«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐ ԱՆՁԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Եթէ մենք մեզ ամէն տեսակի ցանկութենէ կ՚ուզենք հեռու պահել, որ մեր որդիական [հանգամանքին] անվայել է՝ որուն արժանացած ենք Յիսուսի շնորհիւ, պարտաւոր ենք՝
ա) Մեր ցանկութիւնները սանձել, Աստուծոյ հնազանդիլ, հեռացնել մեզմէ ամէն տեսակի սանձարձակ ունակութիւններ եւ մեզի կանոն ունենալ՝ Առաքեալին օրինակը. «Բայց ինքզինքս սեղմումներու կ՚ենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ» (Ա.Կր 9.27): Պարտաւոր ենք հեռանալ ամէն բանէ, ինչ որ վնասակար է մեզի, որպէսզի կարենանք մօտենալ այն բաներուն, ինչ որ օգտակար է. «Հետեւաբար մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է» (Կղ 3.5). «Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուած ա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ, կ՚աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը» (Ա.Կր 12.1):
բ) Պարտաւոր ենք զգուշանալ եւ մեր երեւակայութիւնը զսպել, որովհետեւ, ինչ որ աշխարհային է, շլացուցիչ զօրութիւն ունի եւ իր ազդեցութեան տակ կը գրաւէ այն մարդիկը, որոնք երեւակայութեան անձնատուր կ՚ըլլան: Ուստի, աշխարհային վայելչութեան մասին մտածելու ժամանակ, պարտաւոր ենք մտածել, որ ամէն բան անցաւոր է եւ անհաստատ, ինչպէս Սողոմոն իմաստունը կ՚աղաղակէ. «Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է» (Ժղ 1.2): Այսպէս քարոզած են նաեւ բոլոր Սուրբ Հայրերը, ունայնութիւն՝ բոլոր վայելչութիւններուն, ունայնութիւն՝ բոլոր մեծութիւններու, ունայնութիւն՝ հարստութիւններու եւ բոլոր բաներուն:
գ) Պարտաւոր ենք մեր ճաշակը սրբել, որովհետեւ երբ մեր անձը աշխարհային վայելչութիւններուն կը մատնենք, ապա, ի սպառ կ՚անզգայանանք հաւատքին տուած մխիթարութիւններուն համար եւ մեր հոգիին ճաշակը կը բթացնենք: Բայց, երբ հաւատքին ներշնչած վայելչութիւնը եւ ճաշակը կը փնտռենք, երբ ամենէն մեծ վայելչութիւնը կը գտնենք Աստուծոյ մասին մտածելով եւ աղօթելով, Աստուծոյ խօսքը լսելով կամ կարդալով եւ մեր հաւատքին եւ յոյսին մէջ ամրանալով, երբ կարող կ՚ըլլանք համարձակ կերպով ըսել, որ մեր միակ ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը Աստուծոյ մօտենալն է, այն ժամանակ մեր ճաշակը կը սրբուի եւ կը սորվինք սիրել, ինչ որ ճշմարտապէս սիրելի է: Ասոր համար մեզի օրինակ ունինք բազմաթիւ սուրբ եւ երջանիկ մարդիկ, որոնք ուրախութիւն եւ կեանք համարած էին իրենց՝ Աստուծոյ կամքը կատարել եւ Անոր պատուիրանները ոսկիէն աւելի ցանկալի եւ մեղրէն աւելի քաղցր համարել. «...աւելի ցանկալի՝ քան ամենէն զուտ ոսկին, աւելի քաղցր՝ քան մեղրախորիսխէն քամուած մեղրը» (Սղ 19.11):
դ) Պարտաւոր ենք Աստուծոյ աղօթել, որպէսզի մեր միտքը լուսաւորէ եւ մեր կամքը Աւետարանին հնազանդեցնէ, սորվեցնէ եւ զօրացնէ մեզ՝ զգալ եւ ճանչնալ, որ Ի՛նքն է մեր Տէրը եւ մեր ծայրագոյն բարութիւնը եւ Ի՛նք միայն կրնայ ունակացնել մեզ այսպիսի չքնաղ կեանքի. «Աստուա՜ծ իմ, կ՚աղաղակէ Սուրբ Օգոստինոսը, տո՛ւր ինծի քաղցրութիւն, Դո՛ւն, որ ճշմարիտ վայելչութեան աղբիւր ես, Դո՛ւն, որ միայն կրնաս երջանկացնել մեզ, Դո՛ւն ես միայն միշտ յաւիտենականը, կանչէ՛ դէպի Քեզի եւ Քու մէջդ ամփոփէ իմ բոլոր բաղձանքներս, որոնք ցարդ սիրտս բաժնած են Քեզմէ. տո՛ւր ինծի քաղցրութիւնդ ճաշակել, որպէսզի ամէն տեսակի գեղեցկութիւն գերազանցէ, որ կրնայ զիս ապրեցնել. օգնէ՛ ինծի, որպէսզի կարենամ Քեզ սիրել ամբողջ զօրութեամբս, կարենամ ձեռքդ բռնել եւ Անոր հետ կապուիլ այնպիսի ամուր կապով, որ Քու ձեռքդ զիս ամէն վտանգէ հանէ եւ ազատէ ամէն չար ճանապարհէ, որ զիս դէպի փորձութիւն կ՚առաջնորդէ»:
Զգաստութեան այս կանոնները պէտք է պահպանել նաեւ ուտելու եւ խմելու մէջ, վայելելու՝ պատիւի եւ ճոխութեան մէջ: Կերակուրի կամ ուտելիքներու վերաբերեալ զգաստութեան կանոնը հսկողութիւն կամ զգուշութիւն կ՚անուանուի, որ կը բնանշանակէ բնութեան պիտոյքէն աւելի չուտել եւ չխմել, չփնտռել առանձին համեղ եւ փափկացուցիչ կերակուրներ եւ իր ճաշակասիրութեան գերի չըլլալ: Այս կանոնը կ՚ուղղէ եւ կը չափաւորէ թէ՛ կերակուրի գործածութիւնը, թէ՛ քանակութիւնը եւ թէ որպիսութիւնը: Այս կանոնին հակառակ կիրքերը որկրամոլութիւն եւ զեխութիւն կ՚անուանուին: Այս հսկողութիւնը որպէս քրիստոնէական պարտաւորութեան մաս կը համարուի, ինչ որ անհրաժեշտ է Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար. «Գալով ձեզի, ուշադի՛ր եղէք ձեր անձերուն։ Չըլլայ որ ձեր սիրտերը գրաւուին կերուխումով, արբեցութեամբ եւ աշխարհիկ հոգերով» (Ղկ 21.34). «Արթուն եւ պատրաստ եղէք» (Ա.Պտ 5.8): Պօղոս առաքեալ իւրաքանչիւր անբարոյ կեանք՝ իբրեւ հեթանոսական խաւարի հետեւանք կը համարէ. «Ուստի խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք, ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամ նախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու» (Հռ 13.12-13): Որկրամոլներն ու արբեցողները կարգին են այնպիսի մեղաւորներու, որոնք չեն կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել. «Ո՛չ որկրամոլները եւ ո՛չ ալ արբեցողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի ժառանգեն» (հմմտ. Կղ 5.21): Հսկողութիւնը մեծ օգուտ ունի, ինչպէս հոգիին՝ այդպէս ալ մարմինին համար, եւ մեզ թուլութենէն ու տկարութենէն հեռու կը պահէ, որոնք անզգաստութենէն յառաջ կու գան: Արբեցութեան եւ որկրամոլութեան վնասները խիստ բազմաթիւ են եւ կարելի է ըսել, թէ սուրէն աւելի մարդ սպաննած են: Հսկողութիւնը մեզ թշուառութենէ կ՚ազատէ, կ՚օգնէ մեր ունեցածը պահելու, մինչդեռ՝ արբեցողն ու որկրամոլը կը վնասեն ինչ որ ունին եւ դիւրութեամբ թշուառութեան կը մատնուին: Հսկողութիւնը մեր հոգին խաղաղ կը պահէ, մեր միտքն ու դատողութիւնը՝ առողջ, իսկ ընդհակառակը, որկրամոլութիւնն ու արբեցութիւնը կը թմրեցնեն հոգին ու մարմինը միասին, միտքը կը խաւարեցնեն եւ կը կատղեցնեն մարդը՝ իբրեւ գազան: Հսկողութիւնը կարեւոր է մեզի՝ մեր անձը սուրբ պահելու համար, որովհետեւ բոլոր մեղքերէն կը հեռացնէ, որոնց մէջ անզգաստութիւնը կրնայ ձգել, ինչպէս են՝ բռնութիւն, կռիւ, աղմուկ, ամէն տեակի աղտեղութիւն եւ ամբարշտութիւն: Որկրամոլութեան եւ գինեմոլութեան մատնուած մարդը յայտնի նիւթապաշտ է, որուն համար կրօնքը եւ հաւատքը երբեք գրաւիչ զօրութիւն չունին: Հսկողութիւնն է ամենէն հաստատ եւ ամենէն կարեւոր միջոցը, որով կրնանք մեր ցանկական կիրքերուն եւ զգացումներուն իշխել: Ան մեզի կամք եւ զօրութիւն կու տայ, որով կը կարողանանք մեր եղբօր օգտակար ըլլալ: Ան արթուն կը պահէ մեզ մեր վիճակին մէջ եւ կը պարտաւորեցնէ ամէն ատեն աղօթել:
Հսկողութեան դէմ ելած կիրքերէն մեր անձը պաշտպանելու համար, պարտաւոր ենք խոր կերպով մտածել եւ զգուշանալ այն ցածութենէն, որուն մէջ կրնան գլորել մեզ նոյն կիրքերէն յառաջ եկած չարութիւնները: Պարտաւոր ենք մանկութենէն մեզ վարժեցնել կանոնաւոր եւ վայելուչ կեանքի եւ հետեւապէս անբարոյականութենէն մի՛շտ փախչիլ, որ կրնայ մեր ճշմարիտ վայելքները վտանգել: Պարտաւոր ենք արթուն ըլլալ եւ անբարոյ մարդոց ընկերութենէն հեռանալ եւ միշտ ընդդիմանալ անոնց վնասակար յորդորներուն: Ամենէն աւելի պարտաւոր ենք զգուշանալ մեղքի առաջին անգամ սկսելէ, որովհետեւ սկզբնաւորութիւնը արդէն իսկ կ՚արատաւորէ մեր հոգիին ամբծութիւնը: Այս ուղղութեամբ հսկողութիւնը մեզի համար պէտք է հանապազօրեայ եւ անքակտելի կանոն ըլլայ, ինչպէս նաեւ ջերմեռանդ առ Աստուած ջերմեռանդ աղօթքը, որ միայն կրնայ օժանդակել մեզի հսկողութեան կանոնը գործադրելու, մեր սիրտին շարժումը առ բարին բարձրացնելու եւ մեր ճաշակը սրբելու:
Կրօնքը ի սպառ չ՚արգիլեր մեր զգացողութեան բոլոր վայելչութիւնները, որովհետեւ Աստուած կապած է քաղցր զգացողութիւն մը՝ մեր զգացումներու կանոնաւոր եւ կարեւոր գործադրութեան հետ: Կրօնքը մեր բնական զգացողութիւնը չ՚ուզեր ի սպառ եւ արմատէն ոչնչացնել, այլեւ՝ կը պատուիրէ փնտռել եւ գործել այն՝ ինչ որ մեր առողջութիւնը կը պահպանէ, մեր մարմինն ու հոգին կը զօրացնէ: Կրօնքը միայն մեր զգացողութեան գործադրութիւնը կ՚ուղղէ եւ կը կանոնաւորէ, սրբութեան եւ ճշմարիտ օգտակարութեան մէջ կը հաստատէ, անհանգստութենէ կը հեռացնէ: Զգաստութեան կանոնները, որոնք վայելչութեան եւ զուարճութեան կը վերաբերին, կը պահանջեն՝
ա) Ամէն վայելչութենէ հեռանալ, որ աստուածային օրէնքը կ՚արգիլէ եւ որոնք վտանգաւոր եւ վնասակար են թէ՛ մեզի եւ թէ ալ ուրիշներուն:
բ) Ամէն վայելչասիրութենէ հեռանալ, որ մեր կարգին, մեր հասակին եւ մեր վիճակին անպատշաճ է, որովհետեւ անվայել բարքը շուտով կը կուրցնէ եւ կը թմրեցնէ մեր առաքինասէր զգաստութեան ոգին:
գ) Վայելչութիւններու համար չվատնել մեր թանկագին ժամանակը, որ պարգեւուած է մեզի՝ մեր մեծ եւ ծանր պարտաւորութիւնները կատարելու համար: Վայելչութիւնը մարդուն համար պէտք է որպէս հոգիի հանգստութիւն եւ նորոգութիւն ըլլայ:
դ) Զօրաւոր կիրքով եւ բաղձանքով չփնտռել այն վայելչութիւնները անգամ, որոնք արգիլուած չեն եւ անմեղ են: Որովհետեւ, նոյն վայելչութիւնները կրնան միայն ունայն եւ անցաւոր բաւականութիւն տալ, հետեւաբար չափազանց հետամտելը ապաշաւ եւ զղջում կը ծնի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 24
Վաղարշապատ