ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»:

Այժմ տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը ինչպէս մեկնած են հետեւեալ խնդրանքը:

Ս. Կիպրիանոս կ՚ըսէ. «Սնունդ խնդրելէ ետք, կը խնդրենք՝ մեղքի թողութիւն, որովհետեւ ան՝ որ Աստուած կը կերակրէ, պէտք է Աստուծոյ մէջ ապրի, որով իր յոյսը միայն ներկայ՝ ժամանակաւոր կեանքը չ՚ըլլար, այլ՝ նաեւ յաւիտենականը, որուն կը հասնինք՝ երբ մեր մեղքերը ներունին: Այս է, որուն հրաւիրեց մեզ մեր Տէրը, երբ Աւետարանին մէջ ըսաւ. «...ամբողջ պարտքերդ շնորհեցի քեզի, որովհետեւ աղաչեցիր ինծի» (Մտ 18.32)»:

Ս. Եղիշէ Վարդապետ կը գրէ. «Այս ճշմարիտ աղօթք է՝ բանական եւ գործնական. երբ դուն ընկերոջմէդ չե՛ս պահանջեր քու պարտքդ, այն ատեն Աստուած ալ կը ներէ քեզի քու բոլոր յանցանքներդ եւ անմեղ կը դարձնէ: Լսէ՛ Պետրոսը, որ [Տիրոջ կը հարցնէր, թէ քանի՞ անգամ պէտք է իր եղբօրը ներէ, երբ ան իր դէմ մեղանչէ, մինչեւ եօ՞թ անգամ], եւ թէ ինչպէս մեր Տիրոջմէ սորվեցաւ, որ անոր ըսաւ, թէ՝ «[չեմ ըսեր քեզի թէ եօը անգամ], այլ՝ եօթն անգամ եօթանասուն» (տե՛ս Մտ 18.21-22): Պետրոս իբրեւ մարդ սահման դրաւ, մեր Տէրը չսահմանափակեց Իր Աստուածութեան բարերարութիւնն ու մարդասիրութիւնը: Մենք մեր խօսքով ու գործով անընդհատ կը մեղանչենք, Աստուած կը տեսնէ եւ զանց կ՚ընէ, որպէսզի Իր երկայնամտութեամբ մեզ ապաշխարութեան դարձնէ: Մարդուն համար չմեղանչելը կատարեալ արդարութիւն է, իսկ եթէ իբրեւ մարդ կը մեղանչէ, թող շտապէ զղջալ ու ապաշխարել: Անոր ողորմութեան դռները բաց են, Ան զանոնք չի՛ փակեր ապաշխարողներուն դիմաց: Մանաւանդ անոնք, որոնք հաւատքով խնդրել գիտեն, կրնան նաեւ առաքինութեամբ ճգնիլ՝ հոգեւոր վաստակներու համար. անոնք ո՛չ միայն իրենց ընկերներուն կը ներեն՝ իրենց դէմ գործած մեղքերը, այլ՝ նաեւ, իրենց ունեցուածքն ալ աքատներուն կը բաժնեն: Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ զանոնք դէպի առաքինութիւն կը մղէ, [եւ կ՚ընեն], ինչպէս որ նախնիները կ՚ընէին. «Արտ կամ տուն ունեցողները զանոնք կը ծախէին եւ ծախուածներուն դրամը կը յանձնէին առաքեալներուն» (Գրծ 4.34-35)...: «...Եւ դուն, երբ ընկերոջդ պարտքերը կը թողուս, ո՛չ թէ ատելով կ՚ատես ունեցուածքդ, այլ՝ քու կատարած քիչ ողորմութեամբ, Աստուած կը թողու քու ունեցած բազմաթիւ պարտքերդ, ինչ որ ունէիր: Հետեւէ՛ այս խօսքերուն. երբ ընկերոջդ ներես, դուն, նոյնպէս, արժանի կ՚ըլլաս ներումի»:

Հայր Իսահակ կ՚ըսէ. «Ան որ սրտանց չի՛ ներեր իր եղբօր, որ իր դէմ մեղանչած է, այս աղօթքով ան իրեն ո՛չ թէ ներում կը բերէ, այլ՝ դատապարտութիւն»:

Որոգինէս կը գրէ. ««Ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը, ինչպէս որ մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն» (Մտ 6.12), կամ ըստ Ղուկասի՝ «Ներէ՛ մեզի մեր մեղքերը, որովհետեւ մենք եւս կը ներենք բոլոր անոնց, որոնք նեղացուցած են մեզ (Ղկ 11.4)»: Պարտքերու մասին Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք, հնազանդելով անոր՝ որուն հնազանդութիւն կը պարտիք եւ յարգելով ան՝ որուն յարգանք կը պարտիք։ Ոեւէ մէկուն որեւէ բանով պարտական մի՛ մնաք. միմիայն զիրար սիրելու պարտաւորութիւնը ունեցէք» (Հռ 13.7-8): Մենք կատարելու պարտականութիւններ ունինք՝ ո՛չ միայն տալով, այլ՝ նաեւ բարեհաճութեամբ խօսելով եւ որոշ բարի գործեր կատարելով: Նոյնիսկ, պէտք է որոշ յանձնառութիւններ ունենանք ուրիշներուն հանդէպ: Այդ պարտքերը մենք կը վճարենք՝ աստուածային օրէնքը պահպանելով, կամ կը հրաժարինք ատոնք վճարելէ, եթէ առողջ բանականութիւնը կ՚արհամարհենք եւ պարտապաններ կը մնանք»:

Դարձեալ. «...Տակաւին, կրնանք մենք մեզի հանդէպ եւս պարտապան ըլլալ. մենք պէտք է մեր մարմինը օգտագործենք բարիին համար եւ ո՛չ թէ զայն սպառենք՝ հաճոյքներու ետեւէն իյնալով: Պէտք է մեր հոգիին խնամք տանինք, պէտք է հսկենք, որ մեր միտքը առողջ ըլլայ եւ սրաթափանց, մեր խօսքը՝ կիրթ եւ սիրազեղուն, երբե՛ք՝ պարծենկոտ եւ դատարկ: Եթէ մենք մեզ մեր անձին հանդէպ ունեցած պարտքերով ծանրաբեռնենք, հետեւաբար մեր յանցանքը աւելի ծանր կ՚ըլլայ»:

Դարձեալ. «Տակաւին, մենք Քրիստոսին եւս պարտապաններ ենք՝ Որ մեզ Իր սեփական արիւնով փրկեց, ինչպէս իւրաքանչիւր ստրուկ պարտապան կը մնայ իր տիրոջ, որ գնած է զինք՝ արծաթ դրամ վճարելով իրեն համար: Մենք պարտք ունինք նաեւ Ս. Հոգիին հանդէպ. մենք զայն հատուցած կ՚ըլլանք, երբ կը խուսափինք զԻնք տրտմեցնելէ, որուն միջոցով կնքուեցանք՝ փրկութեան օրուան համար (Եփ 4.30): ԶԻնք չտրտմեցնելով, մենք այն արդիւնքները կու տանք, որ Ան մեզմէ կը սպասէ, Անոր ներկայութեան շնորհիւ, որ մեր հոգին կ՚ապրեցնէ»:

Ս. Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Ուխտ եւ դաշինք մըն է մեր եւ Աստուծոյ միջեւ: Մեր Տէր Աստ-ւածը կ՚ըսէ. ներեցէ՛ք, որպէսզի ներուի ձեզի. արդարեւ, եթէ չներենք, մեր մեղքերուն մէջ կը մնանք մենք մեզի հակառակելով եւ ո՛չ թէ Անոր...: Ձեր սիրտովը ներեցէ՛ք՝ որ Աստուած կը տեսնէ, որոհետեւ, մարդ երբեմն իր բերանով կը ներէ, սակայն իր սիրտին մէջ կը պահէ: Բերանով կը ներէ՝ մարդոց համար, սակայն սիրտին մէջ կը պահէ, որովհետեւ Աստուծոյ աչքերէն չի՛ վախնար»:

Ս. Գրիգոր Նարեկացի կը գրէ. ««Ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»: Այնքա՜ն է Աստուծոյ սիրոյն եւ խնամքին յորդորութիւնը, որ կը կամենայ, որպէսզի բոլորն ալ ճշմարտութեան գիտութեան գան: Եւ այս ապրիլը եւ ճշմարտութեան գիտութեան գալը, որ երբե՛ք ատելութիւն եւ նախանձ չունենանք իրարու հանդէպ եւ ո՛չ ալ ոեւէ մէկուն յանցանքները մեր միտքին մէջ պահենք: Ինչպէս որ Տէրը մեզի համար գթութեան եւ ողորմութեան անդունդները կը խնդրէր Հօրմէն, ըսելով. «Որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս Ես եւ Դուն մէկ ենք (Յհ 17.11)» եւ «ինչպէս որ Դուն, ո՛վ Հայր, Իմ մէջս ես եւ Ես Քու մէջդ, այնպէս ալ անոնք մեր մէջ ըլլան (Յհ 17.21)»...»:

Ներսէս Լամբրոնացի կը գրէ. «Նախորդ ամփոփ խօսքով ամէն ինչ ճշմարտապէս խնդրեց Աստուծմէ եւ ատկէ ետք Անոր առջեւ կը սկսի սեփական անձի մեղքերուն խոստովանութիւնը սփռել: Բայց դուն տե՛ս այս աղօթքը Սորվեցնողին մեծ եւ ամենաբարի կամքը. նախ մեղքերու թողութիւն խնդրել չսորվեցուց եւ ապա՝ Աստուծոյ հետ խօսիլ, ինչպէս մարդոց յատուկ է. որոհետեւ, նախ թագաւորէն ներում կը խնդրենք եւ նոր միայն անոր խնդրանքներ կը մատուցենք: Ասիկա այդպէս [չըրաւ], այլ՝ ատոր հակառակը. նախ պարգեւները խնդրեց եւ ապա՛ ներումը՝ արժանապէս սորվեցնելով, որ նոյնիսկ եթէ չարիքներուն խորքերն ալ հասնինք, մեր յանցանքները կը զիջին [աստուածային] խաղաղութեան ու այն գթութեան, որ Աստուած մեր մարդկային բնութեան հանդէպ ունի: Ուստի, նախ աղօթեց կարեւորն ու մեծը ունենալու [համար], իսկ զայն ունենալէն ետք, Անոր բարերար կամքէն դիւրութեամբ մարդկօրէն սայթաքելու ներումը կը ստանանք»:

Դարձեալ. «...Սակայն պէտք է իմանալ, որ մեր Ուսուցիչը ու Օրէնսուսոյցը՝ Քրիստոս, Իր ստեղծած մարդկային բնութեան անհամապատասխան կամ ատոր հակառակ խրատով չէ՛, որ մեզ կը դաստիարակէր. ուստի, [քրիստոնէական] օրէնքը մեր բնութեան համար ախորժելի է եւ ամէն պարագայի պէտք զայն կատարել: ...Ուրեմն, ինչո՞ւ ներելով՝ մեր անձին հանգստութիւն չենք պարգեւեր եւ մեր եղբայրները չենք շահիր: Որովհետեւ, յանցաւորներուն նկատմամբ սիրով ներողամիտ չգտնուելով՝ ամբարտաւանութենէն կը բռնուինք, իսկ ամբարտաւանութիւնը՝ Աստուծոյ հետ կռիւի կը մղէ եւ ո՛չ թէ Անկէ ներում խնդրելու: ...Քու հնարաւորութեանդ եղածը ըրէ՛, ինչպէս որ Աստուծմէ կը պահանջես Իրեն հնարաւոր եղածը ընել, ներէ՛ եղբօրդ, եւ երկնաւոր Հայրդ ալ կը ներէ քեզի: Ներելու գործը կամքի՛դ կը պատկանի եւ ո՛չ թէ մարմինիդ»:

Ս. Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ հետեւեալը. ««Ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»: Այս խօսքէն կը հասկցուի, որ երբ մենք մարդուն կը ներենք, Աստուծմէ թողութիւն կը ստանանք: Այս խօսքը այլ մեծ նշանակութիւն մը ունի. բոլոր բարի գործերը՝ մենք Աստուծմէ կը սորվինք, իսկ այստեղ Ի՛նքն է, որ մեզմէ մարդասիրութիւն կը սորվի: Եթէ մենք չենք ներեր, մենք մեզ է որ կ՚անիծենք, թէ՝ ինչպէս ուրիշներուն չներեցի, Դուն ալ զիս մի՛ ներեր: Եւ ոխը սիրտին մէջ պահելով՝ Աստուծմէ կը հեռանանք»:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան այսպէս կը բացատրէ. ««Ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»: Գրաբարը կ՚ըսէ. «Թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց»: Ինչպէս կը տեսնուի, պարտքերու մասին կը խօսուի: Եբրայական հասկացողութեան մէջ յանցաւոր ըլլալ՝ Աստուծոյ պարտք ունենալ է. յանցանքները պարտքեր են: Մարդոց դէմ մեր գործած յանցանքները՝ մեզ պարտաւոր կը դարձնեն Աստուծոյ առջեւ: Ուստի, հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ «ներէ՛ մեր յանցանքներուն» կ՚ըսենք, եւ կը շարունակենք՝ «ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»: Բայց այս «ինչպէ որ» բացատրականը պէտք չէ հասկնալ իբր պայման: Այսինքն՝ այս կամ այն բարի արարքը չենք գործեր, որ Աստուած մեզի ներէ: Ըսել ուզուածը այն է, որ մեր վարմունքին համապատասխան վարմունք պիտի գտնենք Աստուծոյ մօտ: Մեզի հանդէպ յանցաւորներուն եթէ ներենք՝ մեր յանցանքներն ալ պիտի ներուին Աստուծոյ կողմէ: Յիսուս այլ առիթով մը ըսած է՝ «մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ» (Մտ 7.1): Որպէսզի մեր յանցանքները ներուին՝ նախ մենք ուրիշներուն մեզի հանդէպ գործած յանցանքները պէտք է ներենք:

««Աստուած պիտի ներէ» արտայայտութեան առընչութեամբ հետեւեալ յստակացումը անհրաժեշտ է կատարել:

«Աստուած Իր ներումը չի՛ պայմանաւորեր մեզի ներելով: Աստուած՝ Ինք ներողն է: Պօղոս առաքեալ Հռոմէացիներուն գրած իր նամակին մէջ ըսած է. «Աստուած մեզի հանդէպ Իր սէրը յայտնեց անով՝ որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք՝ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ... Աստուած Իր Որդիին մահովը մեզ Իրեն հետ հաշտեցուց» (Հռ 5.8,10): Աստուած Իր սէրը, կամ այս շրջագիծին մէջ՝ ներումը չի պայմանաւորեր մեր ընթացքով: Սակայն կը սպասէ, որ Իր ներողամտութեան դիմաց մենք ալ փոխուինք ի բարին:

«Խնդրանքին այս կերպը կը թելադրէ նաեւ, որ Յիսուս կը շեշտէ նախ մե՛ր ընելիքը: Ներելը Աստուծոյ որդիութեան, Աստուծոյ պատկերը ըլլալու, Աստուծոյ նմանութեան լաւագոյն մէկ արտայայտութիւնն է: Հետեւաբար, մենք առանց պայմանի մեր հոգիի աշխարհին հիմնական բաժին պէտք է դարձնենք զայն, պէտք է ամէն օր ներելու վարժուինք: Եւ երբ մենք ներենք՝ ինքնաբերաբար Աստուծմէ ներում գտած կ՚ըլլանք աւելիով: Կը կրկնեմ. ո՛չ թէ Աստուած պայման կը դնէ, այլ ընդհակառակը՝ շատ աւելիով կը բաշխէ Իր ներումը, շատ աւելի առատօրէն կու տայ, ամբողջականօրէն ներողամիտ կ՚ըլլայ նոյնիսկ մեր սխալներուն եւ թերութիւններուն հանդէպ: Բայց կ՚ուզէ, որ մենք վարժուինք, դաստիարակուինք ներելու մէջ, որ մեզ աստուածացնող յատկութիւնն իսկ է»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 15

Վաղարշապատ, 15 հոկտեմբեր 2018

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018