ՆԿՈՒՂՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ…
«Քարնեկի» հիմնարկի անկախ աշխատակիցներէն վերլուծաբան Արմենակ Թոքմաճեանի կարծիքը շօշափեցինք Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ Կազզէի պատերազմին կապակցութեամբ՝ այժմու կարճատեւ հրադադարի օրերուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։
*
-Իրավիճակը թէեւ բարդ է, սակայն ո՛չ ոք կրնայ ըսել, թէ այս պատերազմը դէպի ո՞ւր կ՚երթայ։ Իսրայէլէն վերլուծաբաններ համոզուած են, թէ նոյնիսկ «Համաս» եթէ զինաթափուի, ապա իրենք «plan B» մը չունին։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ստեղծուած պատկերը։
-Իսրայէլ ունի յստակ ռազմական ծրագիր մը՝ «Համաս»ը ոչնչացնել կամ այնպիսի կէտի մը հասցնել, որ ան չկարենայ իր ռազմական եւ քաղաքացիական կառոյցներով կառավարել Կազզէն։ Բայց, որպէս քաղաքական լուծում՝ Իսրայէլ տակաւին ո՛չինչ առաջարկած է։ Այս մէկը լուրջ խնդիր է ո՛չ միայն Պաղեստինի, այլեւ Յորդանանի եւ Եգիպտոսի համար։ Կը կարծեմ՝ Իսրայէլի քաղաքական լուծում չառաջարկելու նպատակն է՝ տեղահանել պաղեստինցիներուն զգալի մէկ մասը Կազզէէն դէպի Եգիպտոս։ Նոյնպէս մտահոգիչ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի երկիրներուն համար։ Ճիշդ է, որ անոնք տակաւին կը շարունակեն աջակցիլ Իսրայէլին, բայց քանի մը անգամ նշած են, որ իրենց համար Պաղեստինի հարցի քաղաքական լուծումը շատ կարեւոր է եւ էական, որպէսզի չկրկնուի 7 դեկտեմբերին պատահածը։
-Ձեր մատը ուղղակի վէրքին վրայ դրիք։ Շրջան մը շատ կը խօսուէր գաղթականները այլուր փոխադրելու մասին։ Այսօր թէեւ այդ մասին խօսք չկայ, սակայն կայ տեղաշարժ։ Կազզէի մէջ մարդիկ մէկ կողմէն միւս կողմը կ՚երթան։ Դուք բազմիցս գրած էք գաղթականներու նիւթին մասին՝ յատկապէս Սուրիոյ պարագային։ Գաղթականներու այս խնդիրը կրնա՞յ փորձանք դառնալ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն։
-Ո՛չ թէ փորձանք, այլեւ մեծ փորձանք մը կրնայ դառնալ՝ յատկապէս Յորդանանի եւ Եգիպտոսի համար։ Իսրայէլի մէջ, անցեալ հոկտեմբերին այս նիւթը կ՚արծարծուէր բարձր պաշտօնատարներու կողմէ, բայց հիմա չ՚արծարծուիր։ Յամենայնդէպս, Իսրայէլի մէջ կան քաղաքական ուժեր՝ յատկապէս աջակողմեան ուժերը, որոնք այս ծրագիրը տակաւին գզրոցը դրած չեն ու կը կարծեմ, թէ կ՚ուզեն ձեւով մը զայն իրագործել։ Կազզէն շատ փոքր տարածք մըն է՝ միայն 18 քիլօմեթրով, 48 քառակուսի քիլօմեթր է։ Արդէն կէսի բաժնուած է եւ շուրջ երկու միլիոն պաղեստինցի ժողովուրդ հաւաքուած է Կազզէի հարաւը։ Սա արդէն տեղահանութիւն է։ Անոնք ստացած են ներքին գաղթականի կարգավիճակ։ Սա արդէն Իսրայէլի համար ձեռքբերում է։ Չմոռնանք, որ անցեալ աւելի քան 40 օրերու ընթացքին Կազզէի հիւսիսային մասը այնպիսի ռմբակոծութեան ենթարկուեցաւ, որ այդ բնակիչներուն իրենց տունը վերադառնալը տարիներ կրնայ տեւել։ Եկէք Յորդանանի օրինակը բերենք։ Այնտեղ թէ՛ ժողովուրդի եւ թէ քաղաքական գործիչներու մակարդակով մտահոգութիւն կայ, թէ Իսրայէլի իսկական ծրագիրն է՝ «West Bank»ի (Արեւմտեան ափ) պաղեստինցիները դէպի Յորդանան քշելը։ Առհասարակ մարդոց կեդրոնացումը Կազզէի վրայ է, բայց առ այսօր մօտաւորապէս հազար պաղեստինցի