ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻՆ ԳՈՐԾԸ ԿԻՍԱՏ ՊԷՏՔ ՉԷ ՄՆԱՅ
11 փետրուարին սրտի խոր ցաւով ընկերային ցանցերէն ստացայ մտաւորական եւ պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանի մահուան լուրը:
Անուն մը, որուն առաջին անգամ հանդիպեցայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի մէջ, իր Սպեցիֆիկներուն (Սոցիալ դեմոկրատական բանուորական հայ կազմակերպութիւն) կողմէ մարքսականութեան հայկականացման փորձին վերաբերեալ ուսումնասիրական յօդուածաշարքը կարդալու ընթացքին: Այս յօդուածաշարքը լոյս տեսած էր «Դրօշակ»ի թիւ 2 (827), 14 մայիս 1986-ի, թիւ 4-5 (1155-56), 11-25 յունիս 1986-ի եւ թիւ 11 (1162), 17 սեպտեմբեր 1986-ի թիւերուն մէջ՝ «Փորձ՝ հայկական սպեցիֆիզմի պատմութեան» խորագիրով:
Տէր-Մինասեանի քննական եւ ուսումնասէր միտքը զիս տպաւորեց:
Տպաւորեց նախ իր ընտրած նիւթով, որ կը վերաբերէր մարքսականութեան: Այն ժամանակաշրջանին, երբ մարքսականութիւնը կ՚ապրէր վերանորոգման եւ արդիականացման ժամանակաշրջան մը՝ շրջանցելով դասական մարքսական ընկերային-դասակարգային ըմբռնումը եւ յառաջատար դառնալով ընկերային շարժումներուն, ուր արծարծուած նիւթերը դասակարգային պայքարի կամ բանուորական յեղափոխութեան մասին չէին, այլ՝ ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան, սեռային ազատագրութեան եւ բնապահպանութեան մասին: Մարքսականութեան փորձին մէջ Տէր-Մինասեանին զարգացուցած նիւթն ալ կը խօսի այն ժամանակաշրջանին մասին, երբ գերմանացի ընկերվար-ժողովրդավարներուն շնորհիւ՝ նոր ծնունդ առած էր մարքսականութեան վերատեսութեան ուղղութիւնը, որ ի տարբերութիւն ուղղափառ մարքսականութեան՝ կը հաւատար, որ դասակարգային պայքարը կը մղուի խորհրդարանական-ժողովրդավարական միջոցներով եւ ոչ թէ՝ բանուորական յեղափոխութեամբ:
Վերադառնալով Անահիտ Տէր-Մինասեանի «Փորձ՝ հայկական սպեցիֆիզմի պատմութեան»ին, կը նկատենք, որ Սոցիալ դեմոկրատական բանուորական հայ կազմակերպութեան ծրագիրը կը հաստատէ ազգային ինքնավարութիւնը՝ հայկական մարզերուն եւ անսահմանափակ իրաւունք՝ մայրենի լեզուի օգտագործման: Յիշեալ կէտերուն պատճառով հայ պոլշեւիկները կը յարձակին սպեցիֆիկներուն վրայ՝ զանոնք անուանելով «ազգայնականներ»: Այստեղ յստակօրէն կ՚երեւի մարքսականութեան մէջ յառաջացած ճեղքը՝ ուղղափառ մարքսականներու թունդ միջազգայնական գիծին եւ վերատեսականներուն միջեւ. վերջիններս կը հաշտեցնէ մարքսականութիւնը ազգային հարցին հետ՝ ազդուելով այդ ժամանակ տարածուած աւստրօ-մարքսականութենէն (որդեգրուած՝ Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ), որ կը հաւատար, թէ բազմազգեան պետութեանց մէջ, իւրաքանչիւր շրջան, որ կը պարունակէ որոշ ազգային մեծամասնութիւն, հոն ինքնավարութիւն պետք է հաստատուի, եւ նշեալ ազգին պատկանող ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը պէտք է տանի դասակարգային պայքար՝ իր ազգին պատկանող կեղեքիչ դասակարգերուն դէմ: Այս հոսանքէն նաեւ որոշ չափով ազդուած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Օրինակ՝ վերոյիշեալ միտքերը իր «Ի՞նչ է դասակարգը» գիրքին մէջ զարգացուցած էր նաեւ Գարեգին Խաժակը:
Անահիտ Տէր-Մինասեանին յիշեալ ուսումնասիրական յօդուածաշարքը, որ լոյս տեսած էր 1980-ականներուն, փորձ մըն էր գաղափարաբանական քննարկումները առկայ պահել հայկական ընկերութեան մէջ եւ համահունչ ըլլալ միջազգայնօրէն ընկերվարական մտքի զարգացման հետ:
Անահիտ Տէր-Մինասեանին մահը պատահեցաւ այնպիսի ժամանակաշըր-ջանի մը մէջ, երբ հայ պատմագիտական, փիլիսոփայական եւ ընկերաբանական միտքը լճացած է, երբ հայ ընկերութեան մէջ նուազած են մտաւորական բնոյթի քննարկումները: Քննարկումներ, որոնք կը հարստացնեն հայ փիլիսոփայական ու ընկերաբանական միտքը եւ առիթ կը ստեղծեն, որ հայութիւնը քայլ պահէ միջազգային զարգացումներուն հետ:
Յարգելու համար Անահիտ Տէր-Մինասեանին գործը, անիկա կիսատ պէտք չէ մնայ: Նախ՝ անիկա պէտք է երիտասարդութեան սեփականութիւնը դառնայ, ապա՝ անոնց գծով քննարկումները անպայման պէտք է սկսին:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