ՆԱՄԱԿԸ
Նամակ մըն է, որ կը հնչէ. նախ ձայն կու տայ, այո ձայն մ՚է ան, որ կը տեղեկացնէ նամակի մը գալուն մասին: Ամէն ինչ դիւրին է հիմա, աշխարհն ամբողջ ափիդ մէջն է կարծես, բջիջայինիդ դողը, ձայնէն առաջ, կը յուշէ լուրի մը մասին: Արդեօք ի՞նչ է նամակին պարունակութիւնը: Ուրախանա՞լ, երջանկանա՞լ, թէ տխրիլ է պէտք: Աստուած մի արասցէ, գէշ լուր մը եթէ ըլլայ, չբանա՞մ արդեօք, չմօտենա՞մ իսկ ցնցուող ու երգող բջիջայինին:
Կը յիշեմ գոյժը, որուն մասին տեղեկացայ նոյնինքն այս դողացող ու երգող գործիքէն, այդ օրուան հարուածէն տակաւին չեմ սթափած կը կարծեմ, քանի ամէն այս ցնցումին ու թրթռացումին կը վերապրիմ նոյն այդ պահուն սոսկումը: Սոսկում մը, որ թէեւ խոր սպիներ թողուց, բայց եւ պարգեւեց մտածելու կարողութիւն մը, մտածումը հասաւ ու ծածկեց անոր վրայ, բալասանեց ալ զայն երբեմն, յիշեցուց որ շնչող մարմնէս կտորներ կան, գոյ են ու առաջուընէ աւելի ինծի հիմա կարիք ունին: Ահա այդ կարիքին համար ալ պարտաւորուած զցացի մարմնիս շնչող հատուածները հեռացնել ամէն ինչէ, որ կրնայ վտանգ պատճառել թէկուզ անոնց ոտքին ճկոյթին: Հեռացում մը յաջորդեց այն օրուան որոշումին, հեռացանք... ամէն ինչ ձգելով եղածին պէս: Ամէն իր, ամէն պատկեր, ամէն, ամէն ինչ, որ նիւթէն աւելի մեծ իմաստներ կը կրէին իրենց մէջ:
Երէկ, երբ մտիկ կ՚ընէի ծանօթ մեղեդի մը, շատ ծանօթ մեղեդի մը, որ նոյն հնչիւններով կը քնացնէր անդրանիկս, անկողինին ետեւի պատէն կախուած դեղին գեղեցիկ տնակին մէջէն կը լսուէր, տնակին տակի թելը կը քաշէր ձագուկս ու մատներով կը պարէր ու հետզհետէ մատներուն շարժումը կը դանդաղէր ու կը կենար, երբ արդէն քնացած կ՚ըլլար: Դեռ հոն, պատին վրայ կախուած է այդ տնակը: Ինչպէ՞ս չբերի հետս, այսքան քաղցր յուշեր պարունակող այդ գործիքը ինչպէ՞ս ձգեցի հոն: Միայն անիկա չէ, շատ բաներ ձգած եմ, եթէ այսպէս պիտի մտածէի, ուրեմն միայն տանս յատակին անիւներ դնելով ու քաշելով հետս պէտք է բերէի, ինչպէս Մ. Իշխան Մասիսը կը քաշէ:
Բայց ոչ, ես կը կարծէի, որ երբ բան չբերեմ հետս, անցեալը իր բոլոր դառնութիւններով ու երբեմնի քաղցր յուշերով կրնամ ջնջել, տեղը յուշերուս տոպրակը լեցնել նոր ու քաղցր ապրումներով, պատկերներով: Սակայն ամէն անգամ, երբ աննշան բան մ՚իսկ պատահի, անցեալի յուշերը գլուխ կը ցցեն տոպրակին մէջէն, կարելի չէ ջնջել զանոնք, բայց ինչո՞ւ ջնջել, ինչպէ՞ս մտածած եմ այսքան անմիտ բան մը, երբ աշակերտներուն յաճախ կը հաղորդէինք նոյն սխալը չկրկնելու համար նախկին սխալներուն միշտ նայիլ ու առաջնորդուիլ անոնցմով, բիւրեղացնել միտքն ու խելքը, սորվիլ անոնցմէ: Միթէ անցեալն ալ փորձառութիւններ չի՞ պարունակեր, որոնցմէ պէտք է օգտուիլ:
Հահա, կը կարծէի, որ նորերը քաղցր կ՚ըլլան: Հայրենիքի մէջ հիասթափութիւնները երբեք ալ քաղցրութիւն չունէին իրենց մէջ: Տարիներով հայրենասիրութիւն քարոզած, ու աշակերտներուն մտքին մէջ հայրենասիրութեան սերմեր ցանածիս համեմատ, երբեք ալ հաճոյալի երեւոյթներու չհանդիպեցայ հոս: Բարեկամ մը, աս նոյն զգացումներէն հիասթափուած, որոշեց ընտանեօք լքել հայրենիքը՝ «Ես, Հալէպէն աւելի օգտակար կրնայի դառնալ հայրենիքիս, մինչ հոս, հազիւ օրապահիկի մաքառում մըն է, որուն կը գումարուի օտարութեան զգացումը, որ երբեք չէի ուզեր զգալ հոս՝ մեր երազային հայրենիքին մէջ», ըսաւ ան:
Իրօք, երբ կը թերթենք համացանցը ու ականատես կ՚ըլլանք աշխարհացրիւ հալէպահայերու նուաճումներուն, հալէպահայ մանուկներու արձանագրած յաջողութիւններուն, կը խորհինք, որ անոնց այս նուաճումները ընդհանրապէս հայուն ու յատկապէս հայրենիքին փառքն է որ կը պսպղացնեն: Նորութիւն ալ չէ արդէն աշխարհահռչակ հին ու նոր հայ անուններու դափնիները, միայն զինուորագրուելով չէ, որ մէկը հայրենասէր կրնայ ըլլալ, կամ հայրենիքին անունը բարձր կրնայ պահել:
Այսքան խորհրդածութիւն նամակի՞ մը համար, այլեւս նայիլ պէտք է, թէ ի՞նչ է անոր պարունակութիւնը:
Օօօօ, օդանաւի տոմսի պատկեր մըն է, տղաս ղրկած է, մօտ օրէն գալուն մասին կը տեղեկացնէ: Այս ի՞նչ գեղեցիկ անակնկալ մըն է, ի՞նչ երջանկութիւն, մէկ շաբաթով պիտի գայ ընդամէնը, բայց հոգ չէ, կը բաւէ որ գրկեմ զինք, զգամ իր ջերմութիւնը, տեսնեմ հասակը ինձմէ ելած այդ կտոր մը շնչաւոր միսին, թող ցնդի քիչ մը կարօտ ըսուած այդ դաժան զգացումը, տեղը տայ երջանկութեան, գիրկընդխառնումին ու հաճոյքին, խինդ ու ծիծաղին:
Հիմա պէտք է մտածենք իր սիրած ճաշերուն ու անուշեղէններուն մասին ու օրերը համեմենք համեղ բոյրով, հոտաւէտ քաղցրեղէններով, հարազատներ համախմբելով, տեսութիւններ կազմակերպելով ու մեր յուշերուն տոպրակը հարստացնելով քաղցութեամբը ներկային:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