ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԽՈՒՐ ՕՐԻՆԱԿԸ

Օ­րեր ա­ռաջ իր լրու­մին հա­սաւ Ի­րա­քի Մու­սուլ քա­ղա­քի ՏԱ­ՀԷՇ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ գրաւ­ման երկ­րորդ տա­րին: Մինչ ի­րա­քեան բա­նա­կը կը յայ­տա­րա­րէր Ֆալ­լու­ժան այդ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման ճի­րան­նե­րէն ա­զա­տագ­րե­լու մա­սին լու­րը, Ի­րա­քի Վար­չա­պետ Հայ­տար Ա­պա­տի մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տա­լով կը վստա­հեց­նէր, որ ի­րա­քեան բա­նա­կը կը պատ­րաս­տուի «ար­շա­ւե­լ» դէ­պի Մու­սուլ: Ա­պա­տի, որ հա­ւա­նա­բար ա­պա­հո­վա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով չէր խօ­սեր գրո­հի ժամ­կէ­տին մա­սին՝ կը վստա­հեց­նէր, թէ ներ­կայ 2016 թուա­կա­նի ա­ւար­տին Մու­սու­լը պի­տի յայ­տա­րա­րուի ՏԱ­ՀԷՇ-էն ա­զա­տագ­րուած տա­րածք: Խոր­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ի­րաք­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու մը կը խօ­սէր Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման մա­սին, բայց եւ այն­պէս այդ խօս­քե­րը լրջու­թեամբ չէին ըն­կա­լուեր, մա­նա­ւանդ, որ նախ­քան Մու­սու­լի ա­զա­տագ­րու­մը կա­յին շատ այլ շրջան­ներ, ինչ­պի­սին էր Ֆալ­լու­ժան, ա­ռանց ո­րոնց անհ­նար է Մու­սուլ հաս­նիլ:

Երբ Մու­սու­լի մա­սին կը խօ­սուի, մեր մտքե­րուն մէջ կը ծա­գի այն­տե­ղի հա­յե­րու պա­րա­գան: Նախ­քան ՏԱ­ՀԷՇ-ի այդ շրջան մուտք գոր­ծե­լը Մու­սու­լի մէջ կ­­՚ապ­րէին բազ­մա­թիւ հայ ըն­տա­նիք­ներ: Կը գոր­ծէին եր­կու Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ տե­ղւոյն հա­յու­թիւ­նը կը վա­րէր բա­րե­կե­ցիկ կեանք մը: Ըստ Ի­րա­քի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր Սար­գիս Քո­չու­նեա­նին, ի­րենց ու­նե­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Մու­սու­լէն տե­ղա­հա­նուած հա­յու­թիւ­նը այ­սօ­րուան դրու­թեամբ կը գտնուի Զա­խօ, Էր­պիլ, Հաւ­րէզք եւ Աւզ­րուկ ա­ւան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մայ­րա­քա­ղաք Պաղ­տա­տի մէջ: Քո­չու­նեան, որ խօ­սած է «Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջին՝ ը­սած է, թէ ի­րենց տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով Մու­սու­լի եր­կու հայ­կա­կան եկեղե­ցի­նե­րը ներ­կա­յիս կան­գուն են եւ կը գտնուին ՏԱ­ՀԷՇ-ի ձեռ­քը եւ կը գոր­ծա­ծուին այլ նպա­տակ­նե­րով: Քո­չու­նեան նշած է, որ Մու­սու­լէն տե­ղա­հա­նուած հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի եօ­թա­նա­սու­նի: Ըստ, ա­նոր Պաղ­տա­տի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­ռաջ­նորդ  Տ. Ա­ւագ Արք. Ա­սա­տու­րեա­նի, օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ  կը տրա­մադ­րէ այդ  ըն­տա­նիք­նե­րուն: Քո­չու­նեան նկա­տել տուած է, որ Մու­սու­լի հա­յե­րը, նախ­քան այդ ծանր  դէպ­քե­րը, ե­ղած են ինք­նա­բաւ եւ վա­րած են բա­րե­կե­ցիկ կեանք: «Երբ Մու­սու­լի հա­յե­րուն մա­սին կը խօ­սուի, բո­լո­րը կը վկա­յեն, թէ ա­նոնք ու­նե­ւոր եւ տնտե­սա­պէս բար­ւոք կեանք մը կը վա­րէին ու ոչ ոք կը սպա­սէր, թէ ա­նոնք մէկ օ­րուան մէջ ստի­պուած ըլ­լան լքել ի­րենց տու­նե­րն ու կա­լուած­նե­րը եւ հե­ռա­նալ շրջա­նէ­ն»: Քո­չու­նեան նաեւ վկա­յած է, որ  վեր­ջերս Էր­պի­լի  մէջ վախ­ճա­նած Տ. Ա­ռա­քել Քհնյ. Գաս­պա­րեա­նի ճի­գե­րուն  շնոր­հիւ  էր, որ մու­սուլ­ցի  հա­յե­րը կա­րո­ղա­ցան ա­պա­հով կեր­պով դուրս գալ քա­ղա­քէն, մինչ հա­զա­րա­ւոր քրիս­տո­նեա­ներ եւ այլ հա­մայն­քի ան­դամ քա­ղա­քա­ցի­ներ զոհ դար­ձան եւ սպան­նուե­ցան ՏԱ­ՀԷՇ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման  ձե­ռամբ:

Այս բո­լոր տուեալ­նե­րէն ան­դին ի­րա­քա­հայ պատ­կան մար­մին­ներ մեծ տա­րա­կու­սան­քով կը խօ­սին Մու­սու­լի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք հա­յու­թեան այդ շրջան­ներ վե­րա­դառ­նա­լուն մա­սին: Նոյն Քո­չու­նեան հարց կու տայ՝ «Կը դժուա­րա­նամ ը­սել, որ ե՞րբ կ՚ա­զա­տագ­րուի Մու­սու­լը, բայց եւ այն­պէս յստակ է, որ ան­ցեա­լին հոն ապ­րող մեր եղ­բայր­նե­րը պի­տի չու­զեն Մու­սուլ վե­րա­դառ­նա­լ»:

Աս­կէ շուրջ տա­րի մը ա­ռաջ էր, երբ մաս­նա­ւո­րա­պէս Ի­րա­քի Քիւր­տիս­տա­նի շրջան­նե­րուն մէջ հաս­տա­տուած մու­սուլ­ցի­նե­րու կա­րե­ւոր մէկ տո­կո­սը փա­փաք յայտ­նած էր Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուիլ: Այդ ա­ռու­մով ա­նոնք դի­մած էին Ի­րա­քի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տուն, բայց խնդի­րը մնա­ցած էր միայն պաշ­տօ­նա­կան խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ: Մու­սուլ­ցի­նե­րը, որ մութ գի­շե­րուան մը մէջ Տ. Ա­ռա­քել Քհնյ. Գաս­պա­րեա­նին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ փա­խուստ տուած էին քա­ղա­քէն, նոյ­նիսկ չէին կրցած ի­րենց ա­մե­նէն տար­րա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը վերց­նել: Ու այդ պատ­ճա­ռով էր նաեւ, որ Հա­յաս­տան եր­թա­լը կը դառ­նար ան­կա­րե­լիու­թիւն մը:

Ներ­կա­յիս ա­նոնք կը վա­րեն գաղ­թա­կա­նի կեանք: Ա­նոնց­մէ շա­տե­րը գտած են աշ­խա­տանք եւ հաս­տա­տուած այդ շրջան­նե­րուն մէջ: Այլ գետ­նի վրայ քիչ չէ թի­ւը այն հա­յոր­դի­նե­րուն, ո­րոնք դի­մած են ՄԱԿ-ի գաղ­թա­կան­նե­րու գրա­սե­նեակ ու ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն ի­րենց հեր­թին հե­ռա­նա­լու դէ­պի Եւ­րո­պա եւ Ա­մե­րի­կա­ներ:

Ինչ ալ ըլ­լան յա­ռա­ջի­կա­յի զար­գա­ցում­նե­րը, բա­ցա­յայտ է, որ հա­յու­թիւ­նը պի­տի կորսնց­նէ Մու­սու­լի հայ­կա­կան հա­մայն­քը:

Այս մէ­կը են­թա­կա­յա­կան մօ­տե­ցում մը չէ, այլ մեր այ­սօ­րուան ապ­րած ի­րա­կա­նու­թե­նէն դառն պա­տա­ռիկ մը:

Դժբախ­տու­թիւ­նը միայն Մու­սու­լին չի վե­րա­բե­րիր, ո­րով­հե­տեւ նոյն ծանր վի­ճա­կին կրնան մատ­նուիլ Ի­րա­քի այլ քա­ղաք­նե­րուն մէջ մին­չեւ այս պա­հը ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը: Ի­րա­քի մէջ ծա­ւա­լած պա­տե­րազմ­նե­րը կրնան եր­կար շա­րու­նա­կուիլ, պարզ ա­նոր հա­մար, որ այդ երկ­րին, ինչ­պէս նաեւ Սու­րիոյ հա­մար քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու ծրա­գիր մը չկայ սե­ղա­նին վրայ:

Սիւն­նի, շիի եւ քիւրտ հա­մայն­քե­րու «տար­րա­լու­ծա­րա­ն­»ը հա­մա­րուող Ի­րա­քը անց­նող տա­րի­նե­րուն «ա­րեան բաղ­նի­ք» դար­ձաւ: Եւ այս հա­մայնք­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը կը մա­քա­ռի յա­նուն իր շա­հե­րուն:

Քիւր­տիս­տան, որ կը գտնուի հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու տակ եւ կը վա­յե­լէ ա­մե­րի­կեան բա­ցա­յայտ հո­վա­նին, կը խօ­սի տագ­նա­պին բա­ժա­նու­մի ճա­նա­պար­հով լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջար­կով:

Այս ա­ռու­մով ու­շագ­րաւ էր Քիւր­տիս­տա­նի ղե­կա­վար Մե­սուտ Պա­ր­­զա­նիի որդ­ւոյն՝ Մես­րուր Պա­ր­­զա­նիի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ուր ան ա­ռանց երկմ­տան­քի կը խօ­սէր Ի­րա­քը ե­րեք բա­ժին­նե­րու բաժ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին: Մես­րուր Պա­ր­­զա­նիի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք, մաս­նա­ւո­րա­պէս սիւն­նի ղե­կա­վար­նե­րը կը մեր­ժէին նման ա­ռա­ջարկ ու կը հա­ւաս­տէին, որ ի­րենց հա­մար Ի­րա­քը ան­բա­ժա­նե­լի եր­կիր է ու ի­րենք պի­տի պայ­քա­րին Ի­րա­քի մաս­նատ­ման դէմ: Նոյնն է պատ­կե­րը սու­րիա­կան հո­ղին վրայ, ուր մէ­կէ ա­ւե­լի հա­մայնք­ներ տար­բեր պայ­ման­նե­րու տակ նոյն­պէս կը խօ­սին հա­ւա­նա­կան բա­ժա­նում­նե­րու շուրջ:

Այս բո­լո­րին դի­մաց ու մա­նա­ւանդ Ի­րա­քի պա­րա­գա­յին մե­ծա­գոյն խօսք ու­նե­ցո­ղը Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներն է: Ճիշդ է, որ Ի­րա­քի, ու մա­նա­ւանդ շիի հան­րու­թեան մէջ քիչ չէ Թեհ­րա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը, բայց եւ այն­պէս Ռիատ-Ան­գա­րա-Ո­ւա­շին­կըթն ե­ռեա­կին առ­ջեւ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Թեհ­րան եւս ըն­դու­նի նոր ա­ռա­ջար­կուած ձե­ւա­չափ մը: Այդ ձե­ւա­չա­փին ա­ռա­ջին ազ­դան­շան­նե­րը ե­րե­ւե­լի սկսած են դառ­նալ Ֆալ­լու­ժա­յի մէջ ու այդ մեծ նա­հան­գին գրա­ւու­մը պէտք է հա­մա­րել նոր պատ­րաս­տուած ծրագ­րի մը նա­խաս­կիզ­բը:

Ե­թէ ի­րա­քեան բա­նա­կը շա­րու­նա­կէ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կել իր սկսած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ու չտա­րուի ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով, ա­պա յստակ կը դառ­նայ, որ Ի­րա­քի հա­մար նոր փուլ մը սկսած է:

Այդ ծրա­գի­րը ան­պայ­ման չի նշա­նա­կեր, որ Ի­րաք պի­տի չմաս­նա­տուի, բայց հասկ­նա­լի կը դառ­նայ, որ ա­րիւ­նա­հեղ դար­ձած այս երկ­րին մէջ քա­ղա­քա­կան նոր գոր­ծըն­թաց­ներ սկիզբ պի­տի առ­նեն:

Կա­ռա­վար­ման ա­ռա­ջարկ­նե­րուն մէջ ա­մե­նէն հա­ւա­նա­կա­նը կը հա­մա­րուի հա­մա­դաշ­նա­յին դրու­թեամբ (քոն­ֆե­տե­րալ) կա­ռա­վա­րուող Ի­րաք մը, ո­րուն մէջ հա­ւա­սա­րա­զօր ի­րա­ւունք­նե­րով գոր­ծող ե­րեք դաշ­նա­յին  տա­րածք­ներ պի­տի ըլ­լան ու ա­նոնք պի­տի բաժ­նուին՝ սիւն­նի­նե­րու, շիի­նե­րու եւ քիւր­տե­րու մի­ջեւ:

Այս բա­ժա­նում­նե­րուն մէջ առ­հա­սա­րակ քրիս­տո­նեա­նե­րու, ե­զի­տի­նե­րու, ա­սո­րի­նե­րու, գաղ­թէա­ցի­նե­րու, մա­րո­նի­նե­րու եւ հա­յե­րու հա­շիւ չի կա­տա­րուիր: Ու այս բո­լո­րէն ան­դին բնա­կան է, որ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ի­րենք զի­րենք ան­պաշտ­պան զգա­լով պի­տի ու­զեն վայր­կեան ա­ռաջ հե­ռա­նալ այդ շրջան­նե­րէն:

Հա­յու­թիւ­նը մե­ծա­պէս տու­ժեց Ի­րա­քի մէջ: Տնտե­սա­կան մեծ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նե­ցող այդ հա­մայն­քը այ­սօր կը կոտ­տայ ցա­ւին ու տա­ռա­պան­քին առ­ջեւ: Մտա­հո­գիչ է նաեւ, որ հա­յու­թիւ­նը իր տար­բեր թե­ւե­րով եւ քա­ղա­քա­կան ու ազ­գա­յին բա­ժա­նում­նե­րով ի­րա­քա­հա­յու­թեան հա­մար լուրջ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրա­գիր­ներ չու­նե­ցաւ: Հա­զա­րա­ւոր ի­րա­քա­հա­յեր, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի ա­մե­նէն թէժ օ­րե­րուն ստի­պուած ե­ղան Ե­րե­ւան հաս­տա­տուիլ, այ­սօր չդի­մա­նա­լով Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն՝ հե­ռա­ցան ու հա­սան հե­ռու ա­փեր:

Ի­րա­քա­հա­յու­թեան ապ­րած ո­դի­սա­կա­նը դաս չե­ղաւ հա­յու­թեան: Այ­սօր նոյն ճա­կա­տագ­րին կրնան են­թար­կուիլ սու­րիա­հա­յե­րը, ո­րոնք տար­բեր (յա­ճախ հա­մո­զիչ եւ յա­ճախ ան­տե­ղի) պատ­ճառ­նե­րով նոյն­պէս կը հե­ռա­նան Հա­յաս­տա­նէն:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­րիւ­նով գծուող քար­տէս­նե­րուն մէջ հա­յու­թիւ­նը վճա­րեց թանկ գին: Հա­յու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ նօս­րա­ցաւ: Սա յո­ռե­տե­սա­կան մօ­տե­ցում մը չէ, այլ տուեալ­նե­րու վրայ հիմ­նուած խօսք: Ու այս բո­լո­րին դի­մաց հա­մա­հայ­կա­կան ծրագ­րի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր կը դարձ­նէ ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին մա­սին մտա­ծե­լը միայն քա­րո­զա­խօ­սա­կան կամ դրա­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րով չ՚ըլ­լար, այլ հա­մո­զիչ, ա­պա­հով եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրա­գիր­նե­րով: Ներ­կա­յիս ծրագ­րի մա­սին խօ­սող­ներ չկան ու պարզ է, որ այ­սօ­րուան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը կրնայ վա­ղը շատ ա­ւե­լի մոխ­րա­գոյն եւ ան­յոյս ըլ­լալ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016