ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՐ ՀԻՆԵՐԸ

Այսօր մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան պիտի յանձնեմ Թերթիս վաստակաշատ խմբագիրներէն՝ Արայ Գօչէն երեք գրութիւններ, որոնց բովանդակութիւնը այժմէական են: Առաջինը՝ «Շաքար ուտե՞նք, թէ՞ չուտենք», երկրորդը՝ «Վերջ պէտք է տալ «կոյկոյճի»ութեան», իսկ երրորդը՝ «Պէտք է ապտակահարել նուաղածը, սթափեցնելու համար…»:

Առաջին գրութիւնը՝ «Շաքար ուտե՞նք, թէ՞ չուտենք» լոյս տեսած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 14.09.1989-ի թերթին մէջ:

Ամէն ոք գիտէ, որ ներկայ բժշկութիւնը մարդկանց կը յանձնարարէ խուսափիլ երեք ճերմակ սնունդէ՝ շաքար, աղ եւ ալիւր: Հակառակ այս յանձնարարութեանց, ես մանկութեան օրերէս ի վեր շատ կ՚ախորժիմ վերոյիշեալ «արգիլեալ պտուղ»ներէն, կ՚երեւի քիչ մը ըմբոստ նկարագիր ունեցած ըլլալուս համար, սակայն, զարմանալին հոն է, որ (սատանային ականջը խուլ) այդ երեք ճերմակներէն ցարդ որեւէ վնաս չեմ կրած եւ մաղթենք, որ ասկէ վերջ ալ չվնասուիմ:

Մանկութեան օրերուս կը յիշեմ մայրս, որ իր եօթը զաւակներուն նախաճաշի համար, ամրան տաք օրերուն Կէտիկփաշայի մեր տան խոհանոցին մեծկակ օճախը վառելով, հսկայ կաթսայի մը մէջ քրտնաթոր կ՚եփէր եղանակին յարմար սերկեւիլի, վարդի, բալի, միւրտիւմի, թուզի եւ վերջապէս ամէն պտուղներու, տարիներ յետոյ ալ նոյնիսկ սմբուկի անուշ, որոնք փրփուրէ աւելորդ նկատելով կաթսայէն (որու չէբկէլէ կ՚ըսուէր) հանելու պարագային, երբ անյագօրէն կ՚ուտէի, հէք մայրս ի զուր կը ջանար արգելք ըլլալ ինծի, յանձնարարելով քիչ մը համբերել, փոխանակ փրփուրի, բուն անուշը ուտելու համար…:

Կեդրոնականցի ընկերներս ալ կը յիշեն, թէ ցերեկուան ճաշս փոխանակ վարժարանէն ընելու, ամէն օր տունէն բերուած կտոր մը կարագի հետ երբ այլազան անուշներով կ՚ընէի, մեր ուսուցչուհին՝ Օր. Մարի Ժամկոչեան, օր մը հարց տուաւ, թէ Հաճի Պէքիրէն կ՚առնուէ՞ր ատոնք, եւ զարմացաւ տեղեկանալով, որ մայրս կը պատրաստէր առանց վհատելու:

Այո, տարին 12 ամիս առանց շաքարի չեմ ապրած մինչեւ այսօր, աղ ալ շատ կը գործածեմ, նոյնիսկ ալիւր ալ, բայց հակառակ ծածեմ, նոյնիսկ ալիւր ալ, բայց հակառակ արդի բժշկութեան արգելքին՝ տեսէք, թէ կէս դար առաջ ի՞նչ կ՚ըսէին բժիշկները շաքարի գովքը եւ անգնահատելի օգտակարութիւնը թուելով:

Արդարեւ, բժիշկները այն եզրակացութեան յանգեր են, թէ կշիռով ամենէն ծանր սնունդերը չեն, որ ամենէն աւելի սնուցիչ են: Սնունդներ կան, որոնք պզտիկ եւ թեթեւ ձեւի մը տակ գործարանաւորութեան կու տան ջերմուժներու եւ կորովաբեր տարրերու առաւելագոյնը: Այս սնունդներու առաջին կարգին վրայ կը գտնուի շաքարը:

Ահա այս իսկ պատճառաւ, Հիփոկրատի կէս դար առաջուան յաջորդները մինչ «շաքար կերէք» ըսելով դրուատիքը կը հիւսէին այդ սնունդին, ներկայ բժշկութիւնը զգուշութեան կը հրաւիրեն մարդկութիւնը, շաքարի գործածութեան առթիւ:

