«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Մենք պարտաւոր ենք աշխատելու մեր ընկերներու սրբութեան եւ փրկութեան համար, եւ այս մէկը կրնանք ընել.

ա) Ուսուցանելով անոնց պարտաւորութիւնները եւ պէտք եղած ժամանակ հաւատքի ճշմարտութիւնները, խրատելով, որ Սուրբ Գիրք կարդան՝ մեր անձը օրինակ տալով. «Հոգածու ըլլանք իրարու հանդէպ, սիրոյ եւ բարի գործերու մղելով իրար» (Եբր 10.24). «Հետեւաբար՝ քաջալերեցէ՛ք իրար եւ իրարու հաւատքը ամրապնդեցէք, ինչպէս արդէն կ՚ընէք» (Ա.Թս 5.11):

բ) Խրատելով եւ յանդիմանելով քաղցրութեամբ՝ երբ կը մեղանչեն. այս մէկը եղբայրական խրատ կ՚անուանուի. «Կը խնդրենք, եղբայրներ, խրատեցէ՛ք անկարգութեամբ ապրողները, յուսադրեցէ՛ք վհատածները, պաշտպան եղէք տկարներուն, համբերատար եղէք բոլորին հանդէպ» (Ա.Թս 5.14). «Եղբայրնե՛րս, երբ ձեզմէ ոեւէ մէկը ճշմարտութեան ուղիէն մոլորի, եւ ուրիշ մը յաջողի զայն վերադարձնել, գիտցէք՝ թէ մեղաւորը իր մոլար ճամբէն դարձնողը թէ՛ անոր հոգին մահուընէ կը փրկէ եւ թէ՛ իր բազմաթիւ մեղքերուն թողութիւն կը գտնէ» (Յկ 5.19-20). «Եղբայրդ քու սիրտիդ մէջ մի՛ ատեր. քու դրացիդ անպատճառ յանդիմանէ՛, որպէսզի անոր համար մեղք չկրես» (Ղւ 19.17):

Այս պարտաւորութիւնը պէտք է համարձակութեամբ եւ ազատութեամ կատարենք, միաժամանակ՝ խոհեմութեամբ եւ հեզութեամբ, որպէսզի չվրդովեցնենք սիրտերը այն մարդոց՝ որոնց կը փափաքինք խրատել: Այս կերպով կատարուած խրատը աւելի կ՚ընդունուի, սակայն երբեմն ալ պէտք է նաեւ ձեռք ձգել զօրութիւն եւ սաստկութիւն՝ թմրած խիղճը արթնցնելու համար: Խրատելու ժամանակ գլխաւոր պայմանը՝ սէ՛րն է եւ հոգին փրկելու փափաքը, հետեւաբար պէտք է միշտ Աստուծոյ օգնութիւնը եւ յոյսը խնդրել, միաժամանակ մեծ ուշադրութիւն դարձնել մեր պակասութիւններուն վրայ եւ ուղղել մեր վարքն ու ընթացքը. «Կամ, ի՞նչպէս եղբօրդ կ՚ըսես. «Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ», երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ» (Մտ 7.4). «Եղբայրնե՛ր, եթէ պատահի որ ոեւէ մէկը յանցանքի վրայ բռնուի, դուք՝ որ Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուիք՝ պէտք է հեզութեամբ զայն ուղիղ ճամբու բերէք։ Նաեւ զգոյշ եղէք դուք ձեզի, որպէսզի չըլլայ որ դուք ալ փորձութեան մէջ իյնաք։ Իրարու բեռը վերցուցէք, եւ այդպէսով կատարեցէք Քրիստոսի սիրոյ օրէնքը։ Որովհետեւ ով որ կը խորհի, թէ ուրիշներէն տարբեր է՝ այնպիսին ինքզինք կը խաբէ, որովհետեւ բնաւ ալ տարբեր չէ։ Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու։ Որովհետեւ՝ իւրաքանչիւր մարդ իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը ինք պիտի կրէ» (Գղ 6.1-5). «Բայց եւ այնպէս՝ թշնամիի տեղ մի՛ դնէք, այլ իբրեւ եղբայր խրատեցէք» (Բ.Թս 3.15):

գ) Պարտաւոր ենք մեր ընկերոջ հոգեւոր բարութեանը օգնել, թեթեւցնելով եւ մխիթարելով նեղութեան եւ տառապանքներու մէջ, որպէսզի չյուսահատի եւ չտրտնջայ Նախախնամութեան դէմ, այլ ընդհակառակը՝ օգնենք, որպէսզի օրհնէ Աստուծոյ կամքը. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7):

դ) Պարտաւոր ենք ամէն ինչի մէջ մեր ընկերներուն բարի օրինակ ըլլալ: Ա՛յս է ամենէն հաստատ եւ ապահով ճանապարհը, որով դիւրութեամբ կրնանք մեր ընկերոջ օգնել. «Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 5.16): Ասկէ կրնանք իմանալ, թէ ինչքա՛ն ահաւորութեամբ կը մեղանչենք մենք, երբ չար օրինակով պատճառ կը դառնանք ուրիշներու կորուստին, կա՛մ խօսքով, կա՛մ գործով, որով ուրիշները կը մոլորին, կա՛մ [իրենց] պարտաւորութենէն կը հեռանան: Այսպիսի պարագաներու մէջ ինչպէս որ մեր ընկերոջ կորուստին պատճառ ենք, նոյնպէս Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու ենք անոր հոգիին համար եւ անոր գործած իւրաքանչիւր չարութեան համար: Քրիստոս «վա՜յ» կ՚ըսէ ան մարդուն՝ որ կը մոլորցնէ. «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան։ Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր» (Ղկ 17.1-2):

   Սէրը նոյնպէս, մեզմէ կը պահանջէ, որ խաղաղութեամբ մնանք, որովհետեւ խառնակութեան եւ անհամաձայնութեան մէջ դիւրութեամբ կրնան սիրոյ դէմ մեղքեր ծնիլ: Այս խաղաղութեան համար է, որ Սուրբ Գիրքը կը պատուիրէ. «Որքան կրնաք՝ ամէնուն հետ խաղաղ ապրեցէք» (Հռ 12.18): Փրկիչը մեզի կ՚առաջարկէ խաղաղութեան հզօր պատճառներ եւ կը պատուիրէ ամէն միջոց ի գործ դնել խաղաղութեան մէջ հաստատուն մնալու համար.-

ա) Պարտաւոր ենք հեռանալ անիրաւ, գոռոզ եւ անպատիւ պահանջքներէ ու վատ խօսակցութենէ, որոնք կրնան մեր ընկերները վիրաւորել. իսկ ասոր հակառակ, մեր ընկերոջ հետ [պարտաւոր] ենք պահել ուղղութեան, արդարութեան եւ սիրոյ բոլոր կանոնները, ուրախութեամբ օգնելով բոլոր պարագաներուն. «Եղբօր պէս իրար սիրեցէք գորովանքով։ Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք։ Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու։ Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք» (Հռ 12.10-11):

բ) Երբ մեր ընկերը կը թշնամանայ մեզի հետ եւ կ՚անպատուէ, պէտք չէ որ նոյն ձեւով վարուինք, այլ՝ պարտաւոր ենք համբերել անոր պակասութիւններուն եւ ներել անոր. «Հետեւաբար, իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ Իր սէրը վայելող մարդիկ՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար։ Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մի՛ ունենաք» (Կղ 3.12-13): Երբ կը վնասէ մեզի եւ վնասը շատ մեծ է, խաղաղութեան բոլոր միջոցները փորձելէ ետք՝ եթէ չյաջողինք մեր իրաւունքը ստանալ, արդարութիւնը կը պահանջէ դատաստարան բողոք ներկայացնել եւ միաժամանակ սակայն, մեր իրաւունքներուն համար չափաւորութենէն չհեռանալ: Աւետարանական պատուէրին համաձայն, այնպէս պէտք է վարուիլ, որ մեր թշնամիին գանգատելու եւ կամ հաշտութեան ճանապարհը դժուարացնելու պատճառ չտանք: Եթէ հնարաւոր է, աւելի լաւ է վնասը եւ անարգանքը կրել եւ ամէն տեսակի գանգատէ զգուշանալ: Աբրահամի հաշտութեան հոգին օրինակ ունենալով մեզի, ինչպէս արձանագրուած է Ծննդոց գիրքի 13-րդ գլուխին մէջ: «Բայց արդէն իսկ ձեզի համար յանցանք է իրարու դէմ դատ ունենալը։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ յանձն առնէիք անիրաւուիլ կամ զրկանք կրել» (Ա.Կր 6.7). «Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար» (Ա.Կր 13.4):

