ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհը իր երկար պատմութիւններով միշտ ունեցած է մեծ ու փոքր, խիտ ու նօսր, յստակ կամ վտիտ ղեկավարութիւն: Եւ ամենացայտուն ու ազդու-կիրառելի ղեկավարութիւնը եղած է քաղաքականը: Ինչո՞ւ քաղաքականը, որովհետեւ այն ամենաբարձր ու կազմակերպիչ ձեւն է (գոնէ մինչեւ մեր ներկայ ժամանակները) մարդկային հասարակութիւններուն կեանքը վարելու եւ իրականացնելու «ցանկալի» եւ յաճախ վիճելի յառաջդիմութիւնը:

Մարդկային քաղաքական պատմութիւնը յատկանշելիօրէն, եթէ չըսենք լիակատար, ղեկավարութիւններու յարափոփոխութեան ու անոնց ձեւաւորման ու նուաղման պատմութիւնն է նաեւ: Քաղաքական ղեկավարութիւնները կերտած են պետութիւններու, կայսրութիւններու եւ պարզ հասարակութիւններու ընթացքը, իսկ ղեկավարներ կամ ղեկավար անձիք յարաբերաբար մարդկային պատմութեան մէջ շատ մեծ դերեր ունեցած են:

Եթէ խօսինք կրօններու ընկերաբանական ու քաղաքական կողմերուն մասին՝ կրնանք նկատել, որ հոն ալ մեծ ղեկավարներ մարդկային պատմութեան ու ապագային վրայ ազդած են. ինչպէս՝ մարգարէներ, կրօնաւորներ... եւ այլն:

Ղեկավարութիւնը հիմնական առանցքն է մարդկային կեանքի տնօրինման, եթէ չըլլայ ղեկավարութիւնը՝ կարգաւորում, օրէնք, օրինականութիւն, տնտեսութիւն, շուկայավարում եւ կեանքի ամենէն պզտիկ բնագաւառ չ՚ընթանար, եւ անոր համար ղեկավարութիւնը իբրեւ գիտութիւն եւ իբրեւ տրամաբանութիւն ու փիլիսոփայութիւն կարեւոր է նոյնիսկ մօտաւոր պատկերացմամբ հասկնալ ու պատկերացնել թէ՛ պարզ քաղաքացիին եւ թէ՛ նոյնինքն ղեկավարներուն համար:

Ղեկավարութիւնը ինքնին մարդկային յառաջդիմութեան հետ (ինչպէս միւս ճիւղերը կեանքին) զարգացում ու մասնագիտացում ապրեցաւ եւ բնականաբար հիմակուան աշխարհի ղեկավարութիւնը տարբեր է անցեալէն: Հոս առանց խորանալու ղեկավարութեան մասնագիտութեան մէջ միայն ըսենք, որ տեւաբար միջին վիճակագրութեամբ մարդիկ չեն զանազաներ, թէ ղեկավարութիւնը (իր հիմնադրոյթով ու հաստատութիւններով) ինքը կը ստեղծէ ղեկավարներ, ոչ թէ մարդկային պատմութիւնը յարած է անձ-ղեկավարներու կատարած գործերուն արդիւնքով յառաջացած կազմակերպութիւններու ու պետութիւններու հոլովոյթ ըլլալու:

Բոլորս չենք կրնար յետին նայուածքով պատկերացնել մարդկային պատմութիւնը առանց Ալեքսանտր Մակեդոնացիի, Խուլիոս Սեզարի, Կանտիի, Հիթլերի եւ հազարաւոր ղեկավարներու կատարած գործերուն:

