ԹՈՐԳՈՄ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՄԵՆԷՆ ԸՆՏԻՐ ԱՐՄԱՇԱԿԱՆԸ (1874-1939)

Իր կատարած մարդահամարի քննութենէն յայտնի եղած է, որ 1930 թուականէն առաջ Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մէջ հայոց թիւը 67 հազարի կը հասնէր, որոնց մեծագոյն մասը 64 հազարը՝ Ֆրանսայի մէջ. Փարիզի մէջ՝ 45 հազար, Լիոնի մէջ՝ 2.500, եւ Մարսէյլի մէջ՝ 4 հազար։ Ֆրանսայէն դուրս մօտաւորապէս 3 հազար հայութիւն։

ԱՐՄԱՇԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԻՊԱՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ

Թորգոմ Ա Գուշակեան Պատրիարք Երուսաղէմի (1931-1939) վարչական եւ գրական մեծ վաստակ կը թողուր իր ետին, երբ 80 տարիներ առաջ յանկարծամահ կ՚ըլլար Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին մէջ Տնօրէն ժողովի նախագահած պահուն 64 տարիքի լրումին, հանդիսանալով Արմաշի Դպրեվանքի հունձքին ամենէն ընտիր ներկայացուցիչը։

Հոգեւորականներու խմբական եւ կամ եպիսկոպոսներու ժողովի մը կատարելիք գործերը միայնակ եւ խղճմտօրէն կատարած Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան կը մնայ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան յետեղեռնեան շրջանի բացառիկն ու ամենէն արդիւնալիցը, նկատի ունենալով յանուն Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական պատուիրակի իր զոյգ պաշտօնները՝ դէպի Ծայրագոյն Արեւելք եւ ապա Եւրոպա, ուր ապագային հիմնուելիք թեմերու հիմնական աշխատանքը կը կատարէր քսանական թուականներուն։ Եթէ այսօր հեռաւոր այդ վայրերուն մէջ Հնդկաստան, Սինկափուր, Աւստրալիա եւ Եւրոպա առանձին թեմեր գոյութիւն ունին, Հայ Եկեղեցին Թորգոմ Պատրիարքին կը պարտի անոնց «հիմնաքարի զետեղումը»՝ Կալկաթայի, Սիտնիի, Փարիզի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայաշատ կեդրոններուն մէջ։ Իր կատարած պատուիրակի պրպտումներու մասին մանրամասն տեղեկագիր ներկայացուցած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին։

Իր վարչական, գրական, քարոզչական եւ խմբագրական հոյակապ աշխատանքը, յատկապէս «Սիոն» ամսագրի ծաւալուն էջերուն մէջ, դրական, քննադատական եւ նոյնիսկ բացասական պատասխանատու իր առողջ մօտեցումը հանդիսացաւ միակ ուղեցոյցը Հայ Եկեղեցւոյ ճգնաժամային այդ տարիներուն, երբ ո՛չ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, ո՛չ Արմաշը, եւ ո՛չ ալ Սիսի Կաթողիկոսութիւնը մնացեր էին, ու Մայր Աթոռն ալ անկրօն տիրապետութեան տակ կը տուայտէր։ «Աչք ամենեցուն ի նա հայէին», մասնաւորաբար երկու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեան եւ Տ.Տ. Խորէն Ա Մուրատբէկեան, արտասահմանի ղեկը ուղղակիօրէն յանձնած էին անձի մը՝ Թորգոմ Ա. Պատրիարք Գուշակեանին։

Պարտիզակ ծնած եւ Արմաշ ուսանած այս խոհուն հոգեւորականը պատրիարք ընտրուելէն առաջ, երիտասարդ տարիքին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր 1910 թուին, որպէս առաջնորդ նախ Սեբաստիոյ թեմին եւ ապա Եգիպտահայ թեմին։ Նախախնամութիւնը զինք Եգիպտոս ուղարկեց երբ Եգիպտահայոց թեմը առաջնորդի կարիքը ունէր, որուն համար կրկին առաջարկներ կ՚ուղղէին Պոլսոյ Պատրիարքութեան, միայն Թորգոմ Եպիսկոպոսի թեկնածութիւնը խնդրելով։ Մինչ իր արմաշական նուիրեալներէն շատեր կը նահատակուէին, Թորգոմ Գուշակեան եպիսկոպոս Եգիպտոսի թեմակալ ընտրուելով Գահիրէ կը ժամանէր, ազատելով սպանդէն եւ կատարելով մէկէ աւելի հոգեւորականներու գործը առանձինն։ Պարագան նոյնը եղաւ արմաշական անդրանիկ սաներէն՝ Բաբգէն Կիւլէսէրեան եպիսկոպոսին, որ Անկիւրիոյ առաջնորդն էր եւ առողջական պատճառներով նոյն տարին, 1914-ին հարկ էր Ամերիկա երթալ բուժումի համար։ Երկուքը հաւասարապէս թէ՛ փրկուեցան եւ թէ՛ փրկեցին Հայ Եկեղեցին ճգնաժամի այդ տարիներուն Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ Կիլիկիոյ Աթոռին ի նպաստ։ Երկուքին անմիջական յաջորդները նահատակուեցան եղեռնի տարին։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ԹԵՄԻՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

1914 թուի մայիսի 3-ին, Թորգոմ Արք. Գուշակեան Պոլսէն Գահիրէ կը ժամանէր եւ հանդիսաւորապէս քաղաքի հին Ս. Աստուածածին եկեղեցին մուտք կը գործէր որպէս տեղապահ ու կը դիմաւորուէր գաղութի վարչական դէմքերուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Պօղոս Նուպար փաշային՝ հիմնադիրն ու նախագահը Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)։

Առաջնորդական իր բազմազբաղ գործունէութեան առընթեր Թորգոմ Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին կարողացաւ կառուցանել տալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հոյակապ մայր եկեղեցին հայկական դասական ոճով, արտաքին քանդակներով եւ ներքին որմնանկարներով, գեղակերտ եւ ընդարձակ, ճարտարապետութեամբ Լեւոն Նաֆիլեանի, որուն օծումը կատարեց 1928 թուին։ Տաճարի բարերարն էր 1911 թուին մահացած Գրիգոր Եղիայեան, որուն կտակին համաձայն կառուցուեցաւ մայր եկեղեցին։

Առաջնորդ սրբազան հօր կենսագիրին, բանասէր եւ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեանի վկայութեամբ, «չորս տարի տեւող այս մեծ շինութիւնը առաջնորդի աշխատանքին եւ ճիգերուն արդիւնքի հարկ է համարել»։ Իսկ «Արեւ» օրաթերթի խմբագիրը, բանաստեղծ Վահան Թէքէեան, ըսեր էր այն ատեն թէ՝ «իր դաստակերտն էր այս եկեղեցիին նիւթական շէնքը, եւ ո՛ր կողմ որ դարձնէք ձեր նայուածքը, Թորգոմ եպիսկոպոսը կը տեսնէք անոր մէջ»։

Սրբազանը կառոյց նաեւ առաջնորդարանի շէնքը, նոյնքան տպաւորիչ եւ դասական ոճով, ինչպէս նաեւ Հելիոպոլիսի մէջ Նուպարեան վարժարանը՝ բարերարութեամբ Պօղոս Նուպարի։ Գահիրէի զոյգ դպրոցները, Գալուստեան եւ Նուպարեան, հանդիսացան լոյսի փարոսները տարեկան հազարէ աւելի հայ պատանիներուն, որոնք աշակերտեցան տասնամեակներ շարունակ։ Առաջնորդին քաջալերութեամբ բացուեցաւ նաեւ Պէրպէրեան վարժարանը Պոլսոյ նախկին վարժարանի հիմնադիր Ռեթէոս Պէրպէրեանի արժանաւոր որդիին՝ Շահան Պէրպէրեանի տեսչութեան ներքեւ։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Ե. Կաթողիկոս երկիցս հայրապետական պատուիրակի պաշտօնով, նախ Հնդկաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելք, եւ ապա Եւրոպա գործուղեց Թորգոմ Արք. Գուշակեանը։ Արդարեւ սրբազանը արտասահմանի առաջնակարգ իմաստուն եւ գործունեայ միակ հոգեւորականն էր, երբ հայրապետը 1916 ապրիլ 22 թուակիր Կոնդակով զինք ուղարկեց Հնդկաստան, տակաւին հազիւ երկու տարի պաշտօնի կոչուած Եգիպտահայ թեմին։ Պոմպէյ կ՚ըլլար իր առաջին հանգրուանը, ուր ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղ մը կը հաստատէր, նոյնը ընելով երբ Կալկաթա ու Մատրաս կը հասնէր։ Հայոց ընդհանուր թիւը այն ատեն երեք կեդրոններուն մէջ 3 հազարի կը հասնէր։ Կ՚այցելէր նաեւ Ռանկուն, Սինկափուր եւ Սուրապայա, սակայն իր անդադար շրջագայութեան ընթացքին Թորգոմ Սրբազան կը հիւանդանար եւ 38 օր հիւանդանոց կը մնար ժանտատենդի հետեւանքով։ Իր այդ երկարատեւ պաշտօնը 14 ամիսներ կը խլէր իր նոր ստացած թեմակալի պաշտօնէն ու կը վերադառնար Գահիրէ։

Հնդկաստանէն նոր վերադարձած, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս 1918-ի Զատկին Երուսաղէմ կը մեկնէր պաշտօնական այցելութեամբ տօնակատարութեանց նախագահելու, երբ Ս. Աթոռը տակաւին թափուր կը մնար Սահակ Կաթողիկոս Պատրիարքի խախուտ եւ շատ կարճատեւ կեցութենէն ետք, Բրիտանիոյ իշխանութիւնը Պաղեստին ներխուժած էր եւ թուրքեր բոլորովին քաշուած Միջին Արեւելքէն։ Իր Երուսաղէմ առաջին այցելութիւնն էր այդ անգլիական նորակազմ (1917 հոկտեմբեր) կառավարութեան ճանչցնելու Ս. Տեղեաց պահպանութեան հայոց համահաւասար իրաւակարգը։

1929-ին այս անգամ Թորգոմ Սրբազան Գուշակեան իր թեմէն կրկին պիտի հեռանար հայրապետական պատուիրակի նոր պաշտօնով՝ դէպի Եւրոպա։ Փարիզ կը հասնէր օգոստոս 12-ին, ապա Հոլանտա եւ Լեհաստան, Ֆրանսայի գլխաւոր քաղաքները՝ Լիոն եւ Մարսէյլ, եւ իր եզրակացութիւնը կ՚ըլլար «անկարելի էր եւ անօգուտ ամբողջ եւրոպահայութիւնը միակ առաջնորդական վիճակի մը մէջ պարագրելու ծրագիրը»։ Հայրապետին յղած իր տեղեկագիրն էր գործնական քայլեր առնելով Եւրոպայի համայնքները խմբել մէկէ աւելի առաջնորդական վիճակներու մէջ. իրողութիւն մը, որ յիսնամեակ մը վերջ հետզհետէ գործադրուեցաւ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Բոլորին աչքը ուղղուած էր Եգիպտոսի առաջնորդին վրայ որպէս արժանաւոր յաջորդը իր ուսուցչին՝ Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքին, որ վախճանած էր 1930 թուին։ Ընտրութիւնը սակայն դիւրին պիտի չըլլար, քանի որ ան կը պահանջէր կանոնագրային եւ պետական լուրջ պատրաստութիւն, որքան ատեն որ թուրքեր դուրս քշուած էին ու Պաղեստին ինկած անգլիական գերիշխանութեան տակ։ Սա կը նշանակէր, որ հայոց պատրիարքի «հին» կերպը ընդունելի չէր այլեւս, եւ «նոր» կերպը պէտք էր մշակուէր, այսինքն Պոլսէն պիտի չընտրուէր Երոսաղէմի պատրիարքը՝ այլ անգլիական տէրութեան կանոնագրով։ Արդէն նախորդ Դուրեան Պատրիարքի ընտրութիւնը «վերջին անգամ» ըլլալով կատարուած էր Պոլսոյ կեդրոնէն՝ անգլիացւոց թոյլտուութեամբ։

Ս. Աթոռի տեղապահն էր Մեսրոպ Եպսկ. Նշանեան, որ իմաստուն շարժումով եւ համբերատար ոգիով պիտի գտնէր ուղի մը, այս անգամ եւս յաջողցնելու ամենէն արժանաւոր թեկնածուին ընտրութիւնը, երբ արդէն չկար Ազգային Սահմանադրութիւն, այլ անոր փոխարէն Երուսաղէմի Միաբանական ժողովի որոշումով պիտի կատարուէին կանոնագրային փոփոխութիւնները, միայն բրիտանական հրամանագրով, առանց որեւէ միջամտութեան, ներառեալ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը։ Պետութիւնը կը մերժէր իրմէ առաջ ոչ մէկ վաւերացում, Մայր Աթոռը մտահոգելու աստիճան։ Տեղապահի թելադրանքով՝ ժողովը ներքին կանոնադրութեան մէջ աւելցուց 4 յօդուածներ (20-23), որոնց վերջինը պայման կը դնէր ընտրութեան վաւերացումը ուղղակի Բրիտանիոյ թագաւորին հրովարտակով, Մայր Աթոռի վաւերացումէն առաջ եւ անկախ։

Միաբանական ժողովը այս պայմաններուն տակ «հարկ լուծանէ զօրէնս»ի պարտադրանքով առժամաբար «յետս կոչումի» որոշումը առաւ առժամապէս համակերպելու անգլիական կառավարութեան պահանջին, ի հեճուկս Մայր Աթոռի վերապահութեան եւ հակակշռին։ Ապագան ցոյց տուաւ միաբանութեան առած իմաստուն որոշումը։ Միաբանական ժողովը յունիս 16-ին կատարեց պատրիարքական ընտրութիւնը՝ Թորգոմ Արք. Գուշակեանը ընտրելով պատրիարք հայոց Երուսաղէմի։ Մի քանի տարի ետք Թորգոմ Պատրիարք կատարեց անհրաժեշտը՝ Մայր Աթոռին վերապահելով հաստատման իրաւունքը։

Նորընտիր պատրիարքը գլուխն անցաւ միաբանութեան, բարձրացուց մակարդակը Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանին, բացառապէս ճոխացուց «Սիոն» ամսագիրը իր խոհուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական բարեկարգութիւնը բնորոշող իր իմաստուն խմբագրականներով։ Ամենէն աւելի հասցուց սերունդ մը հայ հոգեւորականներու, որոնք ուսանած էին իր մեծ նախորդին՝ Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքի շունչին տակ։ Աւելցուց շարքը երկոտասնեակ մը ուսանողներուն, զորս ինք ձեռնադրեց մինչեւ իր վերջին տարին։ Մերօրեայ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն շատեր եղան ուղղակի իր շունչին տակ սնած անձինք, որոնք մեր անցնող սերունդին եւ մեր միջեւ կառուցին երախտագէտ կամուրջ մը։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 26, 2019