Այս մասին մեր օգուտը մեր պարտաւորութեան համաձայն է, որովհետեւ գանգատը մեզի համար նեղութեան, ատելութեան, շփոթութեան եւ հակառակութեան աղբիւր կը դառնայ, իսկ վախճանն ու հետեւանքը շատ անգամ մեծամեծ վնասներու կը տանի: Այն զոհը, որ մենք խաղաղութեան եւ սիրոյ համար կը կրենք՝ առհասարակ մեզի համար օգտակար է, որովհետեւ մեր սիրտը ուրախալի զգացումներով կը լեցնէ, կ՚անդորրացնէ եւ կը խաղաղեցնէ մեր կեանքը ու կը խոստանայ մեզի Ամենակարող եւ Խաղաղասէր Աստուծոյ բարութիւնը:

Քրիստոս երբ կը պատուիրէ թշնամիին չհակառակիլ, պարտինք իմանալ, որ խաղաղութիւնը պահպանելու համար է: Երբ կը պատուիրէ խաղաղութեամբ եւ հեզութեամբ համբերել, այս չի՛ նշանակեր, թէ ի սպառ անձնատուր պէտք է ըլլանք մեր թշնամիին, այլ՝ հաշտութեան միջոց [պէտք է] փնտռենք: Որովհետեւ, Աւետարանը երբե՛ք չ՚արգիլեր մեր անձին արդար եւ կարեւոր պահպանութիւնը: Պօղոս առաքեալին հետ անիրաւութեամբ կը վարուին, սակայն ան, իր անձը պահպանելու համար՝ կը յիշէ իր Հռոմի քաղաքացի ըլլալու հանգամանքը: Նոյնինքն Քրիստոս Իր աշակերտներուն պատուիրեց, թէ երբ նեղեն ու չարչարեն ձեզ, այլ քաղաք փախէ՛ք (Մտ 10.23): Յիսուս Ի՛նք դատաւորի մը դիմաց խօսեցաւ. «Յիսուս ըսաւ անոր.

-Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես Ինծի» (Յհ 18.23):

Երբ խաղաղութիւնը վրդովուած է, պարտաւոր ենք հաշտութեամբ եւ ներողամտութեամբ ջանալ վերահաստատել: Այս պարտաւորութեան համար Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ Աստուած ձեր պաշտամունքը չ՚ընդունիր, եթէ անհաշտ էք ձեր ընկերներուն հետ: Աստուածպաշտութեան ամենէն ապահով ճանապարհը՝ Աստուծոյ սիրոյն համար երբեք թշնամութեան եւ բարկութեան տեղիք չտալ. «Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցելու ատեն յիշես, որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա՛ նախ հաշտուէ եղբօրդ հետ եւ ապա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցէ» (Մտ 5.23-24): Եթէ մենք անարգած ենք մեր ընկերը, պարտաւոր ենք աճապարել ու զղջալ, իսկ եթէ ուրիշները անարգանք հասցուցած են մեզի, բաւական չէ միայն ընդունիլ եւ մեծահոգութեամբ վարուիլ մեզի դիմած ժամանակ, այլ՝ պարտաւոր ենք նախ եւ առաջ մե՛նք խաղաղութիւն առաջարկել, որով աւելի կը դիւրացնենք հաշտութիւնը:

Խաղաղութեան սէրը պէտք է շարժէ՛ մեզ ամէն տեղ, ուր որ վրդովմունք կայ՝ խաղաղութիւն վերահաստատելու: Այս պարտաւորութիւնը կատարելու համար, պարտական ենք.-

ա) Մեր կեանքով ճարել այս բարեհոգութիւնը եւ իմաստուն անունը, որպէսզի մեր ըսած խօսքը բոլորին առջեւ պատիւով ընդունուի:

բ) Մեր միջամտած բոլոր գործերուն մէջ պէտք է ըլլանք առանց կիրքերու եւ նախապաշարումի:

գ) Տարբեր բնաւորութիւնները հաշտեցնել եւ այս ուղղութեամբ ամէն միջոց ի գործ դնել, որոնք խոհեմութեան եւ սիրոյ հակառակ չեն: Եթէ այս ջանքերը իրենց ծանրութիւնը ունին, ապա եւ ունին իրենց քաղցրութիւնն ու վարձքը:

Այսպիսի մեծ բարութիւններ կատարելով եւ սկիզբէն մեղքէ հեռանալով, մարդը Աստուծոյ գործին մասնակից եւ Անոր նմանող որդի կ՚ըլլայ, որուն համար Քրիստոս կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՚աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտ 5.9): 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

•շար. 11

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2018