ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ

Մէկ ձեռ­քով ան­թա­ցու­պը բռնած, ճամ­բու եզ­րին ոտ­քի կե­ցած է ծե­րու­նին, միւս ձեռ­քով ալ հրա­ժեշտ կու տայ իր անդ­րա­նի­կին: Ակն­թարթ մը, ո­րուն ե­տին կ­­՚ու­րուագ­ծուի մեծ ու զգա­յա­ցունց պաս­տառ մը:

Թաք­սին կը սու­րայ դէ­պի օ­դա­կա­յան: Անդ­րա­նի­կը՝ յիս­նա­մեայ Խո­րէն, բի­բե­րուն վրայ կար­ծես դա­ջուած հօ­րը այդ պատ­կե­րը կը տես­նէ միայն, ո՛չ փո­ղոց­նե­րը կը նկա­տէ, ո՛չ ալ՝ ան­ցորդ­նե­րը: Եր­կու շաբ­թուան ար­ձա­կուր­դը բա­ւա­րար չէր եօթ եր­կար տա­րի­նե­րու կա­րօ­տը ջնջե­լու, բայց որ­քան ալ եր­կար ըլ­լայ ար­ձա­կուրդ մը, վերջ ու­նի, մա­նա­ւանդ հո­սող ջու­րի նման ա­րագ կը սա­հին այն օ­րե­րը, ո­րոնք հա­րա­զատ­նե­րու կա­րօ­տին յոր­դած բա­ժա­կէն կա­թիլ-կա­թիլ կը նուա­զեց­նեն ու զայն նո­րա­նոր յու­շե­րով կը լեց­նեն: Բայց այս պա­րա­գա­յին տար­բեր է. Խո­րէն հօ­րը դէմ­քը կուշտ մը կը դի­տէ, ա­մուր գիր­կընդ­խառ­նում մըն ալ կ­­՚ըլ­լայ հրա­ժեշ­տի այս պա­հուն, ո­րուն կը յա­ջոր­դեն ժպտուն դէմ­քեր խո­նաւց­նող թաց աչ­քե­րէն հո­սող կա­թիլ­ներ, զորս պա­հելն ան­կա­րե­լի է, ու հար­ցեր կը տե­ղան ա­նոր մտքին մէջ...: Հրա­ժեշ­տը սար­սա­փով կը հա­մա­կէ ամ­բողջ էու­թիւ­նը Խո­րէ­նին, ան­գամ մը եւս չտես­նուե­լու սար­սափ մը, որ շատ դա­ժան կը թուի. մար­դուս կեան­քի տե­ւո­ղու­թիւ­նը միայն ու միայն Աս­տու­ծոյ կամ­քը կ­­՚ո­րո­շէ հար­կաւ, բայց տա­րիքն ալ ու­նի իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, չէ՞...: Եօթ տա­րի­նե­րը խոր կնճիռ­նե­րով կ­­՚ե­րե­ւէին հօ­րը դէմ­քին վրայ ու քա­լե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը գրե­թէ խլած էին իր­մէ: Ին­չո՞ւ, ին­չո՞ւ այս օ­տա­րու­թիւ­նը, ըն­տա­նիք մը կազ­մե­լու հա­մար այլ ըն­տա­նի­քի մը տարտղ­նու­մը, ու կա­րօտ, կա­րօտ, կա­րօտ ա­մէն ին­չի, նոյ­նիսկ այս վայր­կեա­նին բաժ­նուող հօր հան­դէպ:

