ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ, ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԻ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ԷԱԿԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հաւասարութեան համար արդար պայքարը կը շարունակուի: Պէտք չէ ըլլան երկրորդ կարգի քաղաքացիներ, մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը անխախտելի իրաւունք է: Մարդոց հաւասարութիւն, անոնք ըլլան այր թէ կին:

Այսօր, հեռատեսիլէն լսեցի սարսափելի բառ մը. կիներու մարմնի առեւտրականացում (marchandisation): Ամէնուրեք պայքար շղթայազերծուած է ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԾՆՈՒՆԴԻ (PMA, procréation médicalement assistée, medically assisted production) եւ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՐԻՇԻ ՀԱՄԱՐ (GPA, gestation pour autrui): Այսինքն կիները, բժշկական միջամտութեամբ, իրենց արգանդին մէջ պիտի ընդունին, (արդէն կ՚ընդունին եւ կարծէք ընդունուած է եւ սովորութիւն դարձած, սովորական դարձած, նոյնիսկ խորպէս հասութաբեր ձեռնարկութիւն) իրենց ամուսինին կամ անծանօթի մը սերմը, որպէսզի զաւակ ունենան (PMA), կամ ուրիշի համար զաւակ ծնին-արտադրեն սենեակի պէս վարձու տալով իրենց արգանդը:

Անծանօթ կնոջ մը արգանդը պիտի վարձուի, որպէսզի փոխարինուի ամուլ կինը եւ ամուսինին սերմով զաւակ ունենայ ընտանիքը (GPA), կամ նոյնիսկ ուրիշի մը գնուած սերմով:

Անկախ ամէն կարգի նկատումներէ, կանանց իրաւունքներու եւ հաւասարութեան համար մղուող պայքարի ծիրէն ներս, կը մտածե՞նք բնութեան կարգի եւ այլ արժէքներու խանգարման մասին: Գիտութեան յառաջընթացին դէմ կանգնելու հարց չունիմ: Բայց ոչ ոք իրաւունք պէտք է ունենայ ՄԱՐԴը, որ մաս կը կազմէ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳին, դուրս բերելու այդ կարգէն: Միասին ապրող երկու այրեր կամ երկու կիներ, ինչո՞ւ մանուկին պիտի պարտադրեն իրենց նման մանուկներէն տարբեր ըլլալ: Ինչո՞ւ մանուկը հայր կամ մայր բնական կապէն պիտի զրկուի, կամ բնութեան կարգին դէմ երթալով պիտի ունենայ երկու հայր կամ երկու մայր: Թերեւս օր մըն ալ երեք կամ չորս հայր եւ կամ երեք չորս մայր:

Շատ կը սիրենք խօսիլ մարդու իրաւունքի մասին, բայց ինչո՞ւ չենք խօսիր մանկան հայր կամ մայր ունենալու բնական իրաւունքին մասին:

Ինչպէ՞ս ընկերութիւն եւ պետութիւններ կրնան անբնական կացութիւնները բնական համարելու համար եսասիրութիւններու բաւարարութիւն տալու կոչուած օրէնքներ մը-շակել եւ պարտադրել, զանոնք կոչել մարդու իրաւունք, որ հակասութիւնն իսկ է գլխագրուած բնութեան կարգով գոյութիւն ունեցող Մարդու իրաւունքին:

Կայ նաեւ ահաւոր հակասութիւն մը: Կանանց իրաւունքներուն համար պայքարողները, անոնք ըլլան այր թէ կին, կիներու հանդէպ յարգանքի եւ հաւասարութեան ցոյցեր կազմակերպողները, օրէնք մշակողները, ինչպէ՞ս կրնան ընդունիլ, որ կիներու արգանդը վարձուի ուրիշի համար զաւակ արտադրելու համար:

Կիները, իրենք, որոնք արդարօրէն կը պայքարին հաւասարութեան համար, ինչպէ՞ս կրնան ընդունիլ, որ կնոջ մարմինը համարուի ապրանք եւ վարձու տրուի: Հաւասարութեան համար պայքարող կիները կրնա՞ն ըսել, թէ որոնք են այն կիները, որոնց մարմինը, ինչպէս սենեակ մը, վարձու կը տրուի: Այս ընթացքը դասակարգային յոռեգոյն չարաշահումը չէ՞: Կը վարձուին արգանդները կարիքաւոր կանանց, այդ կանանց պարտադրելով մարմնավաճառութիւն: Հարցում. պատահա՞ծ է, կը պատահի՞, որ վերնախաւի պատկանող կանանց,- վերնախաւ՝ դրամական, մշակութային, քաղաքական,- արգանդները վարձու տրուին: Կը նշանակէ, պարզապէս, որ շահագործուող դասակարգի կանանց կը պարտադրուի, վասն դրամի եւ հացի, ըլլալ ուրիշի համար զաւակ արտադրող մեքենայ, ինչպէս Պանկլատէշի նուազագոյն վարձով աշխատողները կ՚արտադրեն շապիկ եւ տաբատ հարուստ երկիրներու համար:

Կանանց իրւաւունքներու պաշտպանները առաջին հերթին,- ոչ միայն կրօնականները եւ բարոյախօսները,- իրենք պիտի մերժեն, մերժէին, իրենց սեռակիցներու պարտադրուած այս նորատեսակ ստրկութիւնը, փոխանակ կրաւորականութեամբ ընդունելու կացութիւնը, որպէս գիտական յառաջդիմութիւն: Արդարեւ, կեանք ստեղծելու համար մայրութիւնը սիրոյ արտայայտութիւն է, իսկ վարձու արգանդի մէջ աճող մանուկին հանդէպ ի՞նչ զգացում կրնայ ունենալ ծնունդ տուող կինը, մանկան ծնած վայրկեանին իսկ նորածինին տէր դարձող ուրիշի արգանդը վարձած կինը:

Իսկ ուրիշի վարձու արգանդին մէջ ծնած մանուկը, ի՞նչ վերաբերում կրնայ ունենալ, երբ գիտակցի որ զինք աշխարհ բերողը իրեն համար անծանօթ մըն է եւ օտար, իսկ այն կինը, որ որպէս մայր կը ներկայանայ, ի՞նչ է իրեն համար: Կը մտածուի՞ ապագայ մանկան, երիտասարդին եւ ընդհանրապէս մարդուն հոգեկան հաւասարակշռութեան մասին:

Անկախ այս անհանգստացնող հարցումներէն, կանանց ազատութեան եւ հաւասարութեան համար պայքարող կիները իրենք, ամենայն լրջութեամբ պէտք է դատեն կնոջ մարմնի առեւտրականացումը, coca-cola-ի շիշի մը նման:

Կինը վերածել թափծու արձանիկներու կաղապարի շատ հեռու է ազատութեան եւ հաւասարութեան համար մղուող պայքարէն: Ինչ ալ ըլլան վարձու տրուող արգանդներու համար մշակուած եւ մշակուող օրէնքները:

Երբեմն ալ կը մտածեմ այն մասին, օր մը, խելագար մենատէր մը, խորհելով որ ինք արտակարգ անձ մըն է, բոլորէն վեր, բոլորէն լաւ, ուզէ իր պատկերով սերունդ ստեղծել հազարաւոր կիներու արգանդը օգտագործելով… Պատմութեան մէջ եղած են տիրակալ-մենատէր խենթեր եւ կան: Միթէ՞ պատմութիւնը չէ արձանագրած պարագան թագաւորներու, կայսրերու եւ իշխաններու, որոնք տասնեակներով կիներ, անոնք ըլլան իշխանուհիներ թէ գիւղացի պարզ աղջիկներ, յղիացուցած են, եւ անոնց ծնունդ տուած մանուկները չեն ճանչցած իրենց հայր թագաւորը, կայսրը, իշխանը… Երբեմն որպէս տեղեկութիւն կը կարդանք, որ այսինչ թագաւորը կամ կայսրը ունեցած է աւելի քան յիսնեակ մը հոմանուհիներ, ինչ որ կրկին, կանանց մարմնի առեւտրականացումն է (marchandisation):

Ընդունիլ որ կիներու արգանդը ըլլայ վարձու ապրանք, յոռեգոյն ստրկութիւնն է:

Այս է՞ այսօր կանանց դատի պաշտպաններու իսկական պայքարը:

Վարձու տրուող արգանդը ո՛չ հաւասարութեան եւ ոչ ալ ազատութեան նշան է: Ան ոչ միայն կանանց դէմ յարգանքի պակաս է, անոնց ստրկացումը, այլ ընդհանրապէս մարդու յարգանքի ոտնակոխում:

Եթէ քիչ մը առարկայական մօտեցում ունենանք, պիտի հաստատենք, որ վարձու չեն տրուիր իշխողներու, մեծերու, հարուստներու կանանց արգանդները: Այս մէկն ալ ընկերային անարդարութեան յոռեգոյն արտայայտութիւններէն մէկն է, որուն համար պիտի արժէր յեղափոխութիւն ընել եւ կիյոթին հաստատել:

Եւ ըսել, որ հիւանդանոցներ կան, որոնք վարձու արգանդով ծնունդներու մասնագէտ են: Կարելի է նոյնիսկ տեսնել վարձու արգանդ տուող կիներու պատկերները, երիտասարդ, գեղեցիկ եւ առողջ:

Ֆէմինիստներ իրենք, ինչպէ՞ս կ՚ընդունին կանանց արգանդի առեւտրականացումը որպէս ապրանք, վարձու սենեակ:

Ինչո՞ւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը օրակարգ չի դարձներ այս հակամարդկային առեւտուրը:

Կանանց արգանդի առեւտրականացումը (marchandisation) ոչ միայն հակասութիւնն է կանանց իրաւունքերու պաշտպանութեան, այլ մարդը, ան ըլլայ այր թէ կին, գիտութեան սոսկ առարկայ դարձնելու անբարոյութիւն:

Կրնանք ըսել մարդկային արժանաւորութենէ հրաժարում:

Գիտութեան ընծայած կարելիութիւններու չարաշահումը, ինչ ձեւով ալ ըլլայ, մարդկութեան հանդէպ ծառայութիւն չէ: Հակառակն է:

Պէտք չէ բաւարարուիլ կացութեան նկատմամբ չափազանցութիւնները եւ սխալները կանխելու կոչուած օրէնքներու մշակումով, այլ պարզապէս արգիլել եւ դատապարտել մարդու առեւտրականացումը, որ էութենական արժէքներու հիմնական խախտում է:

Յանցանք է լուռ մեղսակցութեամբ ընդունիլ կացութիւնը:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019