ԻՄԱՍՏՈՒՆԻ ՊԱՏՈՒԷՐԸ
Պարսիկ իմաստուն մը, անխորհուրդ խօսքերէ զգուշութեան արժէքը ցոյց տալու համար, ըսած է՝ «Աւելի լաւ է խորհիլ, թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ, քան զղջալ, թէ ինչո՞ւ ըսի»: Այս պատուէրը այնքան կը յարմարի մեր իրականութեան, որ կարծէք, թէ յատկապէս մեզի համար ըսուած ըլլար: Անկեղծ ու աննախապաշար ոգիով եւ միտքով անդրադառնանք՝ վերջին աւելի քան յիսուն տարիներու անցուդարձերուն, որքան արտայայտութիւններ ու հրատարակութիւններ կը գտնենք, որոնց համար այժմ զղջալու եւ խղճահարելու հազար պատճառներ ունինք: Անոնց նպատակը եղած է ազգը արթնցնել ու ոգեւորել, իսկ շարժառիթը՝ առհասարակ հայրենասիրութիւն, քաջութիւն, ազատական խոյանքներ ցուցադրել եւ ժողովրդականութիւն շահիլ: Հետեւանքները սակայն՝ գրեթէ միշտ բաղձացուածին հակառակ եղած են եւ դժբախտութիւններով ու աղէտներով ծանրացած են ժողովուրդին վրայ:
Այսօր կ՚ըսենք, թէ իրողութեանց խելամուտ ու այլեւս փորձառու եղած ենք: Բայց եթէ մեր շուրջը նայինք կը տեսնենք, որ դարձեալ բանիւ եւ գոչով այնպիսի արտայայտութիւններ կ՚ըլլան մեր մէջ, որոնցմէ հայութեան համար դոյզն շահ կարելի չէ սպասել՝ առողջ միտքով, իսկ վնաս ու կորուստ միշտ հաւանական է: Արդարեւ այդ բոլորը ներքին սպառման համար կ՚ըլլան մեծ մասամբ, սովորական չքմեղանքն ալ սա է, թէ կը կարծուի, որ մեր շրջանակէն դուրս չեն ելլեր, օտարներու ականջ չեն հասնիր: Մինչդեռ կ՚արժէր, որ ցարդ սորված ըլլայինք, թէ մեր բերնէն ու գրիչէն ելած խօսքերուն տէրը այլեւս մենք չենք, թէ անոնց հետեւողներ կրնան գտնուիլ ու հասցնել այն տեղերը, ուր մենք չենք ուզեր: Աւելցնենք, որ շատեր խօսքով ալ չեն գոհանար, գործնական քայլերու իսկ կը դիմեն, եւ ինչպէս անցեալին պատահած է, միջամուխ կ՚ըլլան այնպիսի խնդիրներու, որոնք իրենց հասողութենէն ու ձեռնահասութենէն դուրս կը գտնուին:
Զգոյշ ըլլանք, այնպէս խօսինք, գրենք ու գործենք, որ ետքը չզղջանք:
***
ՃՇՄԱՐՏԱՊԷՍ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐԸ
Առհասարակ արժէքաւոր կը համարենք այն մարդիկը, որ հանճար ունին, ուսումի տէր են կամ հասուն են: Եւ սակայն ճշմարտապէս արժէքաւորը այն մարդն է, որ իր տաղանդը, ուսումը կամ դրամը կը զոհէ հասարակաց բարիքի համար: Մարդկութեան ծառայելը այնքան դիւրին գործ չէ, որչափ մարդիկ ընդհանրապէս կը կարծեն: Դիւրին է խօսքով ըսել, թէ մարդ զոհելու է իր դրամը եւ ժամանակը, սակայն այնքան ծանր աշխատանքով եւ զոհողութիւններով ձեռք բերուած բարիքները, ուրիշներուն ծառայեցնելու համար մեծ սէր ունենալ պէտք է՝ թշուառին կամ կարօտեալին հանդէպ, սէրն է, որ կարելի կ՚ընէ տալը, զոհելը եւ զոհուիլը, եւ այս է ճշմարտապէս արժէքաւորը:
***
ԳԻՐՔԸ ՄԻՏՔԴ ԿԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ
Գրականութիւնը անտեսանելի խողովակ մըն է, որուն խորհուրդի եւ ճշմարտութեան հոսանքները կը թափին՝ մարդոց իմացական ու բարոյական արտերուն վրայ եւ զանոնք կ՚արգասաւորեն:
Երկու փայտի կտորներ երբ մէկմէկու շփես՝ լոյս ու տաքութիւն կ՚արտադրուի, նոյնպէս ալ երբ գիրք մը կը կարդաս ուշի ուշով՝ միտքդ հեղինակին միտքին կը շփուի, հոգիդ անոր հոգիին կը հպի եւ այս շփումէն ու հպումէն գաղափարի լոյսը յառաջ կու գայ ու միտքդ կը լուսաւորուի:
ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/22/2024