ԵՈԿԻԱՔԱՐԹԱՅԻ ՍՈՒԼԹԱՆԸ. ԿԱՆԱՑԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԷՋ
Եոկիաքարթայի սուլթանը քաղաքական եւ հոգեւոր հզօր դիրք ունի Ինտոնեզիոյ Ճաուա կղզիին մէջ: Ան կը խուսանաւէ, որպէսզի աւագ դուստրը իր ժառանգը դառնայ՝ հրահրելով դառն դժգոհութիւններ:
«Սերունդէ սերունդ սուլթանը, որ կ՚իշխէ Եոկիաքարթայի մէջ, կարծես ինքզինք կը յարմարեցնէ ժամանակի փոփոխութեան», կ՚ըսէ Վրոնօ Պիմօ Կիւրիտնօ, երբ լրագրող մը կը պտտցնէ պալատի համալիրին մէջ:
Ան թագաւորական դասակարգի շուրջ 1500 անդամներէն՝ ապտի տալամ, մէկն է: Կերիս մը՝ ճաուայական սրբազան դաշոյն մը, գծուած է անոր քղանցքին վրայ:
«Անցեալին դժուար չէր իշխան մը որոշելը, որովհետեւ նախապէս սուլթանը ունեցած էր մէկէ աւելի կիներ», կ՚ըսէ Վրոնօ Պիմօ Կիւրիտնօ, սուլթանին անձնական բնակարանը շրջապատող ծառաստանին մէջ: «Բայց դուք գիտէք, որ միշտ եղած են կիներ, որոնք իսկական իշխանութիւնը կը պահեն Ճաուայի ընտանիքներուն մէջ», կ՚ըսէ Պիմօ՝ ժպիտով:
Ինչպէս կը պահանջուի, պալատ մուտք գործողներ աւանդական մետաքսէ տարազներ հագած են, մազերը յատուկ ձեւով դէպի ետ կապուած, եւ կը հիւրասիրուին:
Այս պալատին մէջ ամէն բան՝ ծառերու տեղադրումէն մինչեւ արքունիքի կողմէ կատարուած շարժումները, իմաստ ունի:
Ճաուայի մշակոյթին մէջ ուղղակի չեն խօսիր, այլ՝ խորհրդանիշերով:
Սուլթանը, որ 72 տարեկան է, փոխած է իր անունը, որպէսզի ատիկա ծինային չէզոքութիւն ունենայ, եւ իր աւագ դստեր տուած է նոր անուն՝ Կուստի Կանճենկ Ռաթու Մանկքուպումի, որ կը նշանակէ «Երկիրը պահողը»:
Ատիկա նկատուած է որպէս յաւելեալ նշում, որ ան կը պատրաստուի գահին բազմելու, երբ ժամանակը գայ: Արքայադուստրը կը ծիծաղի, երբ լրագրող մը կ՚ըսէ, որ իր կոչումը ունի մեծ պատասխանատուութիւն: «Ինչպէս բոլոր ընտանիքներուն մէջ, որպէս աւագ, ես աւելի շատ պատասխանատուութիւն ունիմ իմ քոյրերէս: Բայց ապագան ինչ պահած է, այդ որոշումը հօրս ձեռքն է», կ՚ըսէ ան՝ ժպիտով:
Իշխանուհին հազուադէպ կը խօսի ժառանգութեան մասին եւ զգոյշ է խօսած ատեն: «Զիս մեծցուցած են այս բաներուն մասին չերազելու համար, կամ ցանկութիւն ունենալ, որ այժմ կ՚ապրիմ երջանիկ կեանք մը»: Սակայն ան կ՚աւելցնէ. «Թէեւ թագուհիներ եղած են Աչէի եւ իսլամական այլ թագաւորութիւններու մէջ: Այսինքն, ես ալ պէտք է ըլլամ»:
Անոր կրտսեր քոյրը՝ Կուստին Քանճենկ Ռաթու Հարյու, աւելի համարձակ կը խօսի արքայադուստրերու աննախընթաց իշխանութեան մասին:
Անոնք բոլորը օտար երկիրներ ուղարկուած են ուսանելու՝ Եւրոպա, Ամերիկա եւ Աւստրալիա, եւ այժմ պալատին մէջ ստանձնած են ղեկավար զանազան պաշտօններ, որոնք ժամանակին այրերու մենաշնորհն էին: «Ես շատ բախտաւոր եմ, որ ծնողներս երբեք չեն ըսած, որ ատիկա կնոջ աշխատանք չէ», կ՚ըսէ Կուստին, սահուն անգլերէնով մը: «Որոշ մարդոց լաւ չի թուիր, բայց երբ սուլթանը կ՚ըսէ, պէտք է ընդունիք ատիկա, վարժուիք ատոր», կը ծիծաղի ան:
«Այս է կարեւորը. մարդը ըսէ, որ ժամանակն է, որպէսզի կանայք այլեւս ետ չմնան, մասնակցին»:
«ԱՆՈՆՔ ՊԻՏԻ ԻՐԱՒԱԶՐԿՈՒԻՆ»
Սուլթանին եղբայրներն ու քոյրերը համաձայն չեն ասոր: Անոնք զայրացած են: Անոնց մեծամասնութիւնը, ինչպէս Փրապուքուսոմոն, այժմ կը մերժեն խօսիլ սուլթանին հետ եւ չեն մասնակցիր արքայական միջոցառումներուն: «Մենք իսլամական թագաւորական ընտանիք ենք, եւ տիտղոսը տղամարդուն համար է, եւ մենք ինչ պիտի կոչենք զայն՝ սուլթա՞նը: Ատիկա անկարելի է», կը ծիծաղի ան:
Փրապուքուսոմօ կ՚ըսէ, որ սուլթանին այս քայլը վտանգաւոր անջատում է հարիւրամեակներու աւանդութիւններէ եւ կը մեղադրէ եղբօր ընտանիքը՝ իշխանութեան մարմաջ ունենալուն եւ ագահ ըլլալուն համար:
Եւ ան ուժգին կը զգուշացնէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ:
«Մենք ընտանեկան պարտաւորութիւն ստանձնած ենք, որ մենք հիմա պիտի չպայքարինք, բայց երբ սուլթանը մեկնի այս աշխարհէն, մենք համաձայնութիւն գոյացուցած ենք ժողովուրդին հետ, որ մենք սուլթանին կիներն ու դուստրերը դուրս պիտի քշենք պալատէն»:
«Անոնք դուրս կու գան, քանի որ անոնք այլեւս մեր ընտանիքին անդամները չեն», կ՚ըսէ Փրապուքուսոմօ:
Ատիկա բաւական ցնցում պիտի յառաջացնէ:
«Լաւ, պարզապէս յիշեցէք, թէ ով սխալ է», կ՚ըսէ ան:
ԵՐԿՈՒ ԹԱԳՈՒՀԻՆԵ՞Ր
Պալատին պատերէն դուրս մարդոց մեծամասնութիւնը կ՚ուզէ կողմնորոշուիլ՝ ըսելով, որ իրենք կը ճանչնան արքայական ընտանիքին որոշումը: Սակայն նուիրուած հետեւորդներուն մէջ մտահոգութիւն կայ այն մասին, որ ի՛նչ պիտի մտածէ Հարաւային ծովու թագուհին:
Ճաուայի թագաւորական իշխանութիւնը կու գայ 16-րդ դարէն եւ մինչ ընտանիքը այժմ իսլամ է, ինտոնեզիացիներուն մեծամասնութեան նման, անոնց իրականացուցած ծէսերը, թաթխուած են խորհրդապաշտութեան, հինտուականութեան ու պուտտայականութեան եւ անցեալի անասնապաշտութեան մէջ:
Ըստ աւանդութեան, Եոկիաաքարթայի Սուլթանը պէտք է ստանձնէ աստուածուհի Կանճենկ Ռաթու Լորօ Քիտուլը՝ իբրեւ իր առասպելական կինը:
«Մեր սրբազան գրութեան մէջ Սուլթանին եւ Հարաւային ծովու թագուհի Լորօ Կիտուլի միջեւ կայ կնքուած խոստում մը, որ անոնք միասին կ՚իշխեն եւ կը պահպանեն խաղաղութիւնը», կը բացատրէ սուլթանին եղբայրը՝ Եուտայատըր:
Ամէն տարի ծովային աստուածուհիին կը մատուցանուին սուլթանի եղունգներու կտրօններ եւ ծամակալներ: Ատոնք նոյնպէս կը մատուցանուին մարդակեր ճիւաղ Սապու Ճակաթի, որ կը գտնուի Ինտոնեզիոյ ամենէն արթուն հրաբուխներէն մէկուն՝ Մերապի լերան վրայ:
Մատուցումը եւ հոգեւոր միութիւնը նախատեսուած են ապահովելու հրաբուխի, եւ Հնդկաց ովկիանոսի միջեւ (մէջտեղնին պալատը) սրբազան հաւասարակշռութիւն մը եւ այդպէսով՝ ժողովուրդին անվտանգութիւնը:
«Ի՞նչ կը պատահի, եթէ երկու թագուհիներ կան, ինչպէ՞ս կրնան միասին ըլլալ, կարելի՞ է», հարցումին կը պատասխանէ պալատի ուղեցոյցը. «Սուլթանի դերը այն է, որ պահպանեն Հարաւային ծովու աստուածուհին եւ հրաբուխի աստուծոյ հաւասարակշռութիւնն ու հաշտութիւնը: Որոշ մարդիկ կը մոռնան հրաբուխը՝ աստուածը: Համոզուած եմ, որ սուլթանը իմաստուն որոշում կու տայ Եոկիաքարթայի ժողովուրդին համար»:
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ
Եոկիաքարթայի սուլթանը, իբրեւ քաղաքին եւ շրջանի կառավարիչը, նոյնպէս որոշումներ պէտք է տայ հիմնականօրէն շատ երկրային հարցերու վերաբերեալ:
Երբ Ինտոնեզիան անկախութիւնը նուաճեց, Ճաքարթան արտօնած էր Եոկիաքարթայի արքայական ընտանիքին պահել իր իշխանութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հոլանտայի գաղութարարութեան դէմ պայքարին մէջ իրենց դերակատարութեան համար: Ուրեմն Եոկիաքարթան Ինտոնեզիոյ մէջ միակ վայրն է, ուր բնակիչները ուղղակի չեն ընտրեր իրենց ղեկավարը:
Երբ Ճաքարթայի կողմէ նշուեցաւ, որ ասիկա պէտք է փոխուի 2010-ին, փողոցներուն մէջ բուռն ցոյցեր տեղի ունեցան եւ կեդրոնական կառավարութիւնը նահանջեց։
Բայց Համենքուպուոնօ Ժ. սուլթանը եղած է հակասական ժամանակակից առաջնորդ մը՝ քաղաքական եւ գործարար ընդարձակ մարմաջներով:
Երբ 2006-ին Մերապին լերան հրաբուխը սկսաւ ժայթքիլ, սուլթանը գիւղացիներուն ըսաւ, որ զիրենք տարհանելու համար պիտի հետեւի գիտնականներու թելադրութիւններուն, եւ ոչ թէ պալատին կողմէ նշանակուած հրաբուխի դարպասապահին: Եւ Եոկիաքարթայի մէջ ոմանք զինք կը մեղադրեն այս մշակութային ու հանդարտ մայրաքաղաքը առեւտուրի կեդրոններու, վահանակներու եւ բարձրայարկ շենքերու քաղաքի վերածելու համար:
ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ԻՍԼԱՄՈՒԹԻՒՆ
Դժուար ժամանակներ են Ճաուայի իւրայատուկ չափաւորական, առեղծուածային ձեւի իսլամութեան համար, որ Սուլթանը եւ Կրաթոնը կը ներկայացնեն:
Առարկաներու կամ կուռքերու յարգանքը, պաշտամունքը եւ բազմաստուածութեան մասին ակնարկները՝ կը հակադրուին ուահապական իսլամութեան հետ, որուն ժողովրդականութիւնը կ՚աճի Ճաուայի մէջ:
«Ես ընկերային կայքերու էջերու պատասխանատուն եմ պալատին մէջ եւ կը տեսնեմ այս պահպանողական տեսակէտը», կ՚ըսէ իշխանուհի Կուսթի Հարիու:
«Բայց մենք ունինք պատճառներ, թէ ինչո՛ւ մենք արարողութիւնները այդպէս կ՚ընենք, եւ ատիկա կրնայ Քուրանին մէջինին ճիշդ նման չըլլալ, բայց մենք չենք շեղիր, չենք մոլորիր, մենք տարօրինակ պաշտամունքային բաներ չենք ըներ», կը ծիծաղի ան:
«Ասիկա իսլամական թագաւորութիւն է, եւ ոչ թէ այն, որ կ՚ընթանայ Միջին Արեւելքէն որեւէ մէկուն նման եւ պարզապէս շատ կրօնական կը թուի: Իսլամութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ է»:
Ան կ՚ըսէ, որ անցեալին արքայական ընտանիքները կը հպարտանային բացառիկ ըլլալով եւ մխիթարութեան մէջ ծածկուած ըլլալով, բայց գոյատեւելու ուղին պալատը բանալն է:
«Այսպէսով, երիտասարդները չեն կորսնցներ հաղորդակցութիւնը իրենց ճաբոնական կողմին հետ, քանի որ եթէ մենք կորսնցնենք մեր մշակութային ինքնութիւնը, ատիկա չի վերադառնար»:
Հակառակ լաչակ կրել ուզող երիտասարդ ճաուացի իսլամ կիներու թիւի աճին, անիկա արտօնուած չէ պալատին մէջ: «Բազմաթիւ կիներ, որոնք լաչակաւոր են, կամաւոր կը հանեն զայն, երբ Քրաթոն կը մտնեն ծիսական արարողութիւններու համար», կ՚ըսէ Քուստի Քանճենք Ռատու Հեմաս թագուհին:
«Ատիկա ոչ թէ կրօնի, այլ մեր մշակոյթն ու աւանդութեան պահպանումն է, եւ հասարակութիւնը այդ մէկը կը հասկնայ: Սուլթանը բոլոր կրօններէն վեր է»:
Բայց ասիկա հետզհետէ աւելի գրգռիչ կեցուածք մըն է այսօրուան Ինտոնեզիոյ մէջ:
Վերջերս Ինտոնեզիոյ առաջին նախագահ Սուքառնոյի դստեր՝ Սուքմաւատին մասին ոստիկանութեան հաղորդեցին, որ ան հայհոյած է եւ ատոր համար Սուքմաւատի ստիպուած ներում հայցեց: Բանաստեղծութեան մը մէջ ան գրած էր, որ Ճաուայի մազերը աւելի գեղեցիկ են, քան իսլամական ծունկերը: Թագուհին կ՚ըսէ, թէ ինք իր դուստրերը մեծցուցած է, որպէսզի անկախ ըլլան եւ կը հաւատայ, որ անոնք հաւասար են այրերու:
Սուլթանի տարածուած ընտանիքը կը մեղադրէ թագուհին, որ Ազգային խորհրդարանին մէջ ծերակուտական է, թէ աւանդութեան դէմ ապստամբութիւնը կ՚առաջնորդէ:
«Երբ դուստրերս 15 տարեկան էին, կ՚ըսէի, որ պէտք է լքէին պալատը, ուսանէին աշխարհի մէջ՝ իրենց սորվածը վերադարձնելու իրենց երկիրը»:
Զանոնք կատարելագործել ղեկավարելո՞ւ համար:
«Այդ որոշումը սուլթանին ձեռքն է», կը հաստատէ թագուհին:
«Բայց, այո՛, ժառանգորդը պէտք է ըլլայ արիւնի կապով: Փոփոխութեան ատեն միշտ պիտի ըլլայ հակամարտութիւն եւ իշխանութեան պայքար», կ՚աւելցնէ ան:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան