ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԱՇՈՒՂՆ ՈՒ «ՄՇՏԱՎԱՌ ՀՈՒՐ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

22 Սեպտեմբերին, 222 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհի վրայ արշաւած Աղա Մոհամմէտ խան անունով ասպատակի մը զինուորներուն ձեռամբ, սրախողխող պոկուեցաւ կեանքի թելը հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներէն, այլեւ ընդհանրապէս միջազգային գրականութեան անմահ մեծութիւններէն Սայաթ Նովայի։

Հասուն տարիքին (1759-ին) քահանայ ձեռնադրուած՝ հայ մեծ աշուղն ու բանաստեղծը իր վերջին շունչը աւանդեց Հաղբատի վանքին մէջ, իբրեւ կտակ արձանագրելով, թէ «Չըխմամամ քիլիսէտէն, տէօնմէմէմ իսա՛տէն (թրքերէնով՝ դուրս չեմ գար եկեղեցիէն, չեմ հրաժարիր աղօթքէն)…Այս խօսքերն ասելէս ետք ինձ սպաննեցին պարսիկ Աղա Մոհամմէտ խանի զինուորները»։

Ինչպէս իր գրականութեամբ, նոյնպէս եւ իր կեանքով՝ խորախորհուրդ յոյզերու եւ անեզր սիրոյ ալեկոծումներու հանճարեղ շնչաւորումը կը հանդիսանայ Սայաթ Նովա, որուն երգերն ու բանաստեղծութիւնները, ահա աւելի քան երկու դարէ ի վեր, մշտանորոգ թարմութեամբ կը հնչեն հայոց իրերայաջորդ սերունդներու շրթներուն՝ սիրոյ հուրով տոչորուող սիրտերուն ու հոգիներուն բաբախուն երգ ջամբելով։

Թէեւ ամբողջ գրադարան մը լեցնող գրականութիւն նուիրուած է Սայաթ Նովային, բայց հայկական բանասիրութիւնը դեռ ամբողջական լոյսի տակ առած չէ հայկեան հանճարի այս անզուգական աշուղ-բանաստեղծին կեանքն ու ժառանգութիւնը։ Սայաթ Նովայի կեանքին ոչ միայն շատ մը մանրամասնութիւնները, այլեւ հիմնական փուլերն ու ծալքերը դեռ չեն լուսաբանուած անհրաժեշտ ճշգրտութեամբ ու խորութեամբ։

Օրինակ՝ միայն վերջին տասնամեակներուն համախոհութիւն կը տիրէ անոր ծննդեան տարեթիւը 1722-ը ընդունելու տեսակէտին շուրջ, որովհետեւ երկար ժամանակ Սայաթ-Նովայի ծննդեան տարեթիւը տարուբերեցաւ 1712-էն 1732-ի միջեւ։

Կամ՝ մինչ ընդհանրապէս օտարներ, նաեւ խորհրդահայ աղբիւրներ պարզապէս Թիֆլիզը կը լիշատակեն իբրեւ ծննդավայրն ու նահատակութեան վայրը «Կովկասի երգի թագաւորը» հռչակուած մեծանուն Սայաթ Նովայի, այսուհանդերձ՝ վերջին տասնամեակներուն կատարուած բացայայտումներ կու գան յստակացնելու, որ աւազանի անունով Արութին կամ Յարութիւն Սայաթեան 14 Յունիս 1722-ին ծնած էր, մեծ հաւանականութեամբ, Սանահինի մէջ, որ ծննդավայրը եղած էր նաեւ մօրը՝ Սարայի, մեծանուն հայ բանաստեղծ Նաղաշ Յովնաթանի թոռնուհիին։ Հայրը՝ Կարապետը, Պոլսոյ հայ-թրքական աշուղական դպրոցի երախտաւորներէն սալմաստցի Ղուլ-Յարութիւն աշուղի որդին (որուն ծննդավայրը հաւանաբար եղած է Հալէպը կամ Ատանան) ըստ երեւոյթին փեսայ եկած էր Սանահին։ Սայաթեաններու ընտանիքը կանուխէն տեղափոխուած է Թիֆլիզի մերձակայ գիւղ մը, ուր մանուկ Յարութիւն ջուլհակութիւն սորված է ծնողքին կամքով։

Եօթը տարի ջուլհակութիւն սորվեցաւ եւ ջուլհակ աշխատեցաւ հետագայ մեծարժէք բանաստեղծը, որ իր ստեղծագործութեանց մէջ միշտ օգտագործեց ջուլհակագործի իր հմտութիւնը՝ բանաստեղծական պատկերներու առումով լայնօրէն գործածելով մետաքսեայ թելերու մանուածքին ու հիւսուածքին, վառ ու գրաւիչ գոյներու խաղերուն, թանկարժէք կերպասներու բանուածքին նրբարուեստ փոխաբերութիւնները։

Ընդգծումի արժանի է նաեւ ընտանեկան կազմաւորման այդ ենթահողէն ու միջավայրէն եկող Յարութիւն Սայաթեանի տիրապետումը, հայերէնի կողքին, վրացերէնի եւ թրքերէնի, ինչպէս եւ կարեւոր չափով պարսկերէնի ու մասամբ արաբերէնի։ Եւ պատահական չէ, որ համակովկասեան տարողութեամբ մեծանուն աշուղ-բանաստեղծ դարձաւ Սայաթ Նովան՝ հայերէնով իր ստեղծագործութեան հիմնական ժառանգութեան կողքին, համաշխարհային մշակոյթի գանձարանին կտակելով վրացերէն ու թրքերէն մեծարժէք երգեր ու բանաստեղութիւններ։

Բայց գերազանցապէս հայկական ակունք ունի հանճարեղ գուսանին ստեղծագործութիւնը։ Հայրական եւ մայրական կողմի տաղանդաւոր աշուղներէն, բանաստեղծներէն եւ արուեստագէտներէն ան ժառանգեց ոչ միայն ընտիր հայերէնն ու բանաստեղծական մշակումի արուեստը, այլեւ՝ հայ ժողովրդական երգ ու պարի աւանդները։

Հազիւ երիտասարդ, ան հրաժարեցաւ ջուլհակագործութենէ եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ աշուղի կեանքին։ Ճամբորդեց Պարսկաստան եւ հասաւ մինչեւ Հնդկաստան։ Շրջեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ենթակայ տարբեր երկիրներ։ Եւ ամէնուրեք, տարբեր ժողովուրդներու ստեղծագործական աւանդներուն մօտէն ծանօթանալով՝ հարստացուց թէ՛ իր գիտելիքներու պաշարը, թէ՛ բանաստեղծական մշակման հնարաւորութիւնները։ Ուխտի գնաց, մանաւա՛նդ, Տարօնայ աշխարհի Ս. Կարապետ վանքը, որ կը նկատուէր ժամանակի աշուղներուն հոգեմտաւոր հասունացման ուխտատեղին։

Արդէն հռչակաւոր աշուղ էր եւ «Սայաթ Նովա (պարսկերէն՝ Երգի որսորդ)» անունով մկրտուած, երբ հրաւիրուեցաւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին կողմէ արքայական պալատ՝ պաշտօնապէս արքունի աշուղ կարգուելով։ Իր այդ հանգամանքով՝ Սայաթ Նովա երկար ծառայեց Հերակլ Բ.-ի, արժանացաւ անոր վստահութեան. վրացական աշուղական բանաստեղծութիւնը հայկական եւ պարսկական պատուաստումով հարստացուցած հանճարեղ բանաստեղծին Հերակլ Բ. յանձնարարեց նաեւ քաղաքական առաքելութիւններ եւ, կենսագիրներու վկայութեամբ, հայ մեծ գուսանը վճռորոշ դեր ունեցաւ պարսկական արշաւանքներու դէմ հայ-վրացական-թաթարական զինակցութիւն առաջացնելու գործին մէջ։

Բանասէրները տարակարծիք են, յատկապէս, վրաց արքունիքէն ներս Սայաթ Նո-վայի ապրած մեծ սիրոյ ողբերգութեան մասին, որ կենսայորդ աղբիւրը կը հանդիսանայ անոր երգերուն եւ բանաստեղծութեան։

Վրաց թագաւորին մօտ Սայաթ Նովայի վայելած վստահութիւնը ծանր հարուած ստացաւ, երբ արդէն ամուսնացած ու զաւակներու տէր բանաստեղծը սիրահարուեցաւ թագաւորի դստեր կամ քրոջ՝ Աննային։ Անյոյս այդ սէրը այնքան մեծ էր ու խոր, որ Սայաթ Նովա մինչեւ իր վախճանը տառապեցաւ ու երգեց անոր ներշնչումով։ Ամէնուր իր երգն ու բանաստեղծութիւնը տարածեց եւ, իր կենդանութեան արդէն, արժանացաւ ժողովրդային երգիչի դափնեպսակին։ Հազարը անցնող աշուղական իր երգերն ու խաղերը, երեք լեզուներով, տարածուեցան բերնէ բերան, ջերմացուցին եւ ծաղկեցուցին ժողովուրդի կեանքին ուրախ եւ տխուր պահերը հաւասարապէս։

Եւ արժանացան յաւերժութեան։

1759-ին Սայաթ Նովա քահանայ ձեռնադրուեցաւ Տէր Ստեփանոս անունով՝ ոմանց կարծիքով վրաց Հերակլ Բ. թագաւորի ճնշումին տակ, որ կ՚ուզէր իր պալատէն հեռացնել զինք, իսկ այլ բանասէրներու կարծիքով՝ սիրահար բանաստեղծը պարզապէս ապաշխարհելու նպատակով նուիրուեցաւ հոգեւորականի ծառայութեան։

Սայաթ Նովա իր կենդանութեան եւ իր ձեռքով լծուեցաւ սեփական ստեղծագործութիւնները գրի առնելու, մանաւանդ վրացերէն եւ թրքերէն իր երգերը հայացնելու աշխատանքին։ Գրականագէտները կը հաստատեն, որ իր Օհան որդին կարեւոր ներդրում ունեցաւ այդ աշխատանքին մէջ եւ մեծապէս օգնեց հօրը։ Այսօր Սայաթ Նովայէն ունինք, գրաւոր պահուած, աւելի քան 230 հայերէն բանաստեղծութիւն։ Բայց կը տիրէ ընդհանուր այն համոզումը, որ տակաւին ցիրուցան կը մնան մեր ժողովուրդին կողմէ բանաւոր պահպանուած հայ հանճարեղ աշուղին բազում ստեղծագործութիւնները, որոնք պէտք է հաւաքուին ու գրի առնուին։

Սայաթ Նովայի անզուգական ժառանգութիւնը փրկելու եւ մեր ժողովուրդին մատչելի դարձնելու դժուարին, այլեւ երախտաշատ գործին մէջ հիմնական եղաւ ներդրումը Սայաթնովագիտութեան հիմնադիր՝ հայագէտ Գ. Ախվերդեանի։

1848-ի Մայիսին ձեռք բերելով աշուղի «Դավթար»ը (Տետր), հետազօտական քրտնաջան աշխատանքէ ու որոնումներէ յետոյ, 1852-ին ան լոյս ընծայեց Սայաթ Նովայի հայերէն խաղերու առաջին ժողովածոն (46 խաղ)՝ կցելով բանաստեղծի կենսագրութիւնը, Թիֆլիզի բարբառի քննութիւնը եւ առանձին ոտանաւորներու բառապաշարին վերաբերեալ արժէքաւոր մեկնաբանութիւններ։

Իսկ Սայաթ Նովան իր ներաշխարհով ու արուեստով մեր ժողովուրդին ծանօթացնելու գործին մէջ մեծ եղաւ ներդրումը Նիկոլ Աղբալեանի, որուն Սայաթ Նովայի նուիրուած ժողովրդային լսարաններու բանախօսութիւնները մէկտեղուած են առանձին հատորի մը մէջ։ Հայ մեծ գրականագէտն ու քննադատը, իր կեանքի վերջալոյսին եւ Լիբանանի մէջ՝ Ճեմարանի յարկին տակ իր դասաւանդութեանց շրջանին, թիֆլիզեան իր տարիներուն կատարած բանահաւաքի աշխատանքները ի մի բերելով, յիշողութիւնները գրի առնելով եւ Սայաթ Նովայի լեզուական եւ ոճաբանական իւրայատկութեանց ամենէն հարազատ ու մատչելի մեկնաբանութեան ձեռնարկելով՝ փաստօրէն թէ՛ երգեց եւ թէ ասմունքեց հայ հանճարեղ աշուղ-բանաստեղծին լաւագոյն ըս-տեղծագործութիւնները եւ զանոնք մեր սերունդներուն փոխանցեց իբրեւ անկո-րընչելի ժառանգ ու հարստութիւն։

Սայաթ Նովայի ժառանգութեան ճանաչման եւ վերծանման մէջ հսկայական եղաւ ներդրումը նաեւ ու մանաւա՛նդ Պարոյր Սեւակի, որ իր բանասիրական ու գրականագիտական աւարտաճառին նիւթ ընտրած էր Սայաթ Նովան։ Նոյնպէս հիմնական ներդրում ունեցաւ բանասէր Մօրուս Հասրաթեան, որ ամենէն գիտական ժողովածոն կազմեց Սայաթ Նովայի ժառանգութեան։

Իսկ Սէրկէյ Փարաճանով, 1968-ին պատրաստած իր «Նռան գոյնը» գործով, ողջ աշխարհը գրաւող արուեստի գլուխ-գործոց մը սերունդներուն յանձնեց Սայաթ Նովայի ներշնչումով։ Կեանքի եւ սիրոյ, տենչանքի ու տառապանքի, վշտի եւ ուրախութեան, իմաստութեան եւ յուսախաբութեանց՝ մարդկային ամենէն իրա՛ւ ու խորախորհուրդ ապրումներուն հանճարեղ երգիչն է Սայաթ Նովա։

Որքան ալ դժուար ըլլայ անոր հայերէնը, նորահաս սերունդներն անգամ ուղղակի իրենց սրտէն բխող երգի եւ հոգիի վաւերական խոստովանութեան վերածած են Սայաթ Նովայի երգերը։

Վկայութեանց այս էջը կ՚արժէ եզրափակել մտորումներովը Ամենայն Հայոց Բա-նաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի, որ 1910-ականներուն նախաձեռնեց եւ տարիներ պահպանեց տարին օր* մը Սայաթ Նովային նուիրելու աղուոր աւանդութիւնը.- «Նա մի նորօրինակ ձեւ չի, մոդա չի, որ ժամանակի ընթացքում ձանձրացնի ու փոխուի. նրան մին լսողը երկրորդ անգամ լսելիս աւելի պիտի սիրի, եւ մին հասկանալուց ու սիրելուց յետոյ երբեք չպիտի մոռանայ։ Գեղեցիկ ձեւի մէջ մի մշտավառ հուր հոգի է նա, մի ազնիւ ու լիքը սիրտ, մի հարազատ հզօր շունչ, որ մեր աշխարհքի հարազատ շնչի նման միշտ խաղալու է Կովկասի ժողովուրդների վրայ, ե՛ւ հայի, ե՛ւ վրացու, ե՛ւ թուրքի վրայ, որովհետեւ հաւասար ուժով երգել է ե՛ւ հայերէն, ե՛ւ վրացերէն, ե՛ւ թուրքերէն։

«Թիֆլիզը Կովկասի լեռների անցքի առջեւ տարածուած մեծ հանգոյցն է, եղել է հին ժամանակներից, նրա մէջ եկել, խառնուել, միացել էին Արեւելքի զանազան ժողովուրդները իրենց բարբառներով, կրօններով, փիլիսոփայութիւններով ու ազգային ստեղծագործութիւններով ու ստեղծել էին մի ինքնատիպ քաղաք, որի վրայ հիանում էր ամբողջ Փոքր Ասիան ու Մերձաւոր Արեւելքը։ Եւ հեռաւոր ժողովուրդները ամէն անգամ երբ պատերազմով վեր էին կենում դէպի Կովկաս՝ Թիֆլիզն էին երազում ու Թիֆլիզի «գէօզալները» - սիրունները։

«Ահա, ինչպէս մի ուրիշ անգամ էլ նկատել եմ, էդ Թիֆլիզի նման մի ինքնատիպ մեծութիւն էր Սայաթ Նովան, իբրեւ Արեւեւելքի բանաստեղծ։ Եւ եթէ Արեւելքի ժողովուրդները հեռուից հեռու վառւում էին Թիֆլիզի սիրունների կարօտով՝ ինչ ասել կ՚ուզի, որ էս հոյակապ աշուղը, աշուղ, որ Արեւելքում շատ իմաստուն կերպով ե՛ւ բանաստեղծ կը նշանակի եւ սիրահար միաժամանակ - էդ միեւնոյն սիրունների սիրով պէտք է բռնկէր անմարելի ու իր կրակով վառէր թէ՛ իր ժամանակակիցներին եւ թե գալոց սերունդներին, ինքն էլ այրուէր, հատնէր իր կրակի սաստկութիւնից, որովհետեւ, ինչպէս ասում է իր անտիպ թուրքերէն երգերից մէկի մէջ - «Աշուղլուղ քուրա դուր, եախար, եանդըրար» - աշուղութիւնը հնոց է, կէրի, կ՚աւերի։ Եւ ի՜նչ գեղեցիկ է, ճշմարիտ, որ էսպէս է մեր վիթխարի Սայաթ Նովան. մի հոյակապ սիրահար է, բռնուած ու բռնկած սիրոյ հրդեհով, նրա լուսի տակ էլ նկատում է աշխարհքն ու իրերը, զգում է, որ էրւում, վերջանում է ինքը, բայց մնում է արի ու բարի, անչար ու անաչառ, վեհ ու վսեմ, որպէս աշխարհքի ու մարդու մեծ բարեկամը, հաստատուն սիրով ե՛ւ դէպի էն «զալումը», որ իրեն կրակ տուեց ու միշտ մնաց անտարբեր, ե՛ւ դէպի նրանց, որոնք չորս կողմից տաքացան ու հրճուեցին էն կրակով, որի մէջ էրւում էր ինքը, ե՛ւ դէպի նրանց, որոնք հազար ու մի տեսակ իրեն վշտացրին կեանքում։ Զայրացաւ, բայց երբեք չչարացաւ, ցաւեց, բայց երբեք չանիծեց»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


* Սայաթ Նովային նուիրուած Թումանեանի հաստատած աւանդոյթը մինչեւ այսօր կը պահպանուի Թիֆլիլի մէջ, իսկ վերջին շրջանին կը նշուի նաեւ Հայաստանի տարածքին։

«Վիքիփետիա»յի վկայութեամբ՝ «Վարդատօն»ը ամէն տարի Թիֆլիզի մէջ Մայիսի վերջին Կիրակին կը նշուի իբրեւ Սայաթ Նովայի յիշատակի օր։

«Վարդատօն»ը ամբողջութեամբ կը նը-ւիրուի աշուղական երգի ռահվիրայ Սա-յաթ Նովային։

«Ան առաջին անգամ տօնած են 1914 թուականին Թիֆլիզի մէջ՝ հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի, գեղանկարիչ Գէոորգ Բաշինջաղեանի եւ վրացի բանաստեղծ, գրականագէտ Իոսէպ Կրիշաշվիլիի նախաձեռնութեամբ։ Այդ օրը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ տօնի մասնակիցները կարմիր վարդեր կը դնեն Սայաթ Նովայի շիրիմին, կը լսեն անոր ստեղծագործութիւնները»։

Սուրբ Գէորգ եկեղեցին Թիֆլիզի հայկական առաջնորդանիստ եկեղեցին է, որու բակին մէջ ալ ամփոփուած է անմահն Սայաթ Նովայի շիրիմը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017