Ուրեմն որո՞ւ հաւատալ, նախորդներո՞ւն, թէ՞ արդի բժիշկներուն…:

Ինծի այնպէս կը թուի, թէ ինչպէս մարդիկ, բժիշկներն ալ «կ՚այրեն իրենց երէկի պաշտածը», հետեւաբար փոփոխական կը դառնայ ամէն տեսութիւն:

Այս պայմաններուն տակ ո՞վ կրնայ ապահովեցնել մեզ, թէ վաղուան բժշկութիւնը դարձեալ պիտի չյանձնարարէ «առատ շաքար ուտել», կարենալ կազդուրուելու համար, վասնզի անոր ունեցած «հիտռաթ քառպոն»ը եռանդ եւ կորով կը պարգեւէ բոլորիս:

Ըստ իս, մարդիկ իրենց կազմի պահանջներուն երբ գոհացում տան, լաւագոյն բժշկութիւնը ըրած կ՚ըլլան:

Երկրորդ գրութիւնը՝ «Վերջ պէտք է տալ «կոյկոյճի»ութեան», լոյս տեսած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 25.01.1990-ի թերթին մէջ:

Դժբախտ սովորութիւն մը ունինք երկինքները բարձրացնելու մեր հանրային գործիչներն ու բարձրաստիճան եկեղեցականները, անոնց համար որոնելով այնպիսի ածականներ զորս կը շռայլենք, առանց անդրադառնալու, որ մեզի չափ անոնք ալ ծիծաղելի դարձուցած կ՚ըլլանք…:

Այս յոռի սովորութիւնը զոր տակաւ կը սաստկանայ տարիներու հոլովոյթով, նոր չէ մեր համայնքին մէջ: Արդարեւ, կը յիշեմ շուրջ 30 տարի առաջ մեր ծանօթ գրագիտուհիներէն Տիկ. Հայկանոյշ Մառքի այն լորձնաշուրթն շողոմանքը, զորս շռայլած էր հանդէպ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքին, զայն Գ. Շնորհալի որակել թելադրելով, առանց անդրադառնալու, որ իր կողակիցը՝ Վահան Թօշիկեան, իր հրատարակած «Նոր Լուր» թեթրին մէջ, դեռ քանի մը տարի առաջ տեղ տուած էր քննադատական յօդուածի մը, ուր «Օտունճու» որակուած էր նոյն այդ երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարքը:

Նկատելով որ այն ատեն շատ թարմ էին այս ներհարկ՝ իրերամերժ արտայայտութիւնները, ընթերցող հասարակութիւնը չծիծաղեցաւ Հայկանոյշ Մառքի վրայ, այլ՝ անոր այդ ելոյթը վերագրեց յառաջացեալ տարիքին…:

Բայց մենք շատերս այնպէս ծայրայեղ ենք, դժբախտաբար, սկսելով եկեղեցական ազդերու կամ հանդիսութեանց նկարագրականներու մէջ դերակատարներու մասին շռայլուած ածականներէն, մինչեւ հաւաքոյթներու ընթացքին ոեւէ մէկ անհատին խօսնակներու կողմէ ծանօթացումը, որոնք այնքան չափազանցեալ կ՚ըլլան, ուրկէ կը հետեւի թէ ծիծաղելի դառնալու գաղափարէն զուրկ են նման արտայայտութիւններ ունեցողները:

Սխալ կ՚ըլլայ գովաբանել մէկը՝ զայն եօթներորդ երկինքները բարձրացնելով, որքան սխալ կ՚ըլլայ անհատ մը պախարակել կամ ստորագնահատել, անդնդոտ սանդարամետը նետելով զայն…:

Ո՛չ մին, ո՛չ ալ միւսը: Պէտք է ըլլալ զուսպ, չափաւոր, խուսափելու համար ուրիշներու զուարճութեան առարկայ դառնալէ:

Այստեղ «քառասուն հոգի ենք, զիրար շատ լաւ կը ճանչնանք…», ուստի մարդիկ «բրօթօքօլը» բօրթուքալէն զանազանելու կարողութենէն երբ զուրկ են, առնուազն լռել պէտք է գիտնան, յիշելով համբաւաւոր այն առակը, որ կ՚ըսէ՝ «լռելը ոսկի է, իսկ խօսիլը՝ արծաթ»:

Բայց երբեմն այնքան անիմաստ, ծիծաղելի, անհանդուրժելի խօսակցութեանց ալ ականջալուր կ՚ըլլանք, որ ատոնք ո՛չ թէ արծաթի, այլ՝ հասարակ թիթեղի արժէք մը իսկ չեն ունենար…:

Երրորդ գրութիւնը՝ «Պէտք է ապտակահարել նուաղածը, սթափեցնելու համար…», լոյս տեսած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 22.08.1991-ի թերթին մէջ:

Մարդկային նկարագիրները կը տարբերին, այս իսկ պատճառաւ «որքան մարդիկ՝ այնքան կարծիք» ըսուած է: Ոմանք պայքարէ կը խորշին, իսկ ուրիշներ լճացած կեանքէ: Առաջինները երբեմն հարց կու տան ինթի, թէ ինչո՞ւ անխնայ հարուածող եմ: Այդպէս շարժելով չե՞մ խորհիր, թէ ջլատած կ՚ըլլամ աշխատողները:

Ի պատասխան կ՚ուզեմ դիտել տալ, թէ նուաղած անձ մը ուշքի բերելու առաջին միջոցն է ապտակահարել զայն, նոյնիսկ եթէ ան ձեր ամենասիրելին եղած ըլլայ:

Մայրս կը պատմէր, որ երբ երեխայ էի, ամրան տօթակէզ օր մը օրօրոցին մէջ զիս քնացնելէ յետոյ՝ «թիւլպէնտ»ով մըն ալ երեսս ծածկեր է, որպէսզի զերծ մնամ ճանճերու եւ մժեղներու յարձակումէն: Միջոց մը յետոյ մեծ մայրս՝ Եամօն, երբ տեսեր է որ անձայն, առանց որեւէ խլրտումի կը մրափեմ, դէմքիս շղարշը վերցնելով սարսափահար կը ձայնէ մօրս, ըսելով. «Աս տղան խեղդուեր է…»: Մայրս կը փութեայ ննջասենեակ եւ ի տես նուաղուն վիճակիս, բնազդաբար կ՚ապտակահարէ զիս անխնայ, եւ ես՝ պահիկ մը յետոյ երբ լալ կը սկսիմ, «փրկուեցաւ» գոչելով կ՚ուրախանան եւ կը ցնծան…:

Ես վստահ եմ, որ բոլոր անոնք որոնք սուրբ սլաքներուս թիրախը եղած են, այս տողերը կարդալով, իւրովի պիտի ըսեն անկասկած՝ «երանի՜ թէ Եամօն վրայ չհասնէր եւ իր վիճակին մէջ ձգէր այդ երեխան, որպէսզի մեր գլխուն փորձանք չդառնար երկար տարիներ…»: Բայց այն ատեն ո՞վ պիտի սփաթեցնէր զիրենք խոր թմբիրէն:

Ըստ իս՝ հարուածելը կեանքի վերադարձնելու միակ միջոցն է, ուստի ես պիտի շարունակեմ իմ արդար քննադատութիւններս, որպէսզի համայնքիս մէջ գործող անոպաները ի կարգ հրաւիրեմ: Իսկ անոնք որոնք անդարմանելի են, չեմ զբաղիր այդպիսիներուն հետ, ինչպէս բժիշկները անյոյս հիւանդներուն որեւէ դեղ չյանձնարարելէ զատ՝ «ինչ ապուր որ կ՚ուզէ, թող խմէ…» կ՚ըսեն:

Տարիներ առաջ, հեռագիրները հաղորդած էին, որ իրլանտացի բժիշկ մը, անակնկալ սրտի տագնապէ մը մահացած 55-ամեայ մարդ մը կեանքի դարձնելու համար, գիտական բոլոր տուեալները փորձելով հանդերձ, երբ չէ կրցած յաջողիլ զայն փրկել, կռուփի երկու զօրաւոր հարուած կ՚իջեցնէ մեռեալին ստամոքսին, որ իսկոյն կեանքի կը վերադառնայ:

Գիտական աշխարհին մէջ զգայացունց տպաւորութիւն թողած այս պատահարը այնուհետեւ կիրարկուիլ սկսած է բոլոր կիսամեռեալներուն համար:

Եզրակացնելով, ըսենք, թէ անհրաժեշտ է ապտակահարել նուաղած մարդը, զայն սթափեցնելու եւ կեանքի վերադարձնելու համար…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022