«ՄԱՄՈՒԼ» ԵՒ ՄԵՆՔ
«Մամուլ» եւ մենք՝ ծերացած մոլորակի բնակիչներ՝ բոլոր միջօրէականներու եւ զուգահեռականներու, կարեւորներ եւ շարքայիններ, ղեկավարներ եւ մի ոմն lamda քաղաքացիներ:
Ամէն օր, որ կ՚անցնի, կը շեշտուին լայն առումով «մամուլ»ի դերը եւ ազդեցութիւնը ընկերային-քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, լրատուամիջոցը ըլլայ՝ դասական տպագիր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, ելեկտրոնային-համացանցային:
Ազատութիւն, այլազանութիւն, չարախօսութիւն, որակ եւ անորակ՝ կը գոյակցին խառնիճաղանճային կացութեան մը մէջ, յաճախ շուարումի կը մատնեն քաղաքացին, ընտրողը, գնողը, թոշակառուն կամ տանտիկինը: Այսինքն սկզբունքային օգտակար իրատեսութեան կողքին կը գտնենք՝ շահախնդրութիւնը, քարոզչութիւնը, աննպատակ ցնցողը եւ ուշագրաւը:
«Մամուլի դեր»ի մասին ո՛չ առաջին եւ ո՛չ ալ վերջին կարծիք յայտնողը պիտի ըլլամ: Մէկ բան որոշ է. ներկայ դրութեամբ հանրային ծառայութեան իր իրաւ կոչումէն հեռանալու մնայուն փորձութեան ենթակայ է «մամուլ»ի մէկ թեւը՝ դեռ հասկնալի թիւրէն եւ թերիէն անդին, գիտակցաբար շահախնդրութիւններու եւ կողմնակալութիւններու տիղմին մէջ խրելու համար:
Այս հարցով ֆրանսացի մեծ գրողը՝ Ալպեր Քամիւ հետաքրքրական միտքեր յայտնած է, որոնք մտածելու պէտք է մղեն ընթերցողը, ձայնասփիւռի լսողը եւ հեռատեսիլի դիտողը, նաեւ՝ նոյնինքն մամուլի աշխատաւորները: Առանց լուսաբանուելու եւ մտածելու, ինչ որ կը քարոզենք որպէս ազատութիւններ եւ ժողովրդավարութիւն, կը դառնան փուչիկ: Մեր նմանները կը խաբենք, կամ ուրիշներ մեզ կը խաբեն՝ հաւասարութեան եւ ազատութեան կրկներեւոյթին մառախուղին մէջ:
Իմաստուն դատումներու եւ միտքերու հետ հաղորդուելով՝ կրնանք մեր ճամբան աւելի լաւ լուսաւորել, իրատես ըլլալ, մենք մեզի խնայել սխալելու տխրութիւնը: Քայլ մըն ալ անդին երթալով՝ մեր հաւասարները եւ հեռուի ու մօտի բարեկամները եւ նուազ բարեկամները կրնանք լուսաբանել: Այս ընթացքը հանրային դաստիարակութիւն է, յառաջդիմութեան ազդակ, թերեւս նաեւ՝ խաղաղութեան:
Կ՚ուզեմ խորհրդածել՝ ընթերցողն ալ հրաւիրելով նոյնը ընելու, Ալպեր Քամիւի երկու միտքերուն շուրջ: Ան մեր օրերու «մամուլ»ի «ազատութեան», անիշխանութեան եւ խառնիճաղաճանճային պատկերը չէր տեսած, բայց իրաւ իմաստունի պէս նախազգացած էր:
Կ՚ըսէ. «Թերթ մը ազգի մը խիղճն է»:
Թերթը պէտք է հասկնալ «մամուլ»՝ իր բոլոր արտայայտութիւններով:
Այս խիտ տարազումը կարելի է ընդհանրացնել եւ ըսել, որ թերթը մարդու խիղճի արտայայտութիւնն է պատմութիւն հիւսող անմիջական ներկայ ժամանակին մէջ, ուր կան՝ մարդը, ազգը, ընկերութիւնը, հեռուի եւ մօտի միւս ժողովուրդները, ներառեալ՝ կրօնները, կուսակցութիւնները, պետութիւնները, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք թերթ կը հրատարակեն, որոնք կը ձգտին լուսաբանել կամ առաջնորդել:
Երբ մամուլը դադրի մարդու խիղճի արտայայտութիւն ըլլալու իր կոչումին հնազանդելէ, կը դառնայ ապատեղեկատուութիւն, այսինքն կը դադրի ծառայելէ ճշմարտութեան եւ հանրութեան, կը ծառայէ չարաշահումներու, կեղծիքի, չի յարգեր ընթերցողը եւ մարդը ընդհանրապէս:
Թերթը խիղճ ըլլալու համար մարդկային եւ համամարդկային որոշ արժէքներու բեմ պէտք է ըլլայ եւ անոնց զինաթափ չեղող պահակը՝ այդ նպատակի իրականացման մօտեցնելով ընթերցողը, ազգը, մարդը, որոնք ըսուածը որպէս իրենց հարազատութիւնը պէտք է ընդունին, իրենք զիրենք տեսնեն անոր մէջ՝ իրենց յարգելի տարբերութիւններով:
Երկու պարզ ակնկալութիւններ. հասկնալ եւ հարազատ: Ալպեր Քամիւ ինք մեծ մտաւորական էր եւ հասկցած էր որ բոլոր ընթերցողները մտաւորականներ չէին, ինչ որ յաճախ կը մոռնանք, երբ էջ կը սեւցնենք կամ հերցեան ալիքները կը զբաղեցնենք:
Ալպեր Քամիւ կ՚ըսէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք յստակութեամբ կը գրեն, ընթերցողներ ունին, անոնք, որոնք խրթնութեամբ կը գրեն մեկնաբանողներ ունին»: Այսինքն խրթնութիւնը կը համարուի բանգիտութեան դրօշակ, եւ մեկնաբանողները կը ծուարին անոր տակ:
Շաւարշ Նարդունի աւելի պարզութեամբ կ՚ըսէր, որ կատուին կատու պէտք է ըսել:
Այսինքն որպէս խիղճի արտայայտութիւն՝ պէտք է ըլլալ ուղղամիտ, առարկայական, անխարդախ ունենալով ճշմարիտը եւ հանրային ծառայութիւնը որպէս նպատակ, չըլլալ «տէրերու ձայն»ը, միաժամանակ ընդունելով, որ ոչ ոք ճշմարտութեան մենաշնորհը ունի, այսինքն պէտք է գիտնալ հանդուրժել ուրիշներու կարծիքը, քաջութիւնը ունենալ ըսելու մեր խօսակիցին կամ ընդդիմախօսին՝ «Դուն ալ իրաւունք ունիս», կամ՝ «Ես ալ կրնամ սխալած ըլլալ»:
Վոլթեր կ՚ըսէր, որ կրնամ համաձայն չըլլալ քեզի հետ, բայց պատրաստ եմ կեանքս տալու, որ Դուն կարծիքդ յայտնես:
Ամէն անգամ որ մամուլի մէջ՝ թերթ կամ հեռատեսիլ, կարդամ կամ լսեմ ազատօրէն արտայայտուող տարբեր կարծիքներ, կը խորհիմ, որ ընկերութիւնը ինքզինք կը մաքրէ եւ կը յառաջդիմէ:
Որպէսզի Ալպեր Քամիւի խօսքը գեղօր չըլլայ աւուր պատշաճի ճառեր զարդարելու, ըլլայ իրապէս ազգի կամ հաւաքականութեան խիղճ, մամուլին եւ լրագրողին պէտք է ընձեռել իր անկախութիւնը, ազատութիւնը: Երբ «մամուլ»ը կը հակակշռուի զանազան ուժերու կողմէ՝ պետութեան, դրամատէրերու, քաղաքական այս կամ այն ուժին կողմէ, ենթակայ կ՚ըլլայ կորսնցնելու իր խիղճը, հետեւաբար կրնայ ինքզինք դատապարտել անվերականգնելի հակասութեան:
Այս մտածումներու լոյսին տակ, մեր պատմութեան վերականգնումներու ներկայ փուլին, Հայաստան եւ սփիւռքներ «մամուլ»ը պէտք է վերանուաճէ իր խիղճ ըլլալու ազգային եւ մարդկային դերը, եթէ խոշոր բառերը կը սիրէք՝ նախախնամական դերը կամ առաքելութիւնը…
Խիղճ ըլլալու համար հոգեպէս ազատ պէտք է ըլլալ եւ ազատութեան հաւատալ: Ազատութեան սահմանափակումը ստրկատիրութեան սկիզբն է:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
13 յունիս 2018, Աթէնք