Խո­րէն Օ­գոս­տոս ամ­սուան ար­ձա­կուր­դին աշ­խա­տե­լով կրկնա­կի գու­մար գան­ձե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նէր, ու այդ վաս­տա­կը ղրկե­լու իր տա­րեց ծնո­ղաց, բայց ան նա­խընտ­րեց տես­նել զա­նոնք, կեն­դա­նի հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ ա­նոնց հետ․ նիւ­թը եր­բեք չի կրնար այս հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ի­րա­կա­նա­նա­լուն ար­գելք հան­դի­սա­նալ, եր­բեք ալ կա­րե­ւոր չէ ե­ղած ա­նոր հա­մար, յատ­կա­պէս երբ ծնող­քի տե­սու­թեան հարցն է, այն ծնող­քին, որ պա­տե­րազ­մի ա­հէն հա­զիւ հազ հա­մո­զուած ու հա­սած էր հայ­րե­նիք, բայց որ եր­բեք չի հա­մո­զուիր հոն մնա­լու մտքին։ Ան հա­զիւ կրցած էր հայրն ու մայ­րը մի քա­նի ա­միս պա­հել, պատ­րուա­կե­լով որ ինք պի­տի գար ու պի­տի տես­նուէին: Սա­կայն Խո­րէն ո­րո­շած էր հա­մո­զե­լու վեր­ջին փորձ մը եւս կա­տա­րել, որ­պէս­զի մնան ու եր­թա­լու մա­սին ալ չմտա­ծեն․ ան բազ­միցս կրկնեց. «Թող խա­ղա­ղի եր­կի­րը, ես ալ կու գամ ու միա­սին կ­­՚եր­թան­ք», այդ վայր­կեա­նին կը թուէր, թէ հա­մո­զուած էին, բայց ո՛չ, գի­տէր Խո­րէն իր ծնո­ղաց, մա­նա­ւանդ՝ հօր յա­մա­ռու­թիւ­նը, ո­րուն ժա­ռան­գորդն է նաեւ ինք, որ եւս ա­ռած ո­րո­շում­նե­րուն վճռա­կան հե­տե­ւող մըն է, ոչ մէկ ա­րարք կրնայ կա­սեց­նել զինք: Բայց ան­կա­րե­լի բան չկայ, պէտք է հա­մո­զել, քա­նի երբ ծնող­նե­րը վե­րա­դառ­նան՝ դար­ձեալ պի­տի սկսին ան­քուն ու մտո­րուն գի­շեր­նե­րը, պի­տի փա­կի ան լու­րե­րու ցան­ցե­րուն եւ ան­մի­ջա­պէս ըն­կա­լու­չը վերց­նե­լով հանգս­տաց­նող հնչիւն­նե­րը լսէ ծնո­ղաց ու փառք մը տայ Ա­րա­րի­չին պա­հա­պան հրեշ­տակ­նե­րուն, ո­րոնք այս ան­գամ եւս փրկած պի­տի ըլ­լա­յին ծնող­նե­րը փոր­ձան­քէն...:

Բայց խիղ­ճը հան­գիստ է Խո­րէ­նին․ իր մէջ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան սեր­մեր ցա­նած հօ­րը հետ շրջե­ցաւ հայ­րե­նի­քի տե­սար­ժան վայ­րե­րը, եր­ջան­կա­ցաւ ա­նոր հետ, կար­ծես յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն մը ը­րին ա­նոնք եր­կուքն ալ, ու լսեց Խո­րէն հօ­րը խորհր­դա­ւոր հնչիւն­նե­րը իւ­րա­քան­չիւր վայ­րի այ­ցե­լու­թե­նէն ներշն­չուած.

, տղաս, այ­սօր Ա­րա­րա­տին գա­գա­թը յստակ կ­­՚ե­րե­ւի, քա­նի որ ե­րէկ անձ­րե­ւեց ու անձ­րե­ւը փա­րա­տեց մա­ռախ­լա­պատ ամ­պե­րը,- ը­սած էր հայ­րը Խոր Վի­րապ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։

-Զար­մա­նա­լը քիչ է. դա­րեր ա­ռաջ մար­դիկ ինչ­պէ՞ս կրցած են աս սիւ­նե­րը յղկել ու տա­շել, երբ տա­կա­ւին քա­րեր տա­շե­լու գոր­ծիք­նե­րը ստեղ­ծող­ներն ան­գամ ծնած չէին,- ար­տա­յայ­տուած էր ծե­րու­նին Գառ­նիի հե­թա­նո­սա­կան տա­ճար այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ:

-Աս­տուա՛ծ իմ, աս վա­նա­կան հա­մա­լի­րը ինչ­պէ՞ս կա­ռու­ցած են մար­դիկ, ամ­բող­ջու­թեամբ փո­րուած է ժայ­ռե­րուն մէջ ու տես, տես, քա­նի՞ մուտք ու­նի, աս կողմն ալ ճգնա­րան­ներ կան կար­ծես,- հիա­ցած կը խօ­սէր Գե­ղար­դա­վան­քին մա­սին:

Ես կը կար­ծէի Հա­յաս­տա­նի մէջ ջու­րը ա­ւե­լի նուազ է, ծո­վա­յին սահ­ման­ներ չու­նե­նա­լուն հա­մար, բայց հա­կա­ռա­կը կը տես­նեմ, ա­ռատ է հայ­րե­նի­քի ջու­րը եւ շատ հա­մեղ, ա­հա հոս ալ բու­ժիչ է, ե­կո՛ւր, տղաս, խմենք աս տաք հան­քա­յին ջու­րէն,- շշմած մը կը խօ­սէր Ջեր­մուկ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ:

-Կե­նա՛ցդ, տղա՛ս, Աս­տուած քեզ ա­ռողջ պա­հէ ըն­տա­նի­քիդ գլխուն եւ այս ցանքդ հնձես մէկ հա­տի­կէդ,- ը­սած էր Սե­ւա­նի ա­փին ա­րաղն ու խո­րո­ված իշ­խա­նա­ձու­կը համ­տե­սե­լով:

-Գրե­թէ մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­ներն ու վան­քե­րը լեռ­նե­րուն վրայ կա­ռու­ցուած են, ար­դեօք ինչ­պէ՞ս վեր հա­նած են աս հսկայ քա­րի կտոր­նե­րը,- Նո­րա­վան­քի պա­տե­րը շո­յե­լով, Մո­մի­կի ձե­ռա­կեր­տին վրայ հիա­ցած կ­­՚ար­տա­յայ­տուէր ան:

-Վա­րոր­դին վկա­յու­թիւ­նը փաս­տա­ցի կը տես­նեմ, թէ աս վան­քի նո­րո­գու­թեան հա­մար հինգ մի­լիոն տո­լար նուի­րած է ա­րաբ իշ­խան մը, թէեւ իշ­խա­նին ա­նու­նը չէր գի­տեր, բայց ճամ­բա­նե­րէն ար­դէն նկա­տե­լի է նո­րո­գու­թիւ­նը, միւս վան­քե­րու ճամ­բա­ներն իսկ անմ­շակ էին, մինչ հոս վան­քե­րը ար­տաք­նա­պէս սպի­տա­կա­ցուած են նոյ­նիսկ, նոր հնու­թիւն մ­­՚է կար­ծես, ապ­րի՛ այն ա­րա­բը,- վար­պետ ձեռ­քի զննու­մով կը վկա­յէ տա­րեց ճար­տա­րա­պե­տը Հա­ղար­ծին այ­ցե­լու­թեան մի­ջո­ցին:

-Տղա՛ս, մէկ հա­տի­կիդ տէր ե­ղիր, Եւ­րո­պան շատ շուտ կրնայ շե­ղեց­նել զայն, մա­նա­ւանդ հա՛յ պա­հել ջա­նայ, այս է միակ փա­փաքս,- ծե­րու­նիին այս խօս­քե­րը մի քա­նի ան­գամ կը կրկնուին Խո­րէ­նին ա­կան­ջին մէջ, ու կը սթա­փի վա­րոր­դին ձայ­նէն.

-Հա­սել ենք ար­դէն, ախ­պե՛րս, բա­րի ճա­նա­պարհ եմ մաղ­թում:

Պա­յու­սակ­նե­րը կը տե­ղա­ւո­րէ ու կը բազ­մի օ­դա­նա­ւուն նստա­րա­նին վրայ, այս ան­գամ յի­շե­լով մօր խօս­քե­րը, որ հրա­ժեշ­տի պա­հուն վեր­ջա­պէս յայտ­նած էր, թէ ին­չո՞ւ կ­­՚ու­զէին վե­րա­դառ­նալ.

-Հոս ապ­րուս­տը շատ սուղ է, տղա՛ս,- ը­սած էր,- ա­ռա­ւել՝ բնա­կա­րա­նի վարձ­քը կայ, մենք հոն ո՛չ վարձք ու­նէինք, ոչ ալ աս­քան սուղ էր ապ­րուս­տը, հոս ալ, հոն ալ դուն պի­տի հո­գաս մեզ, քու բեռդ ար­դէն բա­ւա­րար է քե­զի, մենք ալ չենք ու­զեր կրկնա­պատ­կել զայն:

Մօ­րը այս խօս­քե­րէն ետք Խո­րէ­նին դէմ­քին վրայ տխրու­թիւն կը նշմա­րուի, մայ­րը նկա­տե­լով այդ, ան­մի­ջա­պէս կը խա­ղա­ղեց­նէ զա­ւա­կը ու ներ­քուստ զղջում մը կը պա­տէ զինք, զղջում այս խոս­տո­վա­նան­քին հա­մար, բայց ինք գի­տէր փափ­կա­սիրտ զա­ւա­կը, զոր դաս­տիա­րա­կած ու մեծ­ցու­ցած էր, ին­չո՞ւ, ին­չո՞ւ ը­սաւ, ե­րա­նի պա­պան­ձէր ու չը­սէր, չնե­ղաց­նէր զայն, ու.

-Լաւ, տղա՛ս, ան­հոգ գնայ, ես կը հա­մո­զեմ հայրդ ու հոս կը մնանք,- կը խոս­տա­նայ մայ­րը վեր­ջա­պէս եւ զաւ­կին խնդրած ա­ղօթ­քը, իր ձե­ռագ­րով գրուած, ծո­ցը կը դնէ, ա­նոր դէմ­քին համ­բոյր մըն ալ դրոշ­մե­լով:

«Դուք միայն խա­ղաղ եր­դի­քի տակ, ա­ռողջ մնա­ցէք, ես ու­րիշ բան չեմ ու­զե­ր», կը մտա­ծէ Խո­րէն, ամ­պե­րը ճեղ­քե­լով ան­հե­տա­ցող օ­դա­նա­ւուն մէջ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016