ՄՈՄ ԾԱԽՈՂ ԱՆԻՆ

Հայաստան անունով երկիր մը կայ, ուր հայեր կը բնակին հազարաւոր տարիներէ ի վեր: Հայերը շատ հին պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ են, եւ հայ թագաւորը քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած է Յ.Ք. 301 թուականին, ուրիշ ազգերէ շա՜տ ու շա՜տ առաջ:

Լենինական քաղաքը, որ այսօր կը կոչուի Կիւմրի, 1988-ի դեկտեմբերին, Նոր տարիէն հազիւ երեք շաբաթ առաջ, ենթարկուեցաւ ահաւոր աղէտի՝ երկրաշարժի մը, որուն կեդրոնը կը գտնուէր Կիւմրիէն ոչ շատ հեռու Սպիտակ քաղաքին քով: Տասնեակ հազարներով հայեր զոհ գացին այդ անսպասելի, սարսափազդու, բնութեան պատուհասին: Բնակարաններ փուլ եկան, փլատակներուն տակ մնալով՝ բնակիչներ զոհուեցան, աղէտ մը, որ տարբեր անունով պէտք էր անուանել, եւ ոչ թէ՝ երկրաշարժ:

Հրաշքներ ալ պատահեցան դժբախտութեանց հետ, երբ փլատակներու տակէն ողջ մնացած անձեր փրկուեցան փրկարար խումբերու անդամներուն կողմէ: Անոնցմէ մէկն էր Անին՝ հինգ տարեկան փոքրիկ աղջնակ մը, որ ծնած էր Կիւմրի: Անիին հայրն ու մայրը, ինչպէս նաեւ մեծ հայրն ու մեծ մայրը իրենց տան փլատակներուն տակ մահացած էին, մինչ Անի, բախտի բերմամբ, փլատակի տակ մնալով հանդերձ, թեթեւ վէրքերով ողջ մնացած էր եւ ապա՝ փրկուած:

Աշխարհի ամէն անկիւններէն մարդասէր մարդիկ օգնութեան փութացին աղէտի գօտի եւ իրենց կարելին գործադրեցին ողջ մնացածներուն ցաւը ամոքելու, եւ միւս կողմէն ալ՝ փլատակներու տակ շնչող էակներ փնտռելով ու զանոնք փրկելով ստոյգ մահէ:

Հայաստան այդ ժամանակ կը գտնուէր Խորհրդային Միութեան մէջ, սակայն այդ միութիւնը, հակառակ կարծուածին, ո՛չ պէտք եղած փորձառութիւնը ունէր եւ ո՛չ ալ հարկ եղած մարդասիրական օգնութիւնը կրնար տրամադրել իր ժողովուրդին:

Անին մինչեւ այդ թուականը չէր գիտեր երկրաշարժ բառին իմաստը: Չէր գիտեր՝ ի՞նչ ըսել էր մեռնիլ: Անին այդ բոլորը հասկցաւ, երբ այդ դժբախտ աղէտը պատահեցաւ:

Խեղճ աղջնակը՝ Անին, ինչպէս ամէն լենինականցի փոքրիկ, ուրախ-զուարթ կը ճռուողէր եւ շուրջինները կը զուարճացնէր: Աղէտին եւ կրած ցաւին պատճառով Անին կորսնցուց իր մանկական զուարթութիւնը: Մահուան վախը ազդեց հինգ տարեկան աղջնակին հոգիին վրայ: Կարծես լեզուն պապանձեցաւ: Ան այլեւս չէր ճռուողեր, տխուր ու մտածկոտ դարձած էր: Մանկական հոգին միայն վիշտ ու ցաւ կը զգար:

Անիին նման՝ տասնեակ հազարներով մանուկներ ու պատանիներ որբացան: Հայաստանի կառավարութիւնը այդ օրերուն չէր կրնար, ի վիճակի չէր այդ որբերը պահել ու խնամել: Ուստի, հայու հիւրասէր եւ ազգանուէր ոգին միայն կրնար հոգալ այդ դեռահասակները:

Հայ ընտանիքներ, զաւակ ունեցողը եւ չունեցողը, մէկ կամ աւելի որբ որդեգրեցին եւ տաքուկ երդիք մը տրամադրեցին այդ խեղճերուն, ամէն ինչ կորսնցուցած հայու բեկորներուն: Տեղի ունեցաւ գեղեցիկ ժեսթ մը: Որբ անուան տեղ ծնողազուրկ բառը գործածեցին, որպէսզի խորթ չհնչէ այդ բառը:

Անին որդեգրուեցաւ երեւանցի ընտանիքի մը կողմէ: Մօտ երեք տարի գէշ-աղէկ տոկաց ծնողազրկութեան, սակայն նախկին ժպտերես Անին չէր:

Երկրաշարժի աղէտէն ետք շատ բան փոխուեցաւ նաեւ ամբողջ Հայաստանի մէջ: Հայրենիքը անկախութիւն հռչակեց: Ղարաբաղի մէջ գոյամարտեր տեղի կ՚ունենային, որոնք կ՚ազդէին նաեւ Հայաստանի վրայ ալ: Խորհրդային իշխանութիւնը խաւաքարտէ դղեակի մը նման տապալեցաւ: Ազէրիներ երկրորդ ցեղասպանութիւն մը գործելու կը միտէին: Ո՛չ մէկ հայ կրնար անտարբեր մնալ, մանաւանդ՝ ձեռնածալ նստիլ, երբ իր արցախցի արիւնակիցը կը կռուէր ոչ միայն իր սեփական անձի գոյութեան համար, այլ՝ հայու պատիւը բարձր բռնելու համար: (…):

Երկրաշարժի աղէտը միացուցած էր ամբողջ հայութիւնը: Եղիշէ Չարենցի խօսքին համաձայն, հայը իր միութեան մէջ փնտռեց ազգին փրկութիւնը:

Այդ նպատակին համար եւ անկէ բխող հետեւանքներուն պատճառով Հայաստանէն եւ հայկական սփիւռքէն, հեռաւոր գաղթավայրերէն եւ գաղութներէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկաներէն եւ արաբական երկիրներէ կամաւոր հայեր վազեցին, գացին օգնելու համար Արցախի քաջերուն՝ հայ ազգի դահիճներուն դէմ կռուելու համար: (…)

Այդ պատերազմին պատճառով Հայաստանի ժողովուրդը շատ դժբախտութիւններու ենթարկուեցաւ: Ուտեստեղէն չկար. կազ չկար, որ տաքնային կամ տաք ապուր մը եփէին: Այս բոլորին մէջ, ամենավատը, գործ ալ չկար, որ մարդիկ կարենային դրամ վաստկիլ եւ փոր կշտացնել: Հակառակ այս տարաժամ պայմաններուն՝ հայութիւնը կը տոկար կարելիին չափ:

1992-ի Նոր տարին դիմաւորուեցաւ վատագոյն պայմաններու մէջ: Մարդիկ միայն խաղաղութիւն կը մաղթէին իրարու, ամենամատչելի բանը, որ գոյութիւն ունէր առանց ստակի:

Եկաւ ու հասաւ Սուրբ Ծնունդի տօնը: Հայերը, մեծամասնութեամբ, Յիսուսի Ծնունդը կը տօնեն յունուար 6-ին, երբ արար աշխարհ, նոյնիսկ ուղղափառ յոյները կը տօնեն դեկտեմբեր 25-ին:

Յունուար 5-ին՝ Ծնունդի խթման երեկոյին, Անիին նոր հայրը, որ զինք որդեգրած էր, ըսաւ անոր.

«Անի՛ ջան, ցաւդ տանիմ, աղջի՛կս, քեզի քանի մը տուփ լուցկի եւ մոմ տամ, գնա՛, ծախէ եկեղեցիին քով: Գուցէ մարդիկ գնեն, տօն է: Քանի մը լումայ կը շահիս, որ մենք ալ վաղը տօնենք»:

Շաբաթ մը առաջ, դարձեալ նոյն դէպքը պատահած էր: Կաղանդի գիշեր մոմ ու լուցկի տուած էին իրեն, որ ծախէ: Միայն մէկ տուփ լուցկի եւ տուփ մը մոմ ծախած էր, այն ալ՝ գթառատ տիկիններու շնորհիւ, որոնք խղճացած էին իրեն: Գիշերուան ուշ ժամերուն, երկու անցորդ կիներ նշմարած էին փոքրիկ Անին, փողոցին մէկ անկիւնը անորոշաբար կանգնած, յուզուած դէմքով կարծես պիտի լար, մօտենալով՝ հարցուցած էին.

«Աղջի՛կ ջան, կորսուա՞ծ ես, թէ՞ մէկը կը սպասես»:

Անին գլխու շարժումով պատասխանած էր «ո՛չ» եւ ցոյց տուած էր մոմերն ու լուցկիները: Այդ կիները հասկցած էին եւ՝ կարեկցած: Գնած էին տուփ մը մոմ ու լուցկի եւ խորհուրդ տուած էին տուն երթալ, որպէսզի չսառի ցուրտէն:

Անին դարձեալ նոյն վիճակին մէջ կը գտնուէր՝ մոմ ծախել եկեղեցիին քով, կարծես մոմ չկար եկեղեցիին մէջ: Առաւ լուցկիներն ու մոմերը եւ անտրտունջ ու անձայն դուրս ելաւ փողոց:

«Անի՛ ջան, չուշանաս տուն դառնալու, բուք ու բորան է: Ինչ որ ծախես, բաւական է, հասկցա՞ր», պոռաց ետեւէն նոր մայրը:

Անին անխօս գնաց՝ առանց ետեւ նայելու: Ան շատ ամօթխած էր: Չէր կրնար անցորդներուն առջեւ կանգնիլ եւ մոմ ու լուցկի գնել առաջարկել: Պատի մը կռթնած, ափին բռնած մոմ ու լուցկիներ, հայեացքը գետին ուղղած՝ ժամերով պիտի սպասէր, որ մարդիկ նկատէին զինքը եւ մոմ գնէին: Նոյն բանը տեղի կ՚ունենար Ծննդեան տօնին, ինչպէս՝ Կաղանդի գիշերը:

«Կ՚ատեմ այս գործը», կը մտածէր Անին անդադար: «Ես չեմ կրնար բան մը ծախել, իմ գործս չէ ասիկա: Հայու վայել չէ մուրալ», կը կրկնէր Անին ինքնիրեն: Կը նախընտրէր հազար անգամ մեռնիլ, քան թէ՝ մէկ անգամ մուրալ, ողորմութիւն հայցել:

Անին հասաւ եկեղեցի: Գնաց ծուարիլ մուտքին քով, պատին տակ:

Փողոցը ամայի էր եւ օդը ցուրտ: Երեք օր առաջ առատօրէն ձիւնած էր, ապա՝ սառոյցի փոխուած: Քալելն անգամ վտանգաւոր էր: Ռուսերը կ՚ըսէին, որ՝ «Այս օդին տանտէրը շունն անգամ դուրս չի ձգեր»:

Անի սպասեց, երկա՜ր սպասեց: Ոչ ոք ելաւ տունէն դէպի փողոց: Ոչ ոք եկեղեցի եկաւ այդ ցուրտ օդին: Իսկ ինքը, գրեթէ սառած, կը սպասէր, որ մոմ ու լուցկի ծախէր անցորդներու կամ մոմ՝ ժամ եկողներու:

Եկեղեցիին մէջ արարողութիւնը սկսաւ: Անի կը լսէր քահանային երգեցողութիւնը: Ան ալ առանձին էր, նոյնիսկ ժամկոչ չկար: Անիին թուեցաւ, որ քահանան իսկ բարկացած էր եւ պարապ եկեղեցիին պատերուն կը պոռար:

Մութը կոխած էր շատոնց, եւ տակաւին Անին կը սպասէր նոյն տեղը, պատին տակ, եկեղեցիին մուտքին մօտ, անշարժ կանգնած: Մեռելային լռութիւն մը կը տիրէր փողոցին մէջ: Քահանան անգամ լռած էր եւ եկեղեցիին դռները՝ փակած: Իր աճապարանքին պատճառով ան չէր նշմարած պատին հետ միաձուլուած Անին:

Անին յոգնած էր եւ տուն դառնալ իսկ չէր մտածեր: Մէկ հատ մոմ չէր ծախած, ինչպէ՞ս տուն երթար: Վրան ուժ ալ չէր մնացած: Տաք վերարկու հագած ըլլալով հանդերձ, անշարժ կանգնած ըլլալուն պատճառով ձեռքերն ու ոտքերը սառած էին: Քիթն ալ սառած էր մէջի խլինքով, որ քարայրի մը բիւրեղեայ շթաքարերուն նման կախուած էին քթի ծակերէն:

Յոգնած Անին ցած եկաւ եւ ոտքերուն վրայ նստաւ՝ դարձեալ կռնակը պատին յենած: Ան անկարող էր շարժելու, նոյնիսկ՝ մտածելու եւ յստակ որոշում մը տալու ընելիքին մասին: Իր անկարողութեան առջեւ չկրցաւ ինքզինք զսպել եւ սկսաւ լալ, դառնօրէն լալ: Չէր վախնար: Վախի զգացումը մեռած էր մէջը երկրաշարժի աղէտէն ի վեր: Մանկական արցունքները սկսան սառիլ բիւրեղի նման, ցուրտէն կարմրած այտերուն վրայ:

Կէս զգայազուրկ՝ Անին սկսաւ յիշել դէպքեր: Յիշեց մինակը մնացած երգեցողութիւն կատարող քահանան: Իրեն թուեցաւ, որ երգ չէր, շարական չէր, աղօթք ալ չէր, այլ պոռթկում մը՝ եկեղեցի չեկողներուն հանդէպ:

Անին Աստուծոյ ով ըլալը չէր գիտեր, ոչ իսկ աղօթել գիտէր: Յաճախ լսած էր, որ Աստուած կը պատժէր չարութիւն ընողները: Անիին կը թուէր, որ Աստուած, դասատուէն աւելի զօրաւոր, սխալները տեսնելու եւ պատժելու կարողութիւն ունէր:

Ժողովրդային խօսք մը կայ եւ լաւապէս փաստուած է, որ ցուրտը քուն կը բերէ: Անին երազեց հայրն ու մայրը, մեծ հայրն ու մեծ մայրը: Յիշեց անոնց յուղարկաւորութիւնն ու միասնաբար թաղուիլը: Յիշեց մօր երեսը եւ … կարծեց, որ ան ելած էր դամբանէն եւ իրեն կու գար: Ուզեց մօրը քով վազել, գիրկը նետուիլ, չկրցաւ: Անկարող էր շարժելու: Մայրը նկատեց Անիին վիճակը եւ մօտեցաւ անոր: Գրկեց, համբուրեց, թեւերուն մէջ առաւ սիրասուն զաւակը: Այնքան կարօտցած էին, որ ուժգին կը փաթթուէին իրարու: Անին կարօտցած էր նաեւ հայրը, ինչպէս՝ պապիկն ու տատիկը:

«Մամա՛, մամա՛, շատ կարօտցած եմ, ինչո՞ւ ուշացար…»:

«Գիտեմ, ձագո՛ւկս, բալէս, գիտեմ, ես ալ կարօտցած եմ, բայց չեմ կրնար քովդ գալ, քեզ գրկել ու համբուրել…»

Անի այս խօսքերը լսած ժամանակ անգիտակցաբար գետին սահեցաւ եւ սառին վրայ երկնցաւ: Չզգաց սառոյցին պաղութիւնը: Իրեն համար ամենամեծ երջանկութիւնն էր մօր տեսքը եւ անոր գրկին մէջ ըլլալը:

Անիին կը թուէր, որ ժամերով այդպէս պիտի մնար մօր հետ եւ անոր գրկին:

Ուշ գիշերին Անին որդեգրած ընտանիքը ճամբայ ելաւ Անին փնտռելու: Անոր պատուիրած էին ուշ չմնալ եւ շուտ վերադառնալ տուն: Ժամանակը սահած էր, եւ Անին չէր եկած տուն:

Երբ եկեղեցիին մօտ հասան, տեսան գետնին փռուած փոքրիկ մարմինը: Վրայի վերարկուէն գիտցան, որ Անին էր: Նոր հայրը վազեց, գրկեց Անին եւ սկսաւ լալով համբուրել սառած մարմինը:

«Վա՜յ, աղջի՛կ ջան, ի՞նչ արեցիր, վա՜յ բալէս…»

Բայց անշունչ Անի չզգաց նոր հօր տաք համբոյրները իր սառած այտերուն վրայ:

ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԵՆՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2018