ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԿՈՒԹԱ ԿԱՄ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՌՈՒ Է ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ»
Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ պատերազմի «քրոնոլոժի»ի ժամացոյցին սլաքները ցոյց կու տային մէկ անուն՝ արեւելեան Կութա:
Դէպքերու ծանրակշիռ ըլլալը, շրջանին մէջ բնակչութեան պաշարուած ըլլալու փաստը եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան այդ շրջանը ահաբեկիչ զինեալներէ «մաքրագործելու» որոշումը իրավիճակը կը հասցնէին ծանրագոյնի: Ըստ Al Jazeera կայանին, անցնող օրերուն եղած ռմբակոծումներու հետեւանքով այդ շրջանին մէջ զոհերուն թիւը կը հատէր 300-ի սահմանը:
Լրատուական ծառայութիւնները Կութայի մասին խօսելու պահուն շեշտը կը դնէին մասնաւորապէս մարդկային գործօնին վրայ՝ նկատել տալով, որ ամիսներէ ի վեր պաշարման տակ գտնուող բնակչութիւնը կը տառապէր սնունդի եւ դեղօրայքի պակասով: Կութայի «մարդասիրական երես»ը թէզն էր արեւմտեան պլոքի երկիրներուն, որոնք խնդիրը կը փոխադրէին ՄԱԿ-ի Անվը-տանգութեան խորհուրդի ամպիոն՝ նկատել տալով, որ իրավիճակը մտած է վտանգաւոր փուլ մը:
Իր կարգին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ կը փորձէր իրավիճակին ընդհանուր գնահատականը կատարել՝ նկատել կու տար, որ «Սուրիոյ կառավարութեան եւ Ռուսաստանի կատարածները Կութայի մէջ ամօթ են մարդկութեան երեսին»: Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ կը խօսէր ամերիկեան ուժերու Սուրիոյ մէջ ներկայութեան մասին՝ նշելով, որ իրենք հոն յայտնուած են նպատակ ունենալով պատերազմիլ ԻՇԻՊ-ին («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ եւ երբ այդ ահաբեկչական խմբաւորումը վերանայ, ապա ամերիկեան ուժերը պիտի հեռանան Սուրիայէն:
Կութայի խնդրով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի քննարկումը, որ պիտի կատարուէր անցեալ Ուրբաթ օր, կը յետաձգուէր այլ առիթի եւ մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը, տակաւին պարզ չէ, թէ ե՛րբ պիտի կատարուի այդ քննարկումը, որուն հիմքով ալ բոլոր կողմերը պիտի քուէարկեն Սուրիոյ մէջ առանց նախապայմաններու մէկ ամսուան հրադադարի մը հաստատման:
Առանց նախապայմաններու հրադադար յայտարարելու օրինագիծը առաջարկն է Քուէյթի ու ներկայ պահու դրութեամբ շատ հաւանական է, որ Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամները «այո՛» քուէարկէին այս օրէնքին: Զինուորական առումով թէժացած իրավիճակին հիմնական զոհերը բնականաբար ահաբեկիչ զինեալները չեն, այլ յատկապէս մայրաքաղաքի երկու կողմերը բնակող անզէն քաղաքացիները:
Այստեղ պէտք է նշել, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը մէկէ աւելի առիթներով փորձեց ահաբեկիչներուն հետ «լեզու գտնել», որպէսզի ինչպէս Սուրիոյ այլ շրջաններու պարագային, այդ շրջանին մէջ եւս համաձայնութիւն գոյացուի եւ զինեալները հեռանան, սակայն ի զուր:
Աւելի վաղ կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկաւ Ռուսաստան, որ նոյնիսկ յատուկ բանագնացներ ուղարկեց եւ փորձեց «համոզել» «Էլ Նուսրա»ի պատասխանատուները, որպէսզի համաձայնութեան սեղանին նստին: Մոսկուա նոյնպէս ձախողեցաւ իր խաղաղարար առաքելութեան մէջ, որմէ ետք ալ ահաբեկիչ զինեալներ սկսան ամէնօրեայ դրութեամբ հարուածել խաղաղ բնակչութեան շրջանները: Այս բոլորէն ետք է, որ սուրիական բանակը վճռեց վերջին երկու տարիներուն ամենէն մեծ զինուորական կուտակումները կատարելով՝ պատրաստուիլ վճռական գործողութեան: Տեղին է յիշեցնել, որ Կութայի մէջ կ՚ապրին շուրջ 25 հազար սուրիացիներ, որոնք յայտնուած են մարդկային ծանր վիճակներու մէջ: Աւանէն ներս գործող հիւանդանոցները նոյնպէս յայտնուած են գրեթէ անդամալուծուած վիճակի մը մէջ եւ այս բոլորին կողքին բացայայտ է, որ մօտիկ անցեալին Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ նեցուկը ստացող ահաբեկիչները որդեգրած են անզէն բնակիչները «մարդկային վահան» դարձնելու ռազմավարութիւնը:
Չենք կրնար ըսել, որ ահաբեկիչները այսօր ալ վերոնշեալ երկիրներուն անմիջական նեցուկը կը ստանան կամ ոչ, բայց յստակ է, որ արեւմտեան թեւի երկիրները՝ գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, կտրականապէս դէմ են, որ «ընդդիմութիւն»ը վերջնականապէս կորսնցնէ Կութան եւ անոր յարակից հատուածները: Հոս է նաեւ, որ պարզ կը դառնայ, թէ ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ Կութայի հարցը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ամպիոն կը տար-ւի: Հաւանականութիւն կայ, որ Մոսկուա վեթոյի իր իրաւունքը գործածէ, կանխելու համար մէկ ամսուան եւ առանց նախապայմաններու հրադադար յայտարարելու օրինագիծի ընդունումը։ Բայց եւ այնպէս, Մոսկուայի համար այդպիսի վեթոյի մը օգտագործումը պիտի ունենայ իր վատ ազդեցութիւնները, որովհետեւ խնդրին էութիւնը այսօր մարդկային այն բարդ իրավիճակն է, որուն մէջ է Կութա շրջանը:
Կութայի հարցով քննարկումները կը յետաձգուէին ռուսական կողմին ունեցած վերապահութիւններուն պատճառով: ՄԱԿ-ի մօտ գործող լրագրողական աղբիւրներ Շաբաթ առաւօտ կը յայտնէին, որ Մոսկուա եւ Դամասկոս «կասկածանքներ»ով կը նայէին հարցին ու կը պահանջէին, որ Կութայի մէջ գտնուող «Էլ Նուսրա»ի եւ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները զինաթափ ըլլալու համաձայնութիւն տան:
Գետնի վրայ մեծ առաւելութիւն ունեցող եւ ռուսական անմիջական նեցուկով պատերազմական յաջողութիւններ արձանագրած Սուրիոյ ղեկավարութիւնը այս առաջարկը կը կատարէր՝ նկատի ունենալով մօտիկ անցեալին նման մարդասիրական հրադադարներ հաստատելու «սադրանք»ը, որուն «շնորհիւ» ալ ահաբեկիչ զինեալներ կը զօրացնէին իրենց դիրքերը եւ «խաղէն» կը հանէին այդ շրջանները պետութեան գիրկը վերադարձնելու Սուրիոյ կառավարութեան արդէն անյետաձգելի դարձած ծրագիրը:
Մինչ ամերիկեան կողմի մօտիկ զինուորական բանբերներ կը յայտարարէին, որ Կութայի մէջ գտնուող զինեալներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի ընդամէնը 300-ի, որոնք գետնի վրայ «մեծ արժէք» մը չեն ներկայացներ, իր կարգին Դամասկոսի համար այդ նոյն «աննշան թիւ»ով ահաբեկիչները, ու յատկապէս վերջին երեք-չորս ամիսներուն, դարձած էին մտահոգութեան առանցք:
Մտահոգութիւնը բնականաբար կապ ունէր եւ կ՚առընչուէր Դամասկոսի անզէն բնակչութեան թաղամասերը հրթիռարձակման թիրախ դարձուելուն մէջ, որուն հետեւանքով ալ զինեալները շաբաթական դրութեամբ «Հաուն» տիպի հրթիռներու «օգնութեամբ» մահ ու սարսափ կը տարածէին մեծաւ մասամբ քրիստոնեայ շրջաններուն մէջ: Դամասկոսի մասին խօսելու պահուն պէտք չէ մոռնալ տեղւոյն հայկական համայնքը: Դամասկոսի հայութեան մեծ մասը կը բնակէր այդ շրջաններուն մէջ, որոնք վերջին ամիսներուն դարձած էին ահաբեկիչներու թիրախ: Այդ շրջաններէն է Պապ Թումա, Ճարամանա, Պապ Շարքի, Պարամքէ եւ Ալ Քասսահ շրջանները: Հրթիռներ կ՚իյնային նաեւ Դամասկոսի Թեմի ազգային առաջնորդարանի թաղամասին վրայ եւ կը վնասուէր, թեմի առաջնորդին բնակարանին կից գտնուող դամասկոսահայերու բնակարանը: Բարեբախտաբար տան մէջ բնակիչներ չկային: Դէպքին մասին «Շանթ» կայքէջին կը խօսէր թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, իրավիճակը համարելով բաւական վտանգաւոր: Սրբազան հայրը նաեւ կը պատմէր, որ վերջին երկու ամիսներուն Դամասկոսի այդ հատուածները դարձած էին բառին իսկական իմաստով «ռազմաճակատներ»: Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան կը տեղեկացնէր, որ հակառակ Դամասկոսի մէջ տիրող դժուարին իրավիճակին, համայնքի անդամներուն մօտ քաղաքէն հեռանալու կամք չկար:
Վերադառնալով Կութայի հարցին՝ ապա պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ արեւմտեան ու յատկապէս ամերիկեան կողմին այդ շրջաններուն ուղղութեամբ առկայ «հետաքրքրութիւն»ը «անմեղ» բան մը չէ: Այդ խնդրին հետեւող մէկէ աւելի լրագրողներ նկատել տուած են, որ Միացեալ Նահանգներ հեռակայ նպատակ մը ունին այդ շրջանը կապել «Թանաֆ» շրջանին, որ այսօր Սուրիայէ ներս գտնուող ամերիկեան կարեւորագոյն զինուորական խարիսխն է:
Ու այս քայլով ալ ամերիկացիք պիտի փորձեն «մշտական» ներկայութիւն մը դառնալ Դամասկոսի «սիրտ»ին մօտ:
Այս մօտեցումն ալ բնականաբար կարեւորագոյն ցուցանիշն է, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող հակամարտութիւնը տակաւին շատ հեռու է հանգուցալուծման փուլ մը մտնելէ, հակառակ անոր, որ տարբեր առիթներով խօսակցութիւններ կը հնչեն Ժընեւի կամ Սոչիի բանակցութեանց կարեւորութեան եւ դրականութեան մասին:
Առիթով մը ըսած են, որ Սուրիոյ պատերազմը իր հունէն ելած է եւ այլեւս չի պատկանիր սուրիացիներուն:
Ու այսօր ալ կրկնելու գնով կ՚արձանագրենք, որ Սուրիոյ մէջ իրարու կը բախին միջազգային կշիռ եւ ուժ ունեցող տէրութիւնները՝ գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներուն եւ Ռուսաստանին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան