«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մենք պարտաւոր ենք համբերութիւն սորվելու միջոցները գլխաւորաբար Աւետարանին եւ քրիստոնէական հաւատքի ու բարեպաշտութեան մէջ փնտռել: Աւետարանը մեզի ամէն տեսակի ուղղութիւն եւ օգնութիւն կու տայ.

ա) Ան կը յիշեցնէ մեզի ան Ամենակարող Էակը, Որմէ կախեալ է մեր բարութիւնը եւ վիշտերուն մխիթարութիւնը: Ան կը պատուիրէ, որ միայն Աստուծոյ նայինք եւ Անոր կամքին հնազանդինք մեր խոնարհութեամբ եւ վստահութեամբ, ինչպէս որ համբերութեան հայրը՝ Յոբ կ՚ըսէր. «Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ անունը» (Յոբ 1.21): Մեր Փրկիչը Իր սքանչելի խոնարհութեան մէջ կ՚ըսէր. «...Բաժակը, որ Հայրս Ինծի տուաւ, պիտի չխմե՞մ...» (Յհ 18.11):

բ) Սուրբ Գիրքը կը հրաւիրէ միշտ խորհիլ այն բարութիւններուն վրայ, որոնք ստացած ենք: Յոբ կ՚ըսէր, ամէն բարութիւն Աստուծոյ ձեռքէն կը ստանանք՝ եւ միթէ պարտաւո՞ր չենք Իր տուածը Իրեն դարձնել ուրախութեամբ: Կը հրաւիրէ մեզի խորհիլ այն պատիժին վրայ, որուն արժանի ենք: Այսպիսի խորհրդածութեամբ լեցուած էր մարգարէներուն սիրտն ու միտքը, որոնք տեսնելով իրենց ազգը տառապանքներու եւ նեղութիւններու մատնուած, դարձեալ կը յանդիմանէին ու կ՚ըսէին. «Ապրող մարդը ինչո՞ւ տրտունջ ընէ, իր մեղքերուն պատիժին համար: Մեր ճամբաները քննենք ու փորձենք եւ Տիրոջ դառնանք: Մեր սիրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք՝ Աստուծոյ վերցնենք: Մենք յանցանք ըրինք ու ապստամբեցանք եւ Դուն թողութիւն չտուիր» (Ողբ 3.39-42):

գ) Սուրբ Գիրքը կը յայտնէ, որ նեղութիւնները կարեւոր են մեղաւոր մարդուն՝ Աստուծոյ մօտենալու համար: Կարելի է ըսել, որ այս նեղութիւնները աստուածային սիրոյն եւ խնամքին առհաւատչեայ են՝ որ ունի մեր հոգիին համար, եւ կամ պատիժ է, որով կը կամենայ մեզ ուղղել, կամ փորձութիւններ են, որով կը կամենայ կրթել մեզ, սրբել ու կատարելագործել մեր սիրտը, մեր միտքը, մեր հաւատքը եւ մեր գործը. «որովհետեւ Տէրը երբ կը խրատէ՝ կը նշանակէ թէ կը սիրէ քեզ. երբ կը պատժէ՝ կը նշանակէ թէ քեզ իբր զաւակ կ՚ընդունի» (Եբր 12.6). «Երկրաւոր հայրերը մեզ կը խրատեն միայն կարճ ժամանակ մը, իրենց ճիշդ դատած ձեւով, մինչ Աստուած կը խրատէ մեր բարիքին համար, որպէսզի հաղորդակից դառնանք Իր սրբութեան: Ճիշդ է, որ որեւէ յանդիմանութիւն նոյն պահուն չ՚ուրախացներ, այլ՝ կը տրտմեցնէ, բայց յետոյ՝ անով կրթուածներուն արդար կեանքի մը խաղաղութիւնը կը պարգեւէ» (Եբր 12.10-11): Բազմաթիւ աստուածապաշտ մարդիկ փորձած են այս քաղցրութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Դաւիթ մարգարէն. «Մինչեւ որ զիս տառապանքի չի մատնեցիր՝ մոլորանքի մէջ էի. սակայն հիմա խօսքերդ կը գործադրեմ» (Սղ 119.67). «Տառապանքի մատնուիլս լաւ եղաւ ինծի, որպէսզի սորվիմ քու կանոններդ» (Սղ 119.71): Բազմաթիւ առաքինութիւններ յառաջ կու գան այս նեղութիւններէն, եթէ մենք համբերենք եւ առ բարին գործադրենք: Աւետարանը մեզի մեր տկարութիւնը, Աստուծմէ մերկ կախուած ըլլալը յիշեցնելով, կը հրաւիրէ մեզ խնդրել Անոր հովանաւորութիւնն ու օգնութիւնը, որպէսզի ընկճէ մեր հպարտութիւնը եւ զգայուն ու կարեկից ընէ մեր ընկերոջ նեղութիւններուն համար: Ան կը սորվեցնէ մեզի չափաւորել մեր կապակցութիւնները, եւ մեր զգացողութիւնները բանականութեան իշխանութեան ենթարկել: Ան մեզ ամէն չարութենէ կը հեռացնէ, որ վիշտ կը պատճառէ, մեր սիրտը աշխարհէն կը խլէ եւ երկնաւոր բարութեամբ լեցնելով քաղցր զգացողութիւն կու տայ աստուածային սիրոյն՝ եւ հաւատք ու յոյս մեր փրկութեան համար. «Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ» (Հռ 5.3):

դ) Սուրբ Գիրքը համբերութեան գեղեցիկ օրինակ կու տայ այն սուրբ մարդիկը, որոնք աշխարհի հետ պատերազմեցան եւ յաղթեցին, ու մանաւանդ միշտ մեր աչքին դիմացն է Ամենասուրբը եւ Ամենաարդարը՝ Յիսուս, որ չարչարանքներուն ու խաչին համբերեց. «Այդ համբերութիւնը ցուցաբերելու կոչուած էք դուք, որովհետեւ Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ՝ օրինակ տալով ձեզի, որպէսզի Իր հետքերով քալէք» (Ա.Պտ 2.21):

ե) Ան կը թեթեւցնէ մեր նեղութիւնները, երկնային երջանկութիւնը յիշեցնելով, ուր մեր սուգը՝ ուրախութեան պիտի փոխուի, մեր պատերազմը՝ յաղթութեան եւ տառապանքը՝ վարձատրութեան. «...եւ Իր չարչարանքներուն մասնակից կ՚ըլլանք՝ որպէսզի Իր փառքին եւս մասնակից ըլլանք» (Հռ 8.17). «Ես այնպէս կը խորհիմ, թէ ներկայ ժամանակի չարչարանքները ոչի՛նչ են գալիք փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի» (Հռ 8.18). «Պէտք է համբերել գիտնաք, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ Իր խոստումին տիրանաք: Որովհետեւ «Շատ, շատ քիչ ատենէն՝ Ան որ գալիք է՝ պիտի գայ, առանց ուշանալու»» (Եբր 10.36-37):

զ) Սուրբ գիրքը կը թոյլատրէ մեզի դիմել Աստուծոյ, որպէսզի մեր նեղութիւնները մեղմացնէ, զօրութիւն եւ շնորհք տայ՝ համբերելու եւ օգուտ քաղելու. «Օգնութեան կանչէ զիս՝ երբոր նեղութեան մէջ ես, եւ քեզ պիտի ազատեմ եւ դուն պիտի փառաւորես զիս» (Սղ 50.15). «Ձեզմէ մէկը նեղութեան մէ՞ջ է՝ թող աղօթէ: Ուրախ տրամադրութեա՞ն մէջ է՝ թող գոհաբանական երգ երգէ Աստուծոյ» (Յկ 5.13). «Բայց վստահեցէ՛ք Աստուծոյ. անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ» (Ա.Կր 10.13): Պօղոս առաքեալ կը յայտնէ, որ ինք անձամբ փորձած է այս բանը. «Այդ ցաւին համար երեք անգամներ աղաչեցի Տիրոջ, որ հեռացնէ ինձմէ։ Բայց ինծի ըսաւ. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի. որովհետեւ իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդուս տկարութեան մէջ»։ Ահա թէ ինչու՝ մեծ հաճոյքով կը պարծենամ տկարութիւններովս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը իմ մէջս հաստատուի։ Ատոր համար ալ, ես գոհ եմ տկարութիւններովս եւ Քրիստոսի համար կրած նախատինքներուս, նեղութիւններուս, հալածանքներուս եւ դժուարութիւններուս համար. որովհետեւ երբ տկար եմ՝ այն ատեն է որ զօրաւոր եմ» (Բ.Կր 12.8-10): Պօղոս առաքեալը երկու կանոն կը դնէ՝ համբերութիւն եւ աղօթք. «...նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք» (Հռ 12.12):

Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտները այսպիսի վսեմ դատողութեամբ եւ քաղցր զգացումով լեցուած՝ Աստուծոյ օգնութիւնը իրենց օժանդակ առած, իրենց գօտիները ամրապնդած եւ իրենց ճրագները վառած, իւրաքանչիւր նեղութիւն ի գործ կը դնեն իրենց հոգիի սրբութեան եւ փրկութեան համար, եւ ո՛չ միայն կը համբերեն, այլեւ՝ մանաւանդ կը յաղթեն. «Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ Անոր՝ որ մեզ սիրեց» (Հռ 8.37): Անոնք նեղութիւնները իբրեւ ուրախութեան միջոց կը համարեն. «Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզ շատ երջանիկ համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ կ՚իյնաք» (Յկ 1.2): Մեծ յանցանք է՝ նեղութենէն ազատելու համար՝ անձնասպանութեան դիմել: Յանցանք է Աստուծոյ դէմ, որ կեանք տուած է եւ իրաւունք ունի մեր կեանքին վրայ: Անձնասպանութիւնը բնութեան հակառակ է, որովհետեւ մեր մէջ բնական անձնապահպանութեան զգացմունք կայ, որ բաւարար է զգուշացնելու մեզ այս յանցանքէն: Աւետարանը յայտնապէս կը խօսի, որ մեր կեանքը, մեր ընդունակութիւնները եւ մեր բարօրութիւնները տրուած են մեզի որպէս տաղանդ, որոնց տէրը մենք չենք, այլ՝ գործադիր եւ պատասխանատու ենք մեր Պարգեւատու Արարիչին դիմաց: Կեանքը մեզի որպէս ժամանակ պարգեւած է, պատրաստուելու՝ զղջումով, հաւատքով եւ սրբութեամբ երջանիկ յաւիտենականութեան համար: Ուստի, կեանքը խլել եւ տապալել սեփական իշխանութեամբ՝ կը նշանակէ չկամենալ պարտք կատարել, կը նշանակէ պարտաւորութիւնը մերժել, կը նշանակէ սաստիկ մեղանչել Աստուծոյ դիմաց, այն զինուորին նման, որ իր պաշտօնը կը ձգէ ու կը փախչի: Մենք պարտաւոր ենք թէ՛ հանգստութեան եւ թէ՛ նեղութեան մէջ մեր հոգին հաւատարմութեամբ Աստուծոյ աւանդել. «Ուստի անոնք որ Աստուծոյ կամքին համաձայն կը չարչարուին, թող շարունակեն բարեգործութիւն ընել եւ իրենց հոգիները յանձնեն Ստեղծիչին, որ իր խոստումներուն հաւատարիմ է» (Ա.Պտ 4.19): Ի վերջոյ, Աւետարանը կը սորվեցնէ մեզի, որ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին չկայ այնպիսի դրութիւն մը, կամ ժամանակ մը, կամ պարագայ մը, որ չկարողանանք մեր պարտաւորութեան գոնէ մէկ մասը կատարել: Կը սորվեցնէ, որ երբեք անհաւատարիմ պէտք չէ որ գտնուինք այն զօրութեան կամ օգնութեան, որ Աստուծոյ ձեռքին մէջ է. որովհետեւ, Ան միշտ կարող է ազատել մեզ եւ վերջ դնել մեր նեղութիւններուն եւ կամ զօրութիւն տալ, որպէսզի ի սէր մեր եղբայրներուն սիրով տանինք եւ համբերութեան բարի օրինակ ըլլանք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 33

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019