Օֆելիա Համբարձումեան
91 տարեկանին, վերջերս, մեզմէ հեռացաւ հայ երգի թագուհին՝ Օֆելիա Համբարձումեանը:
Վերջին տարիներուն սիրուած երգչուհին ալ չէր մտածեր բեմ բարձրանալու մասին. ան ունէր իր այգին՝ ծիրանենիներով, տունը՝ բնութեան գիրկին մէջ, սակայն «միայնակ» կը զգար…
«Երանի անոնց, որոնք կ՚ապրին իրենց սկիզբն ու վերջը, իսկ ես միայնակ եմ», յայտնած էր երգչուհին իր մասին պատմող «Օֆելիա» ժապաւէնի վերջաւորութեան:
Առիթով մը, ժողովրդական արուեստագիտուհին յայտնած է, որ այլեւս չի փափաքիր բեմ վերադառնալ, քանի որ համերգի մասին լսելով՝ անմիջապէս կը յուզուի:
«Հնարաւոր է վերադառնամ, բայց ես չեմ փափաքիր, բաւ է. եօթանասուն տարին քիչ չէ: Արդէն յոգնած եմ, կը լսեմ համերգի անունը, կը յուզուիմ: Բոլորը այդպէս չեն, հիմակուան երախաները թռվռալով կու գան բեմ, բայց ես երբ բեմի անուն լսեմ՝ լալս կու գայ», խոստովանած է երգչուհին:
«Ինծի Համար Առաջնայինը Երգն Է»
Օֆելիա Համբարձումեան կ՚ըսէր, որ ձայնը ժառանգած է մօրմէն եւ ինք ալ իր կարգին փոխանցած է իր աղջկան: Մանկութիւնը անցուցած է երգով, նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն երգած է զինուորներուն համար:
Երգչուհին խոստովանած է, որ ինք ընտանիքին նուիրուած անձ է, բայց իրեն համար առաջնայինը երգը եղած է: Պատահած է, որ ընտանիքը ճաշ չէ ունեցած, բայց ինք փորձի գացած է…
Զաւակներուն՝ Տաթեւիկին եւ Յովհաննէսին համար Օֆելիան ոչ խիստ մայր եղած է, նոյնիսկ անգամ մը դպրոց գացած է եւ՝ խնդրած, որ դասերուն ուշ սկսին, որպէսզի Տաթեւիկը աւելի երկար քնանայ…
Հարուստ Երգացանկ
Օֆելիա Համբարձումեանի երգացանկը կ՚ընդգրկէր առաւելաբար գուսանական եւ աշուղական երգեր:
Անոր երգացանկէն անպակաս էին Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները՝ «Ես կանչում եմ Լալային», «Չկայ քիզի նման», եւ այլն…
Աշուղներ՝ Հաւասիի, Աշոտի եւ Շահէնի ստեղծագործութիւններէն շատերու առաջին կատարողը Օֆելիան եղած է: Աշուղ Աշոտը խոստովանած է, որ «Օճախում», «Դու ծաղկավառ Զանգեզուրի» եւ շարք մը այլ երգեր յօրինած է յատկապէս Օֆելիային համար:
Շահէնն ալ իր «Էլինար» պոէմը գրած է Օֆելիային համար՝ «ամէն ինչ կառուցելով երգչուհիին ձայնական իւրայատկութիւններուն վրայ»:
Առիթով մը Օֆելիա ափսոսանք յայտ-նած է, որ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանները յաճախ չեն սփռեր իր երգերը, որոնք կ՚ոգեշնչեն եւ կ՚ապրեցնեն հայրենիքէն հեռու գտնը-ւող հայերը:
Սիրուած երգչուհին ելոյթներ ունեցած է՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: 2011-ին արժանացած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքա-նըշանին՝ հայ երգարուեստին մատուցած ծառայութիւններուն համար:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Ազդակ»
Հարթակ
- 11/22/2024