Ներկայ մեր աշխարհը՝ որ ուղղուեցաւ դէպի հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հաւաքական աշխատանքի գաղափարով, կը կառուցուի  ձեւով մը ընտրութիւններով եւ ժողովրդավարութեան կայացումը շատ մը երկիրներու մէջ առիթը կ՚ընծայէ, որ ընկերութիւնները շատ կախեալ չըլլան մէկ կամ քանի մը անձի ղեկավարումէն: Նոյնիսկ զարգացածութեան յարգելի աստիճաններ նուաճուած են կարգ մը երկիրներու մէջ (օրինակ, Սկանտինաւիա, ուր Կանաչները գործունեայ են), ուր քաղաքականութեամբ զբաղուիլը վասն ղեկավար դառնալու կամ լծակներ ձեռք բերելու ձեւով մը նոյնիսկ պարսաւելի են եւ մարդիկ կը խուսափին քաղաքականութիւնով զբաղելէ եւ կը նախընտրեն իրենց «պարզ ու հաճելի» կեանքը ունենալը:

Հաւանաբար չզարգացած ու աւելի բռնատիրական ու չկայացած երկիրներու մէջ միշտ պահանջք կայ «հերոսներու» կամ «մեծ» ղեկավարներու, քանի ինքնին ընկերութիւնները հազարումէկ չլուծուած հարցեր ունին եւ յարաբերաբար ինքնակազմակերպուիլը արդէն իսկ անհնար կը դառնայ եւ անոնք մեծ յոյսեր կը կապեն անհատներու հետ, բնականաբար, չարհամարհելով այն իրականութիւնը, որ մարդկային հասարակութիւնը կը բաղկանայ անձերէ եւ անձը՝ մանաւանդ մեր ժամանակներուն մէջ (ի հակադրութիւն հին ղեկավարի կերպարին) աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ ու անձնականութիւնը կը պարզէ քան նախկին դարերուն:

Շատ տարածուած է լոպիինկ հասկացողութիւնը նոր աշխարհին մէջ եւ շատ հետաքրքրական է անոր յառաջացուցած ղեկավարուող, ղեկավարելի ու ղեկավարել ցանկացող օղակներուն միջեւ կապը, որուն շուրջ յուսանք ուրիշ գրութեամբ մը կ՚անդրադառնանք, միայն հոս ըսենք, որ որոշումներու կայացման ընթացքին այսքան մեծ շերտերու ներգրաւում ու քննարկումներ չեն եղած պատմութեան մէջ:

Ղեկավարութիւնն ու ղեկավարները 21-րդ դարուն շատ տարբեր դրսեւորումներ ստացան տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ:

Ընդհանուր տարածուած ուղղութիւնը ներկայ ժամանակներուն ղեկավարներուն աւելի պատասխանատուութեան ենթարկելու միտումն է: Դժուար է ըսել, որ այդ մէկը սոսկ ժողովրդային պահանջք է կամ վարք, բայց ակներեւ է, որ ներկայ աշխարհի բացուածութիւնը եւ մեծ ու ազատ ու թափանցիկ լրատուութիւնն ու ընդհանուր կեանքի ոճը յանգեցուցին՝ առաւել պատասխանատուութիւններու ենթարկելու հետեւումներ:

Ներկայիս մանաւանդ նախագահները, վարչապետները եւ բոլոր քաղաքական իշխող դասերը աւելի խոշորացոյցի տակ են եւ նախանձելի չէ անոնց վիճակը լրատուութեան հետապնդումի իմաստով։ Անոնց գործած  ղեկավարումի իրագործումները համաշխարհային մեծ պատկերին վրայ միշտ քննարկելի կ՚երեւին, քանի ընդհանուր աշխարհի (գոնէ իր քառորդով) գերզարգացածութիւն ապահովեց եւ հասաւ գրեթէ հսկայական նուաճումներու բազմաթիւ կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որոնք ինչքան ալ պետական հովանաւորութիւններ կը վայելեն ու անհատ-հիմնադիրներ ունին, մեծ հաւաքական գործով կայացած ու շարունակաբար ու առանց վարանումներու յաջողութիւններ արձանագրած կառոյցներ են:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

22 հոկտեմբեր, 2022

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022