ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԵՐԸ

​-Տեսա՞ր խնձորի արձանը,- ցոյց կու տայ հայրենադարձ կին մը բարեկամուհիին:

-Ի՞նչ խնձորի արձան, Շողի՛կ, չեմ տեսած, ո՞ւր է,- հետաքրքրուած կը պատասխանէ Աստղիկ:

-Ահա տե՛ս, Արագածոտն մարզի «Նոր Գեղի» համայնքի բնակիչները գիւղին հրապարակը խնձորի արձան մը դրած են,- համացանցէն պատկերը ցոց տալով կը բացատրէ Շողիկ եւ կը կարդայ՝

«Նոր Գեղի գիւղը հռչակաւոր է իր հիւթեղ եւ համեղ խնձորներով, գիւղը ունի 700 հեկտար խնձորի այգի: Համայնքապետին որոշումով այս տարուան 20 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ խնձորի առաջին փառատօնը, որուն ընթացքին գիւղին հրապարակը զետեղուեցաւ խնձորի պրոնզաձոյլ արձանը եւ որոշուեցաւ ամէն տարուան հոկտեմբեր ամսուն կազմակերպել խնձորի փառատօն: Ըստ համայնքապետի յայտարարութեան՝ գալ տարուան փառատօնը պիտի կազմակերպուի խնձորի այգիներուն մէջ, խնձորենիներով շրջապատուած»:

-Ափսոս, որ տեղեակ չէինք Աստղիկ:

-Հարց չէ, Շողիկ, գալ տարի կը մասնակցինք. այդ առիթով գոնէ կը ծանօթանանք նաեւ Նոր Գեղիին ու իր կերակրատեսակներուն, աւանդութիւններուն, պարին...:

-Տե՛ս, Տե՛ս, չորս մեթր հասակով խնձորի կարկանդակ եփեր են,- ափսոսալ շարունակելով համացանցը կը թերթէ Շողիկ:

-Գալ տարի ուրիշ նորութիւններ կը տեսնենք:

-Բազմաթիւ փառատօներու մասնակցեցանք եւ նոր տեղեր տեսանք:

-Այո՝ «Աշտարակի պոպոքը, Հմայեակի սապոգը...»,- կ՚երգէ Շողիկ յիշելով Աշտարակի ընկոյզի փառատօնը,- որքա՜ն զբօսաշրջիկներ կային ու ինչ հաճելի էր մրցումը. աշտարակցիները վարպետ էին ընկոյզ կտրելու եւ միջուկը անվնաս հանելու:

-Սիրեցի Կարմրաւոր եկեղեցին, շատ խորհրդաւոր էր:

-Տեղացիի մը վկայութեամբ եօթներորդ տարին է, որ ընկոյզի փառատօն կ՚ըլլայ Աշտարակի մէջ:

-Լաւ որ գացինք, գոնէ մեր ձմեռուայ ընկոյզի

պաշարը բերինք հոնկէ:

 

-Ընկոյզը կարելի է բերել, բայց համով գաթա ուտելու համար տարի մը պէտք է սպասենք:

-Խաչիկ գիւղի գաթա՞ն, այդքան մեծ գաթա չէի տեսած. ի՛նչ հարազատ գիւղ մըն էր, մարդիկը ջերմ էին, հիւրասէր:

 

-Ես Արմաւիրի Շենիկ գիւղին մէջ զգացի այդ հարազատութիւնը, հմմմ ինչ համեղ էր ծիրանը:

-Հապա ծիրանի օղի՞ն, շատ թունթ էր, բայց ծիրանին համը մեղմացուցած էր ազդեցութիւնը, նորէն ալ կարելի չէր մէկ բաժակէն աւելի խմելը:

-Շենիկցիները ջուրի պէս կը խմէին, վարժ են կ՚երեւի:

-Այս տարի երրորդ տարին էր Ծիրանի փառատօնին, չէ՞:

-Այո, կարծեմ այդպէս յայտարարեցին:

 

-Լոռիի Ախթալա գիւղին մէջ 2009-էն ի վեր խորովածի փառատօն կ՚ընեն: Հոն ալ չենք գացած: Ատ ալ աւելցնենք գալ տարուան մեր ծրագրին:

-Այո, լաւ կ՚ըլլայ, բայց Լոռի եղած ենք. չե՞ս յիշեր Դսեղի Ծովեր լիճը:

-Ինչպէ՞ս չեմ յիշեր, շրջապտոյտով գացած էինք, նկարները պահած եմ, հիասքանչ էր:

-Գալ տարուան ծրագիրը ուրեմն սկսինք կազմել. Արենի չենք երթար, մի քանի անգամ գացած ենք, թէեւ շատ հաճելի է գինիի փառատօնին ներկայ գտնուիլ, տեսնել գինիի նախնական եւ արդի պատրաստութիւններուն ձեւերը...

-Մա՛նաւանդ Արենիի արտադրութիւնները համտեսել, խմե՛լ...:

-Լաւ մը համտեսել ու... չըսեմ ինչ ըլլալ:

-Հա, ճանս, ատ ալ պիտի ըլլայ, գինի է ի վերջոյ:

-Բայց գիտե՞ս ինչ, ես հայկական մի քանի պար սորվեցայ այս փառատօներէն ու Երեւանեան բացօթեայ պարի դասերէն, երբ երթամ՝ գիտեմ այլեւս պարերը:

-Իսկ իմ տունս յուշանուէր, մուրապա ու մեղր լեցուեցաւ, ուր որ երթայի հետս կը բերէի, հահա, նոյնիսկ անգամ մը տեսայ որ երկու տեղերէ նոյն յուշանուէրէն բերեր եմ:

-Տարուէ տարի Հայաստանի գիւղերը պտտելով աւելի սիրեցի զանոնք ու հոս՝ Երեւանի կեդրոնը շատ աղմկոտ ու մարդաշատ կը զգամ: Կարծես պէտք է գիւղի մը մէջ հաստատուինք:

-Համամիտ եմ, ինչպէս որ ըրին ամերիկահայերը Աշտարակի մէջ հաստատուելով, հոն աւելի խաղաղ, հանգիստ է կեանքը, քաղաքի ժխորէն հեռու, մանաւանդ մեզի՝ վաթսունն անց կիներուս համար:

-Երբ անցեալները Աշտարակ կ՚երթայինք, թաքսիի վարորդը աշտարակցի էր, ան մեզ տեսնելով իր հեռաձայնին թիւը տուաւ ու խոստացաւ, որ գալ տարի մեզի շաբաթ մը պիտի պտտցնէ եւ Աշտարակի հնութիւնները ցոյց տայ։ Տակաւին հնութիւններ կան, որոնց գոյութեան մասին չենք գիտեր, երբ երթանք քեզի ալ լուր կու տամ:

-Շատ լաւ, ահա ցանկին վրայ կ՚աւելցնեմ նաեւ Աշտարակի այցելութիւնը...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2019