փախստականի կարգավիճակ ունի։ Իսրայէլ այս վերջին օրերուն իր ռազմական եւ անվտանգութեան գործողութիւնները սկսած է իրագործել նաեւ Պաղեստինի միւս տարածքներուն վրայ, չգոհանալով միայն Կազզէով։ Սա աղիտալի է Յորդանանի համար ո՛չ թէ միայն արտաքին, այլեւ ներքին պատճառներով։ Վերջին հինգ-տասը տարիներուն Յորդանանի մէջ կան լուրջ ներքին խնդիրներ։ Այսպէս, հարցերը առկայ են երկրի արեւելքի բնակիչ իսկական յորդանանցիներուն եւ պաղեստինցի յորդանանցիներուն միջեւ, որոնք 1948 թուականին Իսրայէլի պետութեան հիմնումէն ետք գաղթականի կարգավիճակ ստացած եւ Յորդանան մնացած են։ Այդ յորդանանցիներու եւ բնիկ յորդանանցիներուն միջեւ լուրջ խնդիրներ կան՝ տնտեսական, հասարակական, ինքնութեան։ Հիմա, այս պարունակին մէջ, եկէք պատկերացնենք մէկ միլիոն եւ աւելի պաղեստինցիներ, որոնք բռնի պիտի տեղահանուին դէպի Յորդանան։ Սա կրնայ լուրջ, ճակատագրական հարցեր յառաջացնել Յորդանանի ղեկավարութեան համար։
-Օրերս կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Եմէնի կտրուածքով։ Պարզուեցաւ, որ Ճաբոնին վարձակալութեան տրուած Իսրայէլի նաւու մը դէմ Եմէնի «Հուսի»ները գործողութիւն մը կատարեցին՝ Կարմիր ծովի ափերուն։ Այս փուլէն վերջ, մենք ականատես պիտի դառնա՞նք փոքր ծաւալով «ճիհատ»ներու։ Տարբեր երկիրներու մէջ Իսրայէլի շահերը պիտի վտանգուի՞ն, որովհետեւ ան վաղուց բոլոր կարմիր գիծերը հատած է։ Հարցական է, որ ի՞նչ հիմքով ան տակաւին կը շարունակէ այս մօտեցումը։ Միւս կողմէ, կը տեսնենք, որ Արաբական ծոցի երկիրները կը դատապարտեն Իսրայէլը, սակայն չեն ողջուներ «Համաս»ի վարքագիծը։ Գետինը կա՞յ «հիպրիտային ճիհատիզմ»ի մը։
-Այո՛, կայ։ Եթէ հետեւինք իրադարձութիւններուն. օրինակ՝ Ուսամա պին Լատինի 2002 թուականին ԱՄՆ ուղարկած նամակը յիշենք. սա զանազան պատճառներով շրջանառութեան մէջ դրուած է ընկերային ցանցերու վրայ։ «The Guardian»ը յօդուած մը հրատարակած էր անոր մասին։ Այդ հիպրիտային ցանցերը, որոնք ինքնակազմակերպուած են՝ որոշ չափով Իսրայէլի արարքներէն դրդուած, կրնան որոշ գործողութիւններ իրականացնել ո՛չ միայն Արեւմուտքի, այլեւ այլ երկիրներու մէջ, ուր ԱՄՆ եւ Իսրայէլ շահեր ունին։ Իսրայէլը ունի այս պատերազմը շարունակելու կարողութիւնը եւ յաջողութեամբ զայն կրնայ շարունակել։ Սա երեք հանգամանքով պայմանաւորուած է։ Առաջին՝ արաբական երկիրները դէմ չեն Իսրայէլի «Համաս»ի դէմ պատերազմին (չմոռնանք, որ «Համաս»ը կը պատկանի «իսլամական եղբայրներ» շարժման, որ ոխերիմ թշնամի է Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու)։ Երկրորդ՝ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Իսրայէլին դեռ մինչեւ այսօր ուժեղ է։ Երրորդ՝ չմոռնանք, որ Իսրայէլի բանակը շատ աւելի հզօր է եւ ներուժ ունի՝ քան «Համաս»ը, որուն կապը արտաքին աշխարհին հետ գրեթէ կտրուած է։ Այս երեք հանգամանքները կրնան օգնել Իսրայէլին, որպէսզի բաւական երկար պատերազմի Իսրայէլի մէջ։
-Վերջին օրերու իրադարձութիւնները կարեւոր էին նաեւ Եւրոպայի մէջ, ուր աննախընթաց զօրակցութիւն մը կայ պաղեստինցիներուն, հազարներով մարդիկ դուրս կու գան ի պաշտպանութիւն Պաղեստինի դատին։ Սա կրնա՞յ քաղաքական եղանակ մը ստեղծել եւ հակակրանք՝ Իսրայէլի դէմ։
-Այդ քայլերը միայն ճնշում կրնան բանեցնել տուեալ երկրի ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի, իր հերթին, կարենայ ճնշել Իսրայէլի վրայ։ Եկէք, նկատենք, որ անոնք ո՛չ թէ կը ճնշեն Իսրայէլի վրայ, որպէսզի «Համաս»ի դէմ իր պատերազմը դադրեցնէ, այլեւ մարդասիրական առումով։ Կան տարբեր բանաձեւեր՝ ճանապարհ բանալ Իսրայէլէն դէպի Կազզէ կամ Եգիպտոսէն դէպի Կազզէ եւ այլն։ Արեւմուտքի եւ արաբական կարգ մը մայրաքաղաքներու մէջ արդէն կը մտածեն, թէ «Համաս»ի ոչնչացումը ինչպէ՛ս պիտի իրականանայ եւ թէ իրենք ի՛նչ կրնան ձեռք բերել անոր պարտուելէն ետք։ Այսօր կը նկատենք, որ Իրան եւ «Հիզպուլլահ» շատ ուշադիր են իրենց քայլերուն մէջ։
-Շատ հետաքրքրական է նաեւ Իսրայէլի կարգավիճակը։ Եթէ պահ մը պատկերացնենք Կազզէն առանց «Համաս»ի, ապա Թել Աւիւը՝ առանց Նեթանիյահուի՞։ Այդպիսի բան կ՚ակնկալէ՞ք, նոյնիսկ եթէ բոլոր նկուղները մաքրուին, «Համաս»ի ղեկավարները արտաքսուին եւ մենք ունենանք առանց «Համաս»ի Կազզէ մը, բայց աւերակ ու վիրաւոր։ Կրնա՞նք ակնկալել առանց Նեթանիյահուի Իսրայէլի իշխանութիւն մը։
-Նեթանիյահուի դէմ բան ըսելը վտանգաւոր է, որովհետեւ կարծեմ տասնվեց տարի իշխած է՝ որպէս Իսրայէլի վարչապետ եւ այնպիսի իրավիճակի մէջ կրցած է կառավարութիւն ձեւակերպել, որ այդ մարդուն կարողութիւնները երեւի անսահմանափակ են։ Յամենայնդէպս, ինչ որ կը կարդանք Իսրայէլի մասին, ժողովուրդին կարծիքին մասին եւ քաղաքական ուժերու դիրքորոշման մասին, կարծեմ՝ բաւական յստակ է, որ այս պահուն անոնք չեն ուզեր ներքին ճգնաժամ ստեղծել Նեթանիյահուի դէմ պայքար հրահրելով։ Բայց պատերազմի աւարտէն ետք, կը կարծեմ, թէ հաւանական է, որ Նեթանիյահուի քաղաքական գործունէութիւնը աւարտի։
-Վերջին օրերուն դարձեալ թէժ էր Լիբանանի սահմանը։ Միայն մէկ օրուան մէջ «Հիզպուլլահ» տասներեք գործողութիւն կատարած է։ Եթէ նման բան տեղի ունենար առանց Կազզէի այս պատերազմին, վստահաբար, Լիբանանի ճակատը առնուազն կը փրթէր, պատերազմը կը դառնար մեծ հաւանականութիւն։ Կը տեսնենք, որ երկու կողմերը զոհեր տալով հանդերձ՝ կը պահեն իրենց հաւասարակշռութիւնը։ Իրարու կը սպառնան, կը հարուածեն, զոհեր կ՚ըլլան, սակայն, շատ յստակ է, որ նոյնիսկ Լիբանանի հարաւի ժողովուրդը գիտէ, թէ այս փուլին պատերազմ չկայ։ Ի՞նչ են ձեր դիտարկումները։
-Ճիշդ բնութագրեցիք։ Պէտք է անպայման յիշել, որ պատերազմները շատ յաճախ կը սկսին փոքր իրադարձութենէ մը։ Որքան կը յիշեմ՝ 2006-ի պատերազմը սկսաւ փոքր իրադարձութենէ մը։ Բնականաբար, պատերազմի վտանգը կայ, բայց յատկապէս՝ Իրանի, «Հիզպուլլահ»ի, «Քաթաըպ Հիզպուլլահ»ի եւ «Հուսի»ներու տարիներու քաղաքական կարողութիւնը, պատերազմին մօտենալու ապա հեռանալու, այդ «անդունդի եզրին պարելու» կարողականութիւնը չթերագնահատենք։ Չմոռնանք, որ ԱՄՆ մեծ զօրք բերած է Միջին Արեւելք եւ Իրան՝ որքան որ ալ ուժեղ ըլլայ եւ իր հռետորաբանութիւնը հակաամերկեան եւ հակաիսրայէլեան ըլլայ, ան շատ զգոյշ կը գործէ՝ ինչպէս «Հիզպուլլահ»ը։
Հետեւաբար, տարածաշրջանի մէջ կայ ուժերու հաւասառակշռութիւն ու չեմ կարծեր, թէ ան դիւրութեամբ կը կոտրուի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան