ԱՌՕՐԵԱՅ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ

ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ

Արցախի դրօշը ուսին նետած, թերեւս արցախցի ալեհեր մարդ մը, զինուորական զգեստով, կառավարութեան շէնքին դիմացէն՝ «Խաչքարերու այգի»էն կ՚անցնէր եւ կը գոռար թուելով կառավարութեան ղեկավարներուն անունները, ապա՝

-Դաւաճա՛ն, թշնամու ազգային հերո՜ս...

Ձայնին ամենէն բարձր շեշտով երկարօրէն կը վանկարկէր, մինչ այգիի նստարաններուն վրայ բազմողները կը դիտէին անցորդը, որուն ձայնը քայլ առ քայլ կը հեռանար, կը մարէր...

ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Շուշիի թանգարանէն, բախտով տեղահանուած, քանի մը տասնեակ գորգեր, որբերու պէս շարուած Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտի սրահին պատերուն՝ կ՚ունկնդրեն արտաքին պոռթկուն ձայները, յուսալով որ իրենց ճակատագրին մասին հնչիւն մը պիտի լսեն... օր մը:

ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՄԷՋ

-Լաւ էլի՛, թող ռուսներին տան, պրծնինք. էս ի՛նչ վիճակ է:

-Է հա՛, էն վախտ, սովետի օրերին, հակառակորդից էժան կանաչիներ էին բերում, ի՛նչ լաւն էին:

-Թող տա՞ն, թող տա՞ն... Էժան կանաչիների փոխարէն մեր մատղաշ սերնդի արիւնը տուեցինք, Արցախը տուեցինք, է՞ս էլ թող տան...:

Կ՚ընթանար զրոյցը յաճախորդներուն միջեւ:

ԹՈՒԹԱԿԻՆ ԵՐԳԸ

Տան դուռը կը բանայ, սովորականին պէս՝ «Բարե՛ւ» կ՚ըսէ թութակին եւ հրճուանքով կը սպասէ թութակին «Բարե՛ւ»ը, իսկ թութակը անսովոր ձայնով մը կը պատասխանէ տիրոջ: Տէրը կը փորձէ գուշակել ձայնին իմաստը եւ դուրսէն իսկոյն կը լսուի նոյնանման ձայն մը՝ ոստիկաններու ինքնաշարժներուն շչակին ձայնը:

Տէրը ապարդիւն ջանքերէն ետք, ստիպուած կը համակերպի շչակին դուրսի եւ ներսի ձայներուն:

ԱԶԱՏՆ ՈՒ ԱՆԱԶԱՏԸ

Պատուհանէն ամէն օր կը դիտէ սպիտակ աղաւնիները, որոնք դիմացի շէնքին յատակը, մայթին վրայ երբեմն կը հաւաքուին, մտերիմ զրոյց մըն ալ կ՚ընթանայ անոնց միջեւ, հոն կը բնակին կարծես անոնք, բայց ինչո՞ւ անազատ կը թուին...

Տատրակներէն մին ահա կը փորձէ սաւառնիլ, բարձրանալ. մնացեալին միաձայն ու բարձր ղունղունոցը հառաչանքի պէս կը լսուի, բայց ինք, առանց ունկ դնելու կը շարունակէ եւ... շէնքին կտուրին մօտ կը դանդաղի կարծես, երբ կը լսէ բարձրացող կռկռոցը ագռաւներուն, որոնք կտուրին ցուիքին շարուած, որսին մօտենալը կը սպասեն: 

Եւ հետաքրքրութիւնը փարատած, կը շարունակէ դիտել ազատն ու անազատը...

ՔԱՅԼ ԱՐԱ, ՄԵՐԺԻ՛Ր...

Քալեց, երկա՜ր քալեց վանկարկելով՝ «Քայլ արա, մերժի՛ր...»

Ժողվեց, հաւաքեց, սորվեցուց բոլորին՝ «Քայլ արա, մերժի՛ր...»

Հիմա

Կը քալեն մարդիկ

Կը հաւաքուին

Մինչ ինք

Դիպուկահարներով, ոստիկաններով, թիկնապահներով պաշտպանուած

Հեռուէն

Կը դիտէ քալողները

ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՐԵՒԸ

Փետրուարեան ջերմ արեւը դուրս կը կանչէ

Ցուցարարներուն սոսկալի ձայները տուն մնալ կը թելադրեն

Ի՞նչ ընել

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021