէր Ռայիսին։ Նշուեցաւ, որ ուղղաթիռը ջախջախուած էր եւ անոր մէջ հրդեհ ծագած։
Երկար ժամերով անհետացած եւ զննող ռատարներու ուղեծիրէն հեռու մնացած այս ուղղաթիռը, ըստ Իրանի աղբիւրներուն, ինկած էր կլիմայական ծանր պայմաններու, մէգի եւ մառախուղի հետեւանքով։ Ըստ մասնագէտներու, նախագահի ուղղաթիռը անհետացած էր թռիչքէն ճիշդ կէս ժամ անց ու երկարատեւ որոնումներէ ետք յայտնաբերուած էր 20 մայիսի առաւօտուն, անոր մէջ կեանքի որեւէ հետք չէր մնացած։ Որոնման աշխատանքներուն մասնակցած էին նախ Իրանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան խումբերը, որոնց ապա միացած էին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կողմէ փրկարարներ։
Բօթի տարածումէն անմիջապէս ետք, Իրանի նախագահի լիազօրութիւնները երկու ամիսով փոխանցուեցան Ռայիսիի առաջին տեղակալ Մուհամմէտ Մուհպիրին՝ ըստ երկրի Սահմանադրութեան։ Մինչ այդ, Իրանի կառավարութիւնը վստահեցուց, որ նախագահ Ռայիսիի մահը նախարարներու գրասենեակի աշխատանքի խափանումներու պատճառ պիտի չդառնայ։
Այժմ Մուհպիր ստանձնած է երկրի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ երկու ամիսներուն համար, մինչ՝ նոր նախագահի ընտրութեան թուականն ալ ճշդուած է։ Ըստ Իրանի Սահմանադրութեան՝ նախագահի առաջին տեղակալը, խորհրդարանի նախագահն ու դատական համակարգի ղեկավարը կը ձեւաւորեն խորհուրդ մը, որ առաւելագոյնը յիսուն օրուան ընթացքին պէտք է կազմակերպէ նոր նախագահի ընտրութիւնը։ Մուհպիր ստեղծած է նաեւ վեց յատուկ կոմիտէ՝ յառաջիկայ շաբաթներուն երկիրը կառավարելու համար։
Բնականաբար շատ գրուեցաւ ու տակաւին ալ պիտի գրուի Ռայիսիի ուղղաթիռի անկման ու կործանման մասին։ Անթիւ անհամար վարկածներ, տեսութիւններ ու վերլուծութիւններ, բայց, հարկ է հաշուի նստիլ միայն ստուգուած տուեալներու հետ։
Ի դէպ, դէպքին մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ հաղորդած է Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կուլամ Հիւսէյին Էսմայիլի, որուն կողմէ լսելի դարձուած վարկածը տարածուած է երկրի բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ։ Բարձրաստիճան պաշտօնատարը բացատրած է, թէ ինչպէ՞ս պատահած է ուղղաթիռի արկածը։
«Թռիչքի ընթացքին եղանակը պարզ էր, օդերեւութաբանական էական երեւոյթներ չէին նկատուած։ Թռիչքէն կէս ժամ ետք հանքին յարած հովիտին մէջ ամպամած տարածք մը յայտնուեցաւ։ Ուղղաթիռը սկսաւ ամպերէն վեր բարձրանալ: Նախագահի ուղղաթիռը կեդրոնն էր։ Երբ ամպերէն վեր բարձրացանք, 30 վայրկեան յետոյ հասկցանք, որ նախագահի ուղղաթիռը չկայ։ Օդաչուն ետ դարձաւ՝ ենթադրելով, որ նախագահի ուղղաթիռի օդաչուն արտակարգ վայրէջք կրնայ կատարած ըլլալ, որովհետեւ անոր հետ ռատիոյի կապը կտրած էր։ Մենք քանի մը անգամ շրջեցանք տարածքով, բայց ոչինչ գտանք, ուստի հարկադրուած վայրէջք կատարեցինք հանքի տարածքը։ Բջջային հեռախօսով փորձեցինք կապ հաստատել նախագահի ընկերակիցներուն հետ՝ զօրավար Ռազի Մուսավիի, Ամիր Ապտուլլահիանի, նահանգապետին եւ իմամին հետ, բայց ոչ ոք պատասխանեց։ Օդաչուն հեռախօսով կապ հաստատեց Այէթուլլահ Ալ Հաշեմի հետ, որ ըսած էր, թէ վատ կը զգար եւ ինկած էր ձորը։ Զանգեցի՝ ան ըսաւ, որ ինքն իրեն վատ կը զգայ, չի գիտեր, թէ ի՛նչ եղած է եւ ո՛ւր է, ոեւէ մէկը չէ տեսած եւ մինակ է։ Պարզ դարձաւ, որ ուղղաթիռը արկածի ենթարկուած է։ Այէթուլլահ Ալ Հաշեմի հետ ես խօսած եմ 3-4 անգամ եւ այլ գործընկերներ նոյնպէս յաճախ կապուած են իր հետ: Այէթուլլահ Ալ Հաշեմ հեռախօսին պատասխանած է աղէտէն յետոյ 3-4 ժամուան ընթացքին։ Միւս զոհերու մարմինները յայտնաբերելէ յետոյ պարզ դարձաւ, որ անոնք մահացած են արկածէն անմիջապէս յետոյ», ըսած է Կուլամ Հիւսէյին Էսմայիլի։
Լուրը առաջին անգամ տուած է «Sadavasioma» լրատուական գործակալութիւնը։
Իրանի իրադարձութիւններու լոյսին տակ, եթէ արագօրէն վերյիշենք անցեալը՝ Իսլամական յեղափոխութեան յաջորդած տասնամեակներուն կտրուածքով, ապա կը նկատենք, որ երկրի նախագահական աթոռը արդէն երրորդ անգամ թափուր մնացած է։
Առաջին անգամ այս բանը պատահած էր 1981 թուականի յունիսին, երբ երկրի Խորհրդատուներու ժողովը (Մեճլիս ալ Շուրա) պաշտօնանկ ըրած էր նախագահ Ապու Ալ Հասան Պանի Սատըրը՝ առարկելով, որ ան քաղաքական «բաւարար տուեալներ» չունէր վարելու համար այդ պաշտօնը։ Նախագահական աթոռի թափուր մնալու երկրորդ պարագան դարձեալ նոյն տարուան՝ 1981 թուականի օգոստոսին էր, երբ մահափորձի զոհ գնաց նախագահ Մուհամմէտ Ալի Ռաժա՝ ական-պայուսակի մը պայթումին հետեւանքով։ Երրորդ պարագան է արդէն Շէյխ Իպրահիմ Ռայիսիի մահը։ Ինչպէս նախորդ անգամներուն, այս անգամ եւս Իրան կը դիմէ Սահմանադրութեան՝ լրացնելու համար յառաջացած բացը։
Այժմ, երբ Մուհամմէտ Մուհպիր ստանձնած է երկրի ղեկը, կը մնայ սպասել երկրի կրօնապետին՝ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի հաւանութեան։ Ըստ Սահմանադրութեան 131-րդ կէտին՝ Խամանէյի հաւանութենէն վերջ պիտի սկսի գործել այն յատուկ խորհուրդը, որ ի կատար պիտի ածէ ընտրական գործընթացը։ Բացի Մուհպիրէն, այդ խորհուրդին մաս պիտի կազմեն խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաքէր Քալիպաֆ եւ բարձրագոյն ատեանի նախագահ Կուլամ Հիւսէյին Մուհսէնի Իժի։ Այս մարմնի աշխատանքին հիման վրայ արտահերթ ընտրութեան գործընթացը պիտի շարունակուի ու երկիրը պիտի ունենայ նոր նախագահը։
Ի հարկէ, շատ վաղ է նախագահական թեկնածուներու մասին խօսիլը, սակայն, յստակ է՝ յառաջիկայ օրերը Իրանի համար պիտի դառնան նոր փորձառութիւններ կուտակելու առիթ, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներ դիմակայելու ժամանակաշրջան։
Իրանի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են յունիսի 28-ին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան